ՖԼՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ. ՀԱՅ ԵՐԳԻ ԴԻՒԹԱԿԱՆ՝ ՈԳԵՇՈ՛ՒՆՉ «ԴԻՑՈՒՀԻ»Ն

Փետրուար 5-ին կը նշենք ծնունդը հայ երգի անմոռանալի, անկրկնելիօրէն դիւթական ու ոգեշունչ «դիցուհի»ին՝ Ֆլորա Մարտիրոսեանի (1957-2012)։

Հայ երգի անզուգական վարպետներու փաղանգին մէջ իր բացառիկ դիրքը նուաճած արուեստագիտուհին է Ֆլորա Մարտիրոսեան, որ իր հոգեթով ձայնով, երաժշտական արուեստի մշակումով ու կատարողական շնորհներու կատարելագործումով՝ գերեց հաւասարապէս թէ՛ արուեստի քննադատները, թէ՛ իր երգով հմայուած բազմութիւնները աշխարհի չորս ծագերուն։

Ֆլորա Մարտիրոսեան ի վերուստ օժտուած էր ուղղակի սրտերուն հասնող բացառիկ ձայնով ու երգելու տաղանդով։ Ամբողջ երեսուն տարի, սիրտէ բխող իր առինքնող երգերով, Ֆլորա Մարտիրոսեան ոգեղէն սնունդ բաշխեց իր ձայնին ու արուեստին երկրպագուներուն։ Բաշխեց՝ իրեն շնորհուած աստուածային պարգեւը հայ երգի ծարաւ բոլոր հոգիներուն հասցնելու պարտքի խորագոյն զգացողութեամբ, ինչ որ դիւթական շունչ եւ թռիչք տուաւ իր ձայնին ու երգարուեստին։

Ֆլորա Մարտիրոսեանի գեղարուեստական կեանքին մղիչ ուժը հանդիսացաւ պարտքի այդ զգացողութիւնը, որուն ներշնչումով, իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, պատասխանելով իրեն ուղղուած՝ «Յայտնուելով Աստուծոյ առջեւ, ի՞նչ կը հարցնէիք» հարցումին, հայ երգի տարաբախտ վարպետը պատասխանած էր.-

«Չէի հարցներ, այլ շնորհակալութիւն կը յայտնէի, որ ինձ երգելու շնորհ տուած է: Շնորհակալ կ՚ըլլայի ինձ տուած այսքա՜ն շնորհի համար ու ուժ կը խնդրէի»:

Ծնած էր 1957 թուականի փետրուար 5ին, Կիւմրի: Հայրը մարզիկ էր։ Մայրը՝ շնորհալի ձայն ունէր։ Տան չորս զաւակներուն -երկու տղայ, երկու աղջիկ- կրտսերն էր Ֆլորա։

Դպրոցական տարիներէն իսկ, Ֆլորա կանոնաւորաբար հետեւեցաւ ձայնամարզումի եւ աւարտեց Կիւմրիի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտանոցը: 1973-ին, մասնակցելով «Գարուն 73» մրցոյթին, 16 տարեկան երգչուհին տիրացաւ առաջին մրցանակին։ Այնուհետեւ սկսաւ հանդէս գալ «Հանրապետական» ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն՝ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան ու մեծ գնահատանքի: Այդպէ՛ս, երաժշտական իր պատրաստութիւնը ամբողջացնելու եւ պետական երաժշտանոցին հետեւելու նպատակով՝ տեղափոխուեցաւ Երեւան:

1978-ին Ֆլորա Մարտիրոսեան միջազգային բեմահարթակ բարձրացաւ՝ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայացած երգի միջազգային փառատօնի մրցանակին տիրանալով։ 21-ամեայ երիտասարդ երգչուհիին առաջին միջազգային յաջողութիւնն էր, որուն հետեւեցան բազում նուաճումներ՝ աշխարհի վաթսուն երկիրներու մէջ համերգային ելոյթներու արժանացնելով հայ երգի «դիցուհի»ին։

