«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐԸ ՀՈԳԻԻՆ ԲԺԻՇԿՆ Է

ԼԱՒ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդիկ այսօր յոգնած են եւ խառնուած, մտահոգութիւնն ու խաւարը կը տիրեն անոնց վրայ՝ մեղքին ու անձնասիրութեան պատճառով: Այստեղէն ահա, լաւ խոստովանահայրերու անհրաժեշտութիւնը, որոնք փորձառութիւն ունին եւ մարդոց կը մօտենան պարզութեամբ, գործնական սիրով եւ կ՚առաջնորդեն զանոնք, որպէսզի իրենց հոգիները խաղաղին: Առանց լաւ խոստովանահայրերու՝ եկեղեցիները հաւատացեալներէ պիտի դատարկուին, իսկ հոգեբոյժներուն բուժարանները, բանտերն ու հիւանդանոցները պիտի լեցուին: Մարդիկ պէտք է հասկնան, թէ իրենց չարչարուելուն պատճառը՝ Աստուծմէ հեռանալն է, իսկ իրենց միակ փրկութիւնը խոնարհութեամբ զղջալն ու խոստովանիլն է իրենց մեղքերը:

Խոստովանահօր գործը ներքին դարմանում է: Խոստովանահայրէն աւելի լաւ բժիշկ չկայ, որ իր սրբութեան պատճառով վստահութիւնը կը վերադարձնէ եւ սատանայական մտածումները կը վռնտէ, հոգիներն ու մարմինները առանց դեղի կը բժշկէ, Աստուծոյ շնորհքին միջոցով:

Խոստովանահայրը, որ աստուածային լուսաւորութիւնն ու Աստուծոյ Հոգին ստացած է, կը հասկնայ եւ կը զանազանէ իրավիճակները, եւ հոգիներուն ճիշդ կերպով ուղղութիւն կու տայ: Եւ ի՜նչքան օգտակար է, որ իւրաքանչիւր հոգիի բաւարար ժամանակ տրամադրէ եւ իր գործը լաւ ձեւով կատարէ, ձերբազատուելով այն բազմաթիւ կապանքներէն, որոնք կապուած կը պահեն զինք: Հակառակ ասոր, ան կը տառապի այն տառապանքով, որ վարպետ վիրահատող մը կը տառապի, որ բազմաթիւ վիրահատութիւններ կը կատարէ՝ որով կը յոգնի, եւ չի կրնար իր գործը լաւ կերպով կատարել:

Ասկէ պէտք է հետեւցնել, որ պէտք չէ խոստովանահայրը ծանրաբեռնել ընտանեկան բոլոր հարցերով, այլ՝ պէտք է անոր դերակատարութիւնը կեդրոնացնել այն բաներուն վրայ՝ որոնք հոգին փրկութեան կը տանին, որպէսզի ան կարենայ գործնական եւ արդիւնաբեր օգնութիւն տրամադրել:

Միւս կողմէ, խոստովանողը պէտք չէ խոստովանահայրը ծանրաբեռնէ այնպիսի հարցերով, որոնք այլ մասնագէտներու այցելելով կարելի է լուծել. ինչպէս օրինակ՝ հարցնէ անոր ի՞նչ տուն ընտրէ, որո՞ւ մէջ բնակի, կամ իր զաւկին համար դպրոց ընտրէ…:

Խոստովանութեան Խորհուրդին մէջ հոգեւոր ազատութիւնը շատ կ՚օգնէ հոգիները առաջնորդելու գործին: Այս մէկը կը նշանակէ, որ խոստովանահայրը չհետապնդէ որոշակի սխալ մը, զոր ուրիշները դրած են, այլ՝ պէտք է աշխատի ներշնչուելով հոգեւոր հայրերու ըսածներէն, եւ աշխատի ըստ իւրաքանչիւր մարդու վիճակին, սայթաքումին եւ խոստովանութեան:

Այս բոլորին կողքին, երբեմն կը նկատեմ անկեղծութեան պակաս: Օրինակ, ոմանք որոնք հոգիներու պատասխանատուութիւն ունին, այդքան ալ ուշադրութիւն չեն դարձներ անոնց, որոնք մոլորեցուցիչներու եւ կախարդներու հետ գործ ունին, անոնց հետ չեն նստիր, չեն խօսիր անոնց հետ՝ վախնալով, որ կրնան նոր խնդիրներ ծագիլ: Այստեղ ճիշդ է հարցնել.

