ԱՌԱՆՑ ԱՂԲԻ ԱՊՐՈՂ ՇՈՂԵՐ ԱՂԱԲԷԿԵԱՆ

Հայաստանի նման երկիրներու մէջ, ուր աղբի վերամշակում գրեթէ չկայ, դժուար է բնապահպանօրէն ճիշդ ապրիլ… սակայն անհնարին չէ։ Հնարը գտած է նաեւ Շողեր Աղաբէկեան։ Անոր ընտանիքին մէջ աղբը հնարաւորինս քիչ տունէն դուրս կը հանեն։ Անոնք կերպընկալ շիշերն ու տոպրակները քանի մը անգամ կը գործածեն, իսկ սնունդի մնացորդները՝ աւելցուկները կը թաղեն պարտէզին մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան եւս այս տարի առաջին անգամ միացաւ Համաշխարհային մաքրութեան օրուան, որ նշուեցաւ սեպտեմբերի 15-ին։ Համաշխարհային մաքրութեան օրուան նպատակն է մէկ օրուան գործողութիւններուն միջոցաւ մարդոց գիտակցութեան մէջ ամրացնել պայքարը՝ կուտակուած աղբի եւ թափօններու գոյութեան դէմ:

Այս առիթով «Մետիամաքս» գործակալութենէն Ամալի Խաչատրեան հարցազրոյց մը կատարած է Շողեր Աղաբէկեանի հետ, զոր արեւմտահայերէնի վերածելով կը հրատարակենք ստորեւ։

Տիկին Շողեր Երեւանի սեփական տան պարտէզը փորած է մի քանի անգամ։ Ան այդ փոսերուն մէջ թաղած է սնունդի մնացորդները։ Շողեր Աղաբէկեան կը պատմէ. «Այս ձեւով քաղաքին աղբը կը նուազի։ Այն ինչ, որ փտելու ենթակայ է, կը լեցնեմ փոսի մէջ. նոյնիսկ անձեռոցիկները, բայց ոչ երբեք թուղթը»։

Մենք կը կենանք նախկին փոսին վրայ, քովն ալ կայ նորը՝ կիսալեցուն։

«Ամբողջ հողամասը երեք անգամ պտըտեցանք՝ փորելով։ Այս տունը փոխադրուեցանք 2009 թուականին։ Հողը բերրի է. շնորհիւ իր բերրիութեան՝ երկրորդ տարուան մէջ սնունդի մնացորդները փտելէ վերջ բոլորովին հողի կը վերածուին։ Երբ փոսը լեցուի, անմիջապէս կը փորենք նորը, որմէ ստացուած հողով կը ծածկենք նախկինը։ Եւ կը սկսինք նոր փոսը լեցնել։ Երկու օրը անգամ մը կը թթուի, եթէ հոտը գարշելի դառնայ, մի քիչ հող կը լեցնենք, եւ վերջ…», կը բացատրէ Շողեր Աղաբէկեան։

Տիկին Շողեր ծնած է գիւղի մէջ ու կ՚ըսէ, թէ հոն երբեք մնացորդներ չեն ըլլար։ Ան Արցախի Մարտակերտ շրջանի Վաղուհաս գիւղէն է։ Մեծ ակնածանքով կը խօսի իր ծննդավայրի մասին։ «Շատ մաքուր գիւղ մըն է, գիւղացին ուտելիքի մնացորդները կենդանիներուն կու տայ, իսկ կերպընկալ տոպրակները կը լուայ ու քանի մը անգամ կը գործածէ», կը պատմէ ան։

Շողեր Աղաբէկեան նախ իր ընտանիքի անդամներուն կը սորվեցնէ բնապահպանօրէն ճիշդ ապրիլ։ «Երբ ամուսինս աշխատատեղիին մէջ ծիրան կ՚ուտէ, կուտերը չի նետեր, տուն կը բերէ։ Ան ինձմէ վարակուած է», ծիծաղելով կը պատմէ ան։

