ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՆՈՐ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻ ՀԱՐՑՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՄՂՈՒՄՆԵՐԸ

Ակներեւ է, որ Լիբանանի պետական մարմիններու կազմալուծումը կը շարունակուի մեծ թափով։ Այն կողմերը, որոնք կը սատարեն այս ընթացքին, տեղեակ ալ չեն, թէ եթէ Լիբանանի կառավարական մարմինները ամբողջութեամբ փլուզուին, ապա բոլորը փլատակներուն տակ պիտի մնան եւ շնչահեղձ պիտի դառնան։

Հիմա խնդիրը միայն միջազգային կառոյցներու՝ յատկապէս IMF-ի եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները չէ։ Խօսքը կը վերաբերի նաեւ երկրի բանակին, որ քիչ թէ շատ կը շարունակէ պահել ու պահպանել Լիբանանի անվտանգութիւնը։ Այստեղ, ի հարկէ, պէտք չէ անտեսել այն կարեւոր փաստը, ըստ որու, հազարաւոր զինուորներ արդէն իսկ հեռացած են բանակէն, իսկ այլ հազարաւորներ ալ իրենց պարտականութիւնները կատարելու առընթեր կը պահպանեն իրենց գոյութիւնը բանակէն ներս՝ երկրորդ կամ նոյնիսկ երրորդ աշխատանք մը կատարելով։

Բանակին կողմէ տրուած ամսավճարները դարձած են արժեզրկուած, երբ շուրջ 15 հազար լիբանանեան ոսկիով կը վաճառուի միայն 1 ամերիկեան տոլար։

Այս բոլորը, անշուշտ, բանակի վիճակը դարձուցին աւելի խոցելի, բայց եւ այնպէս, լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը յարգանք կը տածէ բանակին հանդէպ եւ զայն կը համարէ երկրի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը։

Այստեղ պատմական ակնարկ մը նետելով, անշուշտ, հարկ է նշել, որ Լիբանանի որեւէ ճգնաժամի պարագային, երբ կրօնական հիմքերով բանակը բաժնուի, ապա այդ վիճակը կրնայ ներքին տարաձայնութիւնները աւելիով շիկացնել եւ հրահրել համընդհանուր բախումներ։ Նոյնը եղած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերուն, երբ սիւննի մեծամասնութեամբ բանակի տարրերը հեռացան կեդրոնական հրամանատարութենէն ու ստեղծեցին տեղական-համայնքային դրուածքով ջոկատներ։ Տակաւին յիշողութիւններու մէջ վառ են 6-րդ միաւորումի, 8-րդ միաւորումի պարագաները, երբ անոնցմէ առաջինը ամբողջութեամբ ծառայեց սիւննի համայնքին, իսկ երկրորդը դարձաւ մարոնի քրիստոնեաներու հիմնական ուժը։

Ճիշդ է, որ բոլոր պարագաներուն ալ այդ ջոկատներուն մէջ եղան ոչ-սիւննի, կամ ոչ-մարոնի զինուորներ, սակայն այդ պարագային էականը միայն բաժանումը չէր, այլեւ գաղափարական ընկալումն էր։ Սա նաեւ պայմանաւորուած էր ո՛չ միայն արտաքին արեւելումներով, այլեւ տուեալ միաւորման գլխաւոր հրամանատարի անձին հանդէպ սիրով ու հաւատարմութեամբ։ Արդարեւ, քանի-քանի մահմետական զինուորներ շարունակեցին ծառայել 8-րդ միաւորման մէջ ու զէնք բարձրացուցին իրենց իսլամ եղբայրներուն դէմ, որովհետեւ հաւատացին իրենց համար նուիրականացած նոյն ջոկատի հրամանատարի առաքելութեան եւ գաղափարի մաքրութեան։

Լիբանանի միասնականութեան եւ անվտանգութեան հիմնական բանալին կը շարունակէ մնալ բանակին ձեռքը, որ այսօր յայտնուած է բաւական դժուար փուլի մը առջեւ։ Խնդիրը այն է, որ բանակը կառուցուածքով, սպաներու կրթութեամբ ու ստացած կամ ունեցած սպառազինութեամբ կը համարուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու թեւերուն տակ աճած ուժ մը՝ հակառակ անոր, որ վերջին տարիներուն ԱՄՆ շատ քիչ բան կատարեց ապահովելու համար Լիբանանի բանակին արդիականութիւնը։

