Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Ժ.)

- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին պա­տա­րա­գի­չը բարձ­րա­ձայն ի՞նչ կ՚ար­տա­սա­նէ, իսկ դպիր­նե­րը այդ մի­ջո­ցին ի՞նչ կ՚եր­գեն։

- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին, պա­տա­րա­գի­չը Սկի­հին վրայ ձեռ­քե­րը կա­մա­րա­ձեւ ը­րած ծա­ծուկ ա­ղօթ­քով կը յի­շէ Քրիս­տո­սի մար­դե­ղու­թիւ­նը եւ մեր մէջ բնա­կու­թիւ­նը, ա­տով իսկ եր­կի­րը եր­կին­քի վե­րա­ծե­լը, ո­րով­հե­տեւ «մեր փրկու­թեան հա­մար մար­դա­նա­լով՝ երկ­նա­յին­նե­րու հո­գե­ղէն խում­բե­րուն միա­խառ­նուե­լու շնորհ­քը տուաւ մե­զի»։ Ա­պա՝ իր ձեռ­քե­րը Ս. Սկի­հէն վար ի­ջեց­նե­լով բարձ­րա­ձայն ե­ղա­նա­կով կը գո­չէ. «Եւ ընդ Սե­րով­բէսն եւ ընդ Քե­րով­բէսն միա­ձայն սրբա­սա­ցու­թեամբ յօ­րի­նել նուագս, եւ հա­մար­ձա­կա­պէս գո­չե­լով ա­ղա­ղա­կել ընդ նո­սին եւ ա­սել» (Եւ Սե­րով­բէ­նե­րուն ու Քե­րով­բէ­նե­րուն ձայ­նակ­ցե­լով՝ Քու սրբու­թիւնդ եր­գենք ու ե­ղա­նա­կենք, եւ հա­մար­ձա­կօ­րէն բարձ­րա­ձայն ա­նոնց հետ ա­ղա­ղա­կենք ու ը­սենք)։ Իսկ դը-պիր­նե­րը կը ձայ­նակ­ցին Աս­տու­ծոյ գա­հին առ­ջեւ եր­գող Սե­րով­բէ­նե­րուն եւ Քե­րով­բէ­նե­րուն ու կը սկսին փա­ռա­բա­նել Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թիւ­նը՝ եր­գե­լով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր զօ­րու­թեանց, լի են եր­կինք եւ եր­կիր փա­ռօք Քո, օրհ­նու­թիւն ի բար­ձունս, օրհ­նեալ որ եր­կիր եւ գա­լոցդ ես ա­նուամբ Տեառն: Ով­սան­նա ի բար­ձունս»: (Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ ես, Տիե­զեր­քի՛ Տէր։ Եր­կինք ու եր­կիր փառ­քովդ են լե­ցուն (Ես 6.3)։ Օրհ­նու­թի՜ւն Քե­զի՝ բար­ձունք­նե­րուն մէջ։ Օրհ­նեալ ես Դուն, որ Տի­րոջ ա­նու­նով ե­կար ու պի­տի գաս։ Ով­սան­նա՜ բար­ձունք­նե­րուն մէջ (Սղ 118.26))։
- Ին­չո՞ւ «Սուրբ, Սուրբ» եր­գը նաեւ կը կո­չուի «սե­րով­բէա­կան երգ»։ 
- Այն­պէս ինչ­պէս «վե­րա­բե­րում»ի ըն­թաց­քին եր­գուած «սրբա­սա­ցու­թիւն»ը կ՚ակ­նար­կէ Ե­սա­յի մար­գա­րէի տե­սիլ­քին (Ես 6.1-3), ուր Սե­րով­բէ­նե­րը Աս­տու­ծոյ շուր­ջը կանգ­նած եւ ի­րենց դէմ­քե­րը թե­ւաս­քօ­ղած՝ ան­դա­դար կ՚եր­գեն. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Տէր Զօ­րու­թեանց», նոյն­պէս ալ Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին եր­գուած «սե­րով­բէա­կան երգ»ը նոյն այդ պահն է, որ կ՚ար­տա­ցո­լաց­նէ ա­մե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ եւ ման­րա­մաս­նու­թեամբ։ Իսկ այս եր­գին երկ­րորդ մա­սը եր­գուած է մա­նուկ­նե­րու, ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ ուխ­տա­ւոր­նե­րու կող­մէ՝ Ծաղ­կա­զար­դի օ­րը, երբ Յի­սուս մեծ թա­փօ­րով Ե­րու­սա­ղէմ կը մտնէր յաղ­թա­կան մուտ­քով։