-Ուրիշին [մեր նմանին] ձգենք, որ կործանուի, սատանան ուրախանայ, սակայն չմիջամտենք, որպէսզի մեր յարաբերութիւնը այդ ուրիշին հետ չվատթարանայ: Մեր ուզածը քաղցր խօսքե՞ր են, ինչ որ մեր մասին կ՚ըսուի, որով մեր ձեռքերը ծալած կը մնանք:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀՕՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

-Եառոնտա. Խոստովանահայրը -ներկայ դարուս- չի՞ դիմագրաւեր դժուար իրավիճակներ, որոնք բազմաթիւ մեղքերէ յառաջ կու գան եւ որոնց ներքեւ հոգիները կը կքին:

-Անշուշտ, դժուարութիւններու կը հանդիպի, եւ լաւ է, որ խոստովանահայրը փորձէ -առաջին հերթին-, դասակարգել ամենէն վտանգաւոր մեղքերը, ու մարդուն հետ մեղմութեամբ վարուի՝ որդեգրելով այնպիսի վերաբերմունք, որ մարդս կը մղէ հասկնալու իր մեղքերը եւ Աստուծմէ ներողութիւն խնդրէ: Կարեւոր է նաեւ կեդրոնանալ զղջումին եւ խոստովանութեան վրայ, ինչպէս նաեւ իր կեանքի ընթացքը փոխէ, Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալու համար: Տակաւին, սէրն ալ կարեւոր է մարդոց հետ խօսած ժամանակ, որպէսզի զգան իրենց սխալները, որով կը փոխեն իրենց սովորութիւնները եւ ինքնաբերաբար կը ինքնամաքրուին:

Երիտասարդ խոստովանահայրը պէտք է դիւրին իրավիճակներու հետ գործ ունենայ, որպէսզի փորձառութիւն ձեռք ձգէ: Դժուար իրավիճակները, որովհետեւ, կ՚ուշացնեն իր հոգեւոր յառաջընթացը եւ իր ամբողջ ժամանակը կը վատնեն: Եթէ նման հոգիի մը պատճառած վիշտին կարեւորութիւն տայ, ապա իր ուժերը սպառելու վտանգին դիմաց կը կանգնի՝ առանց իմաստի կամ նպատակի: Իսկ եթէ փորձառութիւն շահի, այն ատեն կրնայ զանազանել հարց մը անտեսել կամ կարեւորութիւն տալ ատոր:

Երբեմն բազմաթիւ նամակներ կը ստանամ, որոնց թեթեւակի ակնարկ մը կը նետեմ, եւ միայն կարեւոր հարցերուն ուշադրութիւն կը դարձնեմ, որովհետեւ երբեմն որոշ պարագաներ սատանայէն կ՚ըլլան:

Մէկը կրնայ ըսել. ժամանակէդ միայն երկու վայրկեան պիտի առնեմ, սակայն դրան վրայ քեզ մէկ ժամ կը պահէ, որով կը ջղայնանաս, կը սկսի դողալ, քրտինք կը թափի վրայէդ, մինչ ան պատմութիւններ կը պատմէ, կարծես բան եղած չըլլայ: Կը հիւանդանաս ու չես կրնար աղօթել ո՛չ դուն քեզի համար եւ ո՛չ ալ աշխարհին համար:

Միւս կողմէ, կրնայ ըլլալ, որ գայ մէկը, որ իրապէս կարիք ունի իր ունեցած հոգեւոր խնդիրի մը լուծումին, սակայն դուն չես կրնար օգտակար դառնալ անոր:

Իսկ անոնք որոնք լուրջ խնդիրներէ կը տառապին, բաւարար չէ միայ լսել անոնց, ախտորոշել անոնց ցաւը եւ կոճակ մը «ասփիրին» տալ անոնց: Կրնայ ըլլալ, որ մէկը մէկ վայրկեանուան ընթացքին վտանգաւոր նիւթի մը մասին կը խօսի, քանի որ ինքնաշարժը քիչ մը ետք պիտի մեկնի: Ատիկա կը նմանի անոր, որ քաղցեղէ կը տառապի, սակայն բժիշկին կ՚ըսէ.

-Վիրահատութիւնը հիմա կատարէ, որովհետեւ քիչ մը վերջ օդանաւը երկինք պիտի բարձրանայ:

Յստակ պէտք է ըլլայ, որ իւրաքանչիւր հիւանդութիւն իրեն համապատասխանող բուժման ժամանակ կը պահանջէ: Արդարեւ, հնարաւոր չէ վտանգաւոր հիւանդութեան մը անմիջական բուժում նշանակել, առանց ուսումնասիրելու հետեւանքները եւ յառաջիկայ զարգացումները:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐԸ ԻՆՔ Կ՚ՈՐՈՇԷ, ԹԷ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԸ ԵՐԲ ՊԷՏՔ Է ՀԱՂՈՐԴՈՒԻ

-Եառոնտա. Պօղոս առաքեալ գրած է. «Ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ» (Ա. Կր 11.29):

-Իրականութեան մէջ, աստուածային Խորհուրդին պէտք է անարժանութեան զգացումով մօտենանք: Յիսուս մեզմէ զղջում եւ խոնարհում կը պահանջէ. իսկ եթէ կայ բան մը, որ մեր խիղճը կ՚անհանգստացնէ, պէտք է լուծենք զայն: Եթէ ոեւէ մէկուն հետ վիճինք, պէտք է անոր հետ հաշտուինք, եւ ապա միայն մօտենանք հաղորդուելու աստուածային Խորհուրդով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 48

3 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021