Այդ պարագային, վստահաբար կար Իսրայէլի հաշիւը ընելու խնդիրը, որովհետեւ որեւէ պարագայի ԱՄՆ-ի համար ձեռնտու չէր Իսրայէլ-Լիբանան սահմանի անվտանգութիւնը ապահովող բանակի ուժեղ եւ տիրական գործօն դառնալը։ Այսօր, սակայն, կը թուի, թէ ԱՄՆ-ի համար փոխուած են առաջնահերթութիւնները եւ, ըստ երեւոյթին, քաղաքական ենթաշերտով «մաքուր ամերիկեան» համարուած Լիբանանի բանակը սկսած է նաեւ ներառել տարբեր եւ կարեւոր ուղղութիւններ։

ԱՄՆ, որ, ի հարկէ, կ՚ուզէ լուծել «Հիզպուլլահ»ի հարցը եւ, միեւնոյն ժամանակ, այդ դրուածքով գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի հետ, սկսած է հասկնալ, թէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային գօտին այս ընթացքով պէտք չէ շարունակուի։ Նոյն ձեւով կը խորհին Թել Աւիւի մէջ, որովհետեւ նախքան Կազզէի պատերազմը, Իսրայէլ միշտ ալ օրակարգի վրայ բերած է Իրանի նեցուկով ձգաբանական հրթիռներու մեծ շտեմարանով «Հիզպուլլահ»ի պարագան։

Ճիշդ է, որ ձգաբանական հեռահար հրթիռներու խնդիրը միշտ գտնուած է Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու սեղանին վրայ, բայց այդքանը չի բաւեր, որպէսզի Թել Աւիւ հանգիստ շնչէ եւ մտահոգութիւն մը չունենայ իր հիւսիսային սահմանէն։ Հետեւաբար, այս դրուածքներն են, որոնք խորքային գետին մը կը ստեղծեն, որպէսզի ԱՄՆ ամէն գնով մտածէ Լիբանանի բանակը հզօրացնելու մասին, իսկ եթէ այդ մէկը նպատակայարմար չըլլայ այս փուլին, ապա Ուաշինկթընի համար նոյնքան կարեւոր է բանակին մէջ իր քարտերը պահպանել ու անոնցմով խաղի նոր կանոններ թելադրել։

Ի հարկէ, Լիբանանի մէջ գլխաւոր օրակարգ դարձած է նաեւ բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնավարութեան աւարտը։ Իրանամէտ դերակատարները՝ յատկապէս «Հիզպուլլահ»ն ու խորհրդարանի նախագահը, եկած են այն համոզման, թէ ժամ առաջ պէտք է ձերբազատուիլ բանակի ընդհանուր հրամանատարէն ու անոր աթոռի թափուր մնալու պարագային գոհանալ նշանակումով սպայակոյտի նոր նախագահի մը, որ պիտի համարուի իրենց մարդը։

Այս գործընթացը համայնքային յաւելեալ լարումէ հեռու պահելու համար (որովհետեւ ըստ Լիբանանի Սահմանադրութեան, բանակի հրամանատարը, ինչպէս նաեւ նախագահի պաշտօնը պէտք է բացառաբար զբաղեցուին Մարոնի համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ), իրենց փափաքի գնդակը նետեցին երկրի նախկին նախագահ «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան ղեկավար Ճըպրան Պասիլի դաշտը։ Պասիլ բանակի գործող հրամանատարին մէջ միշտ ալ նկատած է բնական մրցակից մը՝ երկրի նախագահական աթոռին դէմ։ Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգման կողմնակից գտնուեցան երկրի ընդդիմադիր մարոնի եւ սիւննի (ոչ մեծամասնութեամբ) ուժերը։ Եղան նաեւ ուժեր, որոնք երկիրը յաւելալ ճգնաժամերէ հեռու պահելու գնով կողմ արտայայտուեցան զօրավար Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան երկարաձգման։

