ԳԱՅԻԱՆԷ ԹԻՒՄՊԱԼԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐԸ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ ԼՔԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ, ԻՆՉ ՈՐ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ Է»

Հեշտ չէր ապրիլ քաղաքի մը մէջ ու նուիրուիլ կրթական ասպարէզին, երբ ամէն օր հրթիռներն ու անոնց կրակը հարիւրաւոր անզէն մարդոց մահուան պատճառ կը դառնային:

Սարսափելին միայն տարբեր ճակատներու վրայ պատահած ռազմական գործողութիւնները չէին, այլ խաղաղ բնակչութեան վրայ արձակուած՝ հարիւրաւոր, գուցէ եւ հազարաւոր հրթիռները, որոնց երկաթեայ տաք եւ մահ սփռող բեկորները մեծ թիւով դեռատի մանուկներու կեանքեր խլեցին:

Հալէպի մասին գրելու համար հարկաւոր էր ունենալ վստահելի եւ անխոնջ բարեկամներ, որոնք պատերազմի ամբողջ տեւողութեան իրենց անկարելին կարելիի վերածելով եւ յաճախ ամենօրեայ դրութեամբ տեղեկութիւն կը փոխանցէին այս տողերը գրողին: Այդ ծանօթ-անծանօթ «ընկերներ»ուն հետ յաճախ խօսած պահուս կը պատահէր, որ ռումբ մը, հրթիռ մը, եւ արկ մը պայթէր: Նման դէպքեր շատ եղած են, երբ ընկալուչին միւս կողմը գտնուող խօսակիցս ահասարսուռ վիճակի մը մէջ ըլլալով հանդերձ շարունակած է տեղեկութիւն տալ գետնի վրայ արձանագրուող դէպքերուն եւ հայկական թաղերու ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Այդ յարգելի անձնաւորութիւններէն մին էր նաեւ Գայիանէ Թիւմպալեան, որուն հետ առիթով մը յաջողեցայ նոյնիսկ հեռախօսային հարցազրոյց մը կատարել: Ու այդ հարցազրոյցի ընթացքին էր, որ ընկալուչին մէջէն լսեցի մահաբեր ձայնը հրթիռներուն, որոնք «կարկուտ»ի պէս կը տեղային Հալէպի երբեմնի հայահոծ թաղամասերուն վրայ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ հակառակ տիրող ծանր իրողութեան, Գայիանէ Թիւմպալեան կը շարունակէր կառչիլ ու հաւատալ, որ պայծառ օր մը Հալէպը անպայման պիտի վերադառնայ իր նախկին փայլքին ու անոր երկինքին վրայ կուտակուած բոլոր սեւ ամպերը անպայման պիտի հեռանան:

Քաղաքին ապրած ամենէն դժուար օրերուն դիմանալով, Գայիանէ Թիւմպալեան, ինչպէս շատ ուրիշներ, կը դիմակայէր, դառնալով նուիրումի եւ քաջութեան իսկական կերպար մը:

Առաջին կարճ, բայց բովանդակալից հարցազրոյցէն ետք անոր հետ կապը տարբեր հանգամանքներու բերումով «կը խզուէր»: Թերեւս ատեններ էին, երբ կրթական ոլորտին մէջ պատասխանատուութեան բաժին մը վերցուցած հայուհին յարմար նկատած էր լուռ մնալ ու չխօսիլ մամուլին: Այս ամառ կ՚իմանայինք, որ ան հերթական անգամ եկած էր Երեւան: Եկած էր մանկավարժական-կրթական ծրագրով մը եւ բաւական կարեւոր ճիգեր գործադրելէ ետք կը յաջողէի հանդիպիլ ու հարցա-զըրոյց մը յաջողցնել Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար-Նաճարեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Գայիանէ Թիւմպալեանին հետ:

*

-Տիկին Գայիանէ, ե՞րբ ստանձնեցիք Հալէպի ամենահին դպրոցներէն մէկուն՝ Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութիւնը, եւ այդ ժամանակ ինչպէ՞ս էր երկրի ընդհանուր իրավիճակը:

