ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ ՏԱ­ՐՕ­ՐԻ­ՆԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԷՆ

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

71 տարեկան Պրայն Տիւմոլին կ՚ուզէ իր երկյարկանի բնակարանը ծախել, սակայն կը գտնուի սահմանային խոչընդոտի մը առջեւ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Պրայն՝ քառասուն տարի առաջ այդ բնակարանը ժառանգած է իր հօրաքոյրէն։ Բնակարանը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի սահմանին վրայ։ Այսինքն՝ տան մուտքը (տես՝ նկարը) կը գտնուի Ամերիկայի Վըրմանթ նահանգի Պիպի Փլէյն քաղաքին մէջ, իսկ ելքը՝ Գանատայի Քեպէք նահանգի Սթենսթէտ քաղաքին մէջ։

Տարօրինակ չէ՞ այս դրութիւնը։ Ուրեմն՝ ըստ օրինական պայմաններու, տանտէրը պէտք է ունենայ երկու հպատակութիւն, որպէսզի կարենայ հանգիստ կերպով ապրիլ հոն։ Ինչո՞ւ երկու հպատակութիւն, քանի որ պէտք է կալուածային տուրք վճարէ երկու պետութանց՝ տոկոսային համեմատական ձեւով…

Աւելին՝ այդ տան մէջ բնակողը պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ որ իր հիւրերէն մին յանկարծ ետեւի դռնէն Գանատա չշպրտի, թէեւ տան այդ կողմը միշտ հսկողութեան տակ է գանատական սահմանային ոստիկանութեան կողմէ։ Տուեալ հսկողութիւնը անհրաժեշտ է՝ առաջքը առնելու համար մաքսանենգութեան։

Պրայն կ՚ըսէ, որ 1782 թուականին կառուցուած այդ բնակարանը՝ զոր իր հօրաքոյրը գնած է 1950-ական թուականներուն, տակաւին շուկայի վրայ է եւ ցարդ ոչ մէկ անձ ներկայացած է որպէս գնորդ։ Իսկ ինն ննջասենեակ եւ երեք արտաքնոց ունեցող այդ բնակարանին ծախու գինն է միայն 109 հազար տոլար։

Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, որ յիշեալ բնակարանին յառաջամասի փողոցը՝ որ կը գտնուի ամերիկեան հողի վրայ, կը կոչուի երկու երկիրներու անուններուն միացումով՝ Canusa։

ՄԵՔՍԻՔԱ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Այս դէպքը կը պատահի մեզի, հարեւան Մեքսիքայի հարաւային քաղաքներէն՝ San Pedro Huamelula-ի մէջ։ Ըստ աւանդութեան, հարիւրաւոր տարիներ առաջ բնիկ երկու ցեղախումբեր կ՚ապրէին հոն, Չոնթալէսներն ու Հուավէսները (the Chontales and the Huaves)։

Այդ ցեղախումբերը միշտ հակամարտութեան մէջ գտնուած են իրարու հետ, թէ իրենցմէ ո՛ր մէկը կրնայ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել, առատ հունձք ունենալու համար։ Կը պատմուի, թէ այդ սուր պայքարը վերջապէս իր աւարտին հասած է, առասպելական հետեւեալ դարձուածքով։

Ուրեմն, Չոնթալէս ցեղախումբի թագաւորի տղան կը սիրահարի Հուէվէս ցեղախումբի թագաւորի աղջկան հետ եւ ի վերջոյ՝ երբ նախնական ընդդիմութիւնը կը փարատի, անոնք կ՚ամուսնանան եւ երկուստեք կիրքերը կը հանդարտին։ Այս դէպքը Ռոմէօ-Ժուլիէթի պատմութիւնը չի՞ յիշեցներ…

Ինչ որ է։ Հակամարտ կողմերու ամուսնական այդ սովորութիւնը կը շարունակուի այսօր, երբ վերոյիշեալ քաղաքի քաղաքապետը, որ կը ներկայացնէ Չոնթալէս ցեղախումբի իշխանը, կ՚ամուսնանայ կոկորդիլոսի մը հետ՝ որ կը ներկայացնէ Հուէվէս ցեղախումբի իշխանուհին (տես՝ նկարը)։

Անդրադառնալով այս անհեթեթ սովորութեան, քաղաքապետը՝ Վիքթոր Ակիւլար, դիտել տուած է, թէ խորհրդանշական այդ դերը ստանձնած է՝ պարզապէս բախտաւորութիւն (Good Luck) բերելու համար իր քաղաքին։

Հոս պէտք է նշեմ, որ «հարս»ը՝ ճերմակ տարազ հագած եւ գլխուն ալ ծաղկէ թագ մը դրած, պէտք է շրջագայի քաղաքի փողոցները, հարսանեկան նուագի ընկերակցութեամբ՝ պաշտօնական արարողութիւնը չսկսած:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2017