ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՆՈՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ

Գիւտ մը ըրած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ որ քանի մը շաբաթներէ ի վեր, հայրենի մեր աշխարհը ու յատկապէս իր հզօր բանակն ու երիտասարդ բանակայինները դարձած են աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը: Յուզիչ եւ նոյնքան ալ հպարտալի: Իսկ մեր կարգին, այս խապրիկին հետ, իբրեւ սփիւռքահայեր, ինչպէս միշտ, մեր մտահոգ ակնարկները կեդրոնացուցինք Երեւանի գլխաւոր փողոցներուն մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան նոր ծրագիրներուն եւ ուսումնական ծրագրում-առաջարկներուն շուրջ ստեղծուած ցոյցերուն, վէճերուն եւ տարակարծութիւններուն վրայ: Ապա լաւատեղեակ եղանք, թէ ստեղծուած «աղմուկը, կոնկրետ հայ գրականութեան առարկայի ու նաեւ հայոց լեզուի մասին էր»: Ուստի ինքնաբերաբար մեր հետաքրքրութիւնները խառնեցինք մեր մտմտուքներուն, որովհետեւ կը հաւատայինք, որ այդ բոլորը, միւս «բոլոր» բազմաթիւ եւ բազմաշեշտ հարցերու նման, մեզի համար ալ հարազատ էին եւ սփիւռքը անմասն կամ ձեռնածալ չէր կրնար մնալ:

Բայց չկարծուի, որ ինչպէս յաճախ եւ կամ մինչեւ հիմա, եթէ երբեմն չենք խօսած, կամ ալ լռակեաց մնալով հետեւած ենք հայրենի ամէն տեսակի բազմազան հարցերուն եւ տագնապներուն…«բան» չենք հասկնար, կամ ալ «ատակ» չենք նման հարցերու արծարծման, քննարկման եւ կամ լուծման: Քաւ լիցի: Երբե՛ք: Սակայն այս, ուրիշ «թեմա» է:

Յառաջաբանս չեմ ուզեր աւելի երկարել: Ուստի միտքս պարզեմ:

Ինչպէս որ նշեցի, հայրենիքի քաղաքական հարցերէն զատ, ներկայի անոր ուսումնական նոր ծրագիրներու պատրաստութեան շուրջ ստեղծուած աղմուկը, իսկապէս մեզ ալ մեծապէս մտահոգած է: Մենք ալ հայ ենք եւ համեստօրէն ըսեմ, որ մենք ալ մեր կարգին, կրթական մարզերէն ներս տարիներու փորձառութիւնները շալկած ենք, սիրով եւ ճակատաբաց: Մենք ալ կրթական մշակներ եղած ենք եւ ենք, եւ այս ու հայրենի նման բոլոր ուսումնական մտահոգութիւնները նաեւ կը պատկանին մեզի ու բոլորիս: Ու հիմա որ նոր Հայաստան ունինք, հարազատօրէն ըսենք, որ վերջ ի վերջոյ, չէ՞ որ դասանիւթ-դասագիրք, լեզու, գիր ու գրականութիւն եւ ուսումնական ծրագիր, բոլորն ալ բոլորիս համար նոր եւ զարգացած Հայաստան մը կերտելու համար է:

Իսկ եթէ շատերը տեղեակ չեն նաեւ աւելին ըսեմ, որ հայ սփիւռքներու տարածքին, այսինքն մեր մօտ ալ, հայ մանկավարժութիւնը երկար տարիներու հարուստ պատմութիւն ունի եւ ունեցած է:

Միւս կողմէ սակայն, ինծի համար իւրաքանչիւր ուսումնական տասնամեակի մը աւարտին, միշտ էական եւ կենսական նկատած եմ բոլոր տարիքներու հայերէն նոր դասագիրքերու պատրաստութիւնը: Նորը: Անոր համար, այս տողերովս հայերէն նոր դասագիրք պատրաստելու ձեւին, կարգ մը կէտերուն վրայ էութեամբ լոյս եւ օգտակար կարծիք կ՚ուզեմ սփռել եւ փոխանցել, հաւատալով, որ նման հարցերու լուծման համար միշտ լաւատեսութեան «զեփիւռներ» պիտի ըլլան, անշուշտ եթէ բոլորս ալ ունենանք լայնախոհութիւնն ու հարցերուն լրջամիտ մօտեցումը: Նորէն…Դուք գիտէ՛ք:

Ըսեմ նաեւ, որ կը հաւատամ, թէ ամէն երկրի մէջ, դասագիրքը կ՚ապահովէ եւ կամ պէտք է որ ապահովէ, իր դպրոցականներուն համակողմանի ու ներդաշնակ զարգացումը: Իսկ մեր պարագային եւ ճիշդ այս հոլովոյթին մէջ, չմոռնանք, որ շատ կարեւոր է հայոց լեզուի դերը, որովհետեւ ան հայ դպրոցականին մտածողութեան հիմնական միջոցը նկատած ենք՝ գիտակից եւ հպարտօրէն:

Դասագիրք ըսի: Աւելի որոշակի՝ հայերէն դասագիրք: Սակայն ի՞նչ է հայերէն դասագիրքը: Թերեւս շատեր ինձմէ աւելի լաւ գիտեն անոր իմաստն ու «գաղտնիքը»: Սակայն յաճախ նման վերյիշումներ տեղին եւ արդիւնաւէտ ալ նկատած ենք: Նախ յիշեմ, որ մեծ ու փոքր իմ ուսուցիչներէս այս առթիւ լսած եւ սորված եմ, թէ.- «Հայերէն դասագիրք ըսուածը, սերունդներուն ազգակերտ շաղախը պատրաստող լաւագոյն գիրքն է եւ որ ունի իր կարեւոր երեւոյթը, մեր մշակութային կեանքին մէջ»:

Ուրեմն այս հաշուով, հայերէն դասագիրքը մեզի համար ունի եւ միշտ ունեցած է իր յստակ եւ յատուկ առաքելութիւնը, եւ զայն նկատած ենք իբրեւ հիմնական գործօն՝ հայօրէ՛ն մտածելու եւ հայօրէ՛ն գոյատեւելու:

Ստուգելու համար այս գաղափարները, մէյ մը աչք նետելու էք սփիւռքեան մեր բոլոր դասագիրքերուն վրայ, որոնք տարիներով մեր մանուկ եւ պատանի միտքերն ու հոգիները մշակած են: Այդ ժամանակ եւ անպայման պիտի հաստատէ՛ք ճշմարտութիւնը այս տողերուս:

Բայց, ըսեմ, որ այնքան ալ դիւրին «բան» չէ դասագիրք մը պատրաստելը: Որովհետեւ անոր հեղինակը նախ եւ առաջ պէտք է ունենայ ստեղծագործական ազատ միտք եւ լաւապէս տիրացած ըլլայ մեր լեզուի ու մանկավարժական եւ յատկապէս արդիական նոր ձեռքբերումներուն:

Հեղինակին համար առաջնահերթ է տեղեակ ըլլալ հայ գիրքով, հայ աշակերտին կեանքը ծաղկեցնելու գաղտնիքը: Ուրեմն, հայերէն դասագիրքը իր կառուցուածքով, բառերու բացատրութեամբ, քերականական եւ ուղղագրական կանոններով, նիւթերու շարադրանքներով, հին ու նոր բանաստեղծութիւններով եւ բանաստեղծներու կենսագրական գիծերով, ինչպէս նաեւ դասերու շուրջ հարցումներու որդեգրումներով եւ պահանջքներով, պայման է որ ապահովէ աշակերտին մտային զարգացումը:

Բայց, դժբախտաբար տեսանելի է, թէ դասագիրքէն եկող ծանօթութիւններ ընկալող աշակերտը, այսօրուայ նոր եւ արդիական «թէքնիքներուն» եւ զանազան այլ ազդեցութիւններուն ենթակայ է, եւ որ յաճախ ալ հետաքրքրուած չէ հայկականով։ Այսօր եւ ամէն տեղ, մեր նոր սերունդի մօտ առկայ են տարբեր հետաքրքրութիւններն ու ճաշակը: Անոր համար ներկայիս անմիջական կարիքը ունինք նոր մօտեցումով, նոր ոճով եւ մատուցման նոր եղանակով պատրաստուած հայերէն դասագիրքերու, յատկապէս ազգային, հայրենասիրական եւ բարոյականութեան չափանիշներու եւ սկզբունքներու նոր բովանդակութեամբ:

Ինծի համար տեսակ մը յստակ օրէնք է, որ հայերէն դասագիրքին մէջ խստօրէն յարգուած ըլլան մեր լեզուի մաքրութեան կողքին, իր պարզ ու մատչելի ոճը, տրամաբանական դատողութեամբ եւ եզրակացութիւններով: Ամէն տարիքի համեմատ յուշեր եւ ազգային եւ տեղական ապրումներ, խանդավառող նիւթեր, մեր անմիջական կեանքէն, բարքերէն եւ կենցաղէն դրական պատկերներ պէտք է բովանդակեն զայն: Դասագիրքը ոչ միայն էական է, որ ունենայ գիտելիքներու հաղորդման նիւթեր, այլ նաեւ այդ գիտելիքներու ներկայացումը դասագիրքին մէջ իրականացուի այնպիսի նիւթերով, որ աշակերտները ո՛չ միայն սորվին իրենց մայրենին, այլեւ իրենց մէջ ձեւաւորուին հայեցի դիմագիծը, հոգին ու միտքը՝ հաւասարապէս:

Ահա այս միջոցով է, որ աշակերտի միտքն ու հոգին ներդաշնակ զարգացում կը ստանան:

Հայերէն լաւ դասագիրքը, նկատած ենք հայ աշակերտի կեանքի յաջողութեան գրաւականը: Լաւ քաղաքացի, լաւ զինուոր եւ հայրենասէր մարդ պատրաստող լծակ:

Այս բոլորի յաջողութեան համար, դասագիրքի բովանդակած նիւթերն ու դասաւանդուած նիւթին տիրապետող ուսուցիչը շատ կարեւոր է, դպրոցի պատասխանատուին, տնօրէնին ու աշակերտներու եւ մանաւանդ անոնց ծնողներու գիտակցութեան ու հետաքրքրութեան կողքին: Հաւատացած ենք, որ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող ուսուցիչը նաեւ կոչուած է հայ ըլլալու, հայօրէն մտածելու, հայօրէն պայքարելու ու տագնապելու ոգին փոխանցել հայ աշակերտին, ստեղծելով յարմար մթնոլորտով հայու ոգի, իր դասարանէն ներս։

Բայց չմոռնանք, որ հայեցի դաստիարակութիւնը միայն դասագիրքով չի կատարուիր։ Դասագիրքէն առաջ եւ անդին դասարանային մթնոլորտն ու ոգին անհրաժեշտ են։

Ըսէ՛ք խնդրեմ, ի՞նչ կ՚արժէ տեղեկութիւն ունենալ հայութեան մասին, երբ ոգին բացակայ է:

Այո՛, էական է, որ մեր սերունդները զարգանան գիտութեան ճամբով, եւ սակայն նաեւ էական է, որ անոնց միտքը բարգաւաճի հայեցի շունչով, հայ ուսուցիչին մատուցած ջերմ սիրով եւ գուրգուրանքով: Որովհետեւ, ո՛ւր որ հայութիւն կայ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքներու տարածքներուն, մե՛ր լեզուն, մե՛ր մշակոյթը եւ մե՛ր պատմութիւնն է, որ մե՛ր ազգը յաւիտեան պիտի պահէ:

Հայերէն դասագիրք պատրաստելու համար, լուրջ ծրագրումով, իսկական համախորհուրդ աշխատանքով եւ առանց պատահականութեան ճիրաններուն նետելու, ժամը հասած է:

Այս ծրագրին համար, ազգային առողջ արժէքները նախաձեռնող անձերու կարիքը ունինք: Եթէ կ՚ուզէք, մտածող միտքերու, լեզուի մասնագէտներու, փորձառու կրթական մշակներու, պարկեշտ մօտեցումով լեզուի ղեկն ու անոր դերակատարութիւնը ստանձնող ատակ լեզուագէտներու, որոնք օգտուելով հայոց պատմութեան նիւթերէն, հայ գրականութեան մեծ ու փոքր ակօսներու մէջ հին ու նոր վար ու ցան ընող տիտաններէն եւ անոնց ստեղծագործութիւններէն, հայրենասիրութեամբ եւ ազգային ոգիով կենսունակ պիտի պահեն նոր սերունդի մտքի զարգացումը:

Այլ խօսքով՝ ամէն տեղ նոր եւ արդիական հայերէն դասագիրքեր պատրաստելու համար անհրաժեշտ են ազգային արժէքներու մասին մտածուած, աննախապաշար, քարոզազերծ, անշահախնդիր, գիտակից, արժանապատիւ համամարդկային ընտանիքէն ներս ինքզինք գիտութեան շտեմարանի վերածող միտքերու տէր անձերու:

Իսկ վերջին՝ կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, որ ե՛ւ ապագայի, ե՛ւ փայլուն Հայաստանի, ե՛ւ աշխարհասփիւռ հայ նոր սերունդին համար, հայերէնի դասաւանդման կարեւոր պահանջքն է օրուան շունչին հետ քայլ պահող մայրենիի դասագիրքը, մանկավարժական նոր մօտեցումներով, կրթական մակարդակը բարձր պահող արժէքներով, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու նախաձեռնութեան սատարող նիւթերով եւ հայ ու օտար գրականութեան արձակ կամ տաղաչափ ընտիր նմոյշներով, յատկապէս հայ աշակերտը չզրկելով հայ գրականութիւն ստեղծող (Արեւելահայ թէ Արեւմտահայ) մեծերու միտքերէն եւ ստեղծագործութիւններէն եւ անոնց գրիչներէն բխող ոգիէն՝ միաժամանակ քայլ պահելով համաշխարհային քաղաքակրթութեան հետ:

Մնացեալը՝ դո՛ւք գիտէք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020