ՀՈԳԻԻ ԱՉՔԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂԸ

Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որ հակառակ իրենց ունեցած նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն ու տանջանքներուն, շատ անգամ աւելի՛ լաւատես են՝ քան ուրիշներ իր շատ աւելի բարենպաստ պայմաններով կ՚ապրին: Այսօր տեղ մը առողջ ու կայտառ մարդ մը կը բողոքէ, սակայն ուրիշ անդամալոյծ մը փառք կու տայ ու այս տարօրինակ հակասութիւնը մեր մարդկային իրականութեան մէկ մասը կը կազմէ:

Նման լաւատես անձերէն մէկն էր աշուղ Հավասին, որ իր մահէն 46 տարիներ ետք կը շարունակէ ապրիլ իր երգերով ու արուեստով եւ վստա՛հ ենք, որ աւելի քան դարեր հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ յիշել նման մեծութիւն մը:

Սակայն Հավասիի կեանքը ուսումնասիրելը քիչ մը տարօրինակ է. օրինակի համար, ազգովի գիտենք «Եարը մարդուն եարա կու տայ» երգը, սակայն անոր հեղինակին մասին գրեթէ շատ քիչ բան գիտենք: Աշխարհահռչակ այդ երգի հեղինակ՝ Հավասի ծնած է 25 դեկտեմբեր 1895 թուականին. բուն անունով Արմենակ Մարկոսեան: Փոքր տարիքէն կ՚ունենայ դժբախտութիւն մը «ծաղիկ» հիւանդութեան պատճառով երեք տարեկան հասակին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը եւ կը դառնայ կոյր: Մանուկ հասակէն կոյր ըլլալը շատերու համար որպէս դժբախտութիւն կրնայ դիտուիլ, սակայն աշուղը իր երգերուն մէջ շա՜տ հազուադէպ կը յիշէ իր կոյր ըլլալը. իր ստեղծագործած աւելի քան 150 երգերու եւ աւելի քան 3 հազար բանաստեղծութիւններուն մէջ միայն մի քանի տեղ կարելի է հանդիպիլ այդ դժբախտ իրողութեան. օրինակի համար, իր «Հայրենի Գիւղ» երգի երրորդ տունին մէջ կ՚ըսէ. «Ես կոյր պատանի, իմ տէրն ի՜նչ անի»:

Եթէ փոքր տարիքէն աշուղին կուրանալը որպէս դժբախտութիւն կը նկատէք, պահ մը կարդացէք անոր բանաստեղծութիւններն ու երգերը եւ այդտեղ պիտի գտնէք ապրելու, սիրելու եւ խնդալու անսահման ցանկութիւն մը, սակայն այդ բոլորին կողքին կայ այլ սքանչելի իրողութիւն մը. աշուղը սքանչացումով կը նկարագրէ բնութիւնը՝ որ չէ տեսած։ Աշուղին կոյր ըլլալը գիտնալ եւ անոր երգի բառերը ուսումնասիրելը տարօրինակ մտածում մը կու տայ. օրինակ՝ ան իր երգերէն մէկուն մէջ կը գրէ.

«Նայիր արօտին, ոչխարի հօտին,
Հնչում է ուրախ հովիւի մեղեդին»:

Մինչեւ երեք տարեկան հասակը՝ նախքան կուրանալը աշուղը գուցէ տեսած ըլլայ արօտը, սակայն չեմ կարծեր այդ տարիքէն մտապահած ըլլայ այդ տեսարանը: Ան իր երգերուն մէջ կը խօսի գարնան, ամպերու եւ երկինքի գեղեցկութեան, ոչխարներու եւ բնութեան մասին՝ առանց տեսած ըլլալու: Իր երգերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Գարուն է, գարուն, իջնում է առուն», սակայն կոյր աշուղի մը համար ի՞նչ տարբերութիւն գարուն թէ ամառ, երբ չի կրնար տեսնել գարնան փառքերը՝ որ մենք կը տեսնենք:

«Գարնան օրերին» խորագրեալ իր երգին մէջ կ՚ըսէ. «Հիմա պարտէզներում, ծաղկած գալարուն»: Իսկ ուրիշ տեղ մը կը նկարագրէ հայ աղջկան սիրունութիւնը՝ ըսելով. «Կարծես՝ հայ աղջիկ է տեսքով զառ ու վառ. Աչքերը խելքի ծով, ունքերը սիրուն»՝ առանց սեփական աչքերով տեսած ըլլալու հայ աղջկան սիրուն դէմքը:

Հավասին կեանքի օրինակ մըն է բոլոր այն մարդոց համար, որոնք ունենալով տեսողութիւն, ըլլալով առողջ, իրենց կեանքը յոռետեսութեան մէջ կ՚ապրին. Հավասին ուսումնասիրելով կը հասկնանք, որ կարեւորը գարունը սեփական աչքերով տեսած ըլլալը չի բաւեր. մարդու հոգւոյն մէջ պէ՛տք է գարուն ըլլայ՝ որպէսզի հասկնայ այդ բոլորին արժէքը: Եթէ կը զարմանաք, թէ Հավասի կոյր վիճակով բոլոր վերոյիշեալները ինչպէ՞ս կը տեսնէր, պատասխանը դարձեալ կրնաք քաղել իր երգերէն. ան «Նման չէ» երգին մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Հոգուս աչքը միշտ բաց է». մեր մարդկութեան պարագան այսօր ամբողջութեամբ հակառակ է. բա՛ց է մեր մարմնական աչքերը, սակայն գոց՝ հոգիինը, որ փաստօրէն կեանքի արժէքը գիտնալու եւ հասկնալու համար շատ աւելի առաջնահերթ է՝ քան ֆիզիքական աչքերը: Այդ հոգիի աչքերն են որ մարդը կը դարձնեն բարի եւ ողորմած. այդ աչքերն են որ մարդու դիմաց կը սփռեն կեանքի անուշութիւնն ու հմայքը, այդ աչքերն են որ կը սորվեցնեն ճշմարիտ սիրոյ ինչ ըլլալը:

Տարիներ առաջ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան նկարչական ցուցահանդէսի մը բացման առիթով կ՚ըսէր. «Գեղանկարը պէտք է դիտել հոգիի աչքերով եւ թափանցել անոր խորքը». Հավասիի լոյսին տակ մենք կ՚ըսենք, որ ո՛չ միայն գեղանկարը, այլ ամբողջ կեանքը պէտք է նայիլ հոգիի աչքերով, որովհետեւ հոգիի աչքերը փաստօրէն շա՛տ աւելի յստակ կը տեսնեն՝ քան մարդկային մեր աչքերը:

Լաւատեսութեան եւ յոյսի փարոս մըն է Հավասին, որ իր ունեցած մարդկային դժբախտութեան մէջ անգամ գիտէ վայելել բոլոր բարիքները՝ որ տրուած է մեզի Երկնաւորին կողմէ:

Մեր գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել դարձեալ մեծանուն աշուղի երգի բառերով, որ կ՚ըսէ.

«Հավասու պէս քաղաքացի,
Դու ինձ նայէ՝ քեզ հասկացի,
Ունեցածովդ ուրախացի»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն հին նկարչութիւնը:

Պատասխան. Քարանձաւներու մէջ կարելի է գտնել աշխարհի ամենէն հին նկարները, որոնք ըստ ուսումնասիրողներու ունին աւելի քան 40 հազար տարուան կեանք: Անոնց մէջ յատկանշական է Սպանիոյ Քանթապրիա քաղաքին մէջ գտնուող Քասթիլոյի քարանձաւը. այս քարանձաւի նկարները ամենէն հին օրինակներէն են. քարանձաւի պատերուն վրայ նկարուած է տարբեր կենդանիներ, ձեռքի հետքեր եւ երկրաչափական ձեւեր:

Սպանիոյ մէջ գոյութիւն ունի այլ քարանձաւ մը եւս, որուն հնութիւնը կը գնահատուի մօտաւոր 15 հազար տարի. քարանձաւներու նկարները պատկերացում կու տան նախապատմական մարդկային հասարակութեան գեղարուեստի եւ ապրելակերպի վերաբերեալ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024