ԱՄԷՆ ԹԱՂ ԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ՈՒՆԻ

Տասնամեակներէ ի վեր որպէս մանկավարժ, հասարակական գործիչ ու քաղաքացի ո՛չ միայն սատար կեցած եմ բնապահպանութեան համար տարուող ջանքերուն եւ
ծրագիրներուն, այլեւ գրեթէ քառասուն
տարի յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած
եմ, որ աշակերտներս դաստիարակեմ
մեր մեծ հայրենիքի՝ Մայր Երկրագունդի պահպանութեան ուղղութեամբ: Մարդ արարածը մէկ մայր կ՚ունենայ, ինչպէս որ մարդկութիւնը՝ մէկ մայր մոլորակ, որուն առանձնայատկութիւններն ու դիմագիծը պահպանելը մեր սուրբ պարտականութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ:

Այդպէս ալ գուրգուրանքի առարկայ պէտք է ըլլան մեր աւանդութիւն ունեցող քաղաքները, գիւղերը, նոյնիսկ թաղերը, որոնք կը կրեն դարերու կնիքն ու մշակութային առանձնայատկութիւնները:
Այս իմաստով միշտ մտահոգուած եղած եմ մեր քաղաքամայր Երեւանի դիմագիծի պահպանմամբ:

Մեր նորօրեայ Երեւանը դարձաւ դիմագիծ եւ առանձնայատուկ տոհմիկ աւանդութիւն ունեցող քաղաք մը՝ շնորհիւ Ալեքսանդր Թամանեանի, Թորոս Թորամանեանի, Մարկ Գրիգորեանի, Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի, Ջիմ Թորոսեանի եւ անոնց հարազատ հետեւորդներուն: Երեւանը 19-20-րդ դարերուն օժտուած էր արեւմտաեւրոպական-ռուսական եւ հայկական ոճի միայարկ եւ երկյարկ կարգ մը շինութիւններով ու կառոյցներով, թէեւ ան կը զիջէր «հայրաքաղաք» Կումրի-Ալեքսանտրապոլ-Լենինական-Կիւմրիին եւ Շուշիին: Ուսանողական տարիներուս (1968-1978) առանձնակի յարգանքով եւ երազանքով կ՚անցնէի Երեւանի կեդրոնին մէջ տակաւին կանգուն մնացած տուֆակերտ սեւ շինութիւններու մօտով, յաճախ «կը բարձրանայի» Կոնդի թաղամասը եւ կ՚ուսումնասիրէի նախախորհրդային շրջանի երբեմն համեստ երբեմն ալ աւելի «շքեղ» տուները եւ ... կ՚երազէի, որ օր մը այս թաղերն ու տուները կը դառնան գիշերային լուսաւոր թաղեր: Կ՚երազէի այս նեղլիկ արահետներուն եւ բակերուն մէջ լսել հայ երգ-երաժշտութիւն, տեսնել սրճարաններ, գարեջրատուներ, փոքրիկ ուտելարաններ: Կ՚երազէի տեսնել լուսանկարչական գործիքը վիզէն կախած զբօսաշրջիկներ...

Այս երազներով կը տարուէի յաճախ, որովհետեւ հայրենիք եկած էի Փարիզի մէջ շրջան մը ուսանելէ ետք. այդ ընթացքին լաւ ճանչցած էի Լոյսի քաղաքին մեծ մասը, մանաւանդ կեդրոնը «ոտքի տակ ընելու» շնորհիւ: Ի՜նչ հաճելի եւ կազդուրիչ էին այն պահերը, երբ մենք՝ ուսանողներս գաւաթ մը գարեջուրով եւ կտոր մը «պակետ» (baguette) հացով կը քննարկէինք գրական, իմաստասիրական, ժամանակակից գեղանկարչութեան խնդիրները, «Օլիմփիա»ի համերգները եւ այլն: Ինչպիսի՜ հոգեկան եւ մտաւորական աշխոյժ «հանգիստ» մը կ՚ապրէինք մտնել-ելլելով Սէն Միշէլ հրապարակի եւ շրջանի գրախանութները...

Ինչո՞ւ նոյնը չկարենայինք ընել նաեւ Երեւանի, Կիւմրիի (այն ատեն Լենինական) եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Կը յիշեմ փորձառութիւն մը փարիզեան շրջանէն, որ կը յուսամ ուսանելի ըլլայ Երեւանի այսօրուան քաղաքապետարանին եւ մտաւորականութեան համար: Կ՚աշխատէի հայ հնագրավաճառի մը քով, որ ունէր նմանը չունեցող առաջին հրատարակութիւններ, փորագրութիւններ (gravure, lithograph), նաեւ հայկական մշակութային արժէք ներկայացնող մեր դասական հեղինակներու ձեռագրեր (Վ. Թէքէեան, Սիամանթօ, Զ. Եսայեան, Շ. Շահնուր...): Օրը օրին կ՚աւելնար մեր գրախանութը յաճախողներուն թիւը, որոնց մէջ Սորպոնի դասախօսներ, դերասան-դերասանուհիներ, տարբեր երկիրներէ ժամանած հաւաքողներ, Ազնաւուրի կինը՝ Ուլլան, դերասան Միշէլ Սիմէոնը եւ ուրիշներ: Պէտք զգացինք նորոգելու մեր երեք փայտեայ դուռը: Ես կրնայի ներկել, բայց իմ մտաւորական գործատիրոջս՝ Սարգիս Տէր Պօղոսեանի «հրամանով» պէտք է երթայի քաղաքապետարան եւ արտօնութիւն ստանայի, որովհետեւ օրէնք կար, որ քաղաքի կեդ-րոնին մէջ որեւէ նորոգութիւն պէտք է վաւերացուէր նշածս հիմնարկին կողմէ:

Մեր գրախանութը կը գտնուէր Փարիզի հնամեայ փողոցներէն Rue du Cherche Midi-ի վրայ: Ներկայացայ համապատասխան գրասենեակը եւ դիմումը ներկայացուցի պաշտօնեային: Վերջինս բացաւ քաղաքին յատակագիծը եւ ըսաւ.

-Պարո՛ն, ձեր գրախանութը կը գտնուի Ա. Գօտիին մէջ, դուք կրնաք ներկել միայն երեք գոյն՝ մուգ կանաչ, սեւ կամ մուգ սրճագոյն...
Այդպէս ալ ըրինք: Քաղաքակիրթ եւ իր պատմական արժէքները գնահատող ու պահպանող ֆրանսական պետութիւնը նախանձախնդիր էր պահպանել քաղաքին եւ թաղին դիմագիծը՝ մինչեւ իսկ որոշելով դուռին գոյնը...

Այսօր մեր քաղաքամայր Երեւանի եւ այլ քաղաքներու ներկայի ու ապագայի տեսքով մտահոգ պատկան մարմիններու, մտաւորականներու եւ իրենց քաղաքով հպարտ քաղաքացիներու գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ պահպանել իրենց բնօրրանի, թաղի, թաղամասի եւ իւրաքանչիւր փողոցի ու արահետի դիմագիծը, եթէ կը փափաքինք զբօսաշրջիկներուն ներկայացնել մեր առանձնայատկութիւնները, ՄԵՐԻՆԸ:

ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020