ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆԱԵ՛Ւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Անշուշտ ուրախալի երեւոյթ է, որ արհեստագիտական նորութիւնները, որոնք գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ ի յայտ կու գան եւ կը գործածուին, նոյն թափով ալ կը տարածուին Հայաստանի մէջ, ուր նորութիւններու հանդէպ բարդոյթը շատոնց յաղթահարուած է, գոնէ՝ կարեւոր հատուածի մը կողմէ:

«ՍԵՒԱՆ ՍԹԱՐԹԱՓ ՍԱՄԻԹ. 2019». ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԳՈՐԾԱՐԱՐ՝ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

28 յուլիսէն 3 օգոստոս Սեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան «Սեւան սթարթափ համագումար»ը, որուն այս տարի կը մասնակցին աւելի քան 1000 գործարարներ՝ ամբողջ աշխարհէն: Վրանային սթարթափ հաւաքը, որ առաջին անգամ կազմակերպուած է 2016 թուականին, արդէն կայացած է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Ցարդ անոր մասնակցած են աւելի քան 450 սթարթափներ եւ 15 հազար մասնակիցներ: Աւելի քան 200 հազար տոլար յատկացուած է սթարթափներուն եւ կատարուած է շուրջ 2 միլիոն տոլարի ներդրում:

«Սեւան սթարթափ համագումար 2019»ին մասնակցելու համար կազմակերպիչները այս տարի ստացած են շուրջ 1000 սթարթափ դիմումներ, 200-է աւելի ծրագրաւորողներու եւ շուրջ 1200 կամաւորներու դիմումներ: Համագումարին մասնակցութեան հրաւէր ստացած է շուրջ 100 սթարթափ՝ ամբողջ աշխարհէն: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն՝ համագումար 2019-ի մասնակից սթարթափներուն մեծամասնութիւնը արդէն կը գործէ եւ ապահոված է որոշ եկամուտ:

Սթարթափներու զարգացման եւ միջազգային շուկաներ գրաւելու նպատակով Հայաստան հրաւիրուած են ամբողջ աշխարհէն մասնագէտներ: Աւելի քան 100 յաջող գործարարներ եւ ասպարէզի առաջատարներ համագումարի 7 օրերու ընթացքին իրենց փորձառութիւնը պիտի ներկայացնեն իրարու:

Կրթական ծրագիրով նախատեսուած են դասախօսութիւններ՝ մասնակիցներու եւ այցելուներու համար, եւ անհատական հանդիպումներ՝ խորհրդատուներու եւ սթարթափներու միջեւ: «Սեւան սթարթափ համագումար 2019»ի յատուկ հիւրերու շարքին են «Քոմետի քլապ»ի համահիմնադիր Արթուր Ջանիբէկեան եւ «Սերվիս թայթան»ի համահիմնադիր Վահէ Կուզոյեանը, վերջինիս կազմակերպութիւնը այս պահուն կը գնահատուի 1.65 միլիառ տոլար:

Համագումարին իւրայատկութիւնը այն է, որ բոլոր մասնակիցները 7 օր միասին կ՚անցընեն վրաններու տակ՝ կրթական բեղուն ծրագիրը միախառնելով լճափի հանգիստի հետ:

Համագումարին միշտ կ՚այցելեն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք եւս կը ներգրաւուին համագումարի կրթական ծրագրին մէջ:

«Սեւան սթարթափ սամիթ 2018»ին նախագահ Արմէն Սարգսեան խարոյկի շուրջ զրոյց ունեցած էր մասնակիցներուն հետ եւ պատասխանած՝ անոնց հարցումներուն:

«Սեւան սթարթափ համագումար 2019»ին մասնակցող սթարթափները պիտի մրցին 100 հազար տոլար մրցանակային ֆոնտի համար: Նաեւ պիտի ըլլայ 100 հազար տոլար երաշխաւորուած ներդրումային ֆոնտ, որ կը ներդրուի 2 կամ 3 սթարթափներու մէջ:

Համագումարին ներկայ կը գտնուին անհատ ներդրողներ եւ վենչուրային ֆոնտերու ներկայացուցիչներ՝ ամբողջ աշխարհէն: Կը նախատեսուի աւելի քան 1 միլիոն տոլար ներդրումային համաձայնութիւններ գոյացնել:

