ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Բ.

ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ ԶԱՏԻԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկը մօտ էր» (Յհ 2.13):

Մեկնութիւն. Եւ գիտելի է, թէ հրեաները պարտաւոր էին երեք հանդիսաւոր տօներու Երուսաղէմ երթալ, որ է Զատիկը, Պենտեկոստէն եւ Տաղաւարահարացը: Երկուքը ներում ունէին՝ եթէ չելլէին, սակայն ելից [Եգիպտոսէն ելքը նկատի ունի] Զատիկին հնարաւոր չէր տօնին չերթալ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց» (Յհ 2.13): Եւ Երուսաղէմը բարձր է, քան այդ կողմերուն միւս բոլոր երկիրները, այդ պատճառով կ՚ելլէ կ՚ըսուի: Եւ հրեաներուն Զատիկը կ՚ըսուի, բաժնելու համար քրիստոնեաներուն Զատիկէն, եւ մեր Զատիկը՝ Քրիստոս զենուեցաւ ու մեղքերէն եւ դժոխքէն ազատեցանք, որովհետեւ Զատիկը ազատութիւն կը լսուի, իսկ հրեաներուն Զատիկը խորոված գառն էր, որ Եգիպտոսի մէջ կերան եւ ելան ու մարմնապէս ազատեցան:

Հարցում. Ի՞նչ է, որ հրեաները նախ Զատիկը կը տօնեն եւ ապա բաղարջով պահք կը պահեն, իսկ քրիստնեաները նախ պահք կը պահեն եւ ապա Զատիկը կը տօնեն:

Պատասխան. Երկու բան ցոյց կու տայ. նախ՝ թէ Ադամ փափկութեան դրախտին մէջ էր եւ ապա դառնութեան երկրին մէջ ինկաւ, ասիկա կը ցուցնէ հրեաներուն Զատիկը, ու ապա բաղարջ եւ դառնիճ, իսկ Քրիստոսով դարձեալ դրախտ ելաւ, եւ այս կը նշանակէ քրիստոնեաներուն պահեցողութիւնը եւ ապա՝ Զատիկը:

Երկրորդ՝ մեղաւորները նախ երկրի մէջ կը հեշտանան ու ապա կը տանջուին, ինչպէս հրեաներուն Զատիկը, իսկ արդարները այստեղ կը տանջուին եւ ապա կը հանգստանան, ինչպէս քրիստոնեաներուն Զատիկը: Ասիկա մկրտութենէն ետք առաջին Զատիկն է, որ Երուսաղէմ ելաւ եւ հրաշքներ գործեց:

Երկու պատճառով ելաւ. նախ՝ տօնին համար, որովհետեւ պէտք էր որ ելլէր: Երկրորդ՝ բազմաթիւ ժողովուրդին համար, որոնց կ՚ուսուցանէր:

Խօսք. «Տաճարին մէջ գտած աղաւնեվաճառները դուրս հանեց» (Հմմտ. Յհ 2.14-15):

Մեկնութիւն. Տաճար ըսելով չ՚ըսեր ներքին խորանը, ուր որ խունկերու սեղանն ու աշտանակն էին, եւ ո՛չ ալ՝ քահանաներուն սրահը, որ ողջակէզներուն սեղանն էր, այլ՝ արտաքին սրահը, ինչպէս մեր ժամատունը, ուր ժողովուրդը կ՚աղօթէր ու վարդապետները կ՚ուսուցանէին: Այնտեղ կը վաճառէին, ինչ որ տաճարին կը մատուցէին: Լաւ կ՚ըսէ, թէ գտաւ, որովհետեւ դատաւորը նախ պէտք է մեղքը ստուգէ եւ ապա պատժէ:

Խօսք. «Արջառ, ոչխար եւ լումայափոխներ» (տե՛ս Յհ 2.14-15):

