ԲՌՈՒՆՑՔ՝ ԻՐԱՐՄԷ ԱՆՋԱՏ ՄԱՏՆԵՐՈՎ

Մարգարէութեանց հանդէպ սէր ունիք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն կրնամ վստահեցնել, թէ հայ գրականութեան մէջ կան մէկէ աւելի աշխատութիւններ, որոնց հեղինակները կարելի է մարգարէներ կոչել եւ չես գիտեր ինչո՞ւ նման մարգարէական շնորհք մը ունենալով հանդերձ անոնցմէ շատերու անունները թաղուած կը մնայ փոշիներու մէջ:

Անոնցմէ մէկն է Մեծ եղեռնէն իսկ առաջ Ամերկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրած Մելքիսէթ Գաբրիէլեան, որ իր 1894 թուականին հրատարակած «Ազգային դաւանանք» աշխատութեան մէջ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւով կը մարգարէանայ զիրենք յաջորդող սերունդներու կամաց-կամաց հայաթափումը նշելով՝ մանաւանդ հայրենիքէն հեռու պայմաններուն մէջ:

Նկատի ունենալով Զարթօնքի սերունդի ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ հայկական կուսակցութիւններուն հիմնադրութեան պարագան, շատեր կրնան նկատել, որ 1890-ական թուականները եղած ըլլան մեր հայրենասիրութեան ամենէն վառ ժամանակահատուածները, սակայն հետաքրքրական է, որ նոյն թուականներուն Մ. Գաբրիէլեան (գրեթէ բոլորիս համար անծանօթ գրողը) յետցեղասպանութեան հայաթափութեան պատճառները եւ այդ պատճառներուն կողքին զանոնք կանխելու միջոցներուն մասին կը խօսի՝ փոխան խօսելու այդ ժամանակահատուածին հայկական կեանքէն ներս տեղի ունեցած ոգեւորութեան:

Սակայն գրող «մարգարէն» ըստ երեւոյթին տեսնելով հանդերձ մօտեցող վտանգը՝ լաւատես դրսեւորում մը կ՚ունենայ եւ գուցէ իր առաջարկած լուծումներուն վրայ հիմնուելով պայծառ ապագայ մը կ՚ուզէ տեսնել (թէեւ «մարգարէ»ին առաջարկած լուծումներուն իրագործումով վստահաբար կարելի պիտի ըլլար նման պայծառ ապագայ մը տեսնել):

Գաբրիէլեան այդ պայծառ ապագայի ամենէն առաջին քայլը կը նկատէ «ազգային գաղափարական»ութիւնը.- իրականութեան մէջ յաճախ ճառերու, կուսակցական ժողովներու, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ելոյթներու ընթացքին կը լսենք «գաղափարախօսութիւն» բառը. ճառի մը մէջ լաւ ոճով արտասանուելու պարագային ունկնդիրներուն վրայ կրնայ լաւ տպաւորութիւն մը ձգել, որովհետեւ ձեւով մը իր մէջ խորհրդաւորութիւն մը ունի կարծես, սակայն ինչ ըլլալը մէկը չի գիտեր: Կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ ծնունդ կ՚առնեն գաղափարախօսութեան մը շուրջ եւ այդ գաղափարախօսութիւնը իր մէջ կ՚ունենայ իտէալ մը եւ սակայն կարծես այդ բոլորին ինչ ըլլալը հասկցած ըլլան միայն հիմնադիր ղեկավարները, որովհետեւ մերօրեայ գաղափարախօսութիւնը նման է մեր հոգեւոր արժէքներու հանդէպ ունեցած ըմբռնումին, որուն կը հետեւինք ու կը հաւատանք շատ անգամ նոյնիսկ առանց հասկնալու կամ գուցէ հաւատալու:

Այսօր ազգովի ի՞նչ է «ազգային գաղափարախօսութիւն»ը. որպէս «միասնական» ազգ ի՞նչ նպատակներ ու իտէալներ կը հետապնդենք հաւաքական գետնի վրայ. ամէ՛ն նաւարկող իր միտքին մէջ իր նաւահանգիստը կ՚ունենայ, իսկ ո՞ւր է մերը:

Մեր նպատակադրած նաւահանգիստ մը չունենալը զարմանալի երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ նաւ մը նաւավար կ՚ունենայ եւ անոր առաջնորդութեամբ է, որ նաւը կը շարժի, իսկ մեր հայկական նաւուն մէջ բազմաթի՜ւ են նաւավարները՝ իւրաքանչիւրը տարբեր ուղղութեամբ երթալու ոգեւորուած:

Վերոյիշեալ քաոսին վրայ հիմնուեով գրողը երկրորդ հիմնական պայմանը կը տեսնէ այն միութիւնը՝ որ ո՛չ անցեալին, ո՛չ ներկային եւ այս ընթացքով ո՛չ ալ ապագային երբեւէ իրականութիւն պիտի դառնան:

Գաբրիէլեանի ժամանակահատուածին Արմենականներ, Հնչակեաններ, Դաշնակցականներ եւ այլ խմբակցութիւններ գրեթէ իրարմէ անկախ որոշ պայծառ ապագայ մը ստեղծելու սրբազան գործին լծուած էին՝ սակայն դարձեալ անջատ. «մարգարէ»ն յստակ ձեւով գուցէ խօսքը ուղղելով վերոյիշեալներուն կ՚ըսէ. «Այժմու կազմալուծեալ պայմանանց մէջ հնար չէ հայ հոգւոյն զօրանալ եւ ճշմարտապէս հայ քաղաքակրթութեան ոեւէ տարր մշակել»: Այլ խօսքով՝ առանձին-առանձին զօրանալու եւ ուժ դառնալու փոխարէն ձեւով մը կ՚առաջարկէ բռունցք դառնալ. պատկերացուցէ՛ք բռունցք դառնալ ուզող ձեռք մը՝ որուն մատները կողք կողքի գալու եւ ամրանալու փոխարէն իրարու հակառակ ուղղութիւններով կ՚երթան: Այդ իսկ պատճառով Գաբրիէլեան այդ պայծառ տեսլականին որպէս սկզբնաղբիւր կը տեսնէ «վերակազմել զհայ հայրենիք»:

Մեր հայրենասիրութիւնը ինչքան ալ ուզէ քօղարկել շարք մը ճշմարտութիւններ, պէտք է ընդունիլ, որ ազգովի այնքան ալ երազուած պայծառ ապագայի մը մէջ չենք գտնուիր. մեր նոր սերունդը որոշ աննշան տեղեկութիւններ գիտէ մեր ժողովուրդի պատմութեան մասին՝ սակայն իրականութեան մէջ գիտցածը մեծ ծովի մը մէջ կաթիլ մը կրնայ կազմել միայն: Արհաւիրքի հանդիսութիւններուն յաճախ կը տեսնեմ վրէժի լոզունգներով ի մի խմբուած երիտասարդութիւն, սակայն ցաւ ի սիրտ, անոնք պատմութեան մասին դոյզն տեղեկութիւնը անգամ չունին. այդ մասին գիտեն միայն Ապրիլ 24 թուականը. գիտեն Վարդանանցը՝ «պարտուեցանք՝ սակայն յաղթեցինք» անլուծելի հանելուկով. այլ խօսքով՝ գիտեն ամէն բան՝ սակայն կա՛մ սխալ տեղեկութեամբ եւ կամ լոկ վերնագրերով:

Այսօր մեր նոր սերունդէն շա՜տ շատ քիչեր կրնան վրայ վրայի երկու բառ ի մի դնելով խօսիլ ազգայնութեան եւ գաղափարախօսութեան մասին, որովհետեւ մեր նոր սերունդին մէջէն վերցուած է ապագայի տեսլականը. անցեալի գործիչներուն մօտ ներկայէն աւելի ապագային՝ նոր սերունդին ուղղուած անձնազոհ գործունէութիւն մը կը տեսնենք, սակայն մերօրեայ սերունդը ո՛չ թէ ապագայով, նոյնիսկ շատ անգամ իր ներկայով իսկ հետաքրքրուած ընթացք մը չունի:

Այնպէս ինչպէս շէնք մը ամուր մնալու համար որոշ նիւթերու կը կարօտի, նոյնպէս ալ մեր հայկականութեան շէնքը առանց կրօնի, լեզուի եւ ազգային գիտակցութեան կարելի չէ կառուցել եւ մեր նոր սերունդին մօտ այդ մէկն է, որ կը պակսի. ծովեզերեայ աւազով կը փորձենք հայկական ինքնութիւն մը շինել եւ չե՜ս գիտեր ինչպէս յանկարծ ծովու ալիքը կու գայ զայն քանդելու՝ մեզ առաջնորդելով այն վիճակին, որուն մէջ կը գտնուինք այսօր:

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -165-

Դպրոցը կամ համալսարանը ինչքանո՞վ մարդը զարգացած կը դարձնեն դո՛ւք որոշեցէք, սակայն կայ ճշմարտութիւն մը, որ ամէն ուսեալ չէ՛ որ իրապէս ուսեալ ու զարգացած է:

Առիթով մը իր դպրոցական կրթութիւնը Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ստացած եւ ներկայիս համալսարան յաճախող երիտասարդի մը հետ զրոյցի պահուն հարցուցի 1918 թուականին մասին. առաջին հերթին չուզեցի հաւատալ, թէ կրնայ չգիտնալ, թէ ինչ պատահած է այդ թուականին, սակայն չհաւատալս անօգուտ. ճշմարտութիւն էր: Վստահ եմ, թէ այդ երիտասարդուհին մերօրեայ երիտասարդութեան մէջ միակը չէ՛, որովհետեւ մեր ազգը օտար բարքերուն լաւ կողմերը ընդօրինակելու, անոնց անտարբեր ու կորուսեալ վիճակը կ՚ընդօրինակէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023