Հաւատարիմ մնալով սկզբունքներուն՝ համագումարին մասնակցութեան համար մասնակիցները գումար չեն վճարեր: Անոնց կը տրամադրուին վրաններ եւ քնապարկեր, նաեւ՝ նախաճաշ եւ ճաշ:

Այցելուները համագումարի տարածք այցելելու եւ կրթական ծրագրին մասնակցելու համար կրնան ձեռք բերել միօրեայ այցելութեան տոմսեր:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ A՚STUDIO ԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԻ ՏՈՄՍԵՐԸ՝ ME ԹՈՔԵՆԻ ՄԻՋՈՑՈՎ

Յուլիսի 5-ն Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ռուսական A՛Studio յայտնի խումբին համերգը: Ասիկա առաջին համերգն էր, որուն տոմսերը կարելի էր գնել ALL.ME (ME) թոքենի՝ all.me հարթակի թուային դրամանիշի միջոցով:

Համերգին տեղեկատու գործընկերն էր all.me թուային հարթակը, որու հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Արթուր Վարդանով ըսաւ, որ հարթակի առաջին փորձը բաւական յաջող էր եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց:

«Կարելիութիւն ունինք իրականացնելու վաճառք՝ ME թոքենի միջոցով, եւ բազմաթիւ մարդիկ հետաքրքրուեցան այս եղանակով տոմսեր գնելով: Մենք որոշեցինք 10 առ հարիւր զեղչ տրամադրել, եւ բարձր արժէք ունեցող տոմսերը վաճառուեցան ME թոքենի միջոցով», ըսաւ Վարդանով: Ան վստահեցուց, որ նման գործառոյթները կ՚ունենան շարունակական բնոյթ: Ոչ միայն տարբեր ձեռնարկներու տոմսեր, այլեւ որեւէ ապրանք կարելի է գնել ME թոքենի միջոցով:

«Մեր յաւելուածի շնորհիւ՝ կարելի է քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին գնել որեւէ ապրանք, այս պարագային՝ նաեւ տոմսեր: Ես կ՚ուզէի ուրախութեամբ յայտնել, որ մեր առեւտրական հարթակը՝ meMarket-ը կը գործէ արդէն ամիսէ մը ի վեր, եւ շատեր յաջողութեամբ կը վաճառեն ապրանքները այդ հարթակին մէջ: Մենք համոզուած ենք, որ ME թոքենի գործածութիւնը՝ որպէս թուային հաշիւ, կը տարածուի Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ», ըսաւ ան:

all.me հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարը ընդգծեց, որ նման թուային հաշիւի տարածումը կը մեծնայ, եւ այլեւս կարիք չկայ թուային դրամանիշը վերածել կանխիկ դրամի՝ որոշ ապրանք մը գնելու համար:

ME թոքենի արժէքը 4 ամսուան մէջ աճած է 1375 առ հարիւրով: ME Token-ը, որ արձանագրուած է 11 փետրուար 2019-ին CoinAll քրիփթօ-սակարանին մէջ, կը վաճառուի գրեթէ 0.20 տոլար մակարդակի վրայ:

Հրապարակման պահէն սկսեալ թոքենի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է էքօ-համակարգով, որուն մէջ ան կը գործէ, այսինքն՝ all.me թուային ցանցով, որ կազմուած է ընկերային հարթակէն (meNetwork), վաճառքի հարթակէն (meMarket) եւ սեփական վճարային ծառայութենէն (mePay): Հայեցակարգը հիմնուած է «հարթակ-պիզնես-սպառող» ցանցի շրջանակին մէջ փոխշահաւէտ գործընկերային յարաբերութիւններու կառուցման վրայ:

all.me-ն թուային էքօ-համակարգ է, որ բաղկացած է ընկերային ցանցէ (meNetwork), վաճառքի հարթակէ (meMarket) եւ վճարային ծառայութենէն (mePay): Իւրայատուկ այս համակարգը գործածողները կրնան իրարու հետ հաղորդակցիլ, կարդալ հետաքրքրական գրութիւն մը եւ վարձատրուիլ ME թոքեններով (all.me-ի դրամանիշը):