Զա­րեհ Արք. Ազ­նա­ւո­րեան կ՚ը­սէ. ««Սուրբ, Սուրբ» եր­գը կամ ինչ­պէս եր­բեմն ա­նի­կա կը բնու­թագ­րուի՝ «սե­րով­բէա­կան եր­գը», նոյն այդ պահն է որ կ՚ար­տա­ցո­լաց­նէ, ա­մե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ եւ ման­րա­մաս­նու­թեամբ: Ե­թէ, սա­կայն, Ե­սա­յի մար­գա­րէի ու­նե­ցա­ծը տե­սիլք մըն էր միայն Աս­տու­ծոյ ան­մատ­չե­լի փառ­քին, Պա­տա­րա­գի հա­մախմ­բուած հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը Աս­տու­ծոյ այդ փառ­քին դի­մաց կը կանգ­նի ուղ­ղա­կիօ­րէն: Հոս տե­սիլ­քը շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն է: Եւ նոյ­նիսկ ե­թէ մարմ­նա­ւոր աչ­քե­րով չենք տես­ներ Սե­րով­բէ­ներն ու Քե­րով­բէ­նե­րը, ո­րոնք Քրիս­տո­սի ա­թո­ռին շուր­ջը կանգ­նած են, բայց հա­ւատ­քի աչ­քե­րով ան­պայ­ման կը տես­նենք, եւ ա­նոնց ձայ­նակ­ցե­լով՝ միաս­նա­բար կ՚եր­գենք. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Տէր զօ­րու­թեանց»։ Այս եր­գին հետ Ե­կե­ղե­ցիէն ներս գտնուող­նե­րը բո­լորն ալ մագ­նի­սա­կա­նու­թեամբ մը կը բռնուին, հմա­յուած, եւ բա­ռե­րը լրիւ հասկ­նան կամ ոչ՝ կը վե­րա­նան ան­պայ­ման: Այդ ի­րա­գոր­ծու­մին մէջ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դին չափ իր դե­րը ու­նի եր­գին ե­ղա­նա­կա­ւո­րու­մը, որ պար­զա­պէս հիա­նա­լի է՝ թէ՛ իր Եկ­մա­լեան եւ թէ իր Կո­մի­տա­սեան տար­բե­րակ­նե­րով: Ինչ­քա՜ն Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ այ­լա­զան ծէ­սե­րու մէջ լսած ենք նոյն եր­գը, բայց ո՛չ մէկ տեղ ա­նի­կա հայ­կա­կան Պա­տա­րա­գին ներ­գոր­ծու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ»:
- Ս. Ըն­ծա­յին մա­տուց­ման ըն­թաց­քին, Սկի­հին վրայ պա­տա­րա­գի­չի ձեռ­քե­րը կա­մա­րա­ձեւ ը­նելն ու ա­պա ձեռ­քե­րը վար ի­ջեց­նե­լը ի՞նչ կը խորհր­դան­շեն։
- Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին քա­հա­նա­յին Սկի­հին վրայ ձեռ­քե­րը կա­մա­րա­ձեւ ը­նե­լը կը խորհր­դան­շէ Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին, որ հաս­տա­տուած է նոյ­նինքն Աս­տուա­ծոր­դիին վրայ, իսկ ձեռ­քե­րը վար ի­ջեց­նե­լը՝ նշա­նակ է հրեշ­տակ­նե­րու եր­կիր իջ­նե­լուն ու Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին երկ­րա­ւոր­նե­րու հետ միա­սին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լուն ու զԱս­տուած բա­րե­բա­նե­լուն։
- Դպիր­նե­րու «Սուրբ, Սուրբ» եր­գե­ցո­ղու­թեան ըն­թաց­քին քա­հա­նան ծած­կա­բար ի՞նչ կ՚ա­ղօ­թէ։ 
- Մինչ դպիր­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը «Սուրբ, Սուրբ» կ՚եր­գեն, պա­տա­րա­գի­չը կ՚ար­տա­սա­նէ կեդ­րո­նա­կան այն ա­ղօթ­քը, որ նաեւ կը կո­չուի «գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք»։ Սոյն ա­ղօթ­քին ընդ­մէ­ջէն պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նան կը յի­շէ ամ­բողջ փրկա­գոր­ծու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, յի­շե­լով