ԵՐԱԶԻ ՄԱՍԻՆ…

Երազը իր կամքէն անկախ տեղի ունեցող պատկերներու, գաղափարներու եւ զգացումներու յաջորդականութիւնն է։ Երազի բովանդակութիւնը եւ նպատակը հասկնալու համար որոշ լուսաբանութիւն մը կարելի չէ տալ։ Բազմաթիւ գիտնականներ ուսումնասիրած են երազը, որ աւելի վերջ եղած է փիլիսոփաներու ուսումնասիրական առարկան։

Երազներու նշանակութիւնը տարբեր է տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ մշակոյթներու մէջ։ Մինչեւ Ն.Ք. 5000-4000 թուականները կը հասնի երազներու մեկնութեան պատմութիւնը։ Երազներու առաջին մեկնաբանութիւնը եղած է հինգ հազար տարի առաջ Միջագետքի մէջ կաւէ յուշատախտակի վրայ։ Յունական եւ հռոմէական ժամանակաշրջաններուն մարդիկ կը հաւատային, որ երազները աստուածներէն կամ մահացներէն եկած ուղղակի հաղորդագրութիւններ են եւ անոնք կը գուշակեն ապագան։

Իսկ աւստրիացի աշխարհահռչակ գիտուն Զիկմունտ Ֆրոյտ լայնօրէն գրած է երազներու տեսութեան եւ մեկնութեան մասին։ Ան, երազները մեկնաբանած է որպէս ամենախոր փափաքներու արտայայտում, որ յաճախ կը վերաբերի մանկութեան յիշողութիւններուն։ Իր «Երազներու մեկնաբանութիւնը» գիրքին մէջ Ֆրոյտ կը զարգացնէ երազներու մեկնաբանման հոգեբանական թեքնիկը եւ կը նախագծէ ուղենիշներու շարք մը՝ հասկնալու համար այն նշաններն ու հիմնական միտքերը, որոնք արտայայտուած են երազներու մէջ։

Երբեմն մեր երազները լի են անծանօթներով, բայց անձի մը միտքը չի կրնար յօրինել դէմքեր։ Անոնք իրական դէմքեր են, իրական մարդիկ, որոնք տեսուած են առօրեայ կեանքի ընթացքին՝ փողոցը քալելու ատեն կամ մարդաշատ վայրի մը մէջ։ Անձ մը օրական միջին հաշուով կը տեսնէ 10 հազար դէմքեր, զորս չի յիշեր։ Այնպէս որ մեր ուղեղը ունի մեծ յուշադարան մը՝ դէմքերու եւ դէպքերու համար, որոնք կ՚օգտագործուին երազներու ժամանակ։ Երազներու մեկնաբանութեամբ զբաղող գիտնականներ յայտնած են, թէ անուրջները մարդու հոգեկան եւ ֆիզիքական վիճակներուն հետ կապակցութիւն ունին։ Երազները մեկնաբանուած են որպէս մարդու հոգիի հայելին, որու մէջ կարելի է տեսնել անոնց ներաշխարհը։ Երազները կը համարուին անգիտակցականի հետ կապ։ Երազները կ՚ըլլան տարբեր տեսակի՝ վախ յառաջցնող, յուզիչ, կախարդական կամ արկածային։ Երազները երբեմն կրնան ստեղծագործական միտքեր յառաջացնել կամ ալ ոգեշնչել։

Մեր կեանքին անբաժան իրողութիւններն են երազները, ուր անհնարինը կը դառնայ հնարաւոր, անիրականը՝ իրական։ Մեր կեանքի երկու հիմնական վիճակներն են արթնութիւնն ու քունը։ Կեանքի գիտակցութեան միջոցը մարդ կ՚անցընէ արթնութեան վիճակի մէջ։ Սակայն քունի վիճակի մէջ մարմինը եւ գիտակցութիւնը կը գտնուին հանգիստի մէջ։ Արթննալէ յետոյ մարմնի հանգիստի միջոցին տեսնուած երազին քանի մը տոկոսը կը յիշէ մարդոց ուղեղը։ Առաջին 5 րոպէն կը յիշուի երազի ուղիղ կէսը, իսկ արդէն 10 րոպէ ետք կը յիշուի երազին միայն 10 առ հարիւրը։

Մարդիկ, որոնք իրենց տեսողութիւնը կորսնցուցած են իրենց կեանքի ընթացքին, կարող են տեսնել երազներ։ Իսկ այն մարդիկ, որոնք կոյր ծնած են, անոնք չեն կրնար տեսնել պատկերներ, սակայն կրնան տեսնել խորհրդանիշներ ու կարող են լսել ձայն եւ զգալ համ ու հոտ։ Երազները կապ չունին մարդու տեսողութեան հետ։ Բացի այս բոլորէն, ըստ հետազօտութեան մը արդիւնքին պարզուած է, թէ աշխարհի բնակչութեան 12 առ հարիւրը կ՚երազէ միայն սեւ ու սպիտակ գոյներով։ Իրական կեանքի ընթացքին կը հանդիպինք շատ գոյներու։ Բայց դեռ յստակ բացատրութիւն մը չէ բերուած, թէ ինչո՛ւ կ՚երազենք միայն սեւ ու սպիտակ գոյներով։

Քանի որ բոլորս կը քնանանք, ուրեմն բոլորս ալ յարատեւ կամ մերթ ընդ մերթ կը տեսնենք երազներ, սակայն այս բնական գործընթացը դեռ մնացած է անբացայայտ։

Մենք կը մաղթենք, որ դուք ամէն առաւօտ արթննաք ուրախ տրամադրութեամբ, խանդավառուած ու ոգեշնչող երազներով, ոչ թէ մղձաւանջային, յուզիչ երազներով…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017