ME-ն կը կիրարկուի նոյնպէս all.me ընկերային ցանցի սահմաններէն դուրս: Թոքենը արդէն կարելի է փոխանակել BTC-ի կամ USDT-ի հետ, ան նոյնպէս ունի մեծ չափի կանխիկ գումար, որ գործուն է ներդրողներու եւ տնօրինող՝ սովորական գործածողներու համար:

meMarket-ի գործարկումով all.me բոլոր գործածողները կրնան անմիջապէս իրենց լրահոսէն զանազան ապրանքներ գնել եւ վաճառել՝ պարզապէս տեղադրելով իրենց էջին մէջ եւ շահաբաժին տալ վաճառողներուն, որպէսզի օգնեն ուրիշներուն վաճառել ապրանքները տրամաբանական կերպով, հարցումներ ուղղել ապրանքին վերաբերեալ եւ հարցումներ ուղղել վաճառողներուն:

mePay-ը վճարման ծառայութիւն է, որ թոյլ կու տայ տրամադրել վճարային քարտեր եւ կատարել օրական վճարումներ ME թոքենով: Ծառայութիւնը ամբողջովին ընթացք պիտի առնէ 2019 թուականին:

Տոմսերու գնումը, որուն արժէքը որոշուած է հայկական դրամով, իրականացուած է ME-ի թուային հաշիւին հետ փոխանակումով՝ երաշխաւորելով իր սեփականատէրերու իրաւունքները all.me հարթակի ծառայութիւններուն մէջ:

«ՊԻԼԱՅՆ»Ի ՅԱՃԱԽՈՐԴՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ՀԱՄԱՑԱՆՑ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ

Հայաստանի մէջ «Պիլայն» կը յայտարարէ շարժական համացանցի ծաւալներու մեծացման մասին՝ «Կիկա» ծառայութիւններու եւ «Ինֆինիթի» սակի ծրարներու ծիրին մէջ:

Այժմ «Կիկա 3», «Կիկա 6», եւ «Կիկա 12» ծառայութիւնները գործածողները, նոր միացումներու եւ վերամիացումներու պարագային, նախկին սակերու դիմաց կը ստանան ոչ թէ 3, 6, 12, այլ համապատասխանաբար 5, 10, եւ 15 ՃիՊի շարժական համացանց: Ըստ այնմ, ծառայութիւնները կը վերանուանուին՝ «Կիկա 5», «Կիկա 10» եւ «Կիկա 15»:

Բացի ատկէ՝ մատչելի դարձած է «Կիկա 1» ծառայութիւնը, որուն ամսավճարը կը կազմէ 1000 դրամ: Տուեալ ծրարները արդէն մատչելի են համակարգի բաժանորդներուն համար:

«Պիլայն» նոյնպէս բարելաւած է շարժական համացանցի «Ինֆինիթի» ծրարներու շարքի պայմանները: Այժմ «Ինֆինիթի» ծրարի բաժանորդները իւրաքանչիւր ամիս պիտի ստանան 10 ՃիՊի համացանց՝ նախկին 3 ՃիՊի-ի փոխարէն, իսկ «Ինֆինիթի 1024»ի բաժանորդները 15 ՃիՊի՝ նախկին 5 ՃիՊի-ի փոխարէն:

«Շարժական համացանցը այսօր ոչ միայն կապի միջոց է, այլեւ որակեալ տեղեկատուական բովանդակութիւն՝ տեսահոլովակներ, շարժանկարներ՝ բարձր որակով, երաժշտութիւն եւ այլն: Որակի բարձրացումը կը պահանջէ համացանցի մեծ ծաւալներ, եւ մենք «Պիլայն»ի մէջ կ՚ուզենք, որ մեր բաժանորդները կարենան օգտուիլ այդ որակեալ բովանդակութենէն, եւ՝ նոյն սակով: Վստահ եմ, որ մեր նոր առաջարկները կ՚օգնեն անոնց այդ հարցին մէջ, եւ մեր յաճախորդները կը շարունակեն օգտուիլ մեր նորացուած եւ բարելաւ-ւած ծառայութիւններէն», նշեց Հայաստանի մէջ «Պիլայն»ի ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Փիաթախին:

ANDROID-Ի ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԽԱՐԴԱԽ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

CSIS ընկերութեան մասնագէտները, որոնք մասնագիտացած են համացանցային անվտանգութեան ասպարէզին մէջ, յայտնաբերած են Android համակարգով աշխատող սմարթֆոններու համար նոր խարդախ յաւելուածը, որուն զոհերը կրնային դառնալ քանի մը միլիոն մարդիկ:

Ըստ մասնագէտներու, գործածողներուն կ՚առաջարկուի Կուկըլ Փլէյ խանութին մէջ ներբեռնել «Թարմացումներ Սամսունկի համար» («Updates for Samsung») յաւելուածը, ուր իբր թէ պաշտօնական մշակողներու կողմէ հաւաքուած են սմարթֆոնի համար լաւագոյն բարելաւումները:

Սակայն յաւելուածը տեղադրելէ ետք գործածողները կը յայտնուին update.com կայքին մէջ, ուր տեղադրուած են Android-ի մասին զանազան յօդուածներ եւ լուրեր, որոնք կը նուազեցնեն գործածողներուն զգօնութիւնը:

Բացի ատկէ՝ յաւելուածի որոշ բաժիններուն մէջ տեղադրուած են բազմաթիւ ծանուցումներ, որոնք կը խանգարեն յարմար գործածութիւնը, եւ որոնք կ՚առաջարկուին պաստառէն հեռացնել 9 տոլարի դիմաց:

Յաւելուածը նոյնպէս կ՚առաջարկէ 34.9 տոլարով սմարթֆոնի թարմացման տարեկան բաժանորդագրութիւն: Սակայն ծառայութիւններու վճարումը տեղի կ՚ունենայ ոչ թէ Կուկըլ Փլէյ-ի միջոցով, այլ յաւելւածը կը ստանայ գործածողին վարկային քարտի մասին ամբողջ տեղեկատուութիւնը:

Այդուհանդերձ, յաւելուածին մէջ անվճար թարմացման մատչելիութիւն կայ, բայց այդ պարագային ներբեռնման արագութիւնը ժամուան մը մէջ 56 քիլոպայթէն աւելի չէ, իսկ 700 մեկապայթի ծրարը կը ներբեռնուի շուրջ 4 ժամուան մէջ: Ուրեմն, բազմաթիւ գործածողներ չեն ուզեր սպասել եւ կը նախընտրեն վճարել, որպէսզի «թարմացումը» աւելի արագ ստանան, բայց իրականութեան մէջ յաւելուածին կը փոխանցեն իրենց վարկային քարտի տուեալները:

Ընկերութեան մասնագէտները գործածողներուն կոչ կ՚ընեն ուշադիր ըլլալ, քանի որ յաւելուածը Կուկըլ Փլէյի մէջ աւելի քան 10 միլիոն բեռնում ունի, եւ յայտնի չէ, թէ այդ գործածողներէն քանի՛ն դրամ փոխանցած է:

Մասնագէտները նոյնպէս կը շեշտեն, որ սմարթֆոնը պէտք է թարմացնել միայն ներքին կարգաւորումներով, այլ ոչ թէ՝ կողմնակի յաւելուածներով:

«ԷՓԸԼ» ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ԼՐՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՈՐՈՇԱԾ Է ՄԵՐԿԱՑՆԵԼ «ԿՈՒԿԸԼ»Ը

«Էփըլ»ը գործածողներու տուեալներու լրտեսութեան հարցին մէջ ընկերութիւնը որոշած է մերկացնել իր մրցակից «Կուկըլ»ը: Վերջերս Թորոնթոյի փողոցներէն մէկուն մէջ յայտնուեցաւ «Էփըլ»ի ծանուցում մը, որով կը նկարագրուի մարդոց գաղտնիութեան քաղաքականութիւնը: Այդպէսով, ընկերութեան ղեկավարութիւնը որոշած է մերկացնել իր մրցակից «Կուկըլ»ը:

Վերջերս «Սայտուոքս լապս»ը («Կուկըլ»ի դուստր ընկերութիւնը) առաջարկած է Թորոնթոյի մէջ ստեղծել, այսպէս կոչուած, «խելացի շրջան» մը (Ouayside), որ կը հետեւի մարդոց տեղաշարժին եւ վարուելակերպին:

Նման հեռանկարը հաճելի չէ թուած Թորոնթոյի բնակիչներուն: Անոնք կը կարծեն, որ ընկերութիւնը մտադիր է հետեւելու իրենց նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ իրենք համացանցով չեն զբաղիր:

Անկէ օգտուած են «Էփըլ»ի ղեկավարները: Իրենց մրցակիցներու ծանուցումին դիմաց տեղադրած են հակածանուցում՝ «Էփըլ»ը գործածողներու գաղտնիութեան մասին: Ըստ մասնագէտներու, այսպէսով գանատացիները ժխտական կը տրամադրուին «Կուկըլ»ի նկատմամբ:

«ԺԱԿՈՒԱՐ» 1.5 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆԵՐԴՆԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

«Ժակուար-Լենտ Ռովըր» ինքնաշարժներ արտադրող բրիտանական ընկերութիւնը շուրջ 1.25 միլիառ տոլար կը ներդնէ Բրիտանիոյ մէջ ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութեան մէջ:

«Մենք մտադրած ենք արտադրել այնպիսի ինքնաշարժներ, որոնց շարժակները թունաւոր նիւթեր չարտահանեն: Անոնք պիտի ըլլան մեր ելեկտրական ինքնաշարժներու յաջորդ սերունդը Բրիտանիոյ մէջ», կ՚ըսուի ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ընկերութեան գործարանը ամրան ընթացքին կը պատրաստուի նոր սերունդի «Ժակուար» արտադրելու համար:

Բրիտանիա խոչընդոտներու կը բախի ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութեան համար ներդրումներու փնտռտուքի փորձեր կատարելու ատեն:

Այդ ասպարէզի կարեւորութիւնը կ՚աճի, քանի որ ինքնաշարժ արտադրողները կ՚անցնին այդ տեսակի ինքնաշարժներու աւելի մեծաքանակ արտադրութեան:

Հակառակ անոր որ այսպիսի ինքնաշարժներու պահանջը տակաւին աննշան է, Բրիտանիոյ իշխանութիւնները նպատակադրած են 2050 թուականին արտադրել վնասակար արտանետումներու զերօ մակարդակով ինքնաշարժներ: Ասիկա կը պահանջէ փոխադրամիջոցային ցանցի ամբողջական ելեկտրականացում:

ՎԸՐՉՈՒԱԼ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԱՒԵԼԻ՞ ԼԱՒ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մասնագէտները կը նշեն, որ վըրչուալ իրականութիւնը կրնայ մարդը իրական կեանքին մէջ աւելի լաւ դարձնել:

Մարդը արագ կ՚ընտելանայ վըրչուալ իրականութեան հետ, որ կը ստիպէ մարդուն հաւատալ, թէ ինք Էվերեսթի գագաթին է:

Մարդիկ կը գործակցին «շօշափելի» արհեստագիտութիւններու հետ, երբ կը լսեն բջիջային հեռաձայնի կանչը: Անոնք կը նմանակեն ֆիզիքական զգացումները, հոտերը: Անոնք մարդոց անիրական մարմինը կառավարելու զգացողութիւն կու տան:

Կատարուած փորձարկումներու ժամանակ մասնակիցները իրական կեանքին մէջ աշխուժութիւն ցուցաբերած են, երբ պարբերաբար մրցած են համացանցէն եւ համակարգիչէն դուրս տարրերու հետ:

Որոշ մասնագէտներ կը պնդեն, որ վըրչուալ իրականութիւնը մարդը աւելի լաւ կը դարձնէ իրական կեանքին մէջ, սակայն ոմանք ալ կը կարծեն, թէ արհեստագիտութիւնը կ՚ազդէ անձի մը ինքնանոյնացման (self-identification) վրայ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան


Օգտագործուած աղբիւրներ.

«Նիւզ.էյ.էմ.», «Միտիում», «Թայմզ», «Փլանեթ Թուտէյ»

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019