ԲՈԶԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ - ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ՄԸ

Աշխարհի երեսին տեսա՞ծ էք հայ մը, որ օժտուած չըլլայ քննադատելու Աստուածային շնորհքով: Եթէ առիթը տաք հայուն իր հարազատ մօր կա՛թն անգամ կը քննադատէ՝ անոր մէջ քիմքի անախորժութիւն մը զգալով:

Երնէ՜կ հայը կարենար իր կեանքի ընթացքին մայրենի լեզուի բոլոր բարիքները իր ճշգրիտ իմաստով հասկնալ ու գործածել: Քննադատե՜լ: Բառը առաջ կու գայ քննել եւ դատել բառերէն, սակայն մեզ կը հետաքրքրէ երկրորդը՝ դատելը, որովհետեւ մենք սովոր ենք մի՛շտ դատել, առանց նիւթի մը էութիւնը քննած ու հասկցած ըլլալու. այդ իսկ պատճառով բոլորս քննադատ ըլլալէ աւելի դատաւորներ ենք՝ մի՛շտ կաշառուած:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հինգշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2021-ի թիւին մէջ ստորագրեցի «ԲՈԶԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» խորագրով յօդուած մը, որ շատ մը բթամիտ պնդագլուխներու կողմէ դիտուեցաւ որպէս անբարոյագրութիւն: Նկարագրով խախուտ անձնաւորութիւններ ի հեճուկս յօդուածի նպատակին փորձեցին անոր մէջ գտնել տռփանք ու ցանկութիւն: Այդպիսիներու անպատեհ ձաբռտուքները պատճառ դարձան, որ դարձեալ անդրադառնամ այդ յօդուածին:

Գրականութեան մէջ շա՜տ կարեւոր բան է գիտնալ ու ըմբռնել տարբերութիւնը հետեւեալ երկու բառերուն.- ՀԱՍԿՆԱԼ եւ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ, որովհետեւ շատ անգամ մեր հասկցածը կրնայ գրութեան մը ընդհանուր նպատակին ու գաղափարին հետ կապ չունենալ, որովհետեւ հասկնալու գաղափարը կախեալ է մեր մտային կարողութենէն, մինչ վերլուծումը գրողի ներաշխարհին մէջ թափանցել կ՚ենթադրէ:

Ի՜նչ ահաւոր բան է վերլուծել չկարենալը. տարիներ առաջ նեղմիտ մը չկարենալով վերլուծել Չարենցի խօսքերը հարցականի տակ կը դնէր բանաստեղծին «Լուսամփոփի՜ պէս աղջիկ»ը, հարց տալով, թէ լուսամփոփ ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ... մերօրեայ արդի՞ լուսամփոփները, թէ հնամեայ կանթեղները: Այս մէկը պարզապէս նեղմիտ մարդու հասկցածն էր, մինչ ճշմարիտ վերլուծութիւնը այն էր, որ աղջիկը լուսամփոփի մը պէս իր մէջ ամփոփած էր լոյսը՝ բոլոր բարիքները եւ իր ներկայութեամբ կը լուսաւորէր շրջապատը այդ լոյսի շողերը փոխանցելով նաեւ այլ հոգիներու:

Նոյն նեղմտութեամբ օժտուածներ կու գային «Բոզին հայկական»ը հասկնալու՝ առանց վերլուծելու. այդ պակասը ես լրացնեմ:

Յօդուածը իր ամբողջութեանը առաջին Հայաստան այցելութեանս պատահած դէպք մըն է, որ մտածելու եւ յուզուելու բազմաթիւ առիթներ ստեղծեց: Աշխարհի վրայ կան ճշմարտութիւններ, որոնք մարդ կ՚ուզէ չտեսնել ու կոյր գտնուիլ անոնց դիմաց, որոնցմէ են հայազգի պոռնիկներն ու հայազգի մուրացկանները: Այսօրուայ պէս կը յիշեմ հոգեկան ապրումներս, երբ Հայաստանի փողոցներէն մէկուն մէջ տեսայ անտուն մուրացկան մը, որ տարբեր էր Լիբանան, Սուրիա կամ այլուր տեսած մեր մուրացկաններէն՝ որովհետեւ ՀԱՅ էր: Նոյն յուզումն ու խռովքը ունեցայ, երբ Հայրենիքի փողոցներուն վրայ տեսայ ցոփութեամբ զբաղուող հայ պոռնիկներ. անոնք եւս տարբեր էին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող պոռնիկներէն՝ որովհետեւ ՀԱՅ էին:

Յօդուածին մէջ կը գրեմ. «աշխարհի երեսին արաբը, ռուսն ու ամերիկացին բոզ կ՚ըլլան, բայց հայը երբե՛ք»: Այստեղ յստակօրէն ի յայտ կու գայ մարդու ուշքն ու դիտաւորութիւնը, որովհետեւ մարդ կայ կրնայ «բոզ»ով տարուած ըլլալ, իսկ մարդ ալ կայ՝ անոր հայ ըլլալու դժբախտ իրողութիւնով: Մեր դաստիարակութիւնը մեզի սորվեցուց, որ Հայաստանը սուրբ երկիր է, հայը շինարար է, աշխատասէր, երաժիշտ, բանաստեղծ, մտաւորական ու արուեստագէտ: Մեր մտապատկերին մէջ Հայրենիքի մէջ ապրող ո՞ր հայուն տունը արուեստ գոյութիւն չունէր, ո՞ր հայու տունը հայ գրականութեան տիտաններու գործերով լեցուած չէր. այդ ոգիո՛վ մեծցանք մենք, ու այդ ապրումներուն դիմաց հայ բոզին, հայ մուրացկանին ներկայութիւնը միա՛յն անտարբեր հոգիները կրնար չվիրաւորել:

Յօդուածին մէջ յիշած եմ. «Հազիւ քսանամեայ երիտասարդուհի մը մօտեցաւ. «Բարեւ ախպեր»: Բարե՞ւ. մեր մտայնութեան մէջ ցոփութիւնը պէտք է ըլլայ միշտ «hello»ով»: Ողջոյնին հայերէն ըլլալը նոյնիսկ վիրաւորանք էր մեր հայու արժանապատուութեան, սակայն նեղմիտներ չե՛ն կրցած այդ արժանապատուութիւնը զանազանել քսանամեայ երիտասարդուհիի հրամցուցած հրապոյրէն:

Նոյնիսկ եթէ նեղմիտները չկրցան հասկնալ յօդուածին միտք բանին, վերջին տո՞ղն ալ յստակ չէր իրենց համար. «կեանքի դրուածքին մէջ սխալ բան մը կար: Հայը բո՛զ չէր կրնար ըլլալ»:

Նման նեղմիտներու կարելի է պատասխանել Գրիգոր Զօհրապի խօսքերով. «Հեռո՜ւ մեզմէ այն բոլոր բարոյախօսները՝ որոնք ընկերական կարգերու ամէն կեղծիքներու դէմ անտարբեր՝ միայն կնոջ մը մերկ ուսէն կամ հոլանի պարանոցէն կը շառագունին»:

Եթէ շատերու համար հայ բոզին, հայ մուրացկանին, հայ գողին, հայ ոճրագործին գոյութիւնը սովորական է... շատերու համար ալ արժանապատուութեան հարց է պարզապէս:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՏԵՓԱՆ ԶՕՐԵԱՆ
(1890-1967)

Մեր թուականէն 54 տարիներ առաջ՝ 14 հոկտեմբեր 1967-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, արձակագիր եւ թարգմանիչ Ստեփան Զօրեան:

Զօրեան ծնած է 16 սեպտեմբեր 1890-ին՝ Վանաձորի մէջ: Կրթութիւնը ստացած է Զաքար վարժապետի «գաղտնի դպրոց»ին մէջ եւ ապա ընդունուած է ծննդավայրի նորաբաց ռուսական ուսումնարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1904-ին: Աւարտելէ ետք, 1906-ին մեկնած է Թիֆլիզ, ուսումը շարունակելու Ներսիսեան վարժարանէն ներս, սակայն նիւթական ծանր պայմաններու պատճառով հարկադրուած է աշխատանքի անցնիլ տեղի տպարաններէն մէկուն մէջ, ուր որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք սկսած է աշխատիլ «Սուրհանդակ» թերթի մէջ, որպէս թարգմանիչ: Որպէս թարգմանիչ եւ ոճաբան աշխատած է «Մշակ» թերթի մէջ՝ 1912-1919 թուականներու միջեւ, ապա մաս կազմած «Հայաստանի Կոպերացիա» ամսագրի խմբագրական կազմին: Զօրեան 1922-1925 թուականներուն եղած է Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսարիայի պետական հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր եւ քարտուղար, իսկ 1927-1928 թուականներուն եղած է Հայ աշխատաւորական գրողներու միութեան նախագահի տեղակալ. 1950-1954 թուականներուն նշանակուած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար: Գրողը մասնակցած է Խաչատուր Աբովեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի երկերու ակադեմական հրատարակութեան աշխատանքներուն: Եղած է Խորհրդային Հայաստանի Լենինեան մրցանակաբաշխութեան պետական կոմիտէի անդամ, իսկ 1965 թուականին գրականութեան, արուեստի եւ ճարտարապետութեան պետական մրցանակներու յանձնաժողովի նախագահ:

Ստեփան Զօրեան հեղինակ է պատմուածքներու, որոնցմէ շատեր թարգմանուած են ռուսերէն, վրացերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, չինարէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներու: Անոր պատմուածքներէն ոմանք վերածուած են ժապաւէններու. ինչպէս՝ «Ջրհորի մօր», «Հեղկոմի նախագահը» եւ ուրիշներ: Անոր յայտնի գործերէն են «Քաղցածները», «Տխուր մարդիկ», «Հայոց բերդ» եւ այլ աշխատութիւններ: Ստեղծագործութեան կողքին կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, հայերէնի թարգմանելով ռուսերէն եւ ֆրանսերէն գրականութեան գոհարներ:

Ստեփան Զօրեան թաղուած է «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021