ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ

«Իրիքնակը տյուս ա եկալ
Տանըս յերա լյուս ա եկալ...»

Կանչեց Արցախէն հորովելը

«Օրրիմ օրրիմ օրրիմ օրօրոց դնիմ
Սուրբ հրեշտակներն ալ պահապան դնիմ...»

Լսուեցաւ պատասխանը արար աշխարհէն Բութանիոյ օրօրով

Եւ վերակենդանացաւ միութիւնը
Որ կը տենչար տեղի ունենալ դարու մը ընթացքին
Կը կանչէին բեկորները լեռներէն հարսանիքի ուրախ ձայնի պէս
Կ՚երեւէին ռազմական պարերու տեսքով

Հորովելին ձայնը շշնջաց բոլորին ունկին
Անոնց, որոնք հարսանիքին կը սպասէին

Եկան անոնք հրաւիրեալ կամ ոչ
Եկան մասնակցելու արարողութեան
Եկան դարէ մը ի վեր
Օդին մէջ պտըտող վերջակէտը տեղաւորելու

Երեսուն տարուան երկար դադարէ ետք
Զարթնեց դարձեալ հարսանեկան արարողութիւնը
Շարունակուեցաւ ու թնդացին լեռներ ու դաշտեր
Ոտքերուն դոփիւնէն, ափերուն հարուածէն
Եւ արձագանգները կայծեր տարածեցին

Կարծես վրիժառու Բելի հետեւորդներն ու
Հայկի հետեւորդները կը հարուածէին իրարու

Հասաւ սպասուած պահը
Եւ վերսկսաւ հարսանիքը լեռներուն մէջ
Բայց ինչո՞ւ արցունքոտ են աչքերը
Ինչո՞ւ տխուր են հայեացքները...

-Բալէս, դու էնտեղից փախար, եկար, որ էստեղ էլի՛...
Բառը լռեց տատիկիս շշունջին մէջ, որ մայթեզրի իր տեղէն դիմացի տոպրակներուն կանաչները թերթելով տխուր աչքերը կը պահէր:

-Քանի՞ հատ էք ուզում...
Հարցուց թաց աչքերով եկեղեցւոյ մոմավաճառուհին, կ՚երեւի ազդուելով եկեղեցւոյ ահագնացող այցելուներուն աղերսագին կերպարանքէն:

-Միայն էսքա՞ն...
Արցունքներէն դիմակը թրջած հանրախանութի գանձիչը դիմեց ինծի ապրանքները տոպրակին մէջ տեղաւորելով:

-Պա՛պ, գալո՞ւ ես...
Գոռաց մանկիկը հանրակառքին մէջէն ձեռքով հրաժեշտ տուող հօր, եւ՝
-Ի հարկ է գալու եմ, բալէ՛ս...
Բարձր ձայնը մարիլ սկսաւ հեռացող հանրակառքին հետ:

Ինչո՞ւ տխուր են
Արդեօք կը մտածեն
Թէ հարսանիքը դարձեալ կիսա՞տ կրնայ մնալ
Եւ հազիւ թէ գետնին հպելիք վերջակէտը
Նորէ՞ն երկինք կրնայ բարձրանալ...

Մինչ հորովելն ու օրօրը
Կը պարեն իրենց պարը պապենական
Հարսանիք է լեռներուն մէջ
Ձեռքերու հարուած, ոտքերու դոփիւն
Կը թնդան գետին ու երկինք
Եւ արձագանգները կայծեր կը տարածեն
Մինչեւ...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020