ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ ԿԱՄ ՄԵԾԱՊԷՍ ՎՆԱՍՈՒՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Լիբանանը եւ նոյնիսկ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը ցնցած ահաւոր պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Երկիրը կը փորձէ կամաց-կամաց դուրս գալ իր վիրաւոր վիճակէն ու հաշուառել, կշռել, ի մի բերել առկայ վնասներուն ընդհանուր պատկերը։ Մարդասիրական մեծ քայլեր կը կատարուին. շրջանային եւ միջազգային հարթակի բազմաթիւ կարեւոր ներկայացուցիչ-տէրութիւններ լծուած են մեղուաջան աշխատանքի, հասնելու համար աղէտահար Լիբանանի մեծ կարիքներուն։ Այս առումով ամենէն ուշագրաւը անշուշտ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի Պէյրութ տուած այցելութիւնն է, որ իր մէջ կը պարունակէ շատ կարեւոր եւ «բաց ուղերձներ»։ Մաքրոն, որ հինգշաբթի օր Պէյրութ կը ժամանէր, հանդիպում կ՚ունենար քաղաքական իշխանութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն հետ եւ առանց վարանումի կը խօսէր Լիբանանի համար անհրաժեշտ ու կենսական բարեփոխումներու իրականացման մասին։ Մաքրոն նաեւ կարկինը լայն կը բանար եւ կը վերահաստատէր Ֆրանսայի կամքն ու հետեւողականութիւնը, նեցուկ կանգնելու համար աղէտահար Լիբանանին։

Բազմաթիւ վերլուծաբաններ Մաքրոնի այս այցը (իր ժամկէտով եւ բնոյթով) կը համարեն Ֆրանսայի մեծ վերադարձը դէպի Լիբանան, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Ֆրանսան այսօրուան պատկերով կը համարուի Լիբանանի բոլոր կողմերէն ընդունելի։

Նոր չեն անշուշտ Ֆրանսա-Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւնները, սակայն վերջին տարիներուն զանազան ազդակներու բերումով Ֆրանսան գրեթէ դուրս մղուած էր Լիբանանի ընդհանուր տեսադաշտէն ու շատ հաւանական է, որ Մաքրոն այս այցելութիւնով պիտի փորձէ այդ դերին վերստանձնումը հաստատել։

Այլ խօսք եւ այլ դիտարկում, թէ պաշտօնական Փարիզ որքանով կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ, սակայն յստակ է, որ թէ՛ շրջանային եւ թէ միջազգային մակարդակի վրայ Մաքրոնի կողմէ հնչեցուած ուղերձները ու մանաւանդ փակ դռներու ետին անոր կողմէ լսելի դարձած դիտարկումները՝ Լիբանանին նոր յոյս մը, նոր երակ մը կու տան մտածելու համար, թէ ի վերջոյ ինք օտարուած չէ միջազգային հանրութենէն, պաշարման տակ չէ, նաեւ որբ ու առանձին մնացած երկիր մը չէ...։

Վերադառնալով մեծ պայթումի խնդրին, ապա մինչեւ այս գրութեան պատրաստուիլը պարզ է, որ ոչ մէկ կողմ ու յատկապէս Լիբանանի կառավարութիւնը յստակ եւ ամբողջական պատկերացում մը չունի պատահարին վերաբերեալ։

Կան մեծ թիւով վարկածներ, որոնց հիմնական մօտեցումն է, թէ պայթումը տեղի ունեցած է հրթիռներու հետեւանքով, սակայն յստակ եւ «օրինական» փաստերու կարիքն ունի։

Օրինական ըսելով պէտք է հասկնալ միջազգային բարձր վարկանիշով եւ ապահովական գործերու մէջ մասնագիտացած վերլուծաբաններու կարծիքը, որ կրնայ դառնալ նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի նման երկիրներու պաշտօնական տեսակէտը։

Առանց միջագային հետաքննութեան անհնար է այս հարցի ամբողջական պատկերը ունենալ, մանաւանդ որ այդ կարիքին մասին խօսած են (այսինքն միջազգային հետաքննութիւն կատարելու) Լիբանանի ընդդիմադիր շրջանակներ։