թէ ինչ­պէ՛ս Աս­տուած Իր նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րեց ան­կեալ մարդ­կու­թեան հան­դէպ՝ ան­ցեա­լին մար­գա­րէ­ներ ղրկե­լով, Օ­րէն­քը տա­լով, մար­դոց միտ­քը պատ­րաս­տե­լով գա­լիք ճշմա­րիտ Զո­հին, իսկ երբ Իր ո­րո­շած ժա­մա­նա­կը հա­սաւ՝ Իր Որ­դին ղրկե­լով աշ­խարհ, որ մեր մե­ղա­պարտ ան­ձե­րուն փո­խա­րէն Ինք­զինք ըն­ծա­յեց «իբ­րեւ պար­տա­պան եւ պարտք, իբ­րեւ Զոհ եւ Օ­ծեալ, իբ­րեւ Գառ­նուկ եւ երկ­նա­ւոր Հաց, իբ­րեւ Քա­հա­նա­յա­պետ եւ Պա­տա­րագ»։
- Այս ծա­ծուկ ա­ղօթ­քէն ետք, քա­հա­նան Ս. Ըն­ծա­յին ծած­կո­ցը վերց­նե­լով ի՞նչ կը կա­տա­րէ։ 
- Հա­սած է սրբա­գործ­ման ան­ճա­ռե­լի պա­հը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը ի­ջած է եր­կիր, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը Քրիս­տո­սի ա­նու­նով միա­ցած են եւ եղ­բայ­րա­ցած, աս­տուա­ծա­յին սէ­րը հա­մա­կած է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, հրեշ­տակ­նե­րը երկն­քէն եր­կիր իջ­նե­լով ա­ռա­ւել եւս կը նուի­րա­գոր­ծեն պա­հը, եւ կար­ծէք Վեր­ջին ընթ­րի­քի սե­ղանն է, որ կը բա­ցուի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն առ­ջեւ։ Քրիս­տոս որ­պէս պա­տա­րա­գիչ եւ պա­տա­րա­գեալ՝ սե­ղա­նին վրայ է։ Ի՛նքն է որ կ՚ըն­ծա­յէ եւ Ի՛նքն է որ կ՚ըն­ծա­յուի ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէս կ՚ը­սէ պա­տա­րա­գի խորհր­դա­տետ­րը. «Ո­րով­հե­տեւ Դուն ես, որ կը պա­տա­րա­գես եւ կը պա­տա­րա­գուիս, կ՚ըն­դու­նիս եւ կը բաշ­խես, ո՜վ Քրիս­տոս Աս­տուած մեր»։ 
Այս մի­ջո­ցին պա­տա­րա­գի­չը փո­խա­նոր­դա­բար պա­տա­րա­գուող Քա­հա­նա­յա­պե­տին, Ս. Ըն­ծա­յին ծած­կո­ցը վերց­նե­լով իր ձեռ­քե­րուն մէջ կ՚առ­նէ Ս. Նշխա­րը՝ ը­սե­լով. «Հա­ցը առ­նե­լով Իր սուրբ, աս­տուա­ծա­յին, ան­մահ, ա­նա­րատ եւ ա­րար­չա­գործ ձեռ­քե­րուն մէջ, օրհ­նեց, գո­հու­թիւն յայտ­նեց, բե­կա­նեց եւ ա­պա Իր հետ նստած ընտ­րեալ եւ Սուրբ Ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­լով ը­սաւ. «Ա­ռէ՛ք, կե­րէ՛ք, այս ԻՄ ՄԱՐ­ՄԻՆՍ է, որ ձեր եւ շա­տե­րու մեղ­քե­րուն հա­մար կը բաշ­խուի, որ­պէս քա­ւու­թիւն եւ թո­ղու­թիւն» (Մտ 26.26։ Մր 14.22։ Ղկ 22.19)։ Նոյն­պէս առ­նե­լով բա­ժա­կը, օրհ­նեց, գո­հու­թիւն յայտ­նեց, խմեց եւ ա­պա Ի­րեն հետ նստած ընտ­րեալ եւ սուրբ ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­լով ը­սաւ. «Բո­լորդ խմե­ցէք աս­կէ, այս ԻՄ Ա­ՐԻՒՆՍ է, որ կը հե­ղու որ­պէս նոր ուխտ, ձեր մեղ­քե­րուն քա­ւու­թեան եւ թո­ղու­թեան հա­մար» (Մտ 26.28։ Մր 14.24։ Ղկ 22.17)»։
- Դպիր­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը աս­տուա­ծա­յին այս պատ­գա­մէն ետք ի՞նչ կ՚եր­գեն։ 
- Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը աս­տուա­ծա­յին երկ­նա­յին այս պար­գե­ւին որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն եւ շնոր­հա­կա­լիք, Հօր Աս­տու­ծոյ ուղ­ղուած օրհ­նու­թիւն մը կը վե­րա­ռա­քեն՝ ը­սե­լով. «Հայր Երկ­նա­ւոր, որ զՈր­դին Քո ե­տուր ի մահ վասն մեր, պար­տա­պան պար­տեաց մե­րոց, հեղ­մամբ ա­րեան Նո­րա ա­ղա­չեմք զՔեզ, ո­ղոր­մեա Քո բա­նա­ւոր հօ­տի» (Ո՜վ երկ­նա­ւոր Հայր, Դո՜ւն որ Որ­դիդ մա­հուան յանձ­նե­ցիր, որ­պէս հա­տու­ցում մեր մեղ­քե­րուն, կ՚ա­ղա­չենք Քե­զի, Ա­նոր Ա­րեան հե­ղու­մով ո­ղոր­մու­թիւն շնոր­հէ Քու բա­նա­ւոր հօ­տիդ)։
­Հո­գե­նո­րոգ այս սրբա­զան պա­հուն մէջ՝ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նան իր սրտա­բուխ ա­ղեր­սան­քը Աս­տու­ծոյ ուղ­ղե­լով՝ կը բարձ­րաց­նէ Սկի­հը։ Աս­տուա­ծոր­դին է, որ վերս­տին կը բարձ­րա­նայ՝ որ­պէս Գառն Աս­տու­ծոյ, որ­պէս զոհ եւ պա­տա­րագ՝ Իր Մարմ­նի զե­նու­մով եւ Ա­րեան հե­ղու­մով այ­րե­լու մար­դոց մեղ­քե­րուն պար­տա­մուր­հա­կը։ Աս­տուա­ծոր­դին ար­դա­րօ­րէն կ՚ըն­ծա­յէ եւ կ՚ըն­ծա­յուի։ Որ­պէս Քա­հա­նա­յա­պետ՝ Ի՛նքն է, որ կ՚ըն­ծա­յէ զո­հը՝ պա­տա­րա­գը, բայց միան­գա­մայն Ինք­զի՛նք է որ կ՚ըն­ծա­յէ Աս­տու­ծոյ՝ որ­դիա­կան ա­ներկ­բայ սի­րով եւ ա­ներկ­միտ հա­ւատ­քով։ Պա­տա­րա­գողն ու Պա­տա­րա­գուո­ղը Աս­տուա­ծորդ­ւոյն լոյս կեր­պա­րին մէջ կը նոյ­նա­նան, ո­րուն գե­ղեց­կա­գոյն վկա­յու­թիւ­նը պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նա­յին հե­տե­ւեալ խօս­քերն են. «Եւ զքոյս ի քո­յոց՝ քեզ մա­տու­ցա­նեմք ըստ ա­մե­նայ­նի եւ յա­ղագս ա­մե­նե­ցուն» (Այն ինչ որ Քուկդ է եւ Քեզ­մէ, Քե­զի կ՚ըն­ծա­յենք, ամ­բող­ջա­պէս եւ բո­լո­րին հա­մար)։
- Դպիր­նե­րու «Յա­մե­նայ­նի օրհ­նեալ ես, Տէր» հո­գեկր­թիչ շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեան ըն­թաց­քին քա­հա­նան ի ծա­ծուկ ի՞նչ կ՚ա­ղօ­թէ։
- Դպիր­ներ կը գո­վեր­գեն ու կը փա­ռա­ւո­րեն զԱս­տուած երկ­նա­տուր Իր պար­գե­ւին հա­մար։ Կ՚օրհ­ներ­գեն եր­կին­քի եւ եր­կի­րի Տէ­րը, որ Իր աս­տուա­ծա­յին սէ­րը յայտ­նեց մարդ­կու­թեան Իր Միա­ծին Որդ­ւոյն ըն­ծա­յու­մով. «Յա­մե­նայ­նի օրհ­նեալ ես, Տէր, օրհ­նեմք զՔեզ, գո­վեմք զՔեզ, գո­հա­նամք զՔեէն, ա­ղա­չեմք զՔեզ, Տէր Աս­տուած մեր» (Ա­մէն բա­նի հա­մար օրհ­նեա՜լ ես, Տէ՛ր։ Կ՚օրհ­նա­բա­նենք Քեզ, կը գո­վա­բա­նա­նենք Քեզ, գո­հու­թիւն կը յայտ­նենք եւ կ՚ա­ղա­չենք Քե­զի, Տէ՜ր, մեր Աս­տուա­ծը)։ 
Այս ըն­թաց­քին, պա­տա­րա­գի­չը գո­հու­թիւն կը յայտ­նէ Աս­տու­ծոյ, որ Իր ան­բաւ ո­ղոր­մու­թեամ­բը զինք սպա­սա­ւոր կար­գած է այս­պի­սի մեծ ու հրա­շա­լի խոր­հուր­դի մը։ Կը խոս­տո­վա­նի իր տկա­րու­թիւն­նե­րը, սա­կայն ա­պա­ւի­նե­լով Տի­րոջ բազ­մա­ռատ նե­րո­ղամ­տու­թեան, կը հա­մար­ձա­կի մօ­տե­նալ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Մար­մի­նին ու Ա­րեան սպա­սա­ւո­րու­թեան, եւ փառք կու տայ Հօր Աս­տու­ծոյ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018