ՀԱՐՑՈՒՄ-ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է «Հաւատամք»ը:

Պատասխան. «Հաւատամք»ը մեր հաւատքին արտայայտութիւնն է: Հաւատք ըսելով կը հասկնանք երեք բան.

1. Աստուծոյ վրայ մեր վստահութիւնը եւ անմիջականօրէն մեր չտեսած ճշմարտութիւններուն մեր համոզուածութիւնը:

2. Կեանքով կամ գործերով արտայայտուած հաւատքը:

3. Մեր հաւատացած ճշմարտութիւններուն ամբողջութիւնը:

«Հաւատամք»ը այս վերջինն է, խտացած վիճակով:

Քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնները Քրիստոս Ինք յայտնեց մեզի, թէ՛ Հին Կտակարանով՝ գրաւորապէս, թէ՛ Իր մարդեղութեան ընթացքին՝ բերանացի: Առաքեալները այս ճշմարտութիւններուն պահապանները եւ փոխանցողները եղան, թէ՛ բերանացի քարոզութեամբ եւ թէ՛ գրաւորապէս՝ Նոր Կտակարանի գիրքերուն մէջ:

Եկեղեցին ժառանգեց այդ ճշմարտութիւններուն աւանդը եւ զայն նախանձախնդրօրէն պահեց առաքելական յաջորդութեամբ:

Հ. Չխոստովանուած հաւատքը կրնա՞յ անձին բնութեան վտանգ սպառնալ: Օրինակ, եթէ ես սիրտիս մէջ հաւատամ բայց բերանովս չխոստովանիմ, արդեօք ասիկա բան մը կը պակսեցնէ՞ իմ հաւատքիս կամ կեանքիս մէջ:

Պ. Կը պակսեցնէ իր արտայայտութեան մէջ, այսինքն՝ կեանքին մէջ, որովհետեւ խոստովանուած հաւատքը տեսակ մը մղիչ ուժ է, որ մարդս կը մղէ նաեւ, որ ան այդ հաւատքին պաշտպանութեան ետին կանգնի: Իսկ չարտայայտուած հաւատքը ծածուկ պահուած հարստութեան կը նմանի: Ծածուկ պահելը երբեմն կրնայ կամաւոր ըլլալ ու համազօր ըլլալ այն բացատրութեան, որ յիշեցի Քրիստոսի պարագային, երբ կ՚ըսէ. «Ով որ զԻս ուրանայ մարդոց առջեւ» (Մտ 10.33). արդեօք ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ, պարզապէս Պետրոսին նման ուրանա՞լն է, թէ՞ երբ որ յայտարարելու եւ խոստովանելու պահը կու գայ ու մենք չենք խոստովանիր, մեր այդ չխոստովանելովը արդէն ուրացած կ՚ըլլանք: Ո՞ր մէկն է արդեօք: Չխոստովանուած հաւատքը նահանջի պատճառ կրնայ ըլլալ, խոստովանուած հաւատքը՝ ընդհակառակը, պատճառ կ՚ըլլայ հաւատքի մեր կեանքին մէջ առաջընթացի, աւելի մեծ քաջութեան, աւելի մեծ նուիրումի եւ մեր հաւատքին տէր կանգնելու նախանձախնդրութեան:

Հ. Հաւատքը ինչպէ՞ս կը զարգանայ:

Պ. Հաւատքը զարգացնելու աստիճաններ կան: Նախ կու գայ դաստիարակութիւնը ծնողներէն, դպրոցէն: Ապա այդ անձնական հետաքրքրութիւնը բնութեան ընդմէջէն կու գայ. եթէ բնութիւնը կարդալ գիտնաս՝ բնութիւնը քեզ կ՚առաջնորդէ, տեսանելին՝ անտեսանելիին կ՚առաջնորդէ: Քրիստոս մեզի այնքա՜ն առակներ խօսեցաւ Երկինքի Արքայութեան մասին, որ ոեւէ մէկը չէ տեսած. այդ պատճառով, Քրիստոս օրինակներով կը բացատրէր մեզի. «Պիտի խնդրես, խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի» (Մտ 7.7): Խնդրէ՛, աղօթէ՛ եւ կը տրուի ուզած հաւատքդ, որովհետեւ խնդրածդ ամենէն գեղեցիկ բանն է եւ Աստուած պիտի տայ: Տակաւին, լսելով կու գայ, կարդալով կու գայ, տարբեր-տարբեր ձեւեր կան:

Գեղեցկագոյն բանը Աստուած մեր մէջ օր մը կ՚արթնցնէ, երբ յարատեւ աղօթենք, յարատեւ խնդրենք: Շատ կարեւոր է յարատեւութիւնը, որովհետեւ յարատեւութիւնը բանալին է: Եթէ օր մը կարդացի եւ յաջորդ օրը արդիւնքը չտեսայ ու հրաժարեցայ, կը նշանակէ, որ ինքզինքս այդ շնորհքէն կը կտրեմ: Ինչքան կրնանք՝ պիտի շարունակենք: Մի՛ մոռնաք, որ նաեւ սատանան աշխատանք կը տանի որպէսզի չհաւատանք, ամէն ձեւով կը փորձէ, որ գոհանանք միայն այս երկրաւոր կեանքի սահմաններով եւ մոռնանք Աստուծոյ այն բոլոր բարիքները, որոնք մեզի տրուած են: Մեր թիւ մէկ թշնամին սատանան է, որ տարբեր միջոցներով միշտ կը կուրցնէ մեր աչքը, կը խլացնէ մեր լսողութիւնը, տարբեր զգայարանքները, որպէսզի երբեք մեր աչքերը չբացուին Երկինքի Արքայութիւնը տեսնելու, հասկնալու եւ վայելելու:

Հ. Աւետարաններուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք «Մարդու Որդի» բացատրութեան: Կրնա՞ք բացատրութիւն տալ այս ուղղութեամբ:

Պ. Աւետարաններուն մէջ Քրիստոս այդ կոչումը կամ այդ անունը միշտ Ինքն Իր անձին համար կը գործածէ, Ինքզինք Մարդու Որդի կոչելով: «Մարդու Որդի» եբրայերէն լեզուով պարզապէս «մարդ», սովորական մարդ կը նշանակէ: Սուրբ Գիրքի մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ երբեմն գործածուած է պարզապէս նշելու համար մեղաւոր մարդկութիւնը: Քրիստոս եկաւ այդ մարդկութեան հետ Ինքզինք նոյնացնելու: Դանիէլի մարգարէութեան (7.13-ին) մէջ գործածուած բացատրութիւն մը, անուն մը կամ տիտղոս մըն էր, որ Քրիստոս մշտապէս գործածեց Իրեն համար, որովհետեւ այդ տիտղոսը միաժամանակ մեսիական տիտղոս մըն էր, այսինքն՝ թէ՛ Դանիէլի մարգարէութեան մէջ, թէ՛ յետոյ հրեայ ժողովուրդին քով մեկնութեան ճամբով, իրենց վարդապետներուն քով, ցոյց կու տայ, թէ գալիք Մեսիան մարդկային բնութիւն պիտի առնէր, ձեւով մը պիտի դառնար գերագոյն մարդը, որպէսզի ինչպէս ՆԿ-ն ալ կը հաստատէ, ատով բոլորին՝ թէ՛ ողջերուն եւ թէ՛ մեռելներուն Դատաւորը դառնայ: «Գերագոյն Դատաւոր» ըսելու կերպ մըն էր «Մարդու Որդի» արտայայտութիւնը:

Հ. Երբ Յիսուս Քրիստոս 40 երկար օրեր ծոմապահութեամբ անցուց, աստուածային բնութիւն ունենալուն համա՞ր էր, որ 40 օր կրցաւ ծոմ պահել: Մենք ինչո՞ւ չենք կրնար այդքան երկար ծոմ պահել եւ կը հիւանդանանք:

Պ. Եթէ ծանօթութիւնները քիչ մը ընդարձակէք, պիտի տեսնէք, որ ծոմապահութիւնը կարելի է երկարել. մինչեւ 40 օր ալ կարելի է երկարել՝ մարմինը աստիճանաբար վարժեցնելով յատուկ կերպով: Օրինակով խօսիմ. Հնդկաստանի նշանաւոր առաջնորդ Մահաթմա Կանտին երբ ուզեց իր երկիրը ազատագրել լուռ ընդդիմութեամբ, առանց բռնութեան, առանց բռնամիջոցներու դիմելու, դիմեց ամբողջական ծոմապահութեան, եւ աւելի քան քառասուն օր ծոմ պահեց: Ատիկա աստուածային բնութեան յատուկ երեսը չէր, ընդհակառակը, հոն կը տեսնէք, որ Քրիստոս Իր մարդկութեան մէջ եւ Աստուածութեան թոյլտուութեամբը քաղց զգաց: Իբրեւ Աստուած կրնար չզգալ քաղցը, ծարաւը, բայց իբրեւ կատարեալ մարդ նաեւ Իր Աստուածութեամբ ալ այդ քաղցը եւ ծարաւը կրեց Ինք եւ քառասուն օր ետք արդէն անօթեցաւ: Ծոմապահութիւնը անմիջականօրէն առընչուած չէ Իր Աստուածութեան, ընդհակառակը՝ Իր մարդկային բնութեան համար ըսուած է:

Հ. Արդեօք հրաշքներ պիտի ըլլա՞ն յառաջիկայ տարիներուն:

Պ. Հրաշքը որեւէ ատեն կրնայ ըլլալ ինչպէս անցեալին եղած է: Հրաշքը անցեալին միայն չի՛ պատկանիր. անցեալին ալ եղած է, ներկայիս ալ կ՚ըլլայ եւ ապագային ալ պիտի ըլլայ:

Հ. Մարդուն պարագային Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց, որ փրկէ մեզ մեր մեղքերէն, իսկ հոգեղէններուն համար չփորձե՞ց:

Պ. Հոգեղէններու պարագային ընտրութիւնը արդէն վերջնական վիճակ մըն էր, սատանային եւ անոր գործակիցներուն համար դարձի կարելիութիւն չկար: Անոր համար ալ Աստուած անոնց համար փրկագործական ծրագիր չունէր: Մարդուն համար սակայն, տարբեր է, որովհետեւ մարդը կրնայ միշտ փոխուիլ, իր մտադրութիւնը փոխել:

Հ. Սուրբ Հոգին կրնա՞յ մարմնանալ:

Պ. Կարելիութեան հարցը կը ներկայանայ այսպէս: Հարցումներ կան, որոնք իրենց պատասխանը իրենք իրենց մէջ կը պարունակեն: Մարդեղութիւնը միայն Որդիին տրուած է: Մարդեղութիւնը կապուած էր այն առաքինութեան, որ մարդուն աստուածացումն է կամ մարդուն Աստուծոյ արարչագործ պատկերին վերականգնումը: Արարիչն Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոս Իր պատկերով ստեղծեց մարդը եւ Իր պատկերը վերականգնելու համար եկաւ ու մարդացաւ: Սուրբ Հոգին մարդանալու կամ մարմնանալու պատճառ մը չունի, ինչո՞ւ պիտի մարմնանայ: Կարելիութեան հարց չէ, ըսել կ՚ուզեմ՝ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ: Աստուած կրնա՞յ աշխարհը քանդել, հարկա՛ւ կրնայ քանդել, ինչո՞ւ չի քանդեր, որովհետեւ Աստուծոյ նպատակը քանդել չէ, քանի որ Աստուած աշխարհին համար նպատակ մը ունի:

Հ. Ինչպիսի՞ մարմին պիտի ըլլայ յարուցեալ մարմինը:

Պ. «Ինչպէ՞ս յարութիւն կ՚առնեն մեռելները կամ ինչպիսի՞ մարմինով պիտի գան» (Ա. Կր 15.36-37): Ինչպէս հողին մէջ նետուած ցորենահատիկը եւ անկէ ծլած ու աճած հասկին հատիկները տարբեր մարմիններ չեն, այլ՝ նոյնը, մէկը միւսին նորոգութիւնը, բայց միաժամանակ միեւնոյն հատիկները չեն, այլ՝ նորերը հինին փոխակերպուած են, այնպէս ալ մեռած մարմինը երբ հողէն դուրս գայ՝ ներկայի մարմինէն տարբեր պիտի չըլլայ, այլ՝ նոյն մարմինը, բայց նորոգուած ու փոխակերպուած: Մեր մարմինները այժմ «շնչաւոր» են, եղծանելի, անարգ, տկար, մահկանացու, մինչդեռ յարութենէն ետք այդ նոյն մարմինները պիտի ըլլան «հոգեւոր», անեղծ, փառաւոր, զօրաւոր եւ անմահ (տե՛ս Ա. Կր 15.42-44):

Արդ, յարութեան օրը բոլորս ալ պիտի փոխակերպուինք այնպէս, որ մարմինները վերագտնեն իրենց վիճակը, առաջին կատարելութիւնը, երբ մեղքը տակաւին չէր տիրած մարդուն եւ անոր հետեւանքը եղող տակարութիւններն ու խեղութիւնները չէին եղծած Աստուածաստեղծ մեր պատկերը:

Բոլոր մարդիկ պիտի յայտնուին առաջին մարդուն՝ Ադամի վիճակով ու տարիքով, բոլորն ալ՝ 30 տարեկան: Արդարներուն մարմինները պիտի ըլլան Քրիստոսի մարմինին պէս՝ թափանցիկ, թանձրութիւնը թօթափած, նուրբ ու թեթեւ, լուսափայլ, արեգակի պէս պայծառ, փայլակի պէս արագաշարժ: Իսկ կորուստի դատապարտուածներուն մարմինները պիտի մնան թանձր ու ծանր՝ իրենց մեղքերուն պէս, եւ պիտի ըլլան տգեղ ու խաւարին՝ իրենց հոգեկան աշխարհին պէս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2022