Մեկնութիւն. Քահանայապետները ագահութեան պատճառով այդ հնարեցին: Նախ՝ հեռուէն եկողներուն համար, որոնք չէին կրնար անասուններ բերել: Երկրորդ՝ որպէսզի մօտիկ եղողներն ալ պատճառ չդնեն չմատուցելու: Երրորդ՝ որպէսզի մէկ անգամ մատուցուածը միւս անգամ եւս վաճառէին: Չորրորդ՝ լումաները կը դնէին, որպէսզի անոնք որոնք արծաթ չունէին, փոխ տային: Հինգերորդ՝ որովհետեւ արծաթը փողի հետ կը փոխէին եւ ոսկին՝ արծաթի հետ ու այդպէս կը շահէին: Վեցերորդ՝ անոնք որոնք փոխ կու տային, վաշխ եւս կ՚առնէին, ո՛չ յայտնի կերպով արծաթ, որ Օրէնքին հակառակ էր, այլ՝ ինչ կերպով, որ ժողովուրդը կ՚աղքատացնէին, այդ պատճառով զանոնք տաճարէն հանեց:

Դարձեալ՝ վաճառքի ժամանակ չորս տեսակի չարութիւն կ՚ըլլայ. նախ՝ խաբէութիւն, երկրորդ՝ ստութիւն, երրորդ՝ սուտ երդում, չորրորդ՝ ագահութիւն եւ զրկանք: Այդ պատճառով զանոնք տաճարէն հանեց, որոնք կը գնէին ու կը վաճառէին: Իսկ Մատթէոսը երկու բան աւելի կ՚ըսէ. մէկը, որ աղաւնեվաճառներուն աթոռները կործանեց, եւ միւսը, որ կ՚ըսէ. «Գրուած է. “Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի”» (Մտ 21.13):

Այս է պատճառը. նախ՝ որովհետեւ ասիկա քարոզութեան սկիզբն էր, կակուղ ձեւով կը կատարէր, իսկ այնտեղ՝ խառին մօտիկ էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ անգամ մը այստեղ խրատուելով չզգաստացան, այդ պատճառով յետոյ աւելի խիստ կերպով պատուհասեց:

ԽԱՐԱԶԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Չուանէ խարազան մը շինեց» (Յհ 2.15):

Մեկնութիւն. Իր գօտին իրար վրայ ոլորեց ու խարազան շինեց անասուններուն համար, եւ չուան՝ չուեցնելու եւ վարելու զանոնք ինչպէս անմիտներ:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ո՛չ փայտով կամ այլ կարծր իրով մը:

Պատասխան. Որպէսզի մեզի օրինակ տայ, թէ խրատողին եւ ուսուցիչին վայել չէ գաւազանով կամ այլ իրով հարուածել, ինչպէս մարմնաւոր իշխանները, այլ՝ խօսքով խրատել եւ թեթեւ կերպով սաստել:

Դարձեալ հարցում. Ինչպէ՞ս չէին հակառակեր Քրիստոսի:

Պատասխան. Երկու բանի համար. նախ՝ աստուածային զօրութեան համար, որ երբեմն Քրիստոսի երեսին վրայ կը փայլէր, այնքան որ չէին համարձակեր նայիլ Անոր: Երկրորդ՝ ազնիւ խօսքին համար. «Որովհետեւ հեղինակութեամբ կը խօսէր» (Ղկ 4.32), կ՚ըսէ, ինչպէս այն, որ մէկ ձայնով վար ինկան զինուորներուն բազմութիւնը, որ ըսաւ, թէ՝ «ո՞վ կը փնտռէք» (Յհ 18.4):

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Քրիստոս այդպէս զայրացաւ, ե՛ւ խօսքով, ե՛ւ գործով, որ ուրիշ տեղ չ՚երեւիր, որովհետեւ երբ սամարացի կ՚ըսէին, հանդարտութեամբ կը պատասխանէր, նոյնպէս երբ խաչողները կ՚այպանէին զԻնք:

Պատասխան. Վարդապետներ կ՚ըսեն չորս պատճառով.

Նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ տաճարին Տէրն էր, պէտք էր վրէժխնդիր ըլլար անոր սրբութեան:

Երկրորդ՝ որովհետեւ կը կամենար շաբաթ օրով բժշկութիւն կատարել, իսկ հրեաները կ՚ըսէին, թէ յանցաւոր է Օրէնքին դիմաց. ասիկա ըրաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Աստուծոյ հակառակ չէ, այլ՝ համակամ եւ համաբնութենակից է Հօր հետ:

Երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ Իր գալուստով տաճարէն պիտի խափանէ մարմնական բոլոր զոհերն ու պատարագները, ու հոգեւոր եւ բանաւոր պատարագները պիտի աւետարանէ:

Չորրորդ՝ մեզի օրինակ ըլլալու, որպէսզի մենք եւս սորվելով՝ Աստուծոյ տաճարին հանդէպ վրէժխնդիր ըլլանք եւ մերը [կրած նախատինքը]՝ համբերութեամբ տանինք [ինչպէս Քրիստոս՝ մեր Ուսուցիչը կ՚ընէր]:

Եւ ասիկա չորս կերպով.