Նոյն այդ շրջանին, Ֆլորա Մարտիրոսեանի կատարումով Գուսան Աշոտի «Ծովաստղիկը» երգը նուաճեց հայրենական երգարուեստի աշխարհը եւ 15 տարի շարունակ հռչակուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն երգը:

1989-ին Ֆլորա կազմեց իր ընտանեկան բոյնը՝ ամուսնանալով լրագրող Հրահատ Գէորգեանի հետ, որ մեծ երգչուհիին ոչ միայն կեանքի ընկերը, այլեւ գլխաւոր խորհրդատուն դարձաւ։ Ունեցան երկու երեխայ։

1991-ին ընտանեօք մեկնեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր չորս տարի մանկավարժական եւ ստեղծագործական գործունէութիւն ծաւալելէ ետք, Ֆլորա Մարտիրոսեան 1995-ին վերադարձաւ Հայաստան՝ միաժամանակ հայրենիքի մէջ իր երաժշտական գործունէութիւնը շարունակելու որոշումով: Այդպէս, 1997-2001 թուականներու միջեւ, հայ երգի վարպետը աւելի քան չորս տարի ղեկավարեց Կիւմրիի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցը:

2002-ին, Լոս Անճելըսի Հոլիվուտ եւ Պըրպենք քաղաքներուն մէջ, Ֆլորա Մարտիրոսեան հիմնեց «Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցները», որոնք անմիջապէս մեծ ժողովրդականութեան եւ ամերիկեան ճանաչումի արժանացուցին հայ անուանի երգչուհին:

2006-2007-ին, առաջին անգամ ըլլալով, Ֆլորա Մարտիրոսեան նախաձեռնեց եւ Հայաստանի մէջ իրագործեց «Կոմիտաս» համահայկական միջազգային մրցոյթը, որուն մասնակցեցան շուրջ 2000 հայ երեխաներ՝ Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ։

2007-ին Լոս Անճելըսի մէջ Ֆլորա հիմնեց «Artists for peace» բարեգործական հիմնադրամը՝ նպատակ ունենալով ի մի բերել աշխարհահռչակ երգիչ-երգչուհիներ, հոլիվուտեան գերաստղներ՝ արուեստի ուժով իրենց ձայնը միացնելու:

Ինչպէս որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի կայքէջը կը տեղեկացնէ, 2007-ին «մեծանուն երգչուհին Կլենտէյլի «Ալեքս» համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ մենահամերգով մը, որու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ հոլիվուտեան գերաստղ Շերըն Սթոնի եղբայրը՝ բանաստեղծ ու երգահան Մայքըլ Սթոնը: Համերգին իրեց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Շերըն Սթոնը եւ հոլիվուտեան բազմաթիւ արուեստագէտներ։

«Իսկ 2011-ի նոյեմբեր 1ին, Լոս Անճելըսի «Կիպսըն» համերգասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Artists for peace» բարեգործական հիմնադրամի կազմակերպած առաջին մեծ համերգը, որու ընթացքին Ֆլորա Մարտիրոսեանին յանձնուեցաւ ԱՄՆ-ի քոնկրէսական Պրետ Շերմընի յատուկ պատուոգիրը՝ առ ի գնահատանք ու երախտագիտութիւն հայ համայնքին մատուցած Մարտիրոսեանի առանձնայատուկ եւ անգնահատելի ծառայութիւններուն, այլեւ ու յատկապէս երգի միջոցաւ համայն աշխարհի տարածքին ի նպաստ խաղաղութեան հայ երգի դիցուհիին տարածած պատգամին»։

Բայց ճակատագիրը ապաժամ վախճան վերապահած էր Ֆլորա Մարտիրոսեանին։ Դեռ 56 տարիքը չբոլորած՝ հայ երգի դիցուհիին գեղարուեստական եռուն կեանքը վերջ գտաւ 20 նոյեմբեր 2012-ին, երբ լեղապարկի սովորական վիրահատումէն ետք յառաջ եկան առողջական բարդութիւններ, որոնք հայ ժողովուրդէն խլեցին-տարին անմոռանալի ձայնն ու ոգեշունչ երգը մեծն Ֆլորա Մարտիրոսեանին։

Ն.

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019