Շողեր Աղաբէկեան կ՚անդրադառնայ իր զաւակներուն ու կ՚ըսէ, որ զանոնք աւելի դժուար է համոզել՝ որպէսզի աւելի հազուադէպ օգտագործեն կերպընկալէ տոպրակները։ Ան ունի չորս որդի, որոնցմէ ամենէն մեծը ուսանող է, իսկ փոքրը՝ դպրոցական։ «Իմ որդիները յաճախ կ՚ամչնան գործածելու իմ կարած կերպասէ պայուսակները։ Բայց կարեւորը այն է, որ անոնք կը տեսնեն այս բոլորը, ինչ որ իրենց համար օրինակ կը հանդիսանայ», կ՚ըսէ ան։

Մինչ այդ, պէտք է խոստովանիլ, որ բնապահպանական սովորութիւններով ապրիլը դիւրին է սեփական տան մը մէջ, որու պարտէզէն ներս կրնան պահպանուիլ աղբերը։ Իսկ եթէ մարդիկ կ՚ապրին յարկաբաժնի մէջ, ուր դժուար է նման ապրելակերպի հետեւիլը։ Անշուշտ անոնք պիտի ամչնային երթալ հանրային պարտէզի մը մէջ փոս փորել ու լեցնել իրենց աղբերը, ինչպէս կ՚ընէ Շողեր Աղաբէկեան։

Ըստ Շողեր Աղաբէկեանի, անոնք ալ իրենց կարգին կրնան բնապահպանական ձեւով ճիշդ ապրիլ ու պահպանել բնութիւնը՝ աւելի քիչ կերպընկալէ տոպրակներ ու շիշեր օգտագործելով։ «Ծանօթներս ուր որ երթան զիս կը պատմեն։ Մեր հիւրերը միշտ կը շուարին մեր սովորութիւններուն վրայ։ Բայց շուարելու ոչինչ կայ։ Պարզ բաներ են։ Ամէն անձ կրնայ ընել, որպէսզի սովորութիւն դառնայ։ Պէտք է սովորութիւն դառնայ, որպէսզի ան ապրելակերպի վերածուի։ Կ՚սըեն, որ որեւէ սորովոյթ 21 օրէն կա՛մ կը վերանայ, կամ կ՚ամրապնդուի», կը պատմէ Շողեր Աղաբէկեան։

Կը խնդրեմ, որ ցոյց տան իրենց ամէնօրեայ աղբը. պարտէզի աղբամանը գրեթէ պարապ է։ Ան յատկապէս կը շեշտէ, որ ծխող չունին, հակառակ անոր, որ հինգ տղամարդ կայ տան մէջ։ Գուցէ խոհանոցի աղբամանին մէջ աւելի շատ աղբ ըլլայ։ Երբ կը յառաջանք դէպի տուն՝ շեմին տանտիրուհին ցոյց կու տայ ծաղկաման մը, որուն տուած է նոր կեանք։ Ան նախապէս խորովածի կրակարան մըն է, որ երկրորդ կեանքով կ՚ապրի իբրեւ ծաղկաման։ Ահաւասիկ հասանք խոհանոց։ Քանի մը շաքարի թուղթ ու նման բաներ՝ հին ու աղտոտ տոպրակի մը մէջ։ «Ինչպէ՞ս կրնամ այլ ձեւով վարուիլ, քանի որ Հայաստանի մէջ վերամշակում չկայ, չեմ կրնար յատուկ աղբարկղներու մէջ թափել զանոնք ու կը դնեմ յատուկ տոպրակներու մէջ։ Աղբամանի քովն ալ մեծ ամանի մը մէջ թուղթերը կը ժողվեմ, որպէսզի պզտիկ մանչուս դպրոցը յանձնեմ զանոնք վերամշակելու համար», ինքզինք «կ՚արդարացնէ» Շողեր Աղաբէկեան։

