ԱՍՏՂԸ

Գիր մը, հնչիւն մը, բառ մը, բառեր, իրերայաջորդ տողեր, միտքեր իրարու ետեւէ սուրացող, քառեակներ ներաշխարհէ մը դուրս սպրդող՝ յոյզեր, յուզումներ ու ցաւեր կը գծագրեն: Պաստառը մերթ սիրոյ որոնումէն յուսալքուած ապրումներ կը ցուցադրէ, մերթ՝ սիրոյ կրքոտ յարաբերութիւն մը, մերթ՝ յոյսով լի տողերով կը գծէ հեռաւոր հայրենիքի լուսաւոր ապագան:

Շնորհքն է, որ լեզու առած է անհատին մէջ ու հանգիստ չի թողուր զայն. իւրաքանչիւր յուզումէ, յուսալքումէ, հիասթափութենէ ետք ձայն մը կը շշնջայ կարծես իր ականջին՝ «Գրէ՛»: Կը գրէ իր մենութեան պատերը լեցնելով, բայց՝ ոչ միայն, շնորհքը կը շարունակէ դրդել՝ «հնչէ՛ գրածդ մեղեդայնութեամբ մը, որ կը յուզէ ներաշխարհդ»: Ու հնչիւն առ հնչիւն մեղեդիի կը վերածուին տառերը, բառերը, նախադասութիւնները..., երգի կը վերածուին գրուած բանաստեղծութիւնները. կ՚երգուին անոնք մենութեան մէջ, ընկերներու ներկայութեամբ..., կու գայ քաջալերանքը, գնահատանքը ու կը մղէ երգուելու աւելի ընդհանրական միջավայրերու մէջ, քանի հոն գրուած միտքերը, երգուած հնչիւնները այնքա՜ն հարազատ են մարդոց ներաշխարհին, այնքա՜ն ապրուած են անոնք բոլորին մէջ եւ կ՚ապրուին:

Շնորհքը հեռուէն այս բոլորը դիտելով կը ժպտի, քանի իրեն տրուած պարտականութիւնը ճամբայ գտած է, ուղի մը թերեւս դէպի կատարելութիւն, բայց տակաւին ան ունի պարտականութիւն մը եւս՝ հասունութիւն պարգեւել մարդուն, որ աճման իւրաքանչիւր հանգրուան արժեւորուի ու գտնէ իր ճիշդ արտայայտութիւնը. «Այն մարդը, որ ինքն իրեն չի ճանաչում, երբեք ոչ մի բանի չի հասնի… Շնորհքը դեռ ոչինչ չի նշանակում, կարեւորը սեփական թերութիւններից օգուտ քաղելն է», կը սկսի մտածել անհատը, ու՝ «Կանգնած անկողնուս մօտ յանկարծ գրեցի, որ եթէ ինձ չեն սիրում, ապա դրա միակ պատճառը այն է, որ ինձ չեն հասկանում, ու ես որոշեցի հասկացնել տալ ինձ»:

Ու հասունութիւնը քայլ առ քայլ կը դրսեւորուի անհատին երգերուն ընդմէջէն, երբ «ճահելութիւն»ը կը հասնի իր աւարտին.

Իմ լաւն ու վատը ես չհասկացայ,
Դեն շպրտեցի ամէն մի լաւ բան,
Ու ինձ մնացին ժպիտներս պաղ,
Ու ինձ մնացին արցունքներս քար:
Որտե՞ղ է հիմա
Ճահելութիւնը
Իմ քսանամեայ... (Շարլ Ազնաւուր)

Բայց շնորհքը տաղանդի ճամբուն շատ յաճախ խոչընդոտներու կը հանդիպի, տեղի կ՚ունենան հիասթափութիւններ, յուսալքութիւն... եւ հաւատքը կ՚երկարէ իր ձեռքը եւ աննկարագրելի բաներ տեղի կ՚ունենան, զորս կ՚անհանգստացնեն անհատը՝

«Երկար տարիներ տքնելուց յետոյ (համարեայ իմ ամբողջ երիտասարդութիւնը), ես եկայ այն եզրակացութեան, որ կեանքում ոչնչի չեմ կարող հասնել: Ու յանկարծ մի օր, նոյն հասարակութեան առջեւ, նոյն երգերով, նոյն կոստիւմով, նոյն գլխով, նոյն ձայնով ես փայլուն յաջողութեան հասայ, այն էլ այնտեղ, որտեղ մի օր առաջ ինձ սուլել էին: Այսքանից յետոյ, ինչպէ՞ս կարելի է անհանգիստ չլինել»:

Ահա թէ ինչպէ՛ս տաղանդը կը յայտնուի ու լայնատարած իր դարպասը կը բանայ անհատին առջեւ, որ իր անհանգիստ վիճակին մէջ իսկ կ՚որոնէ ուղիներ հանդիսատեսը, ունկնդիրը միշտ այսպէս ուրախ, ցնծուն ու ողջունող պահելու:

Ու կ՚երգէ ան, կը գեղգեղէ բոլորին սրտին վիշտը, սէրը, ամէն ամէն ինչ որ զինք կը յուզէ, որ համամարդկային է իրը ըլլալէ առաջ եւ կ՚ափսոսայ տեղ մը՝

«Ես չունեմ ամենակարեւորը՝ իմ երկրորդ կէսը, որին սիրէի, որը ինձ սիրէր, որին ես կարողանայի ասել. «Ես շատ եմ զգում քո կարիքը, ես ուզում եմ քեզ պատմել ամէն, ամէն ինչ»»:

Ապա կու գայ յուսալքումը կէսի որոնումէն խոնջած անհատին, որ իր իսկ մէջ կը փնտռէ թերութիւնները.

«Եu երբեք չեմ հանդիպել կնոջ իտեալին: Նոյնիսկ չեմ պատկերացնում այն: Եւ ընդհանրապէս, կարելի՞ է արդեօք իտեալը պատկերացնել: Այն գոյութիւն ունի մէկի հայեացքում, միւսի շարժուձեւի, երրորդի սեղան պատրաստելու մէջ: Ինձ համար դժուար է իտեալական կին գտնել նաեւ այն պատճառով, որ ես բազմաթիւ թերութիւններ ունեմ: Առաջինը, որը ինձ ամէնից շատ էր մտատանջում, իմ երիտասարդական տարիների անտանելի բնաւորութիւնն էր: 20 տարեկանում ես չէի կարողանում երկար ժամանակ ընկերութիւն անել մէկի հետ»:

Տաղանդին կը յաջորդեն հռչակն ու համբաւը, որոնք հանգիստ կեանք մը կը պարգեւեն, սակայն դարձեալ մենութիւնը կը կրծէ անհատին ներսիդին ու Կաղանդի գիշեր մը, ճոխ սեղանին առանձին նստած կ՚աղերսէ Արարիչին, որ անպատասխան չի թողուր ոչ մէկիս խնդրանքը, ու լսած պատասխանին համեմատ կը շարժի, լսածին համեմատ կը վարուի, որ՝

«Բաց արա քո դուռը, ներս թող կեանքից հիասթափուած, անտուն մնացած եւ դժբախտ մի քանի հոգիներ, նրանց, ովքեր զրկուած են եղել յաջողութեան այն ուղուց, որից օգտուել են ամենայաջողակները: Դրանից յետոյ, դու ոչ միայն քեզ միայնակ չես զգայ, այլեւ կը հասկանաս, որ դարձել ես բոլորովին այլ մարդ»: 

Ու անոր օգնութեան ձեռքը կը սկսի տարածուիլ, երբ առաջին պատառին հաճելի համն առած քիմքը կը շարունակէ պահանջել նոյն համը: Կը հասնի հայրենիք, եւ յոյսեր կը փայփայէ ապագայ տեսլականի փայլքը հիւսելով՝

Ամբողջ աշխարհը ոտքի է ելել,
Ամբողջ աշխարհը քեզ հետ է հիմա,
Եւ քեզ համար է, մոռացուած իմ ազգ,
Արար աշխարհը իր սիրտը բացել,
Ու քեզ է մեկնել ձեռքերը ահա: (Շարլ Ազնաւուր)

Ու այսպէս կը հմայէ բոլորը տարիներ, տասնամեակներ. ասուպի նման անունը տարածելով աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ: Արուեստի ուղին բռնած թոյլ չի տար որ այդ ուղիին փայլքը խամրի, ու տքնանքին պատասխանը միշտ կը լսէ: Ուր որ երթայ, ինչ որ երգէ քաղցր ձայնին ելեւէջներով կը գերէ ունկնդիրը, եւ՝

Հրաժեշտի վերջին պահին
Ես կ՚ափոսամ, որ գնում եմ այս աշխարհից,
Ես կը զղջամ, որ գնում եմ այս աշխարհից,
Կը հեռանամ վշտով անհուն,
Եւ ինչքան էլ ապրած կեանքից յիշեմ քիչ բան,
Խոր կը լինի վիշտս այնքան
Քանզի, աւաղ, փակեցինք մեր սրտերը հուր,
Հուր յաւիտեան,
Հուր յաւիտեան,
Եւ փոխանակ երջանկանանք,
Ունեցանք լոկ վիշտ, ափսոսանք: (Շ. Ա.)

Հրաժեշտ կու տայ աստղ մը, որ երբեք պիտի չմարի:

Հատուածները քաղուած են Շարլ Ազնաւուրի՝ «Ես կեանքում մենակ եմ, ամբողջովին մենակ, չափազանց մենակ» արձակէն: «Գարուն», 1967, թիւ 3, էջ 68-71:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018