«ՀԱՅ ԱՂՋԻԿ»

Մի քանի օր առաջ սկսայ ընթերցել 1949-1955 թուականներուն Թեհրանի մէջ լոյս տեսած «Արմենուհի» գրական, պատմա-գիտական եւ արուեստի ամսօրեայ հանդէսը: Ընթերցանութեան ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց ամսաթերթի 5-րդ թիւին մէջ Փիւնիկ գրչանունով յօդուածագիրի մը «Հայ աղջիկ» գրութիւնը («Արմենուհի», 1949, Ա. տարի, թիւ 5, էջ 10): Հակառակ 74 տարուան հնութեան, այս գրութիւնը իր մէջ շատ մը այժմէական նիւթեր կը շօշափէ:

Գրութեան մասին խօսելու եւ աւելի յստակ պատկերացում ունենալու համար կ՚ուզենք նախ յիշել գրութիւնը.-

Անցեալ օրը պատահաբար քեզի հանդիպեցայ ազգային գրադարանէն ներս. կարծես քեզ բռնի ներս մղեցին եւ դուն երազուն ու անտարբեր մօտեցար գրացուցակին:

Օդը ցուրտ թուաց քեզի. չէ՞ որ շարժապատկեր չի կար եւ ո՛չ ալ պարասրահ...

Բայց ես ուրախ էի. ի վերջոյ եկած էիր կարդալու մայրենի լեզուով:

Երկար թերթեցիր հայերէն ձեռագիր ցուցակները, աւա՜ղ, կարդալը դժուար թուաց քեզի:

Յետոյ մատդ դրիր անուններու վրայ.

Զօլա, Գի գը-Մսպասան...

Բայց զարմացար երբ ձեռքդ յետ մղեցի յանդգնաբար եւ ցոյց տուի գիրքերու այլ հոյլ մը, բոլորովին տարբեր:

Ազգային, գաղափարական...

Ազգային, գաղափարական... հեգնեցիր շուրթերիդ տակ տհաճօրէն, գիրքը վերցուցիր անփոյթ եւ հեռացար:

Այսօր... գրադարանը դարձեալ քեզ տեսայ. մտար համարձակ ու ժպտերես: Դէմքիդ վրայ խորհրդաւոր փայլ կար ու անսովոր կրակ՝ նախկին երազուն աչքերուդ մէջ: Գրացուցակին նայեցար ու քիչ յետոյ դէմքդ ժպտաց գոհունակ:

Հայոց պատմութիւնը կ՚ուզեմ ըսիր, հպարտ: Որքա՜ն փոխուած էիր դուն, գիտե՞ս: Որքան մեծցած ու գեղեցկացած էիր, եւ զարմացար երբ ամուր սեղմեցի ձեռքդ:

Ու երբ վաղը նորէն հանդիպինք այստեղ՝ ազգային գրադարանէն ներս, հաւատա՛ աղջիկ, որ աւելի շատ երիտասարդներ պիտի սեղմեն ձեռքդ, պիտի պատմեն իրենց հիացմունքի գաղտնիքը:

Այս կարճ գրութեան իւրաքանչիւր տողը ունի իր խորհուրդն ու վերլուծութիւնը.-

Ա.- Գրողը հայ երիտասարդի մը Ազգային գրադարանէն ներս գիրք կարդալու մտնելը կ՚որակէ որպէս «պատահականութիւն» եւ անոր գիր ու գրականութենէն հեռու ըլլալու դժբախտ երեւոյթը կը յայտնէ «քեզ բռնի ներս մղեցին» արտայայտութեամբ: Աղջիկը «երազուն» էր ու «անտարբեր»:

Բ.- Գրողը աղջկան գրականութեան եւ մայրենի լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը եւ երիտասարդութեան առաջնահերթութիւնները շեշտելու համար գրադարանի մթնոլորտը «ցուրտ» կը կոչէ, որովհետեւ այդտեղ չկար «շարժապատկեր» եւ «պարասրահ»: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ ո՛չ միայն այսօր, այլ նաեւ անցեալին կար անտարբերութիւն մը. ինչպէս այսօր համացանցը, նոյնպէս ալ անցեալին շարժապատկերը աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէր երիտասարդութեան համար, քան գիր-գրականութիւնը:

Գ.- Այդ թուականներէն գրողը կ՚ահազանգէր, որ հայ երիտասարդութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի մոռնալ իր մայրենի լեզուն. հայ աղջիկը Ազգային գրադարանին մէջ կը դըժուարանար իր մայրենի լեզուն կարդալ: «Կարդալը դժուար թուաց քեզի». եթէ այդ ժամանակ հայ աղջկան համար դժուար թուաց կարդալը, այսօր շատ մը երիտասարդներու համար այդ մէկը ո՛չ թէ դժուար, այլ անկարելի է: Ցաւ ի սիրտ, մեր հայ ազգը «դժուար» եղած ժամանակ չկրցաւ առաջքը առնել այդ վտանգին. հասած ենք այնտեղ, որ փառք սկսած ենք տալ, երբ անոնք միայն հայերէն խօսին՝ թէկուզ առանց գրել ու կարդալ գիտնալու:

Դ.- Կը տեսնենք, որ գրադարանին մէջ հայ աղջիկը գրացուցակին մէջ կը կեդրոնանայ օտար անուններու եւ օտար գրականութեան վրայ՝ փոխան հայկականին: Դժբախտաբար մեր շուրջ նման երիտասարդութիւն շա՜տ շատ է այսօր։ Հայերէն գրականութիւնը չկարդալով հանդերձ բազմաթի՜ւ են անոնք, որոնք համոզուած են, թէ օտարինը աւելի որակաւոր է՝ քան հայկականը: Անուանս Հրայր ըլլալուն նման վստահ ու համոզուած եմ, որ մեր գրականութեան մէջ կան այնպիսի գործեր, որոնք կրնան մրցիլ եւ նոյնիսկ գերազանցել համաշխարհային գրականութեան ամենայայտնի աշխատութիւնները:

Ե.- Հայ աղջիկը կը ծաղրէ ու կը հեգնէ ազգային ու գաղափարական աշխատութիւնները. գրողին կողմէ ահազանգ մըն էր այս մէկը, ըսելու համար որ մեր երիտասարդութիւնը մայրենի լեզուին կողքին կը հեռանայ նաեւ ազգային գաղափարներէն. կը հեռանայ ա՛յն արժէքներէն, որոնք մեզ հայ կը պահեն:

Այս գրութիւնը յօդուածի փոխարէն պէտք է ընդունուէր որպէս համազգային ահազանգ մը: Յօդուածագիրի նման ե՛ս եւս վստահ եմ, որ հայ գրականութեան սիրահարը դառնալու համար բաւարար է միայն մէկ կամ երկու գիրք ընթերցել... եւ այն ժամանակ ընթերցողը պիտի տեսնէ՛ ու զգայ, որ ունինք գրականութիւն մը՝ որ ամենայն հանգստութեամբ կրնայ մրցակից դառնալ համաշխարհային գրականութեան՝ Շէյքսփիրէն սկսեալ, հասնելով ամենէն յայտնի գրողները:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի մէջ քանի՞ գիրք գրուած է:

Պատասխան. Աշխարհի մէջ գրուած գիրքերու քանակը ճշդելը դժուար է, որովհետեւ անընդհատ նոր գիրքեր կը հրատարակուին եւ հրատարակուած բոլոր գիրքերը պաշտօնապէս չեն գրանցուիր: Շատ մը գիրքեր անհատներու կողմէ կը հրատարակուին, այդ իսկ պատճառով պաշտօնական տուեալներու եւ տեղեկութիւններու մաս չեն կազմեր:

Սակայն իմ ունեցած վերջին տեղեկութիւններուս համաձայն, մինչեւ օրս պաշտօնապէս գրանցուած է աւելի քան 40 միլիոն գիրք, սակայն այս թիւը կը ներկայացնէ գոյութիւն ունեցող գիրքերու մէկ մասը միայն: Գիրքերու հրատարակութիւնը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ:

(Պէտք է նկատի ունենալ, որ բազմաթիւ գիրքեր (մանաւանդ մեր հայ իրականութենէն ներս) կը շարունակեն մնալ անտիպ. նոյնպէս աշխարհի պատմութեան ընթացքին բազմաթի՜ւ գիրքեր ու աշխատութիւններ կը մնան անտիպ. աւելին, բազմաթի՜ւ գրութիւններ ձեռագիր վիճակի մէջ առ յաւէտ կորսուած են՝ հրդեհի կամ այլ դժբախտ պատահարի հետեւանքով):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024