Այս բոլորի լոյսին տակ յստակ էր նաեւ, որ ներքին հիմքերով առկայ լարուածութիւնը ունի արտաքին ճակատագրական ազդակներ։ Այդարեւ, ներկայ փուլին Լիբանանի բանակի հիմնական գաղափարական հայրը ԱՄՆ-ն է։ Պէտք է յետադարձ հայեացք մը նետել՝ հասկնալու համար բանակի յարաբերութիւնն ու կապը ամերիկացիներուն հետ, որոնք տարբեր փուլերու մէջ միշտ կողմ եղած են, որպէսզի երկրի բանակի հրամանատարները պաշտօնաթող ըլլալէ անմիջապէս ետք զբաղեցնեն քաղաքական դիրքեր կամ նոյնիսկ իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակ ընտրուին երկրի նախագահ։ Այս մէկուն օրինակներն են Լիբանանի նախկին նախագահ զօրավար Էմիլ Լահուտն ու զօրավար Միշէլ Սուլայմանը, որոնք բնականաբար ունեցան երկրի «Դիմադրութեան ճակատ»ի նեցուկը, միեւնոյն ժամանակ պահելով իրենց կապը ամերիկացիներուն հետ։

Ի դէպ, մինչեւ 1960-ականներու աւարտը Լիբանան կը համարուէր ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուած երկիր մը եւ այդ առումով մեծ եղած է ամերիկացիներու դերը՝ ստեղծելու եւ ուժեղացնելու բանակի ընդհանուր համակարգը, որ ցաւալիօրէն չկարողացաւ դէմ դնել ներքին փոթորիկներուն, նաեւ թիրախ դարձաւ արաբ-պաղեստինեան հարուածներուն ու բաժանարար ճիգերուն։ Այդ փուլէն ետք ամերիկեան դերը նուազեցաւ ութսանականներու սկիզբին, երբ դարձեալ իսլամական (առաւելաբար շիի) ճնշումներուն ու ամերիկեան եւ ֆրանսական խաղաղապահ ուժերու կեդրոնի ռմբահարման դէպքէն ետք (1983-ին, երբ զոհուեցան ամերիկեան բանակի աւելի քան 250 զինուորներ), ամերիկացիք սկսան նահանջել։

Աւելի վերջ, ԱՄՆ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ յատկապէս՝ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատին նուիրեց Լիբանանը եւ անոր ներքին գործերը վերահսկելու առաքելութիւնը։ Ի դէպ, ԱՄՆ այդ որոշումը առաւ՝ իբր հատուցում Էսատի Քուէյթ-Իրաք պատերազմին ու անկէ ետք Իրաքի դէմ ամերիկեան քաղաքական եւ ռազմական գործընթացներուն առընթեր վերջինիս ունեցած կեցուածքներուն եւ ցուցաբերած նեցուկին համար։

Ամէն պարագայի, ներկայիս աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ ամերիկացիք ամէն գնով կ՚ուզեն իրենց ենթակայութեան տակ պահել կամ մասնակի հովանաւորութիւնը տարածել բանակին ու անոր բարձր հրամանատարութեան վրայ։ Ու այստեղ է նաեւ, որ կը բացուի հարցումներու Փանտորայի մեծ տուփը, որուն մէջ շեշտակիօրէն ի յայտ կու գան նախագահի ընտրութեան հարցը, «Հիզպուլլահ»ի ապօրինի զէնքի խնդիրը, Իսրայէլի հետ համաձայնութեան մը գալու հեռանկարը եւ Լիբանանը Իրանի ամբողջական ազդեցութեան աքցանէն դուրս հանելու հիմնախնդիրը։

Օրինակները շատ են, որ ամերիկացիք երեսի վրայ ձգած են Լիբանանը ու գործակցած՝ այն ուժերուն հետ, որոնք կը համարուին Լիբանանի հովանաւորներ, սակայն այժմու փուլը կրնայ տարբերիլ մօտաւոր անցեալի վիճակէն, որովհետեւ շատ բան փոխուած է եւ տակաւին պիտի փոխուի Մերձաւոր Արեւելքի աւազանին մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024