«ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆ»

Այսօր 14 դեկտեմբեր է. հայ մշակութային պատմութեան մէջ եւ մասնաւորաբա՛ր պոլսահայ կեանքէն ներս իւրայատուկ ու յիշատակարժան թուական մը:

Մեր թուականէն 160 տարիներ առաջ՝ 1861 թուականին ի դիմաց պոլսահայ հանդիսատեսին «Երկու յիսնապետներ» ներկայացումով բեմ կը բարձրանայ հայկական առաջին մասնագիտական դատերական խումբը՝ «Արեւելեան թատրոն»ը: Այնպէս ինչպէս գրականութիւնն ու մամուլը, հայ թատրոնը եւս սիրողականի սահմաններէն դուրս գալով կը սկսի զարգանալ դարձեալ Պոլսոյ մէջ:

«Արեւելեան թատրոն»ին սկիզբը կ՚ըլլայ յետագայ Վարդովեանի (1867-1878), Մաղաքեանի (1872-1873), Պէնկլեանի (1877-1887), Ֆասուլեաճեանի (1880-1885) եւ Մնակեանի (1885-1908) թատրոններուն, որոնք կը ծաղկեցնեն հայ թատրոնն ու բեմական կեանքը:

«Արեւելեան թատրոն»ը ծնունդ կու տայ հայ բեմական կեանքին. հոն կը կազմուին եւ հասակ կ՚առնեն հայ բեմի ապագայ լաւագոյն դերասանները՝ Աճէմեանը, Էքշեանը, Պէնկլեանը, Մնակեանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Այսօր այս բոլորը յիշելով գրող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանի մարգարէական տողերն է, որ կեանքի կը կոչենք. գրողը «Արեւելեան թատրոն»ի ներկայացումերէն 3 օրեր ետք՝ 17 դեկտեմբեր 1861-ին կը գրէ «Ազգային թատրոն Պոլսոյ մէջ» խորագրեալ յօդուած մը, ուր կ՚ըսէ. «երիտասարդները... ճգնեցան, քրտնեցան եւ Դեկտեմբեր 14-ի երեկոյին խուռն հայկազանց ներկայութեամբ առաջին անգամ բացին ազգի առջեւ ապոլոնեան հայելու հրապարակական վարագոյրը: Կեցցէ՛ երիտասրդութիւնը: Եւ հայկական յառաջդիմութեան տարեգիրը ոսկեղէն տառերով պիտի աւանդէ գալոց սերունդին թատրոնի սկզբնապատճառների անունները»:

Պէտք է յստակ գիտնալ, որ այդ թուականներուն թատրոն հիմնելը դիւրին գործ մը չէր. մարդիկ տակաւին թատրոնի ինչութեան անտեղեակ թատրոնը զուարճանքի եւ զեխութեան տեղ մը ըլլալ կը կարծէին. անուանի դերասան Ազնիւ Մինասեանի մայրը երբ կը լսէ, թէ իր աղջիկը թատրերգութեան ընթացքին բեմ պիտի բարձրանայ՝ կ՚ըսէ. «Ո՜չ, ո՜չ, իմ աղջիկս թատրոնի աղջիկ ըլլալու համար չէ ծնած, ո՛չ...»: Նման պայմաններու եւ մտայնութեան ժամանակաշրջանին սկիզբ առաւ «Արեւելեան թատրոն»ը: Այդ նախապաշարումներուն դէմ պայքարելու համար օրին Նալպանտեան իր խօսքին մէջ կը նշէ. «Թատրոնը գեղեցիկ հայախօսութիւն կ՚ուսուցանէ, կը մշակէ լեզուն եւ աննկատելի կերպով ազգին մէջ առաջ կը բերէ ընտիր ոճեր եւ դարձուածքներ: Ան ո՛չ թէ միայն կ՚ազնուացնէ հասարակութեան գաղափարը, այլ ցոյց կու տայ առաքելութեան վսեմութիւնը եւ մոլութեան վատութիւնը»:

«Արեւելեան թատրոն»ը ազգի մէջ նոր աստղերու ծնունդ կու տայ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն սկսեալ. 13 տարեկան հասակին դեկտեմբեր 14-ին հանդիսատեսին դիմաց բեմ կը բարձրանայ դերասանուհի Աղաւնի Փափազեանն ու 20-ամեայ քոյրը՝ Արուսեակ Փափազեանը: Թատրոնի նկատմամբ եղած նման նախապաշարումի շրջանին բեմ բարձրանալ քաջութիւն պահանջող իրողութիւն մըն էր եւ անոնք բեմը զարդարեցին իրենց արուեստով եւ ո՛չ կանացի հրապոյրով:

«Արեւելեան թատրոն»ը, սակայն, կատարեալ չէր. թէ՛ թատերախումբն էր նորը եւ թէ՛ հանդիսատեսը. թէ՛ առաջինները եւ թէ՛ վերջինները սորվելիք ունէին: Մասնագիտական հայ թատրոնը նախընթաց մը չունէր եւ հետեւաբար պարտաւոր էր ամէն բան նոր սորվիլ. օրինակ՝ 14 դեկտեմբերի ներկայացման ընթացքին հանդիսատեսներէն շատե՜ր կէս կը ձգեն ներկայացումը՝ ժամի ուշ ըլլալուն պատճառով:

Հանդիսատեսը պիտի բողոքէր դերասաններէն, իսկ դերասանը հանդիսատեսէն։ Ներկայացումէն օրեր ետք «Արեւելեան թատրոն»ի դերասաններէն մին նամակ կը գրէ «Մեղու»ի խմբագրութեան ու կ՚ըսէ. «Բանի մը կը հաւնին՝ ծափահարութիւն, վարագոյրը բանալ կ՚ուզեն՝ ծափահարութիւն, խաղին սկզբնաւորութեան ուշանալը իմացնել կ՚ուզեն՝ ծափահարութիւն, կատու մը կ՚անցնի սենեակին վրայէն՝ ծափահարութիւն, խօսքին կէսը կ՚ըսենք կէսը դեռ չենք ըսած՝ ծափահարութիւն: Վերջապէս հազանք, բռնքտանք, խնջենք՝ ծափահարութիւն...» («Մեղու», Ե. տարի, 1861, 31 դեկտեմբեր, էջ 239):

Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ ո՛չ թէ միայն հայկական թատրոն ունենալը, այլ թատրոն դիտելը անգամ մեծամասնութեան համար նորութիւն մըն էր: Թէեւ յստակացնենք, թէ Պոլսոյ մէջ նախապէս թատրոն գոյութիւն ունէր, սակայն այդ մէկը կը կատարուէր սիրողական մակարդակով՝ շատ անգամ տուներու մէջ. մամուլը բազմիցս յիշատակած է նաեւ դպրոցներու մէջ կատարուող թատրոններու մասին:

Այն ինչ որ այսօր ունինք՝ մամուլ, գրականութիւն, թատրոն եւ արուեստ սկզբնաղբիւրէն կը սերի եւ երանի՜ այն ազգին, որ սկզբնաղբիւրին կառչած կը մնայ, որովհետեւ այս օրերուն ամէ՛ն բան՝ նեռարեալ թատրոնը կ՚աղաւաղեն, դաստիարակչական թատրերգութիւններու փոխարէն ներկայացնելով ծաղրաբանութիւններ, անբարոյականական սրամութիւններ... «հանդիսատեսը այդ մէկը կ՚ուզէ» սխալ տրամաբանութիւններով:

Փա՜ռք այն նուիրեալներուն, որոնք հակառակ պայմաններու սահմանափակումին՝ հիմը դրին հայ թատրերգութեան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
(1924-2007)

Մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 14 դեկտեմբեր 1924-ին, Գահիրէի մէջ ծնած է արուեստագիտուհի, երգչուհի, օփերայի մեծագոյն աստղերէն Գոհար Գասպարեան:

Գասպարեան ազգականական կապեր ունեցած է արձակագիր, բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի հետ: Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Գալուստեան Ազգային վարժարանին մէջ: Գոհարի երաժշտութեան հանդէպ սէրը ի յայտ եղած է ինն տարեկան հասակէն, երբ սկսած է երգել Գահիրէի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ: Աւարտելէ ետք դպրոցական կրթութիւնը՝ հետեւած է Գահիրէի երաժշտանոցի դասընթացքներուն, աշակերտելով աշխարհահռչակ երաժիշտներու. ինչպէս՝ Ֆրանչեսքօ Մոլինարիին, Հիւտտելին եւ ուրիշներ: Միաժամանակ Գոհար դաշնամուրի դասեր ստացած է դաշնակահար Ճորճ Թեմելիէն: Երաժշտանոցի աշակերտական տարիներէն Գոհար սկսած է տարբեր ելոյթներու ընթացքին հանդէս գալ, որուն շնորհիւ դարձած է Եգիպտոսի ձայնասփիւռի առաջին քրիստոնեայ մեներգուհին (մինչ այդ մեներգողները պէտք է ըլլային մահմետական):

Գասպարեան 24 տարեկանին հրաւէր ստացած է Իտալիոյ «Լա Սքալա» օփերայի թատրոնին կողմէ՝ դառնալու մեներգող, սակայն ան մերժելով առաջարկը փոխադրուած է Հայաստան, ուր 1949 թուականին դարձած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի մեներգչուհի: Գասպարեան հայրենիքի մէջ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է «Լաքմէ»ի օփերայով, որուն յաջորդած են 23 տարբեր օփերաներ: Գասպարեան իր երաժշտա-կան երգացանկին մէջ ունեցած է աւելի քան 500 ստեղծագործութիւններ: Ան այդ երգացանկերով ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի, Գահիրէի, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Հունգարիոյ, Թուրքիոյ, Ճաբոնի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի, Սուրիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի մէջ եւ այլուր: Ելոյթներ ունեցած է աշխարհահռչակ բեմերու վրայ, ինչպիսիք են՝ «Carnegie Hall»ը, «Grand Opéra»ն, «Bolshoi Theatre»ը եւ ուրիշներ:

Գասպարեան ճանչցուած է «Անուշ», «Դաւիթ Բէկ», «Արշակ Բ.» եւ այլ անուանի օփերայի ներկայացումներով: Հայերէնի կողքին ելոյթ ունեցած է նաեւ այլ լեզուներով՝ իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, արաբերէն եւ անգլերէն, որոնց լաւապէս կը տիրապետէր:

Օփերայի մեներգութեան կողքին Գոհար Գասպարեան զբաղուած է նաեւ ուսուցչութեամբ, 1962-2007 թուականներու միջեւ դասաւանդելով Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն ներս: Անոր աշակերտներէն եղած են՝ յայտնի երաժիշտներ Ռաֆայէլ Յակոբեանց, Էլլադա Չախոյեան, Վարդուհի Խաչատուրեան եւ ուրիշներ:

Գոհար Գասպարեան ելոյթներ ունեցած է նաեւ ժապաւէններու մէջ. ինչպէս՝ «Հայկական կինոհամերգ», «Կարինէ», «Անուշ», «Լեռնային լիճի գաղտնիքը», «Գոհար» եւ ուրիշներ:

Գասպարեան արժանացած է «Ժողովուրդներու բարեկամութեան», «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս», «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Լենին» շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր արուեստագէտի, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի կոչումներուն. 1951 թուականին արժանացած է Ստալինեան մրցանակին, իսկ 1965-ին՝ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին:

Հայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրական գործիչ Աւետիք Իսահակեան խօսելով Գոհարի մասին ըսած է. «Թռչունները Գոհար Գասպարեանին երգել սորվեցուցած են, իսկ ան թռչուններուն ծլվլալ»:

Գոհար Գասպարեան մահացած է 16 մայիս 2007-ին, Երեւանի մէջ:

Ի յիշատակ մեծ արուեստագէտին, 2020 թուականին Երեւանի փողոցներէն մին կոչուեցաւ Գոհար Գասպարեանի անունով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021