Նախ՝ տաճարը մարմնական շինուածք է, որ պէտք է ներել անոր մէջ մարմնական կամ անսուրբ բան մը տեսնել անոր մէջ:

Երկրորդ՝ եկեղեցւոյ համար պէտք է վրէժխնդիր ըլլալ, իսկ մեր անձերուն համար՝ ներել:

Երրորդ՝ մեր հոգիները, որ Աստուծոյ տաճարն են, պէտք է սրբել (մաքրել), սակայն մարմինի մաքրութիւնը՝ անտեսել:

Չորրորդ՝ երկինքի տաճարին մասին ուշադրութիւն դարձնել, իսկ երկրաւոր բնակութեան համար՝ ո՛չ: Այս պատճառով հայրերը կանոնաւորեցին, թէ պէտք չէ եկեղեցիին մէջ ոչխար կամ անասուն ձգել. պատճառը տես Հարցմանց գիրքին իններորդ հատորին, երեսունիններորդ համարին մէջ:

Խօսք. «Այն ատեն աշակերտները յիշեցին Սուրբ Գիրքին մէջ գրուածը. “Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնս զիս պիտի այրէ”» (Յհ 2.17):

Մեկնութիւն. Թէեւ տակաւին Սուրբ Հոգին չէին առած աշակերտները, սակայն Յիսուսի գործերը մասնաւորապէս իմանալով ճանչցան եւ յիշեցին Սաղմոսին խօսքերը (Սղ 69.9): Աւետարանիչը այս մէկը երկու պատճառով կը գրէ. նախ՝ որպէսզի չկարծուի, թէ առաքեալները Քրիստոսը մոլորած համարեցին, որովհետեւ առանց խօսքով խրատելու մէկ անգամէն տաճարէն վռնտեց, այլ՝ Աստուծոյ վրէժխնդրութեան համար: Երկրորդ՝ ցոյց տալու համար, թէ ասկէ սկսեալ առաքեալները սկսան գիտնալ Սուրբ Գիրքերուն խօսքերը: Իսկ ըսելը՝ «տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնս զիս պիտի այրէ», այսինքն՝ վառէ զիս. նախ՝ որովհետեւ աստուածային նախանձով վառուած էր, ինչպէս Փենէհէսը, Եղիան ու Մատաթիան: Երկրորդ՝ «տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնս զիս պիտի այրէ», այսինքն՝ նախանձախնդրութեան ցասումը այնպէս վառեց սիրտս, որ չկրցայ սիրոյ եւ սրտմտութեան նախանձը թաքցնել: Եւ որովհետեւ նախանձը կրկնակի է, այսինքն՝ բարի եւ չար. եւ չար նախանձն է, որ ատելութեան սկիզբը կը դնէ ու կը բարկանայ ընկերոջ սիրոյն եւ բարիքին դէմ: Ասիկա սատանային նախանձն է, որ Ադամին դէմ գործադրեց: Իսկ բարի նախանձն է, որ սկիզբէ սէրէն կ՚ըլլայ ու ընդ այնմ կը բարկանայ, որ սիրոյ կը հակառակի, ու այդ ատեն նախանձը աստուածային է եւ սուրբ, երբ Աստուծոյ նկատմամբ ջերմեռանդ սէրէն կ՚ըլլայ ու իրաւացի բարկութիւն կ՚ըլլայ, եւ ըստ Աստուծոյ կամքին հաճութեան չափուած կ՚ըլլայ, ինչպէս այստեղ, այդպէս ալ եւ ամէն տեղ, երբ Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ սիրոյն ըլլայ՝ սրտմտութեան նախանձ կ՚ըլլայ, եւ բարկութիւնը հակառակութեան բարի նախանձ կ՚ըսուի:

Այս երկրորդ գլուխին մէջ, Իր կարողութենէն ցոյց տուաւ, որ Քրիստոս Աստուած է, երբ վռնտեց զանոնք տաճարէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 20

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019