ՀՆԱԳՈՅՆ ԳԻՒՏԸ, ՈՐ ՀՐԱՀՐԵՑ ԽԱՂԸ

Նախնադարեան ժամանակներէն մարդիկ ունեցած են խաղալու ձգտում եւ ատիկա կատարելու համար գործածած են իրենց անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող իրեր, երբեմն ալ իրենք բաներ մը հնարած են: Դարերու թաւալումին հետ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս ժամանցի համար ստեղծուած խաղերը, դաստիարակչական բնոյթ ունեցող խաղեր, երկրորդական կը դասուին՝ տեղի տալով վայրագ խաղերու, իրենց ամենէն վատ եւ վնասակար դրսեւորումներով: Որքա՜ն ճիշդ ըսուած է. «Մանուկներու այսօրուան խաղալիքները վաղուան զէնքերն են»: Ամէն պարագայի, բրիտանական «Ֆիւչըր» կայքը հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը՝ հնագոյն գիւտի մասին, որ հրահրած է խաղը:

*

Պատահականութիւն ստեղծելու ունակութիւնը բարդ գաղափար է, որ հիմնուած է պարզ գիւտի վրայ, որ մեզի տուած է խաղ, բախտախաղ եւ թերեւս նոյնիսկ՝ ծիսակարգ:

Երբ կրակարանին մէջ կրակը կը նուազի, ընտանիք մը կ՚ընտրէ իր ճաշին մնացորդները, պրպտելով ոսկորները՝ մնացած կտոր մը միսի համար: Այդ մօտաւորապէս Ն.Ք. 3000 թուականն է Սքարա Պրէյի մէջ, նախնադարեան փոքր բնակավայր մը, որ կը գտնուի Սկովտիոյ արեւմտեան ափին: Այս մարդիկ կ՚ապրին յարմարաւէտ կենցաղով եւ անոնք ժամանակ ունին զուարճանալու: Ճաշէն բաւարարուած՝ անոնք պահ մը կը տրամադրեն հաճոյք ստանալու համար:

Ընտանիքին անդամներէն մէկը կը գտնէ վէգ մը (անասուններու ոտքի թաթի ոսկոր), խորտուբորտ, մանրապատկերի չափով, եւ զայն օդը կը նետէ սենեակին մէջ: Ուրիշ մը կը հաւաքէ քանի մը վէգ իր կազմած աշտարակին մէջ դնելու համար: Շուտով կանոնները կը կազմուին. կէտեր կը շահին ոսկորը թիրախին ամենէն մօտ էջք կատարելու, բաժակի մէջ ամենէն շատ մատով հարուածելու կամ հակառակորդի աշտարակը բախելու համար: Ժամանակակից նման խաղերը բոլորը հիմնուած են նոյն գաղափարին վրայ: Հազարամեակներ շարունակ մենք շրջած ենք իրեր՝ զուարճանալու համար:

Այս մեր Սքարա Պրէյ ընտանիքը առաջինը չէր, որ կը խաղար վէգերով: Պատմութեան ընթացքին մենք ունինք վէգերով խաղերու օրինակներ: Բայց այն, որ անոնք կ՚ընեն, չունի աւելի կանուխ օրինակներ: Անոնք ոսկորներուն կողերը կէտերով կը թուագրէին:

«Եթէ դուք մտնէիք այս տունը, երբ անոնք քնացած էին, եւ դասաւորէիք ընտանիքին ունեցուածքը, որ կրնայ բաժնուիլ երկու կոյտի. իրեր, որոնք գիտենք՝ ի՛նչ նպատակի համար կը գործածուին, ուրիշներ՝ չենք գիտեր: Այս «չենք գիտեր» կողմին մէջ տարօրինակ առարկաներ են՝ հարթ, փորագրուած քարէ գնդակներ, օրինակ՝ հաւանաբար զէնքեր կամ կարգավիճակի խորհրդանիշներ, եւ՝ քանի մը այլ զարդարուած քարեր, որոնք կրնային ըլլալ «գնահատուած անձնական ունեցուածք», կը գրէ բրիտանացի հնագէտ Անթոնիա Թոմաս:

«Գիտեմ» կողմին մէջ փորագրուած կ՚ըլլան փայտէ բաժակներ, խեցեղէնի կտորներ եւ թուագրուած ոսկորները: Այս ոսկորները նարտ խաղալու 5 հազար տարուան զառեր են, որոնց ձեւը եւ նպատակը գործնականին մէջ նոյնպէս մնացած են մինչեւ այսօր: Ժամանակակից մարդը անմիջապէս կը գիտնար՝ ինչպէ՛ս գործածել զանոնք:

Թէեւ վէգերը կրնային առանձին զուարճացնել, սակայն անոնց կողերուն վրայ թուագրումը ստեղծեց խաղային կարելիութիւններու ամբողջ նոր աշխարհ մը: Զառերը պատահական թիւերու սկզբնական արտադրիչներն էին. անոնք հնարաւորութիւն ստեղծած են:

Զառերը իւրայատուկ համաշխարհային են: Աւելի յաճախ, Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա, կողերը կը թուագրուին ոչ թէ թիւերով, այլ՝ կէտերով, ինչպէս Սքարա Պրէյի մէջ յայտնաբերուած երկուքը: Հազարամեակներու ընթացքին կէտադրուած զառերը մնացած են անփոփոխ: Ոչ ոք գիտէ, թէ ուրկէ՛ եւ ե՛րբ կու գայ զառին հակառակ կողմերը թուագրելու սովորութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր հակառակ զոյգ գումարուի մինչեւ եօթը:

Բրիտանական թանգարանի միջագետքեան լեզուի եւ մշակոյթի հարցերու բանասէր Իրուինկ Ֆինքել կ՚ենթադրէ, թէ մարդիկ կրնային մտածել, որ այս զառերը «արդար» կը դարձնեն, թէեւ չկայ գիտական պատճառ մը, թէ ինչո՞ւ:

Ինչ որ ալ ըլլայ տրամաբանութիւնը, աւանդութիւնը մնացած է, եւ պատմութեան ընթացքին վեցակողմ զառերու գրեթէ բոլոր օրինակները ունին հակադիր դէմքեր, որոնք կը գումարուին 7-ի:

Առաջին զառերը գրեթէ անշուշտ վեց կողմ չունէին: Իրականութեան մէջ հանգուցային զառերը կրնային գլորուիլ «այո» եւ «ոչ» հարցումներու համար՝ նախքան թուագրուիլը, եւ երկու աւելի մեծ, հարթ կողմերը արդիւնքը ցոյց կու տային: Թերեւս մէկ կողմը ածուխ քսուած կ՚ըլլար, որպէսզի մէկուն դէմքը սեւ ըլլար, միւսը՝ սպիտակ:

Նոյնպէս կան այլ յաւակնորդներ՝ ամենէն նախնական զառերու համար. հին Եգիպտոսի մէջ մօտաւորապէս միժամանակ գործածուած են երկկողմանի ձողիկներ, որոնք շատոնց կը նախորդէին վեցակողմ զառերու պատրաստութեան, իսկ քառակողմ բուրգերը կը գործածուէին Միջին Արեւելքի մէջ:

Յստակ գիտնալը, թէ զառերով ո՛ր խաղերը առաջինը եղած են, անկարելի է, եթէ նիւթերը քանդակուած չեն քարի կամ ոսկորի մէջ:

Ամենէն հին խաղերէն մէկը կը կոչուի «20 քառակուսիներ»: Խաղացողները 20 քառակուսիներու տախտակի վրայ կը յառաջացնեն ձիու փոքր լանջեր, որոնցմէ քանի մը հատը ապահով են, ուրիշներ կը բաժնուին մրցակիցին հետ՝ կարելիութիւն տալով զանոնք ետ ուղարկել իրենց մեկնարկային տեղը: Խաղը կը նմանցնեն նարտի: Այս խաղի տարբերակները գտնուած են հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Հնդկական թերակղզիին մէջ: Անոր ամենէն նշանաւոր օրինակն է Արքայական Ուր խաղը, որ կոչուած է Միջագետքի մէջ (այժմ՝ Իրաք) հնագոյն քաղաքի անունով: Ուր խաղին տախտակը, որ զարդարուած է ծովախեցիէ պատրաստուած խճանկարով եւ կը խաղացուի բրգաձեւ զառով, կու գայ Ն.Ք. 3000 թուականէն եւ կը ցուցադրուի Բրիտանական թանգարանին մէջ: Մասնագէտներ վերջերս բացայայտեցին անոր կանոնները:

Մօտաւորապէս նոյն ժամանակ Եգիպտոսի մէջ տարածուած է այլ խաղ մը, որ կը կոչուի Սենետ: Քանի մը լաւ պահպանուած տախտակներ յայտնաբերուած են փարաւոններու գերեզմաններու մէջ եւ պատկերուած՝ պատի նկարներու մէջ: Բայց, ըստ ուսումնասիրողներու, նման խաղերը միայն արքայական ընտանիքներու մէջ տարածուած չէին:

Ուր խաղի տախտակը նրբագեղ է, բայց պարզ տախտակները քերծուած են քարի կամ նոյնիսկ գետնի վրայ: Դժուար է գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս այս խաղերու աւելի կանուխ տարբերակները զարգացած են: Եթէ անոնք խաղացուած են գետնի վրայ խճաքարերով, ուրեմն հարուստներու համար պատրաստուած թաղման պալատներու մէջ մնացած տախտակները եւ պատերու նկարազարդումները կ՚ապահովեն լաւագոյն նիւթերը՝ ուսումնասիրութեան համար:

Նման բաները ի յայտ կու գան միայն հին քաղաքակրթութիւններու մէջ, ինչպիսիք են՝ Եգիպտոսը, Ուրը եւ ներկայիս Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի շրջակայքին մէջ գտնուող հովիտը:

Ն.Ք. Գ. հազարամեակի աւելի կանուխ օրինակները կը դառնան վիճելի: Ափրիկէի, Արաբիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ յայտնաբերուած երկար շարքերով փորագրուած քարեր կան, որոնցմէ քանի մը հատը կը թուագրուին. Ն.Ք. 7000-էն մինչեւ 9000 թուականները: Անոնք նմանցուած են ժամանակակից ափրիկեան խաղի, որ կը կոչուի մանկալա, որուն ընթացքին երկու խաղացողներ խճանկարներ կը տեղադրեն անցքերու միջեւ: Անկարելի է ըսել, թէ արդեօք այս անցքերը մանկալայի առաջի՞ն տարբերակներն են, քանի որ խաղաքարերը չեն մնար: Այս տախտակներու եւ ամենէն կանուխ իրական սեղանի խաղերու միջեւ 3500 տարի ոչինչ կար: Այդ շատ քիչ հաւանական է:

Աւելի հաւանական է, որ անոնք խաղեր ըլլան, քան՝ որեւէ այլ բան: Ոմանք կ՚ըսեն, որ ատոնք առաջին հաշուիչներու տեսակ են կամ գործածուած են ծէսերու մէջ: Այդ կարելի է: Բայց պեղումներ եղած են Իսրայէլի հարաւը գտնուող Արատի մէջ, ուր բազմաթիւ տուներէ ներս եղած է այս պատրաստուած տախտակներէն մէկը, զուգահեռ փոսիկներով: Թերեւս բնակիչները պարզապէս նստած են այնտեղ եւ ամբողջ օրը՝ հաշիւներ ըրած, բայց մասնագէտներէ ոմանք կը կարծեն, որ այդ զուարճանքի համար էր:

Ն.Ք. 7000-էն մինչեւ 2500 թուականներու միջեւ որեւէ այլ բան եղա՞ծ է, որպէսզի տարածուին խաղերը՝ ամբողջ երկրին մէջ, խճաքարերով մրցարշաւէն մինչեւ թագաւորական ընտանիքի անդամներ վայելող սեղանի խաղեր:

Վերջերս գտածոն որոշ հնագէտներու կողմէ առաջարկուած է որպէս բարդ ռազմավարական խաղ, որ կը թուագրուի այս ժամանակաշրջաններու միջեւ: Մինչ ոմանք կ՚ըսեն, թէ «Շուներ եւ խոզեր» անունով այս խաղը կարծես, թէ բաղկացած է երկու տասնեակ քարեղէն տարբեր իրերէ, ներառեալ՝ որոշ բուրգեր, փոքր խոզեր եւ շան գլուխներ: Իրերը յայտնաբերուած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող գերեզմանէ մը, որ կը թուագրուի շուրջ Ն.Ք. 3000 թուականով:

Թանգարանին մէջ անոնք կը տեղադրեն ճատրակի տախտակի վրայ: Այն փաստը, որ այս կտորները միասին յայտնաբերուած են գերեզմանին մէջ, չի նշանակեր, որ անոնք միասին եղած են մինչեւ գերեզմանին մէջ ըլլալը: Թերեւս քանի մը հոգի այդ կտորները այնտեղ դրած են: Թաղուած անձը քարտաշ էր, եւ այս իր արտադրած կտորներու տեսակն է:

Ենթադրելով, թէ քարերով խաղացած են ճատրակի նման, չափազանցութիւն է: Սենետի եւ մանկալայի նման խաղերը կը ներառեն պարզ հաշուիչներու մրցում: Ճատրակը ունէր նորամուծութիւններ, որոնց զարգացման համար հազարաւոր տարիներ կը պահանջուէին:

Կարգ մը հնագէտներ կ՚ենթադրեն, թէ մանկալան խաղացած են հազարաւոր տարիներ առաջ՝ հիմնուելով քարերու վրայ յայտնաբերուած անցքերու վրայ, բայց ասոր մասին քիչ այլ ապացոյցներ կան, եւ ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ կանոններով խաղացած են զայն: Խաղերը, որոնք մենք գիտենք, որ խաղացած են Քրիստոսէ առաջ երկրորդ եւ երրորդ հազարամեակներուն, երկու ընդհանուր բան ունին. անոնց պէտք էին զառեր եւ ատոնք երկու խաղացողի համար էին:

Ամենէն առաջին խաղերէն երկուքը, որոնք մենք գիտենք, չեն գործածած զառախաղ Կօ (Ն.Ք. 150 թուական) եւ ճատրակը (Ն.Ք. վեցերորդ դար): Ճատրակը նոյնպէս նորութիւն բերաւ. խաղաքարերը կրնային տարբեր շարժումներ կատարել:

Ինչո՞ւ այդքան ժամանակ պահանջուեցաւ զառերու վրայ հիմնուած խաղերէն հեռանալու համար: Հնագէտներ կը կարծեն, թէ այդ կրնայ ըլլալ այն պատճառով, որ մեր թուաբանական ունակութիւնները այնքան ալ բարդ չէին: Քիչ հաւանական կը թուի, որ Ն.Ք. 7000 թուականին անոնք կարողացան մշակել վերացական թուաբանական մտածողութեան նման հայեցակարգ:

Ոմանք կը նշեն, որ եթէ այն ժամանակ գիտակցութիւնը զարգացած չըլլար, ինչպէս հիմա, մենք չէինք կրնար պատկերացնել խաղեր, որոնք կախուած չեն պատահականութենէ: Ամերիկացի հոգեբան Ճուլիան Ճէյնս 1970-ականներուն յայտարարեց, որ տակաւին հին յոյները կը հաւատային, թէ իրենք կ՚առաջնորդուին աստուածային միջամտութեամբ:

«Ճէյնսի գիտակցութեան սահմանումը յստակ է եւ նեղ», կ՚ըսէ բրիտանացի հոգեբան եւ Ճէյնսի գաղափարներու շարք մը քննադատութիւններու հեղինակ Անտրէա Քաւաննա: Ճէյնս կը հաւատար, որ թէեւ մարդիկ կը կարողանան խօսիլ, դատել, տրամաբանել, լուծել խնդիրները եւ ընել շատ բաներ, որոնք մենք կը կապենք բանականութեան հետ, սակայն, անոնք գիտակից չէին:

Արդեօք ճատրակի գիւտը կը նշէ այն կէ՞տը, որ խաղը հնարուած է, երբ փոխուած է մարդկային մտածողութիւնը: Ճատրակը աշխարհ չեկաւ ամբողջովին ձեւաւորուած, եւ կանոններու առաջին օրինակները կը յուշեն, որ անիկա տակաւին կը յենու պատահականութեան վրայ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

(Յապաւուած) 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022