Վերադառնալով կերպընկալէ տոպրակներու հարցին՝ Շողեր Աղաբէկեան կիսաբարկացած, տխուր հայեացքով կը պատմէ. «Երբ Ղարաբաղ կ՚երթանք, Վարդենիսի դաշտերով անցնելու ժամանակ կը տեսնենք ամէնուր կերպընկալ տոպրակներ։ Հողին կ՚ափսոսաս, ցորեն չ՚աճիր։ Մեր գիւղին մէջ նման երեւոյթ չկայ։ Գիւղացիները շատ մաքրասէր են, գիւղի դպրոցն ալ տարբեր է։ Մեծ վարժարան մըն է, բայց երբ հաւաքարարը զայն կը մաքրէ, աղբամանին մէջ շատ քիչ աղբ կը հաւաքուի։ Բնութեան մէջ ապրողը գիտէ անոր գինը։ Գուցէ կարելի է աղբը վառել. այդ ալ վնասակար է, սակայն այս ձեւը առաւել վնաս կը պատճառէ»։

Կերպընկալէ տոպրակներէ հրաժարելու համար Շողեր Աղաբէկեան վաղուց հնար գտած է։ Իր գործածած պայուսակները ինք կը պատրաստէ։ Հին ու հաստ կերպասներէն, յատկապէս ճինզերէ, պայուսակներ ու մեծ սփռոցներ կը կարէ։ Ան կ՚առաջարկէ կերպընկալէ տոպրակները գոնէ անգամ մը գործածելով չնետել զանոնք։ «Երբ խանութներէ առեւտուր կ՚ընեմ, ինծի կ՚առաջարկեն կերպընկալէ տոպրակ տալ, երբ մերժեմ առաջարկը՝ կ՚ըսեն, թէ անվճար է։ Չեն հասկնար, թէ ինչո՛ւ կը մերժեմ։ Մանկապարտէզէն պէտք է սկսիլ սորվեցնել մանուկներուն, թէ ինչպէս պահպանել բնութիւնը։ Մանչս շաքարի թուղթը տաբատի գրպանին մէջ տուն կը բերէ։ Ան գիտէ, որ պէտք չէ փողոցին մէջտեղը նետէ զայն», կ՚ըսէ Շողեր Աղաբէկեան։

Շողեր Աղաբէկեան գերմաներէնի մասնագէտ է, բայց երբեք չէ պաշտօնավարած։ Քաղաքը դիւրին չէ չորս զաւակ մեծցնել։ Սակայն գերմանական մշակոյթը շատ լաւ ուսումնասիրած է։ «Հոն վերամշակումը կատարեալ է։ Մեծ փափաք ունիմ, որ Հայաստան հետեւի Գերմանիոյ վերամշակման օրինակին։ Իսկ կերպընկալէ տոպրակները, ըստ իս, շատ աժան են, կամ նոյնիսկ անվճար։ Ամենէն աղքատն ալ կ՚ըսէ, որ 10 դրամ է, իսկ եթէ աւելի սուղ ըլլար, հաւանաբար աւելի քիչ կ՚օգտագործէին զանոնք», կը բացատրէ Շողեր Աղաբէկեան։

Տիկին Շողեր կը պատմէ, թէ քանի մը անգամ փողոցը աղտոտող մարդոց փորձած է բացատրել հետեւանքները, բայց մեծ մասամբ նկատողութիւնը լաւ չեն ընդունած։ «Տարիքոտ կին մը կը քալէր, պաղպաղակի թուղթը գետին նետեց երեխայի ներկայութեամբ։ Ըսի. ինչո՞ւ կը նետէք, օրինակուելով ձեր կեցուածքէն, վաղն ալ երեխան պիտի նետէ։ Ինծի պատասխանեց. Աստուած ես, որ զիս կը խրատես», կը յայտնէ Շողեր Աղաբէկեան։

Ուրեմն, բնապահպանականօրէն ճիշդ ապրելու եւ աշխարհը աւելորդ աղբերէ ու թափօններէ զերծ պահելու համար, կարիքն ունինք Շողեր Աղաբէկեաններու…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018