ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «ՌԱՀԱՒ»Ը ՊԵՆԻԱՄԻՆ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ԳԼԽՈՒՆ ՆՈՐ ՓՈՐՁԱ՞ՆՔ

Յու­նուա­րին Հայ­ֆա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան մը ըն­թաց­քին Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու հա­կիրճ խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով կը յայ­տա­րա­րէր. «Մեր ար­դիա­կան սու­զա­նա­ւե­րը ա­ւե­լիով պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն Իս­րա­յէ­լի ծո­վու­ժը: Ա­նոնք կա­րե­ւոր տուեալ են մեր բա­նա­կի ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը ամ­րաց­նե­լու հա­մա­ր»: Այս խօս­քե­րը ար­տա­սա­նած պա­հուն Նե­թա­նի­յա­հու չէր իսկ մտա­ծեր, որ ա­միս­ներ ետք «Ռա­հաւ» ա­նու­նը կրող եւ Գեր­մա­նիոյ մէջ պատ­րաս­տուած սու­զա­նա­ւե­րու հար­ցը որ­պէս լուրջ խնդիր շրջա­նա­ռու­թեան մէջ պի­տի մտնէր՝ իս­րա­յէ­լեան մա­մու­լի ու յատ­կա­պէս երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­նե­րուն մօտ:

Խնդի­րը ան­շուշտ ծա­գած էր «Ռա­հաւ» տի­պի հին­գե­րորդ սու­զա­նա­ւի Հայ­ֆա­յի զի­նուո­րա­կան նա­ւա­հան­գիստ հաս­նե­լէն ա­ռաջ: Կայ նաեւ այն կար­ծի­քը, որ երկ­րի նախ­կին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Մո­շէ Եա­հա­լո­նի իր պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րե­լուն հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րուն մէջ, այլ հար­ցե­րու կող­քին, կար նաեւ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան ու անձ­նա­պէս Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ի Գեր­մա­նիոյ հետ կա­տա­րած «կաս­կա­ծե­լիու­թեա­ն» գոր­ծար­քի բարդ հար­ցը:

Եր­կու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն՝ Նե­թա­նի­յա­հուի եւ Եա­հա­լո­նի մի­ջեւ  տագ­նա­պը ա­ւե­լի կը սրէր, երբ Եա­հա­լոն տե­ղա­կան մա­մու­լին հետ խօ­սե­լով յայ­տա­րա­րած էր, որ «Ռա­հաւ» սու­զա­նա­ւե­րու գոր­ծար­քը բա­ւա­կան կաս­կա­ծե­լի է: Ան այդ օ­րե­րուն կոչ ուղ­ղած էր կա­ռա­վա­րու­թեան՝ առ­նուազն կար­ճել այդ գոր­ծար­քը եւ ի­ննի փո­խա­րէն ստա­նալ միայն վեց սու­զա­նաւ:

Ե­րե­սուն­հինգ նա­ւաս­տի­նե­րով կա­ռա­վա­րուող եւ 24 թոն կշռող «Ռա­հաւ» սու­զա­նա­ւե­րու ընդ­հա­նուր գոր­ծար­քը կը գնա­հա­տուի 1.5 պի­լիոն եւ­րո­յով: Իս­րա­յէ­լի յա­տուկ պա­տուէ­րով պատ­րաս-տըւող այս սու­զա­նա­ւե­րը նոյն­պէս կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նին «շալ­կե­լու» կո­րի­զա­յին գլուխ­ներ եւ այդ  կէտն էր, որ պի­տի կա­րո­ղա­նար յա­ւե­լեալ ա­ռա­ւե­լու­թիւն դառ­նալ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին:

Վե­րա­դառ­նա­լով այս խնդրի գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ բնոյթ մը ու­նե­նա­լուն, պէտք է նշել, որ հար­ցին մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚ար­տա­յայ­տուէր իս­րա­յէ­լեան «Մաա­րի­ւ» պար­բե­րա­կա­նը, որ ցայ­սօր ալ հեր­թա­կան հրա­պա­րա­կում­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ «լոյս սփռե­լ» գեր­մա­նա­կան ար­տադ­րու­թիւն հան­դի­սա­ցող սու­զա­նա­ւե­րուն վրայ: Իս­րա­յէ­լեան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ խնդրին ա­ռըն­թեր ա­մե­նէն շատ հար­ցա­կան­նե­րու դուռ կը բա­նար այն հան­գա­ման­քը, որ այս զի­նուո­րա­կան կա­րե­ւոր գոր­ծար­քի բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն տի­րա­պե­տող եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով բա­նակ­ցոր­դը վար­չա­պե­տի ըն­տա­նի­քին գլխա­ւոր փաս­տա­բա­նը՝ Տէյ­վիտ Շիր­մոնն էր:

Սիո­նիզ­մի հան­դէպ իր դրա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րով ծա­նօթ այս գոր­ծի­չի ա­նուան շուրջ կա­յին բա­ւա­կան մեծ հար­ցա­կան­ներ, բայց հա­կա­ռակ դժգո­հու­թեան ա­լի­քին, ան ցայ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ ոչ միայն կա­ռա­վա­րու­թեան շա­հե­րը պաշտ­պա­նել, այլ կը գլխա­ւո­րէ երկ­րի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հետ ա­ռըն­չուող թղթած­րար­նե­րու գլխա­ւոր ի­րա­ւա­բան-խորհր­դա­տուի պաշ­տօ­նը:

Մինչ մա­մու­լին մէջ սու­զա­նա­ւե­րու խնդրին վե­րա­բե­րեալ ա­մէ­նօ­րեայ քննար­կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան մար­մին­նե­րը կը գո­հա­նան «յստա­կեց­մա­ն» յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով եւ յի­շեց­նե­լով, որ «Ռա­հաւ» սու­զա­նա­ւե­րու գոր­ծար­քը անհրա­ժեշ­տու­թիւն էր իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին հա­մար:

Խնդի­րը հոս չի վեր­ջա­նար: Ե­թէ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը այս հար­ցէն զատ այլ խնդիր­ներ չդի­մագ­րա­ւէր, ա­պա հեշտ պի­տի ըլ­լար այս տագ­նապն ալ ան­տե­սել եւ սո­վո­րա­կա­նին պէս շա­րու­նա­կել աշ­խա­տանք­նե­րը: Սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ­պէս չէ: Պենիամին Նե­թա­նի­յա­հու­ի կա­ռա­վա­րու­թեան առ­ջեւ կան տաս­նեակ այլ հար­ցեր, ո­րոնց խոր­քը գան­ձատ­րա­կան լուրջ բաց­թո­ղում­նե­րու ծանր հո­տը կայ: Այդ հար­ցե­րու շար­քին կայ 2014 թուա­կա­նին Կա­զզէի դէմ մղուած պա­տե­րազ­մին մեծ ծախ­սե­րու խնդի­րը, որ ցայ­սօր ալ վերջ­նա­կան լու­ծում չէ ստա­ցած:

Այս բո­լոր տուեալ­նե­րը պէտք է բա­ւա­րար հա­մա­րուին ը­սե­լու հա­մար, որ 1996 թուա­կա­նէն ի վեր (մէկ ընդ­մի­ջու­մով) երկ­րի ղե­կը ստանձ­նած Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու յայտ­նուած է լուրջ տագ­նապ­նե­րու առ­ջեւ:

Բայց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այդ­պի­սին չէ: Այդ­պի­սին չէ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր դի­մաց չկայ կեդ­րո­նա­կան ընդ­դի­մու­թիւն մը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ այս խնդիր­նե­րը բարձ­րա­ձայ­նե­լով հա­րուա­ծել ա­նոր ու­նե­ցած ընտ­րա­զան­գուա­ծը ու ծանր դրու­թեան մէջ դնէ անց­նող չորս տա­րի­նե­րուն Իս­րա­յէլ-Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն գա­հա­վիժ­ման ա­մե­նէն վատ փու­լին ա­կա­նա­տես ե­ղած վար­չա­պե­տը:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, Նե­թա­նի­յա­հու դրա­կան շուն­չով հե­տե­ւե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի պի­տի ըլ­լար Դե­մոկ­րա­տա­կան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­թը­նի յաղ­թա­նա­կը, սա­կայն այ­սօր ալ ե­րե­ւե­լի է, որ Նե­թա­նի­յա­հու շատ չա­փա­ւոր ըն­կա­լում­նե­րով եւ բա­ւա­կան զուսպ մօ­տե­ցու­մով կը հե­տե­ւի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 45-րդ նա­խա­գա­հի քայ­լե­րուն:

Ճիշդ է, որ ցարդ ջրբա­ժա­նի մը հանգրուա­նը չէ հա­սուն­ցած ու ի­րե­րը ա­ւե­լի յստակ պի­տի դառ­նան Տա­նըլտ Թրամ­փի յա­ռա­ջի­կայ Յու­նուա­րին կա­տա­րե­լիք նա­խա­գա­հա­կան եր­դու­մէն ետք, բայց յայտ­նի է նաեւ, որ նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը կրնայ Իս­րա­յէ­լի հա­մար սիրուած կամ «սպա­սուա­ծ» նա­խա­գահ մը չըլ­լալ:

Տանըլտ Թրամ­փի Իս­րա­յէլ այ­ցե­լու­թիւ­նը ջնջե­լու մա­սին ը­սած խօսքն ան­գամ կրնար բա­խու­մի հանգ­րուան մը բա­նալ, բայց այդ­պէս չե­ղաւ:

Չե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ ներ­քին ճա­կա­տին վրայ բա­ւա­կա­նին բարդ եւ ծանր բե­ռան մը տակ ե­ղող Պենիամին Նե­թա­նի­յա­հու, ե­թէ հա­մար­ձա­կէր ճա­կա­տու­մի եր­թալ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ, ա­պա յստակ պի­տի դառ­նար, որ ան ըն­դու­նած է, թէ իր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զը լրջօ­րէն վտան­գուած է։ Հե­տե­ւա­բար կ­­՚ար­ժէր բո­լոր խա­ղա­քար­տե­րը այ­րել եւ դառ­նալ Տանըլտ Թրամ­փի թիւ մէկ հա­կա­ռա­կոր­դը Իս­րա­յէ­լի մէջ:   

Կայ նաեւ մե­տա­յլի միւս ե­րե­սը, որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր ղե­կա­վա­րու­թեան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ յատ­կա­պէս ա­րաբ­նե­րու հան­դէպ որ­դեգ­րե­լիք նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ կամ նախ­կին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շա­րու­նակ­մամբ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, յա­ռա­ջի­կայ հանգրուա­նը կա­րե­ւոր պի­տի ըլ­լայ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին հա­մար: Ու ե­թէ ա­մե­րի­կեան վար­չա­կազ­մին հետ ա­նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­թա­րուին, ա­պա շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Նե­թա­նիյահու­ին չեն սպա­սեր պայ­ծառ օ­րեր:

Չմոռ­նանք նաեւ, որ 2019 թուա­կա­նին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քով շատ բան պի­տի վճռուի երկ­րի մը մէջ, ուր ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը գետ­նի վրայ փո­փո­խու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լու մեծ ու­ղե­գի­ծեր կը հա­մա­րուին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016