ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԱՆԲԱԺԱՆԸ - Ա -

Մարդիկ յաճախ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ սիրոյ Աստուած նեղութիւններու եւ տառապանքներու կ՚արտօնէ։ Այս հարցումին կը պատասխանէ Յոբ երանելին. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, եւ թշուառութիւնով լեցուն է». (ՅՈԲ. ԺԴ 1)։ Արդարեւ, այս աշխարհը ուր կ՚ապրի մարդ, երբեք որպէս վարդաստան մը չէ խոստացուած իրեն։ Յիսուս Ի՛նքն է որ կ՚ըսէ, թէ նեղութիւններ պիտի ըլլան աշխարհի մէջ, եւ կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ, Իր իսկ օրինակով. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Աշխարհի վրայ տառապանքները եւ նեղութիւնները սկիզբ կ՚առնեն, Աստուծոյ արդար դատաստանէն՝ մարդուն անհնազանդութեան պատճառով. (ԾՆՆԴ. Գ 14-19)։

Ահաւասիկ, մարդկութեան, երկրի վրայ կրած տառապանք եւ նեղութիւններու սկզբնական պատճառը, մարդուն դրախտէն վտարումն է։ Բայց ամենախնամ եւ ներող Աստուած գիտէ եւ կը հասկնայ մարդուն նեղութիւնները, դժուարութիւնները եւ տառապանքները։ Ան երբեք անտարբեր չէ՛ մարդուն նկատմամբ։

Մեր թուականէն աւելի քան 4000 տարի առաջ ապրեցաւ Յոբ. երբ անձնական, ընտանեկան եւ նիւթական զանազան դժբախտութիւններու ենթարկուեցաւ, զարմացաւ, թէ ինչո՞ւ Աստուած լուռ կը մնար։ Ուստի, ան կը հարցնէ եւ կը յայտնէ, թէ ի՞նչ բանի համար իրեն պատահեցաւ այս բոլորը. (ՅՈԲ. Ժ 2-3)։ Արդեօք Աստուած կ՚ատէ՞ մարդկութիւնը, կամ վրէ՞ժ կը լուծէ, որ նման տառապանքներու թոյլ կու տայ։ Չի՞ կրնար արգելք հանդիսանալ, քանի որ Ան ամենակարողն է։ Ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ գէշ բաներ կը պատահին թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն անխտիր։ Եթէ պատիժ է՝ ինչո՞ւ կը պատահին նաեւ անմեղներուն եւ արդարներուն միանգամայն մեղաւորներուն…

Աշխարհի վրայ ինչո՞ւ խռովութիւններ, ահաբեկչութիւններ կան, ինչո՞ւ հաւատարիմ տիկին մը ամուսնոյն փամփուշտովը կը սպաննուի, ինչո՞ւ մարդիկ իրար կը խաբեն, ինչո՞ւ ձագուկ մը, այս կամ այն հիւանդութեամբ կը ծնի, եւ կամ մանուկ մը, երիտասարդ մը կը հիւանդանայ, ինչո՞ւ երջանիկ ընտանիք մը կը քանդուի, ինչո՞ւ աղէտներ կը պատահին, ինչո՞ւ պատերազմնե՜ր…

Այս նեղացուցիչ հարցումներուն, մանաւանդ, երբ ցաւը եւ վիշտը մարդ իր մորթին վրայ կը զգայ՝ երեւակայական խրատներ, աւելի ցաւ կը պատճառեն։ Հաւանաբար, եթէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը փնտռենք, մխիթարութիւնը անկէ կը գտնենք։ Ցաւերով լեցուն այս աշխարհի վրայ, մարդիկ կը հարցնեն, թէ Աստուած ո՞ւր է։ Եթէ Աստուած սիրող, ողորմած եւ գթացող է, ինչո՞ւ կեանքը դժբախտութիւններով լեցուն է։ Արդեօք ղե՞կը կորսնցուցած է։ Եթէ ոչ, ապա ուրեմն, ինչո՞ւ չի միջամտեր, ինչո՞ւ առաջքը չ՚առներ եւ կ՚արտօնէ որ պատահին այդ ամէնը Աստուած…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի…

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024