-Ինչպէս նշեցիք, մեր վարժարանը կը համարուի Հալէպի ամենահին վարժարաններէն մին: Ան հիմնուած է 1954 թուականին, եւ այսօր 64 տարեկան է: Ես դպրոցի տնօրէնութիւնը ստանձնած եմ 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանին, եւ այդ ժամանակ Հալէպ տակաւին խաղաղ էր: Քիչ մը հարցեր կային Դամասկոսի հարաւը գտնուող շրջաններուն մէջ, բայց մենք՝ հալէպցիներս, վստահ էինք, որ օր մը օրանց այդպիսի բան մեր քաղաքը չի պատահիր, սակայն դժբախտաբար այդ դէպքերը իր ճիրանները ընդարձակեցին եւ հասան նաեւ Հալէպ:

-Ի՞նչ պատկեր ունէր ՀԲԸՄ-ի Լազար Նազարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը, երբ դուք կոչուեցաք վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին, եւ այսօր ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ ան:

-Կ՚ուզեմ նշել, որ ես դպրոցին համար «օտար» անձ մը չէի, ես երկար տարիներ դասաւանդած եմ Նաճարեան դպրոցին մէջ, նոյնիսկ նախքան համալսարանական ուսումը աւարտելս, երբ այդ ժամանակուայ տնօրէն Պարոն Արմենակ Ատուրեան առիթ տուաւ ինծի թէ՛ դասաւանդելու, թէ՛ ուսանելու: Հետեւաբար երբ ստանձնեցի պաշտօնս, օտար չէի միջավայրին: Անշուշտ տնօրէնութեան պաշտօնը բոլորովին այլ է ուսուցիչի մը պաշտօնէն, սակայն կըր-թական յանձնախումբը եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Շրջանակային յանձնախումբը սատարեցին յաղթահարելու եւ շրջանցելու դժուար տարիները, նաեւ ծանօթացուցին դպրոցի ընդհանուր աշխատելաձեւին: Երբ դպրոցը ստանձնեցի, ան բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուէր՝ աշակերտներուն թիւը մեծ էր, ուսուցչական կազմը հոյակապ էր: Դժբախտաբար միայն մէկ տարի կարելիութիւն ունեցայ հանգիստ ծանօթանալ եւ աշխատիլ որպէս դպրոցի տնօրէնուհի, որովհետեւ պատերազմը հասաւ Հալէպ եւ ոչ միայն մեր, այլ բոլոր դպրոցներու տնօրէններու մտահոգութիւնները եւ առաջնհերթութիւնները փոխուեցան։ Մանաւանդ 2012 թուականին, Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի դէպքերէն ետք մենք շատ ցնցուեցանք: Ճիշդ է, բոլորս չէինք սպասեր որ հարցերը կը զարգանան եւ կը տարածուին տարբեր շրջաններ ու կը հասնին մինչեւ Հալէպ, սակայն մեր ենթագիտակցութեան մէջ գիտէինք, որ կացութիւնը լաւ չէ եւ հեռու չէ, որ Հալէպն ալ ընդգրկուի այդ գօտիէն ներս, որովհետեւ այդ ընթացքին էր, որ շատ տարաձայնութիւններ կը լսէինք:

-Ո՞ր շրջանը կը համարէք ամենադժուարը դըպ-րոցին ու միանգամայն ձեզի համար:

-Դժուար եւ ծանր տարիները սկսան 2012 թուականին եւ շարունակուեցան մինչեւ 25 Դեկտեմբեր, 2016 թուականը: Քաղաքը յայտնուեցաւ պատերազմական գօտիի մէջ, կային համեմատաբար ապահով շրջաններ, սակայն բոլորիս համար վտանգը առկայ էր: Մանաւանդ առաջին երեք տարիներուն ընթացքին, դպրոցին պատկանող հանրաշարժները (bus) դադրեցան աշխատելէ՝ վտանգէն հեռու մնալու նպատակով, սակայն աշակերտներուն համար դժուար էր ամէն օր դպրոց հասնիլ եւ վերադառնալ։ Արդէն վտանգաւոր էր դպրոցի մէջ մեծ թիւով աշակերտներ պահելը, ալ ուր մնաց նաեւ վտանգներով լեցուն փողոցներով այդ աշակերտները հանրաշարժի մէջ տեղէ տեղ փոխադրելը…: Այստեղ կ՚ուզեմ նշել, որ այն ընտանիքները, որոնք մեր դպրոցի շրջանը կ՚ապրէին, եւ իրենց զաւակները ուրիշ դպրոցներ կ՚ուղարկէին, սկսան իրենց զաւակները մեր դպրոցը ղրկել, իսկ մեր աշակերտները մնացին իրենց սիրելի դպրոցին մէջ: Հակառակ այս բոլորին, ոչ միայն դպրոցի աշակերտութեան թիւը, նաեւ ուսուցիչներուն թիւը նուազեցաւ եւ դպրոցը շատ մեծ ուժեր կորսնցուց: Գաղթի երեւոյթը իր հետ բերաւ նաեւ ուրիշ դժուարութիւններ՝ ընկերներու բաժանում, նախանձի զգացում, որ ընկերս գնաց ապրելու խաղաղ երկրի մը մէջ, իսկ ես հոս մնացի, մասնագէտ ուսուցիչներու նուազում եւ այլն: Խօսքը միայն հայ ուսուցիչներու մասին չէ, այլ նաեւ՝ արաբ ուսուցիչներու: Ջուրի, վառելանիւթի դժուարութիւններ ալ կային, սակայն Բարեգործականը հնարաւոր բոլոր միջոցներով օգնեց եւ մինչեւ այսօր կ՚օգնէ ոչ միայն դպրոցին, այլ նաեւ ակումբին: Ու հակառակ այդ դժուարին պայմաններուն, մենք շարունակեցինք դրական ոգիով գործել: Այդ չի նշանակեր, որ չենք վախնար, անշուշտ վախի զգացումը միշտ ալ կայ, սակայն տարիներու ընթացքին մեծ ուժ ձեռք բերինք եւ սորվեցանք ապրիլ եւ մեր կեանքը շարունակել հակառակ մեզ շրջապատող վտանգներուն: Սակայն բոլորը նոյն ձեւով չեն մտածեր: Շատեր չկրցան հաշտուիլ նոր իրավիճակին հետ: Տունս շատ վտանգաւոր շրջանի մէջ կը գտնուէր, նոյնիսկ շէնքին դիմաց դիպուկահար կար, եւ կէսօրը կամ գիշերը ստիպուած կ՚ըլլայի տան մէջ փակուիլ, երբեմն դիպուկահարները առաւօտ կանուխ կը սկը-սէին կրակել, իսկ վարորդը, որ ամէն օր կու գար զիս դպրոց տանելու, տեղեակ էր դիպուկահարի մասին եւ չէր վախնար: Հետեւաբար դպրոցի միակ քաջ անձը ես չէի, հետս խիզախ մեծ խումբ մը կար, եւ իրարու օգնելով, յոյս տալով պահեցինք մեր աշակերտներն ու մեր դպրոցը:

-Հալէպի Նաճարեան դպրոցը Ազիզիէ շրջանը կը գտնուի, կրնա՞ք պատմել այդ շրջանի մասին. ովքե՞ր եղած են բնակիչները եւ պատերազմի շրջանին ի՞նչ վիճակ կը տիրէր հոն:

-Ինչպէս նշեցի, մեր դպրոցը 64 տարեկան է եւ հին քարաշէն կառոյց է: Այդ շրջանը միշտ բնակած են քրիստոնեայ մեծահարուստներ: Շրջանը պատերազմի տարիներուն կը համարուէր Հալէպի համեմատաբար հանդարտ շըր-ջաններէն մին, իսկ դպրոցը շատ ապահով էր, որովհետեւ ունէր հաստ պատեր եւ մենք ալ աշակերտները հեռու կը պահէինք բակ ելլելէ եւ վերջին յարկ բարձրանալէ:

Դպրոցի տնօրէնները եւ Սուրիոյ Շըր-ջանակային յանձնախումբերը շատ անգամներ մտածած են վարժարանը տեղափոխել աւելի լաւ շրջան մը, որ կ՚ունենար կանաչապատ մեծ տարածք, սակայն այս դէպքերէն ետք ըսինք. «լաւ որ այդպիսի բան մը չեն ըրած, թէ ոչ վտանգը աւելի մեծ կ՚ըլլար եւ աշակերտներուն թիւը աւելի կը նուազէր»:

Չափազանց զգոյշ էինք աշակերտներուն, մանաւանդ փոքրիկներուն նկատմամբ: Ես եւ դպրոցի մանկապարտիզպանուհին շատ կը մտածէինք փոքրիկներու մասին եւ սրտի դողով ամէն օր դպրոց կը յաճախէինք ինչի հետ: Բոլորը կը զարմանային եւ կ՚ըսէին. «Տարօրինակ մարդիկ էք դուք՝ հալէպցիներդ: Ինչպէս գիշերուան հրթիռներէն ետք, ծնողները իրենց զաւակները դպրոց կը տանին»: Հակառակ անոր որ տնօրէնները իրաւունք նոյնիսկ չունէին ծնողները այպանելու իրենց զաւկին բացակայութեան համար, որովհետեւ ի վերջոյ իւրաքանչիւր ոք ինք կ՚որոշէ իր զաւակը այդ օրը դուրս պիտի հանէ, թէ` ոչ: Ըսեմ նաեւ, որ այս տարիներու ընթացքին դպրոցը չենք փակած. դպրոցը եւ ակումբը միշտ իրենց դռները բաց պահած են:

-Այսօր Հալէպի մէջ նոր սերունդ մը կը ձեւաւորուի, այդ սերունդին համար Հալէպը տակաւին մնալու, նոր կեանք ստեղծելու տե՞ղ է:

-Այդ սերունդը արդէն իսկ ձեւաւորուեցաւ: Շատ քաջ, կեանքի դժուարութիւններու մասին լաւատեղեակ եւ փորձառութիւն ունեցող սերունդ մըն է, եւ այս սերունդը չուզեց հեռանալ ու մինչեւ հիմա ալ կ՚ուզէ Հալէպ ապրիլ: Այս սերունդին համար ալ վարժարանը պէտք է միշտ բաց մնայ եւ ինչպէս մեր միութիւնը ըսած է. «Թէկուզ մէկ աշակերտ մնայ, մեր վարժարանը պիտի չփակէ իր դռները»: Մենք չենք ուզեր, որ հայ համայնքը ամբողջութեամբ դատարկէ քաղաքը, լքէ ամէն ինչ եւ հեռանայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ ես իրաւունք չունիմ ընտանիքի մը որոշումին խառնուելու, միայն կը խընդ-րէի ընտանիքներէն որոշումները առնեն իրենց զաւակներէն հեռու, որպէսզի չազդէ պզտիկներուն վրայ եւ չխափանէ անոնց ուսումը, որովհետեւ աշակերտը կը սկսի անհոգ ըլլալ եւ ազդել մնացալ աշակերտներուն եւ անոնց ուսման վրայ:

Պատերազմի տարիներուն աշակերտները շուտ մեծցան, աւելի հասկցող, հնազանդ էին եւ անշուշտ աշխատասէր: Մեր ակումբները վիթխարի գործ կատարեցին պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար: Գրկաբաց ընդունեցին բոլորը եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցին, ետքը սկսան ծրագիրներ պատրաստել եւ զգացնել, որ հակառակ պատերազմին, մենք կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը եւ մեր աւանդութիւնները: Կրնամ ըսել, որ դպրոցը եւ ակումբը եղան մեր աշակերտներուն թէ՛ վարժարանը, թէ՛ տաքուկ անկիւնը, թէ՛ ապաստարանը: Հալէպի բոլոր վարժարանները եւ ակումբները մեծ դեր ունեցան գաղութը պահելու գործին մէջ: Ինչ կը վերաբերի աւարտական կարգի աշակերտներուն, ապա մենք միշտ առանձին հոգատարութեամբ ընտրած ենք ուսուցիչները եւ մեր կարելին կատարած՝ աշակերտներուն լաւ պայմաններ ստեղծելու համար: Պետութիւնն ալ իր կրթական հաստատութիւնները չփակեց, եւ կազմակերպեց հինգ պետական քննութիւն ամբողջ Սուրիոյ մէջ: Սա վիթխարի գործ է պատերազմի մէջ ապրող երկրի մը համար: Նոյնիսկ, նախագահական ընտանիքը պարգեւատրեց գերազանցիկ աշակերտները:

-Պատահեցա՞ն դէպքեր, որ արաբ գաղթականներ ուզեցին ձեր դպրոցը ապաստանիլ:

-Ոչ, չեղան այդպիսի դէպքեր, որովհետեւ մինչեւ մեր մօտ հասնիլը, ուրիշ տեղեր գտան, եւ կարիք չունեցան մեզի դիմերու:

-Տիկին Գայիանէ, ի՞նչ էր աշակերտութեան թիւը երբ դուք ստանձնեցիք դպրոցին ղեկը եւ ի՞նչ է թիւը այսօր: Այս վերամուտին ներհոսք կը սպասէ՞ք, որովհետեւ շատ խօսքեր եղան վերադարձող հալէպահայերու մասին:

-Նախքան պատերազմը մենք 1250-էն աւելի աշակերտ ունեցած ենք, նաեւ եղած էին տարիներ, երբ վարժարանը 1600 աշակերտ ունեցած էր, իսկ այսօր ունինք 415-425 աշակերտ: Ընտանիքներ կան, որոնք կ՚ապրին Լաթաքիա, Թարթուս, Լիբանան, Հայաստան եւ իմ կարծիքով՝ շատ քիչ ընտանիքներ կը վերադառնան, որովհետեւ տակաւին բազում դժուարութիւն կայ Հալէպի մէջ եւ ընտանիքի մը համար անգամ մը եւս զէրոյէն սկսիլը դժուար է: Նշեմ, որ այս տարի Երեւան այցելութեանս զգացի Հայաստանի մէջ ապրող հալէպահայերը աւելի ամուր կերպով կառչած ու հաստատուած են եւ չեն ուզեր հայրենիքը նորէն լքել, ինչ որ շատ քաջալերական եւ գեղեցիկ երեւոյթ է: Ներհոսք կ՚ըլլայ, սակայն ոչ մեծ թիւով, այսինքն 10 կամ 15 աշակերտներ դարձեալ կը վերադառնան իրենց դպրոցը:

-Յաջորդ տարուան համար ի՞նչ նախատեսած էք:

-Մեր այս տարուայ Հայաստան այցը վերամշակման, վերակենդանացման, վերածնունդի նպատակներ ունէր: Պատերազմական տարիներէն ետք կ՚ուզենք նոր շունչ մտցնել մեր դպրոցներուն մէջ, այս իսկ պատճառով ալ մասնակցեցանք վերապատրաստման դասընթացքներու, ու շատ օգտաշատ դասընթացքներ էին, եւ բոլոր նորութիւնները պիտի փոխանցենք մեր ուսուցիչներուն: 2012 թուականէն ետք մեր մը-տահոգութիւնները բոլորովին այլ եղան՝ աշակերտը ապահով դպրոց հասնի, եօթ պահերը առանց փորձանքի անցնին, աշակերտները անվտանգ տուն վերադառնան, ուսումնական ծրագիրը աւարտին հասնի: Ասոնք եղած են մեր գլխաւոր մտահոգութիւնները եւ ոչ մէկ նորութիւն կամ նոր շունչ մը կրցած ենք դպրոց բերել: Այսօրուան մեր գլխաւոր հարցը մեր աշակերտները նոր մեթոտներով, արդի մօտեցումներով առաջնորդելն է:

-Ակնկալիք ունի՞ք Հայաստանի կրթական համակարգէն:

-Իրականութեան մէջ, շատ մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան մեր բոլոր խնդիրներուն, համբերատար լսեցին մեզ: Ինծի համար ամենախոցելի մասը այն է, որ հայ ուսուցիչները հեռացան Հալէպէն: Իւրաքանչիւր ուսուցիչ մէկ գոհար էր եւ իրենց հեռանալով գաղութը կարծես դատարկուեցաւ: Փառք Տիրոջ, որ Համազգայինը մինչեւ այսօր շատ մեծ ջանքեր կը թափէ այս ուղղութեամբ եւ կը փորձէ նոր ուժեր պատրաստել, նոյնիսկ ես մասնակցած եմ այդ դասընթացքներուն: Հայաստանի Կրթութեան նախարարութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնեց բոլոր ձեւերով օգնելու:

-Ի՞նչ են այդ փոխգործակցութեան հիմքերը: Դուք այստեղ դասընթացքի մը հետեւեցաք, ետքը ի՞նչ որոշեցիք: Յաջորդ քայլը ի՞նչ է եւ ե՞րբ պիտի ըլլայ:

-Փոխգործակցութեան հիմքերը շօշափելի չեն: Պէտք է փոխադարձ այցելութիւններ ըլլան: Տարին մէկ անգամ այցելութիւնը բաւարար չէ: Իմ կարծիքով, նոր ուժերը, որոնք դեռ կ՚ուսանին, մեր ուսուցիչներուն հետ դասարան պէտք է մտնեն եւ փորձառութիւն ունենան, դասընթացքներու հետեւիլ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ: Սակայն այստեղ խնդիր մը կայ՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հարցը: Պատանին մինչեւ արեւելահայերէնի վարժուի, ժամանակ պիտի առնէ, կրնայ ըլլալ դժուարութիւն ալ ունենայ, բայց եթէ Լիբանանի մէջ ուսուցիչներ պատրաստելու կեդրոն մը ստեղծուի, աւելի նպատակայարմար եւ օգտակար կ՚ըլլայ ոչ միայն Սուրիոյ, այլ՝ սփիւռքի համար, սակայն սա չի նշանակեր, որ հայրենիքը հեռու կը մնայ մեր ծրագիրներէն:

-Շատ կը խօսուի Հալէպի վերակառուցման մասին։ Ձեզի համար ի՞նչ է վերակառուցումը եւ ինչպէ՞ս պէտք է մօտենալ այս խնդրին, մանաւանդ, որ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին հայութեան նիւթական կարողութենէն կարեւոր մաս մը ուղղորդուեցաւ դէպի Սուրիա: Լիբանան, Ամերիկա, Գանատա, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ, Բարեգործական, IDeA հիմնադրամ եւ շատ ու շատ մարմիններ նիւթական կարեւոր յատկացումներ կատարեցին յանուն սուրիահայութեան: Ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի վերակառուցում բառը:

-Հայութիւնը իր բոլոր թեւերով շատ մեծ օժանդակութիւններ տրամադրեց սուրիահայերուն: Պատերազմը սկսած օրէն ամէն ամիս, մինչեւ այսօր, սնունդի կողովներ բաժնուեցան աղքատ ընտանիքներուն, իսկ վերջերս մեր միութիւններն ու մարմինները սկսան վերակառուցման գործով ալ զբաղիլ: Այն ընտանիքները, որոնց տունը վնասուած է, սկսան վերանորոգել, իսկ այն ընտանիքներուն տուները, որոնք ամբողջութեամբ քանդուած են կամ խարխուլ վիճակի մէջ կը գտնուին, սկսած են սերտել անոնց վերականգման կարելիութիւնը։ Սակայն ամենակարեւոր գործը, որ սկսած է, այն ալ ընտանիքի հօր աշխատանքը ապահովելն է եւ անոր խանութը վերակառուցելը։

-Կը կարծէ՞ք, որ Հալէպի հայ մեծահարուստները այս գործին կը մասնակցին:

-Կը դժուարանամ պատասխանել այս հարցումին: Այս հարցումին կրնան պատասխանել ազգային իշխանութիւնները, ՀԲԸՄ-ը եւ այլ մարմիններ: Վստահ բոլոր մեծահարուստները պատրաստ են գաղութը վերստին ոտքի հանելու: Գիտէք ինչ, մեր ժողովուրդի դժուար հարցերէն մէկը եղաւ այն, որ երկու տղայ զաւակ ունեցող ընտանիքը ստիպուած եղաւ մտածել Սուրիայէն հեռանալու մասին: Բոլորս ալ գիտենք, որ սուրբ գործ է բանակին ծառայելը, եւ ես համաձայն եմ այն գաղափարին հետ, որ հայը ո՛ւր որ ապրի, պէտք է ծառայէ այդ երկրին, սակայն այս պարագային հարցը քիչ մը ուրիշ է: Ամէն մարդ ուզեց փրկել իր զաւկին կեանքը եւ հեռացնել վտանգէն: Բնական է, ես ալ զաւակ ունենայի, ես ալ իրենց նման պիտի մտածէի…: Ամէն պարագայի մենք լաւատեսական շեշտերով կը նայինք Հալէպի ապագային: Ինչպէս վերը ըսի, կ՚ուզեմ նորէն կրկնել՝ այս պատերազմը շատ բան սորվեցուց մեզի եւ այսօր Հալէպի մէջ ձեւաւորուած է ուժեղ եւ անկոտրում կամք ունեցող հիանալի նոր սերունդ մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018