ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ

Մեր երկրին,
Որ Արարչին խօսքին մօտ է,
Ամպապատ առաստաղ մը:

Մեր երկրին,
Որ հեռու է անունին յատկանիշներէն,
Բացակայութեան քարտէս մը:

Մեր երկրին,
Որ շուշմայի հատիկին պէս փոքր է,
Երկնային հորիզոն մը... եւ թաքուն անդունդ մը:

Մեր երկրին,
Որ աւազատատրակի թեւերուն պէս սնանկ է,
Սուրբ գիրքեր... եւ վէրք մը ինքնութեան մէջ:

Մեր երկրին,
Որ շրջապատուած է, բլուրները պատառոտած,
Նոր անցեալի ծուղակներ:

Մեր երկրին,
Որ զրպարտուած է,
Մահուան ազատութիւն՝ կարօտով եւ այրումով:

Մեր երկիրը,
Իր արիւնալի գիշերուան մէջ,
Գոհար մըն է, որ կը շողայ հեռուն, հեռուն
Եւ կը լուսաւորէ իր արտաքինը...
Իսկ մենք, անոր մէջ,
Աւելի կը մղձկինք:

ՄԱՀԱՑԱԾՆԵՐ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏՆԵՐ

Մահացածներ եւ անյայտներ:
Ոչ մոռացութիւն մը՝ զիրենք ժողվող,
Ոչ յիշողութիւն մը՝ բաժնող...
Եւ մոռցուածներ՝ ձմրան խոտերուն մէջ, 
Գլխաւոր ճամբուն վրայ,
Երկու պատումներու միջեւ՝
Հերոսութեան եւ տանջանքի:

-Ե՛ս եմ զոհը:
-Ո՛չ, միայն ե՛ս եմ զոհը:
Յօրինողին չեն ըսեր.
-Ոչ մէկ զոհ կը սպաննէ իր նմանը,
Պատմութեան մէջ զոհ մը եւ սպաննուած մը գոյ են:

Փոքր էին.
Ձիւնը կը քաղէին Քրիստոսի եղեւինէն
Եւ կը խաղային փոքրիկ
հրեշտակներուն հետ.
Նոյն սերունդի զաւակներն էին անոնք...
Դպրոցներէն կը սպրդէին խոյս տալով
Թուաբանութենէն եւ հին քերթողութենէն,
Եւ արգելակներուն վրայ
Զինուորներուն հետ կը խաղային՝
Մահուան անմեղ խաղեր:

Զինուորներուն չէին ըսեր.
-Ձգեցէք հրացանները եւ բացէք ճամբաները,
Որպէսզի թիթեռը արշալոյսին իր մայրը գտնէ,
Եւ որպէսզի սաւառնինք թիթեռին հետ երազներէն անդի՜ն,
Քանի երազները նեղ են մեր դռներուն:

Փոքր էին.
Կը խաղային
Եւ ձիւնին յատակի կարմիր վարդին 
Համար պատմութիւններ կը ստեղծէին 
Երկու երկար պատումներու ետին՝
Հերոսութեան եւ տանջանքի մասին:
Եւ հրեշտակներուն հետ կը փախչէին
Դէպի պայծառ երկինք:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022