ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱԶԳԱՅՆԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ կրնանք տարբեր պրիսմակներով նայիլ ու հետեւցնել, թէ ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ է ազգայնամոլութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ: Հասկնալու համար ազգայնականութեան արմատները՝ կարճ ակնարկով մը կրնանք յիշել ազգ-պետութիւններու կազմութիւնը: Ինչպէս Եւրոպայի մէջ, այնպէս ալ տարբեր տեղեր, մասնաւորաբար Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք այսպէս կոչուած՝ ազգային պետութիւններ յառաջացան եւ որոնք ազգային գաղափարներ մէջտեղ բերին եւ սկսան գործել առաւելապէս այդ գաղափարներով: Մարդկային քաղաքական պատմութիւնը բնականաբար ունեցած է նաեւ ազգային կառուցուածքներ եւ ծագումնաբանական տեսութիւններէն սնանած է, բայց կազմուած կայսրութիւնները ինչքան ալ եղած են ոչ-հեռաւոր անցեալին, օրինակի համար, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական, ռուսական, անոնք աւելի բազմազգեան կերտուածք ունեցած են, հակառակ իրենց ազգային ղեկավարութեանց:

Ուրեմն ազգ-պետութիւններու կազմութիւնով աւելի մարմնաւորուեցաւ ազգայնական ըլլալու երեւոյթն ու փիլիսոփայութիւնը եւ այդ գաղափարախօսութիւններուն անունով գործուած շատ մը յանցագործութիւններ մնացին պատմութեան մէջ՝ որպէս ծայրայեղ ազգայնամոլութեան ստեղծած բացասականութիւններ կամ աւերներ:

Ինչպիսի՞ իրավիճակ ունինք այսօր եւ ո՞ւր կ՚ուղղուին պետութիւնները. շատ երկար ուսումնասիրութեան նիւթ է, բայց շատ հակիրճ կրնանք վկայաբերել Եւրոպայի վառ օրինակը, որ ըլլալով ամենաարիւնալի ու պատերազմներով յորդուն տարածք, կրցաւ Սովետական Միութեան քայքայումէն վերջ ստեղծել նոր խաղաղասիրական մարմին մը, որ կոչուեցաւ՝ Եւրոպական Միութիւն եւ որ ի հեճուկս քայքայուած սովետական ձախող փորձին՝ հմայեց նոր կայացած համակարգով մը։ Այս համակարգին մէջ, կարծես թէ, պետութիւնները իրենց գործողութիւններով կայսերական ճնշումներէն յոգնած եւ ժողովուրդները ձգտելով աւելի համերաշխ ու բարօր իրաւակարգերու, Եւրոպայէն եւ նոյնիսկ Եւրոասիայէն կամայաբար ու իրենց կամքով ուզեցին կազմել նուազագոյնը, եթէ ոչ Եւրոմիութեան, այլ Եւրոխորհուրդին եւ Եւրոպական խորհրդարանին: Ակներեւ  է, որ եւրոպական կառոյցներուն մէջ ազգայնականութիւնը չէ դրսեւորուած ինչպէս որ է ներսահմանային իմաստով նոյն Ֆրանսայի, Գերմանիայի եւ միւս երկիրներու մէջ:

Շատ մը պարագաներու մեծ ու փոքր երկիրներու տարբեր շրջաններու մէջ ազգայնամոլութիւնը եւ անոր խմորումներն ու վարքագիծերը կապուած են շատ մը ազդակներու եւ շատ մը տարբերակներով կրնայ ազգայնամոլութիւնը հակադրուիլ բարեկամ համարուող ուրիշ մէկ երկրի կամ ժողովուրդի մըն ալ հետ նոյնպէս, որովհետեւ ինքնին որեւէ ազգայնամոլութիւն, այսպէս ըսած, աւելի կը սահմանուի որոշակի ու սահմանուած գործուղղումի մը մէջ, երբ մանաւանդ յարձակողական է ուրիշ կողմի մը դէմ:

Ներկայիս գերտէրութիւնները, հաւանաբար բացի Չինաստանէն, կը քարոզեն համամարդկայնութիւն, ներքին հանդուրժողականութիւններ, բազմամշակութայնութիւն (multi culturelle) եւ նոյնիսկ տեղական ու շրջանային համարկումեր (integration) եւ փոքր ու մեծ համաշխարհայնացումներ (globalism) կը փորձեն ստեղծել: Կարեւոր է հոս նշել, որ նոյն այդ գերտէրութիւններուն քով ազգայնականութիւնը ուրիշ մակարդակներ ու բովանդակութիւններ կ՚առնէ եւ կը գործէ ուրիշ դրսեւորումներով, եթէ վտանգ ապրին այդ գերտէրութիւններու համաշխարհային շահերը, որոնք առաւելապէս տնտեսկան են:

Ընդհանուր ազգայնամոլութեան մէջ բոլոր «կիրառող կամ տուժող» կողմերը զիրար կրնան դիւրաւ մեղադրել եւ հոս որեւէ ազգայնամոլութիւն իր բովանդակային եւ կիրառման իմաստով անհասկնալիութիւն մը կրնայ պարզել: Արդ, ամենաազգայնամոլ պետութիւններն ալ երբ ենթարկուին յարձակման, այդ յարձակումի ծալքերը կրնան ընդունիլ իբրեւ ազգայնամոլական, որ ուղղուած է իրենց հանդէպ եւ այս կէտին ազգայինի եւ կոյր ազգայնամոլութեան բարակ թելը երբեմն կը փրթի:

Միշտ ազգայինը վստահաբար աւելի վեհ է եւ համամարդկային, քան ազգայնամոլը, մանաւանդ՝ երբ  այս վերջինը կ՚ըլլայ յարձակողական, անօրինական ու վայրագ: Այո, պզտիկ ժողովուրդներն ու պետութիւնները իրենց բարձր ու ցած իրաւականութիւններով, աւելի խաղաղասէր կը համարուին (հակառակ կան շատ մը բացառութիւններ) եւ ներկայիս միջազգային յարաբերութիւնները որքան աւելի իրաւական հենք կ՚ուզեն ստանալ, տեւաբար այդ իրաւունքի, օրէնքի, օրինականութեան եւ իրաւացիութեան (այս բոլոր նշուածներուն օրէնսգիտական ու քաղաքական ալ բազմազան չափանիշներով ու յարաբերակցութիւններով- համեմատականութեամբ) գործադրումն ու կայացումը կարիքն ունի գործադրողի եւ այդ գործադրողը կամ հաւաքաբար գործադրողները համաշխարհային քաղաքական համակարգի տուեալ տեսակի ու գործուղղման բովանդակութեան առընթեր, միշտ ալ ձգտելի է բոլորին համար, որ ան ըլլայ արդարամիտ եւ պատմական իրականութիւններուն ու օրինականութեան վրայ յենած:

Վստահաբար ազգայնամոլութիւնը ներկայ մեր բաց ու համարկուն աշխարհին մէջ աւելի բացասականօրէն կ՚ընկալուի եւ ան շատ տեղ չունի նուազագոյն արդարացման: Եւ հոս է, որ պայծառ ազգայինը իրապէս առաքելապաշտ կը  մնայ, բայց մեծ պատերազմներէ խուսափումի կողքին տակաւին կը տեսնենք, որ նոյն ազգայնամոլութիւնը շատ մը տեղերու մէջ դեռ կրնայ ստանալ վտանգաւոր ու յետամնաց կերպեր կամ կրնայ գործուղղուիլ շահերով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

20 մարտ 2022

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022