ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԱՄԱՒՈՐԱՊԷՍ ՄԵՌԱՒ

Հացում. Ինչո՞ւ համար Քրիստոս կամաւորապէս մեռաւ:

Պատասխան. վերը չորս պատճառի համար ըսուեցաւ, եւ հիմա ալ կ՚ըսեմ, թէ Ադամի եւ անոր որդիներու ու մեր Տիրոջ մահը տարբեր են, որովհետեւ Ադամի մահը ներգործութենէ եղաւ, երբ պտուղը կերաւ, քանի որ եթէ կերած չըլլար, չէր մահանար: Եւ անոր որդիներուն մահը ստիպողական, ակամայ եւ մեր անգիտութեամբ է, իսկ Քրիստոսի մահը կամաւոր է եւ գիտութեամբ, որովհետեւ եթէ չկամենար, չէր բռնուէր:

Աւետարանիչը երբ Քրիստոսի խօսքին մասին ճառեց, թէ ինչպէս էր աշխարհի Լոյսը, հիմա կ՚ըսէ, թէ Անոր հետեւորդները խաւար չեն երթար:

Խօսք. «Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց» (Յհ 8.21):

Մեկնութիւն. Այստեղ նախ կը ցուցնէ, թէ անոնք, որոնց հետ կը խօսէր, այս լոյսէն պակսած էին, ինչպէս զգալի արեգակը երբ կ՚ելլէ այս կիսագունդէն, մեր մօտ խաւար կ՚ըլլայ, նոյնպէս եւ Քրիստոս, որ արդարութեան Արեգակն է, երբ մահուամբ այս աշխարհէն ելաւ, հրեաները անհաւատութեամբ խաւարեցան եւ իրենց չարութիւններուն մէջ խստացան: Ասիկա Աստուծոյ արդար դատաստանով եղաւ, որովհետեւ այն բոլոր նշանները, որ կատարեց ու քարոզեց, տակաւին խաչին նշանները, յարութիւնը տեսան ու օրէնքն ու մարգարէութիւնները գիտէին, չհաւատացին: Իսկ հեթանոսները, որոնք մարգարէութիւնները չունէին, հաւատացին, ինչպէս Ղունկիանոս հարիւրապետը, երբ Քրիստոսի մահուան ժամանակ նշանները տեսաւ, ըսաւ. «Արդարեւ Ասիկա Աստուծոյ Որդին է» (հմմտ. Ղկ 23.47):

Իրապէս ձգեց հրեաները, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ահա Ես կ՚երթամ. դուք պիտի փնտռէք զիս» (Յհ 8.21):

Մեկնութիւն. Քրիստոս մահուամբ Հօր մօտ գնաց մարմինով, որմէ Աստուածութեամբ բնա՛ւ չբաժնուեցաւ, Քրիստոսի մահէն ետք հրեաները զԻնք ո՛չ թէ սիրով կը փնտռէին սքանչելիքներուն համար, կամ քարոզութեան համար, կամ խաղաղութեան, այլ՝ ատելութեամբ կը հալածէին զԻնք Իր անդամներուն ընդմէջէն, որովհետեւ հալածեցին Քրիստոսի առաքեալներն ու հաւատացեալները, ինչպէս Գործքին մէջ կ՚ըսէ:

Խօսք. «Եւ պիտի մեռնիք ձեր մեղքին մէջ» (Յհ 8.21):

Մեկնութիւն. Նախ՝ անհաւատութիւն: Երկրորդ՝ այլ՝ անզեղջ մեղք, որ անհաւատութեան կը հետեւի, եւ ատով յաւիտենական մահուան հասան: Եւ դարձեալ՝ իրենց մեղքերուն համար, որ չընդունեցին զՔրիստոս եւ ո՛չ ալ Անոր առաքեալները, Տիտոսի կողմէ գերի տարուեցան, ինչպէս Քրիստոս նախապէս մարգարէաբար ըսաւ. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը» (Մտ 23.37):

Ասոնք չկրցան երթալ, ուր որ Քրիստոս գնաց. նախ՝ որովհետեւ երկինքը բարձր է, երկրորդ՝ հեռու, երրորդ՝ անհաւատութիւն, չորրորդ՝ մեղքը երկնային փառքէն կը խափանէ, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ» (տե՛ս Եբր 11.6):

Խօսք. «Հրեաները կ՚ըսէին. միթէ իւրովի՞ [անձնասպան] պիտի երթայ» (հմմտ. Յհ 8.22):

Մեկնութիւն. Կամ չարութեամբ կ՚ըսէին՝ անձնասպան կ՚ըլլայ մեզմէ վախնալուն պատճառով, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ: Դարձեալ՝ իւրովի երթալը, այսինքն՝ ինքն ըստ ինքեան դեւէն դէպի անապատ կ՚առաջնորդուի: Դարձեալ՝ հրեաները լսած էին, թէ Քրիստոս կամաւորապէս պիտի մեռնի, ըստ Եսայիի. «Որովհետեւ Ինքզինք մահուան մատնեց» (տե՛ս Ես 53.12), եւ այս փոխը չարչարանքներուն համար կ՚ըսէ, այդ պատճառով հրեաները զՔրիստոս այպանելով, զոր սուտ քրիստոս կը համարէին ու կ՚ըսէին. «Միթէ իւրովի՞ պիտի երթայ»: Քրիստոսի խօսքը անմտաբար իմացան ու ըսին, որովհետեւ եթէ Քրիստոս իւրովին երթալու մասին խօսած ըլլար, անոնք կրնային Անոր ետեւէն երթալ, իսկ Քրիստոսի խօսքին միտ բանին այն էր, որ անոնք չէին կրնար Իրեն հետեւիլ յաւիտենական կեանք [երթալու]:

Այժմ Քրիստոսի պատասխանին մասին կը ճառէ, որ ըսուած միտքին իմաստը կը յայտնէ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՎԵՐԷՆ [ԵՐԿԻՆՔԷՆ] Է

Խօսք. «Դուք այս աշխարհին կը պատկանիք, բայց Ես վերէն կու գամ» (Յհ 8.23):

Մեկնութիւն. Վերը ըսուեցաւ, թէ Քրիստոսի յաւիտենականութիւնը չորս կերպով կը ցուցի: Այս առաջինն է, որ կ՚ըսէ. «Ես վերէն կու գամ եւ այս աշխարհէն չեմ, մինչ դուք այս աշխարհէն էք»: Նախ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, քանի որ թանձրամիտ էին ու չարախորհուրդ, իսկ Ես միտքով բարձրագոյն եմ եւ բարի, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:

Դարձեալ՝ ի ներքուստ [աշխարհէն]. նախ՝ ներքոյ [սկիզբէն] սկզբնական մեղքով եւ ապականութեամբ ծնածներ: Երկրորդ՝ ի ներքոյ մահուան եւ դատապարտութեան, այդ պատճառով պէտք էր անոնք մեռնէին, եւ իրենց հոգիներուն բաժանումը մարմինէն իրենց ազատ կամքով չէր:

Իսկ Քրիստոս վերէն է կ՚ըսուի երեք կերպով. նախ՝ որովհետեւ Աստուածութեամբ Հօրմէ է, իսկ մարդկութեամբ՝ միայն բանական հոգին Աստուծմէ ունէր, իսկ մարմինը՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ ձեւացած էր: Երկրորդ՝ սկզբնական մեղքէն բարձր [վեր] էր: Երրորդ՝ մահէն եւ ապականութենէն բարձր [վեր] էր, այդ պատճառով Քրիստոս կատարեալ տէրութիւն ունէր Իր մարմինին վրայ՝ հոգին բաժնել մարմինէն կամ միաւորել, ինչպէս կ՚ըսէր. «Իշխանութիւն ունիմ անձս դնելու եւ զայն կրկին առնելու» (տե՛ս Յհ 10.18):

Խօսք. «Ես այս աշխարհէն չեմ» (Յհ 8.23):

Մեկնութիւն. Նախ՝ Իր Աստուածութեամբ այս աշխարհէն չէր, թէեւ մարմինով եւ հոգիով՝ էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ աշխարհական չարութիւն չունէր: Իսկ հրեաները ըսին, թէ այս աշխարհէն է իրենց անհաւատութեան եւ այլ մեղքերուն համար՝ ինչ որ ունէին, իսկ կսկիծը՝ մարմինինն է, իսկ մորմոքումը՝ սիրտին: Դարձեալ՝ կսկիծը զգայականինն է, իսկ մորմոքումը՝ բանականին: Եւ դարձեալ՝ մորմոքը խօսքերէն կ՚ըլլայ, իսկ կսկիծը՝ գործերէն, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:

Ապա կ՚ըսէ անոնց փրկութեան հնարաւորութիւնը.

Խօսք. «Եթէ չհաւատաք թէ Ես եմ, դուք պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ» (Յհ 8.24):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ թէ կատարեալ կերպով եթէ չխոստովանիք, թէ Ես եմ Քրիստոսը, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք, իսկ եթէ հաւատաք ու սիրէք՝ կրնաք մեղքերէն ազատիլ:

Երեք կերպով մեղքերուն մէջ կը մեռնին. նախ՝ սկզբնական մեղքով, երկրորդ՝ անհաւատութեամբ, երրորդ՝ առանց զղջումի ու խոստովանութեան: Ասոնք յաւիտենական մահուան մէջ կը մեռնին, իսկ մկրտուածները, հաւատացեալներն ու զղջացածները մահէն կեանքի կը փոխուին, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ:

Նոյնպէս չորսով իշխանութեամբ մահը բարի ու չար է. նախ՝ կամաւորապէս մեռնիլը մարմինով, ինչպէս Քրիստոս ու մարտիրոսները: Երկրորդ՝ մեղքերը մեռցնել, եւ ասոնք բարի են: Երրորդ՝ ինքզինք նախատել ու մարմինով մեռնիլ: Չորրորդ՝ հոգին մեռցնել: Իսկ ասոնք չար են:

Երբ փրկութեան հնարաւորութիւնը ցոյց տուաւ, ապա զանոնք հաւատքի կը բերէ, եւ նախ հրեաներուն հարցումը կը դնէ:

Խօսք. «Անոր ըսին. Ո՞վ ես դուն» (Յհ 8.25):

Մեկնութիւն. Իբրեւ ըսել՝ ցոյց տուր մեզի, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչքա՞ն ես, որպէսզի հաւատանք Քեզի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 79

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020