ԿԸ ՓՈՐՁԵՄ ԿՌԻՒ ՄՂԵԼ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՓՈԹՈՐԿՈՒՈՂ ՔԱՈՍԻՆ ԴԷՄ

Հրապարակախօսութիւնը գրողի ինքնասպանութիւնն է: Կ՚որոշեմ այլեւս հրապարակախօսական յօդուածներ չգրել, անցնիլ միայն գեղարուեստին, բայց հայու ծննդական տագնապը կը յաղթէ, քաղաքացին կը յաղթէ, հայ ժողովուրդի միասնութիւնը պահպանելու գաղափարը կը յաղթէ: Փոշիացող արժէքներու, ամայացող հողի տիրոջ ջիղը կը յաղթէ, հազար տարի երազած անկախ պետութիւնը պահպանելու հրամայականը կը յաղթէ:

Կռիւ պիտի մղեմ այս փղային կեղծ յղիութեան, թաւշեայ անպտղութեան, հասարակութեան ամբողջական քաղաքականացման ու պառակտման՝ մահամերձ տատիկէն մինչեւ թոթովող մանուկը քաղաքական ճամբարներու բաժնելու տնաքանդութեան դէմ: Հայոց ծիածանը խեղկատակի - սեւուճերմակ վարտիքով ծածկելու դէմ:

Թշնամիներու առջեւ սեղան բանալու եւ դարպասներ բանալու, ճերմակ դրօշներով կուրծքը կրակահերթերուն դէմ տալու անհեթեթութեան դէմ է կռիւս, դիմացդ պատերազմողի յանդիման՝ ժողովուրդը խաղաղութեան պատրաստելու դէմ: Յանուն Հայրենիքի ու յանուն անկախութեան զոհողութիւնը՝ յանուն ոչինչի անուանելու դէմ:

Պիտի փորձեմ կռուիլ երկրին մէջ փոթորկուող քաոսին դէմ, ջուրերը պղտորելու ու թունաւորելու, հողի այլասերման, ամայացման, մոլախոտի դէմ:

Օտար փոթորիկներու պտտահողմի դէմ է կռիւս, որ կը փորձէ աւերել իմ վանքերը, ջնջել մատեանները, խլացնել մեղեդիները, մոխրագոյնի երանգներով պատել երկրի գոյները՝ նրան ու որդանի կարմիրներէն մինչեւ, ծիրանի ու դեղձի երանգները, երկնքի ու ջուրի կապոյտներէն մինչեւ անտառներու եւ դաշտերու յաւիտենական կանաչները:

Երէկուան գաղջի ու գաղջը թանձրացնող այսօրուան դէմ է իմ կռիւը:

Ինչպէս կրնամ լռել, երբ իմ երկրի մէջ այլասերութեան սերմեր կը ցանեն, երբ հայ տղամարդու ստեղծագործ միտքն ու զիլ բազուկը կը փորձեն փոխարինել մատնութիւն գրող նեղ ճակատով  ու վտիտ ճանկով, անոր խօսուն լռութիւնը լաչառ կնոջ ճղճղոցով, երբ հայ կնոջ բերանը կը պղծուի տղամարդու հայհոյանքով, երբ կը փոխուին դերերը, ու կը պարտադրուի ապրիլ գլխիվար ընտանիքի մէջ, գլխիվար հասարակութեան մէջ, գլխիվար տիեզերքի մէջ:

Սիրոյ անուան տակ հոգիներուն մէջ բոյն դրած ատելութեան դէմ է կռիւս, որ  ազգի համար մահաբեր քաղցկեղ դարձած ու մետաստազները տարածած է ողջ հայկական աշխարհին վրայ:

Մեր պատմութիւնն ու մեր դպրութիւնը աղաւաղելու, ծուռ ու շիտակ ներկայացնելու դէմ պիտի կռուիմ, սերունդներու հայեացքը ճշմարիտ ուղիէն շեղելու դէմ:

Ատելութեան քարաւաններու, աղանդներու եւ մութ ուժերու արշաւներէն իմ եկեղեցին  պաշտպանելու կռիւ պիտի մղեմ: Կռիւ պիտի մղեմ ովկիանոսներ կտրած կեղծ մարգարէներու եւ  կեղծ առաքեալներու դէմ: Ժողովրդավարութեան անուան տակ ժողովուրդի հոգին վարելու ու կործանարար որոմ ցանելու դէմ: Բժշկելու անուան տակ՝ արիւն քաշելու ու պղծելու արիւնարբութեան դէմ:

Քաջնազարականութեան դէմ, ժանտախտի պահուն խրախճանք կազմակերպողներու դէմ է կռիւս, երդիքէն թափուող գանձերով շլացածներու դէմ, օրէնքը օրէնքի դէմ գործիք դարձնողներու դէմ:

Սփիւռքի հետ կամուրջները այրելու դէմ է իմ կռիւը, իշխանութեան յանցաւոր անգործութեան, հայութեան միասնութիւնն ու ուժը ջլատելու, ձեռքը երակին չդնելու ու ցաւը չդարմանելու դէմ պիտի պայքարիմ, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ սիրով, նուիրումով զոհողութիւններով կերտուած հազարաւոր  հայ կառոյցներուն եւ հայ օճախներուն մէջ ստեղծուած միլիոնաւոր հայաստաններու օտարացման, վերացման դէմ է իմ կռիւը: Թումանեանի ու Չարենցի միասնութեան պատգամը Նիկոլի պառակտման, աջուձախ ծեփելու, բոլորն ու ամէն ինչ ցեխը կոխելու, պատգամով փոխարինելու դէմ:

Աննախադէպ երեւնալու սնափառութեան դէմ կռիւ պիտի մղեմ, սոփեստութեան դէմ, քծնանքի ու երկերեսանիութեան, փարիսեցիութեան դէմ:

Այս աշխարհաքաղաքական նոր դերաբաշխման մէջ իմ երկրի համար մոլորուած, այս ու այն կողմ վազող գաւառամիտ ծաղրածուի դեր ստանձնելու դեմ է կռիւս, անօրէն օրէնսդիր մարմնի, անձայն ու անիշխանութիւն նախագահի անգործութեան, անգործութեան դէմ:

Գիտակցելու, վերլուծելու բայց գործ ընելու մեր սեփական  անկարողութեան դէմ է իմ կռիւը, մատնութեան ոգիէն մեր մէջ բոյն դնող վախի դէմ, մենք մեզմէ մեր փախուստի դէմ: Սուտ ու կեղծիքը բուրդի պէս ծամելու ու մարսելու դէմ, մեր դուռ ու պատուհանը փակելու ու ներսը կուշտ ու տաք նստելու ջայլամային բնազդի դէմ:

Այսօր մեր բոլորի պէս՝ իր տունը քանդողները կանգնեցնելու անկարող տանտիրոջ  անճարակութեան դէմ է կռիւս:

Ահա թէ ինչու կը գրեմ:

ԷՎԵԼԻՆԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020