ՔՈՐՈՆԱ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓԱԿՈՒՄ, ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

Աշխարհի ամենէն հրատապ հարցը կը մնայ քորոնա ժահրի դէմ պայքարը, որուն ծիրին մէջ պետութիւններ ամբողջական փակումի կ՚ենթարկեն երկիրները: Այս միջոցառումը, անշուշտ իր դրական ազդեցութեան կողքին ունի, անպատեհութիւններ, որոնք պէտք չէ անտեսել: Մտային առողջութիւն ընկերակցութիւնը պատրաստած է զեկոյց մը, որ հրապարակած է իր կայքին մէջ (Մենթըլ Հելթ.օրկ): Թարգմանաբար կը ներկայացնենք ամփոփումը, նոյնպէս՝ «Պի.Պի.Սի.»ի հրապարակած խորհուրդները, այս պայմաններուն մէջ ինչպէս դրական մնալու մասին:

*

ՓԱԿՈՒՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի ընթացքին իրականացուած հանրային առողջութեան ամենէն էական միջոցառումներէն մէկուն՝ երկարաձգուող փակման կ՚ընկերանայ դպրոցներու փակումը: Բազմաթիւ կոչեր կ՚ըլլան հասկնալու երեխաներու եւ երիտասարդներու «արգելափակման» եւ դպրոցներու փակման ազդեցութիւնները անոնց հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ: Այսպիսի ըմբռնումը կ՚օգնէ տեղեկացնելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երեխաներուն եւ երիտասարդներուն լաւագոյնս աջակցիլ, նկատի առնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին փակման միջոցառումները կրնան մեղմանալ: Ապացոյցներու այս ակնարկը նկատի կ՚առնէ հոգեկան առողջութեան փորձառական ուսումնասիրութիւնները՝ փակման հետեւանքներուն եւ համաճարակի, եւ անցեալին առողջութեան կապուած նման աղէտներու ժամանակ:

Նկատի առնուած են ազդեցութիւններու փորձառական ապացոյցը երեք մարզերու մէջ.

1) Ուղղակի ազդեցութիւն՝ երեխաներու եւ երիտասարդներու հոգեկան առողջութեան եւ բարեկեցութեան վրայ,

2) Ազդեցութիւնները ընտանեկան ծիրին մէջ,

3) Ազդեցութիւնները կրթութեան ծիրին մէջ:

Մօտեցում

Ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր ուսումնասիրութիւններու ընդհանուր նկարագիրին վրայ: Ուրեմն, կը ներառուին հիմնական յօդուածներ եւ երկրորդական տուեալներ վերլուծող յօդուածներ, կամ՝ արագ ստուգումներ կատարելու յօդուածներ: Գործածուած են որոնման ցուցական եզրեր, որոնք կը վերաբերին առողջութեան աղէտներուն (օրինակ՝ pandemic, epidemic), ընդհանուր փակման, հոգեկան առողջութեան եւ բարեկեցութեան՝ Web of Science եւ PsychInfo տուեալներու շտեմարանը որոնելու համար: Նոյնպէս նկատի առնուած են համաճարակի ընթացքին ձեռնարկուած հոգեկան առողջութեան ազդեցութեան վերաբերեալ քանի մը լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններու տուեալները:

Արդիւնքներ

Ուղղակի ազդեցութիւնը՝ երեխաներու եւ երիտասարդներու հոգեկան առողջութեան եւ բարեկեցութեան վրայ. այս առընչութեամբ անմիջական ազդեցութեան ապացոյցները կը բացայայտեն տարբեր արդիւնքներ: Որոշ ուսումնասիրութիւններ կը նշեն ընդհանուր փակման ենթարկուած երեխաներու մօտ հոգեկան ցնցումի ախտանիշներու մեծ հաւանականութեան մասին: Ընդհանրապէս ուսումնասիրութիւնները կը մատնանշեն անհանգստութեան, մտահոգութեան եւ մտավախութեան մակարդակի բարձրացումը: Որոշ հաւանական պատճառներ կը ներառեն առանձնութեան զգացողութեան աճ եւ մտավախութիւն՝ դպրոցի եւ ապագայի վերաբերեալ:

Ազդեցութիւններ ընտանեկան ծիրին մէջ. ծնողներու, խնամողներու համար հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան վրայ ազդեցութեան մասին ապացոյցները կը մատնանշեն ընտանեկան պայմանները, ուր փակման փորձը կրնայ յատկապէս դժուար ըլլալ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար: Այս խումբերը կը ներառեն ընտանիքներ, ուր ծնողները, խնամողները հիմնական աշխատողներ են, աւելի երիտասարդ են եւ ունին պատմութիւն՝ հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան վիճակի մասին: Ընդհանրապէս, անապահով եւ բռնութիւններու ենթարկուած ընտանիքներուն վրայ փակումը ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Ազդեցութիւնները կրթութեան ծիրին մէջ. վերատեսութեան ենթարկուած ապացոյցները կ՚ենթադրեն, որ երեխաներու եւ երիտասարդներու մտահոգութիւններէն եւ մտավախութիւններէն շատերը կը վերաբերին դպրոց վերադառնալուն, դպրոցէն բացակայելուն եւ ապագային: Աւելի՛ն. որոշ ապացոյցներ կը վկայեն այն մասին, որ ուսումնական ծրագիրի հետ կապը խզուած է բազմաթիւ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար, ներառեալ անոնց, որոնք չունին բաւարար թուային մատչելիութիւն, ֆիզիքական տարածք եւ այլ աղբիւրներ՝ իրենց ուսումը շարունակելու:

Եզրակացութիւն

Ապացոյցներու այս ակնարկը օգնած է ընդհանրացնել, նշել որոշ մարտահրաւէրներ, որոնց բախած են երեխաները եւ երիտասարդները՝ իրենց մտային առողջութեան կապուած:

Աջակցութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ անոնց, որոնց համար փակումը յատկապէս դժուար եղած է: Աւելի՛ն. երեխաները եւ երիտասարդները կրնան օգտուիլ իրենց տարեկիցներուն հետ փակման փորձառութիւնը հաստատելու կարելիութենէն եւ պէտք է շարունակեն յստակ հաղորդակցիլ՝ արտայայտուելով համաճարակի եւ դպրոց վերադառնալու մասին: Նկատի առնելով համաճարակի յառաջացող բնոյթը՝ ուսումնասիրութիւնը պէտք է շարունակէ երկարատեւ հետեւիլ հոգեկան առողջութեան հետեւանքներուն ոչ միայն երեխաներու եւ երիտասարդներու վրայ, այլեւ ազդեցութիւններուն՝ ընտանեկան եւ կրթութեան ծիրին մէջ: Ուսումնասիրութիւնները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն երեխաներու եւ երիտասարդներու համար մշակուած աջակցութեան արդիւնաւէտութեան գնահատման:

ՀԻՆԳ ՄԻՋՈՑՆԵՐ՝ ՓԱԿՈՒՄԻ ԱՏԵՆ ԴՐԱԿԱՆ ՄՆԱԼՈՒ

Վերջին քանի մը ամիսները սարսափելի էին բազմաթիւ մարդոց համար: Միլիոնաւոր մարդիկ ընկճուած, ճնշուած եւ տանջուած էին դրամական դժուարութիւններու, աշխատատեղիներու կորուստի եւ մեկուսացման պատճառով:

Այժմ նման սահմանափակումները կ՚աւելցնեն մռայլութիւնը ձմրան: Եղանակ, որ շատերու համար կրնայ դժուար ըլլալ նոյնիսկ բնական ժամանակներու մէջ:

Բայց հոգեկան առողջութեան հեղինակաւոր մասնագէտները կ՚ըսեն, որ կան բաներ, որոնք շատեր կրնան ընել իրենց տրամադրութիւնը եւ կորովը բարձրացնելու համար:

Ահաւասիկ՝ մասնագէտներու քանի մը խորհուրդներ.

Շարժեցէք

Ձմրան տունէն դուրս մարզանք ընելը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց գրեթէ բոլոր մասնագէտները համաձայն են, որ մարզանքը ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու շատ լաւ միջոց է: «Մեր միտքն ու մարմինը ամբողջովին անբաժան են», կ՚ըսէ տքթ. Պրենտըն Սթապս՝ Լոնտոնի Քինկզ համալսարանէն:

Մարզանքը կը խթանէ էնտորֆիններու արտանետումը արեան մէջ՝ մեղմելով ցաւը եւ յառաջացնելով հանգստութեան զգացում: Սթապսի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ մարզանքը նոյնպէս կը մեծցնէ ելեկտրական գործունէութիւնը ուղեղի զանազան հատուածներուն մէջ:

«Շատ կարեւոր է գործուն մնալ ձեր մտային առողջութիւնը բարելաւելու եւ ձեր ուղեղը խթանելու համար: Եթէ դուք մարզանք չէք ըներ, ձեր աշխուժութիւնը շատ կը նուազի: Ատիկա է պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ մարզանքի պակասը կը մեծցնէ անհանգստութեան եւ ընկճուածութեան վտանգը», կ՚ըսէ Պրենտըն Սթապս:

«Մարզանքը ուղեղը առողջ կը պահէ: Դուք կրնաք ատիկա նկատել որպէս ուղեղի պարարտանիւթի տեսակ մը, որ կ՚օգնէ ձեր ուղեղի մասերուն վերականգնիլ: Նոյնիսկ կարճատեւ մարզանքները՝ միայն 10 վայրկեան, կրնան օգնել: Ամէն բան, որ ձեզ քիչ մը շնչահեղձ կ՚ընէ, ինչպէս արագ քալելը, շատ օգտակար են», կ՚ըսէ ան:

Դադրեցուցէք աւելորդ մտածելը

Օքսֆորտ համալսարանէն հոգեբան, փրոֆ. Ճենիֆըր Ուայլտ կ՚ըսէ, որ աւելորդ մտածելը դադրեցնելու համար օգտակար սովորութիւններ ունենալը ամենէն լաւ բաներէն մէկն է: Ան ատիկա կ՚անուանէ՝ «Գլուխէն դուրս գալ»:

Մարդիկ յաճախ կանգ կ՚առնեն խնդիրներու վրայ՝ անընդհատ յիշելով նոյն բացասական միտքերը: Փրոֆ. Ուայլտ քանի մը պարզ առաջարկներ ունի այդ մէկը կասեցնելու: «Եթէ դուք խնդիրով մը 30 վայրկեան եւ աւելի կը մտահոգուիք՝ առանց գործողութիւններու ծրագիր գտնելու, կամ՝ նոյն հարցումները ձեր միտքին մէջ կը մնան առանց պատասխաններու, ժամանակն է դադրեցնել», կ՚ըսէ ան:

Հիմնականը ձեր ուշադրութիւնը հոգերէն տեղափոխելը եւ խնդիրներու գործնական լուծումն է: Ուրեմն կեցէք եւ դուք ձեզի հարցուցէք, թէ ի՛նչ քայլեր կրնաք ձեռնարկել խնդրի լուծման համար: Անշուշտ դիւրին չէ դադրեցնել խնդիրներու վրայ երկար մտածելը: Ոմանք խորհուրդ կու տան ֆիզիքական գործունէութիւն՝ օգնելու ձեզի հեռացնել ձեր մտատանջութիւնը: Ամէն պարագայի ատիկա որոշ վարժանքներ կը պահանջէ:

Մտահոգուիլը շատ բնական է, բայց մեր բազմաթիւ հոգերը երբեք չեն իրականանար: Մտահոգութեամբ տառապող հիւանդներու մասին ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, որ 10-էն միայն մէկ մտահոգութիւնը իսկական խնդիր է: Բացատրութիւններէն մէկը մեր եղափոխութեան ձեւն է, որ մեզի ստիպեց խստօրէն համակերպիլ բացասականութեան եւ վտանգին՝ որպէս պաշտպանութիւն սպառնալիքներէ, որոնք յանգեցուցին մահուան կամ լուրջ վնասուածքներու:

«Վտանգը չափազանց կանոնի վերածուած է մեր ուղեղին մէջ», կ՚ըսէ փրոֆ. Ուայլտ: «Դուք կրնաք շատ աւելի հանգիստ զգալ, եթէ ճանչնաք, որ չափազանց շատ կը մտածէք, կանգ առէք եւ կեդրոնացէք փաստերու վրայ», կ՚աւելցնէ ան:

Նոր թիրախ սահմանեցէք

«Նոր նպատակ կամ թիրախ սահմանելը իսկապէս կրնայ օգտակար ըլլալ», կ՚ըսէ հոգեբոյժ Տին Պառնեթ: Ան կ՚աւելցնէ. «Ատիկա կրնայ ըլլալ մեծ նախագիծ մը, կամ փոքր բան մը: Եթէ մեծ գաղափարները չափազանց շատ են, սկսեցէք փոքրէն:

Հարցը այն է, որ եթէ ատիկա կը գտնուի ձեր հանգստաւէտութեան գօտիէն դուրս եւ ձեզ յառաջ կը մղէ, ձեզի կու տայ կեդրոնացում եւ վերահսկողութեան զգացում: Շատերու համար այդ մէկը չափազանց օգտակար է հոգեկան վիճակին: «Նորոյթը արմատապէս հատուցող է», կ՚ըսէ Պառնեթ:

Զրուցեցէք

Քորոնան աւելի դժուարացուցած է անձամբ ուրիշներու հետ ըլլալը, իսկ ձմեռը կրնայ աւելի դժուարացնել: Այս իրողութիւնը միլիոնաւոր մարդոց համար մեծ խնդիր է, իսկ ոմանց համար հոգեկան առողջութեան հետեւանքները լուրջ կ՚ըլլան: Այնպէս որ, լաւ գաղափար է առաւելագոյնի հասցնել հասարակական քիչ հաղորդակցութիւնները:

«Մենք իրականութեան մէջ նախագծուած չենք ինքնուրոյն ըլլալու համար», կ՚ըսէ փրոֆ. Էմերիթա Էլիզապէթ Քիւփերս, Լոնտոնի Քինզ քոլէճէն: «Մենք հասարակական ուղղուածութիւն ունինք: Հասարակական հաղորդակցութիւններէն մենք մեզ աւելի լաւ կը զգանք»: Լաւ գաղափար է, երբ կրնաս խօսիլ խնդիրներու մասին, բայց կարեւորն այն է, թէ ինչպէ՛ս ատիկա կը կատարուի:

Խնդիրներու մասին կրկին ու կրկին մտածելը, պարզապէս փորձելը, թէ որքա՛ն սարսափելի կը զգաք, կրնայ ընդհանրապէս չօգնել: Մէկու մը հետ խնդիրներու մասին զրուցելը կ՚օգնէ ձեզի՝ զանոնք այլ շրջանակ անցընել, եւ ատիկա կրնայ շատ աւելի օգտակար ըլլալ», կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ. «Աւելի հաւանական է, որ մեկուսացած մարդիկ կեդրոնանան իրենք իրենց վրայ, եւ ասիկա կրնայ վիճակը վատթարացնել: Ուրեմն հաղորդակցեցէք, երբ կրնաք, եւ եթէ քորոնայի պատճառով դուք այդ մէկը անձամբ չէք կրնար ընել, հեռաձայնային այդ հաղորդակցութիւնը կատարեցէք ընկերոջ մը հետ, կամ պայմանաւորուեցէք առցանց խօսիլ»:

Վատ կերպով ըրէ

«Լաւատեսները աւելի երկար կ՚ապրին, ունին աւելի լաւ յարաբերութիւններ եւ աւելի լաւ դիմադրողականութիւն, ախտամերժ համակարգեր», կ՚ըսէ Օլիվիա Ռեմես, Քէյմպրիճի համալսարանէն:

Լաւ նորութիւնը այն է, որ դուք կրնաք լաւատեսութիւն զարգացնել. ներքին զգացողութիւն, որ կրնաք փոփոխութիւն մտցնել ձեր կեանքին մէջ, եւ թէ՝ ամէն բան ձեր վերահսկողութենէն դուրս չէ: Ինչպէ՞ս: Անոր թիւ մէկ խորհուրդը «Վատ կերպով ըրէ» սկզբունքն է:

Այլ խօսքով, մի՛ սպասէք՝ կատարեալ գործերը կատարել ճիշդ ժամանակին, ճիշդ օրը: Ասիկա նոյնիսկ աւելի կարեւոր է ձմրան, երբ մռայլ եղանակը կրնայ ստիպել ձեզի՝ երկու անգամ մտածել բան մը ընելու մասին:

«Քննադատութեան մեր ներքին ձայնը անընդհատ կը խանգարէ մեզ՝ արժանի բաներ ընել: Անմիջապէս գործի անցէք: Ըրէք գործեր եւ ընդունեցէք, որ անոնք ի սկզբանէ կրնան վատ կատարուիլ: Երբ այդպէս վարուիք, իրականութեան մէջ ընդհանրապէս այնքան ալ վատ չեն ըլլար, եւ միշտ անոնք աւելի լաւ են, քան՝ ոչինչ ընելը: Այս ճիգը պիտի հրահրէ ձեր ուղեղի ձախ կողմը, որ կ՚առընչուի դրականութեան», կ՚ըսէ ան:

Օլիվիայի միւս խորհուրդները կը ներառեն ամէն օր գրել երեք բան, որոնց համար երախտապարտ էք, ստիպել դուք ձեզի՝ կեդրոնանալ այն բոլորին վրայ, որոնք լաւ անցած են եւ՝ ինչո՞ւ:

«Զգացումները վարակիչ են. այնպէս որ, եթէ կրնաս, բացասական, անընդհատ բողոքող մարդոցմէ մեղմօրէն հեռացիր, որովհետեւ դուն նոյնպէս կը դառնաս այդ մարդոցմէ մէկը», կ՚ըսէ ան:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021