ՔՈՐՈՆԱՅԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ԱՌՑԱՆՑ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

-Հօրքո՛ւր, պատմութեան դասերէն հարցում մը կրնա՞մ հարցնել, ժամանակ ունի՞ս,- կը գրէ պատանին պատմաբան հօրաքրոջ:

-Անշուշտ կրնաս, հատէ, կը զանգեմ...

Խանդավառուած կը պատասխանէ հօրաքոյրը եւ... զանգով մը կը լուծուին առցանց պատմութեան քննութեան հարցարանին հարցումները եւ մէկ կողմէն copy paste կ՚ըլլան դասընկերներուն whatsapp-ներուն:

ԱՂՕԹՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Ի՞նչ ընեմ, ինչպէ՞ս հասնիմ հիմա խեղճ կնկան, ճամբորդելու միջոց ալ չկայ, օդանաւ ալ..., ութսուն տարեկանին այս ցա՞ւը պիտի տեսնէր. շաքարախտ ունի, ճնշումն ալ յաճախ կը բարձրանայ, ահաւասիկ սրտի կաթուած կ՚անցընէ ու բժիշկները քորոնա յայտնաբերեցին իրեն մօտ...»:

Վրդոված բարձրաձայն ինքնիրեն կը խօսի եւրոպաբնակ Սարինը՝ հիւանդ կնոջ աղջիկը: Ան բջջայինը ձեռքը բռնած կը թերթէ համացանցային էջեր՝ մէյ մը դիմատետրը կը բանայ, մէյ մը instagram-ը, մէյ մը whatsapp-ի վրայ մօրը խնամողին՝ Նունէին նամակներուն աչք կը նետէ, նորէն կը կարդայ նամակները ու մտքին մէջ կը փորձէ լուծում գտնել, ապա՝

«Ո՞ւրկէ եկաւ այս քորոնան, կինը դուրս չէր ելլեր, ամիսներէ ի վեր փողոցին քարը չէ տեսած, խնամողը հոգ կը տանէր իրեն... յաճախ կը զգուշացնէի, որ ամէն ինչ ախտահանէ գործածելէն առաջ, կ՚երեւի բան մը վրիպեր է..., բայց բան մը պէտք է ընել, կինը վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ է քանի օր է...»:

Կը խօսի Սարին ինքնիրեն առձեռնը աճապարանքով թերթելով, անկարողութեան զգացումով եւ ափսոսանքով համակուած «երանի՜»ներուն շարանը կը հիւսէ մտովի: Ահա մօրը մօտ մնալ փափաքելուն պահը կը պատկերանայ մէկ կողմէն, միւս կողմէն զաւակներուն ապագային համար ճամբորդութեան նախաձեռնութիւնը կը յիշէ. նժարին ծանրութիւնը զաւակներունն էր հարկաւ, ինչու ոչ նաեւ մօրը համար ալ լաւ կրնար ըլլալ տարիներ ետք, բայց...

Ձեռքը մեքենայական շարժումներով կը շարունակէ թերթել դիմատետրը, միտքը թռիչքով մօրը մօտ հասնելու միջոց կ՚որոնէ, աչքը չի տեսներ հեռաձայնին պաստառին վրայ շարժող պատկերները եւ... «Տէ՛ր Ողորմեա» կը լսէ ականջը շարականին մեղեդին, կը սթափի միտքը եւ ձեռքը մեղեդիին ազդեցութեան տակ կանգ կ՚առնէ թերթելէն. մեղեդին կը շարունակուի անխօս աղօթքին հետ Սարինին, որ ճարահատ, ափերը պարզած կը շշնջայ բառեր, թերեւս՝ նախադասութիւններ, զորս միայն ինք կը հասկնայ եւ անշուշտ զինք մտիկ ընողը աղօթքին միջնորդութեամբ:

Աղօթքը կը հանդարտեցնէ փոթորկացող ներսը, կը ջնջէ յուսալքութեան նշանները, կը խաղաղեցնէ միտքը, եւ, քիչ անց, նամակի մը ազդով կը կարդայ՝

-Մաման հանեցին վերակենդանացման բաժանմունքից, Սարին ճան,- կը գրէ խնամակալը եւ,- լաւ է, մի-երկու օրից տուն է գնալու,- կը հաղորդէ աւետիսը աղջկան:

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԲԱՐԻՔԸ

-Հաց բե՛ր, քիչ մըն ալ միս ու կանաչեղէն բեր եթէ կրնաս...

-Կը բերեմ... եթէ կրնամ...

Կը պատասխանէ Սարօ կնոջ, ապա կը շօշափէ գրպանը, կը հանէ հոնկէ վերջին թղթադրամը: Կիսուած աշխատավարձը ստանալուն տակաւին շաբաթներ կան: Մտամոլոր կը մտնէ խանութ, օրուան անհրաժեշտ գնումները խնայողաբար կ՚ընէ եւ տուն մտած պահուն իր առձեռնը նամակի մը ձայնը կ՚արձակէ, Սարոյին ոչ շատ մտերիմ ընկերներէն է, որ կը գրէ ու կը հարցնէ որպիսութիւնը, ապա՝

-Կը յիշե՞ս այդ գումարը, որ ինծի օգնեցիր երկու տարի առաջ, երբ հիւանդանոցի համար ինծի պէտք եղաւ. կ՚ուզեմ վերադարձնել եւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի: Ես հիմա առողջ եմ, փառք Տիրոջ, որոշեցի ինծի օգնողներուն գումարները վերադարձնել:

Կը կարդայ Սարօ նամակին տողերը եւ կը յիշէ երկու տարի առաջուան ըրած բարիքը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020