Այս պատահարէն վերջ նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքական կողմերը զուրկ են փոխվստահութեան այդքան կենսական ընկալումէն, հետեւաբար երկիրը կրնայ շարունակական վնասներ կրել, մանաւանդ որ պայթումը ունի հեռուէն երեւցող քաղաքական լուրջ հարցադրումներ, ինչպէս նաեւ ունի քաղաքական համարկումներ կատարելու լուրջ եւ ծանր բովանդակութիւն։

Ամէն պարագայի վերջին օրերուն Լիբանանի զարգացումներուն վերաբերեալ Հայաստանի «Փոլիթիք» կայքը ուշագրաւ հարցազրոյց (հարցազրոյցը վարած է լրագրող՝ Պորիս Մուրազին) մը կատարած է Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի նախկին աշխատակից, լիբանանահայ Աւօ Զարմէնեանին հետ: Տրուած ըլլալով , որ Զարմէնեան իրողութեան ականատես եղած անձնաւորութիւն մըն է, հետեւաբար դէպքին մասին անոր պատմածները կը ստանան յաւելեալ իմաստ եւ կը հանդիսանան Լիբանանի մեծ պայթումին մասին տեղեկութիւն իմանալ ուզող հանրութեան համար կարեւոր սկզբնաղբիւր։

*

-Յայտնի տուեալներ կա՞ն, թէ հայ համայնքը ինչպիսի՞ կորուստներ ունի՝ զոհերու տեսքով, եւ քանի՞ վիրաւոր կայ հայ համայնքէն եւ ընդհանուր միւս բանկիչներէն:

-Վիրաւորներու պարագային տակաւին յստակ թիւ մը չկայ, նախնական տուեալներով կան վեց հայ նահատակներ (Նշեմ, որ հայ նահատակներու թիւը բարձրացաւ եւ հասաւ 11-ի)։ Ընդհանուր առմամբ շատ բարդ է զոհերու վերջնական թիւը տալը, որովհետեւ կան մարդիկ, որոնց հետքն անգամ գտանելի չէ։ Իսկ կառուցային իմաստով, կան հայկական հսկայ հաստատութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ քանդուած են։

-Լրատուութեան մը համաձայն՝ 200-250 հազար մարդիկ անտուն մնացած են, այս պահուն կա՞ն տուեալներ, թէ հայ համայնքէն քանի՞ մարդ անտուն մնացած է, քանի որ այդ պայթումը հայկական Պուրճ Համուտ թաղամասին մօտիկ էր:

-Հայահոծ Պուրճ Համուտի պարագային անտուն մնացած հայորդիներ չունինք։ Պուրճ Համուտի կից կայ կամուրջ մը, որ Պէյրութը կը բաժնէ, որուն մօտէն ալ գետ մը կ՚անցնի, ատկէ անդին կան բնակարաններ, որոնք քանդուած են: Պուրճ Համուտը, եթէ օդային հեռաւորութեամբ պիտի ըսեմ, հազիւ 3 մղոն հեռաւորութեան վրայ է նաւահանգիստէն, բայց Մար Մըխայէլի շրջանը, որ աւելի մօտ է նաւահանգիստին, հոն կան ամբողջութեամբ քանդուած բնակարաններ, բայց տակաւին յստակ տուեալներ չկան, թէ այնտեղ տուժածներուն իրական թիւը ինչ է։

-Իսկ իշխանութիւններու, յատուկ ծառայութիւններու, ընդհանրապէս պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, ովքե՞ր են պատասխանատուները, այս պայթումը պատահաբար եղա՞ւ, թէ՞ թիրախաւորուած հարուած էր, որովհետեւ հոս տարբեր վարկածներ կը շրջանառուին:

-Մենք պատերազմի սերունդ ենք, մեր ականջէն բան չի փախիր, ռումբին տեսակը օդէն գիտենք, թէ ինչ տեսակի է... Իմ ունեցած վերջին տուեալներով՝ դէպքի շրջանին մէջ օդանաւ մը կար, եւ բաւական մօտ էր...։ Եղան զոյգ պայթումներ, որոնցմէ ետք Իսրայէլ ստանձնեց հարուածները, եւ այստեղ զարմանալին այն է, որ այդ ստանձնումէն մի քանի վայրկեան վերջ եղած յայտարարութիւնը հերքուեցաւ...։ Իսրայէլ յայտարարեց, որ իրենք կապ չունին արարքին հետ։ Այս բոլորէն անդին սակայն տեղ մը, թաքնուած բան մը կայ։ Անկարելի է պայթումը միայն «ամոնիաք» նիւթի առկայութեան վերագրելը, ինչ որ պարզապէս միամտութիւն է։ Մինչեւ այս պահը ոչ ոք յայտարարեց կամ ըսաւ, թէ դէպքի պահուն Պէյրութի երկինքին վրայ օդանաւներ կային, սակայն այդ բոլորը փաստուած է՝ նկարներով եւ վիտէոներով։ Ի վերջոյ երկու կողմէն թաքնուած բաներ կան, հակառակ ուժեր են, բայց միացեալ շահ մը կայ եւ այդ բոլորին դիմաց կը շարունակեն լուռ մնալ։ Վերջաւորութեան ժողովուրդն է տուժողը:

-Հայաստանէն ի՞նչ աջակցութեան ակնկալիք ունի համայնքը եւ դուք ինչպէ՞ս ճիշդ կը համարէիք, որ Հայաստանը արձագանգէր պատահարին:

-Ըստ իս, տարիներու փորձառութեանս համաձայն, ղեկավարութիւն մը կ՚ուզենք, որ ամբողջ հայութիւնը հաւաքէ, ոչ թէ բաժնէ իրարմէ: Ես հակափաշինեանական չեմ, բայց Փաշինեան սիրող ալ չեմ, ըսեմ, պարկեշտ ըլլամ: Յստակ ըսեմ, որ սեւ ճերմակի հարց պէտք չէ ըլլայ, հայը հայ է, այլեւս կը բաւէ զիրար փետտենք, սփիւռք կամ հայրենիք՝ իրարու պէտք ունինք, բայց այս իրավիճակին մէջ, Լիբանանի կամ արաբական երկիրներու մէջ մենք կը հիւծինք, յստակ ծրագիր պէտք է համախմբելու բոլորը, իսկ համախմբելը ղեկավար կ՚ուզէ։ Ղեկավար ըլլալ չի նշանակեր, որ իր անձնական հաշիւներէն պէտք է մեկնի, այլ միմիայն հայկական շահերէն։

-Այս պահուն արձագանգ եղա՞ծ է Հայաստանէն որեւէ աջակցութեան կամ նման այլ հետաքրքրութեան:

-Անկեղծ ըսած, տակաւին բան մը չզգացինք գետնի վրայ, պետական մակարդակի վրայ, բայց ունիմ ֆէյսպուքեան ընկերներ, որոնց հետ նոյնիսկ ծանօթութիւն չունիմ, հսկայական էր թիւը անոնց, որոնք զանգեցին, հարցուցին, թէ՝ ի՞նչ է մեր վիճակը։ Կը զգամ, որ ժողովուրդը մտահոգ է լիբանանահայութեամբ: Այսինքն այս մէկը հայը հայուն մօտ ըլլալու ապացոյցն է, բայց կարեւորը համախմբելն է, հզօր Հայաստան կազմելն է: Այս չարիքը կրնանք բարիքի վերածել եւ այդ է իրականութիւնը:

-Աւելցնելու որեւէ բան ունի՞ք, որեւէ ուղերձ ունի՞ք հայաստանցիներուն, իշխանութիւններուն փոխանցելու:

-Քիչ առաջ մատնանշում ըրի, որ իսկապէս ղեկավարութիւն մը կ՚ուզենք, որ հայերը համախմբէ, հզօր Հայաստան մը կազմելու համար: Այսինքն, Լիբանանը որ այս իրավիճակին մէջ է, կրնանք արագօրէն ծրագիր մը մշակել եւ գործի անցնիլ։ Սփիւռքի նախարարութիւն ունէինք, այդ ալ ջնջեցին, ի վերջոյ ո՞վ պիտի զբաղի սփիւռքահայութեան հարցերով...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020