ԱՐԾԻՒՆԵՐ ԲԱ՛ՐՁՐ ԿԸ ԹՌՉԻՆ

Արծիւներ բա՛րձր կը թռչին՝ առանձին եւ ազա՛տ։

Սուրբ Գիրքի խօսքերը կը պարզուին բնական պատմութեան այլ եւ այլ ճիւղերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններով միա՛յն։ Զոր օրինակ, Բ ՕՐ. ԼԲ 11-13 համարներուն մէջ հոգածութիւնը՝ խնամքը զոր Աստուած ունի իր ժողովուրդին վրայ՝ կը նմանցուի այն խնամքին զոր արծիւը ունի իր ձագերուն վրա՛յ։

Արծիւին ձագերը կը մեծնան ըստ բաւականին՝ այնպէս որ կրնան թռչիլ, արծիւը քայքայելով եւ ցրուելով իր բոյնը՝ կը ստիպէ անոնց թռչիլ դէպի մօտակայ լեռը, ի՛նքն ալ անոնց վրայ գուրգուրալով եւ զանոնք խնամելով՝ կը սորվեցնէ շարժել իրենց թեւերը՝ ուղիղ դիրքի բռնել զիրենք, եւ իրենց շարժումներով վարել զիրենք։ Ձագերը երբ յոգնին եւ տկարանան, ինչ որ հազուադէպ է, արծիւը ի՛նք տարածելով իր թեւերը՝ կռնակին վրայ կ՚առնէ նորավայժ ձագերը եւ անոնց հետ կը սլանայ օդին մէջ՝ սեւ ու ճերմակ ամպերու վրա՛յ։

Շատ անգամ արծիւը կը նետէ ձագերը իր վրայէն, որպէսզի զարգացնէ անոնց զօրութիւնը, եւ երբ կը տեսնէ թէ անոնց թեւերը յոգնած են կամ թշնամի մը մօտեցած է անոնց, իսկոյն զարմանալի՜ ճարտարութեամբ անոնց մէջը մտնելով դարձեալ կը զօրացնէ զանոնք, եւ կամ իր անձը կը դնէ ձագերուն եւ անոնց սպառնացող թշնամիին մէջտեղ։ Արծիւը քաջ է եւ անձնուէ՛ր, ազնիւ է եւ անզրա՛ւ, ան վերջ ու վախճան չունի։

Եւ միա՛յն արծիւը ունի այս բնական ազդումներու ձիրքը, եւ անոր բոլոր գործերը խրատ եւ հրահանգութիւն կու տան մարդուս Աստուծոյ գործողութիւններուն վրայ։ Արդարեւ Հին ու Նոր Եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ անհատ քրիստոնեային պատմութան մէջ կը տեսնուի, թէ Աստուած շատ անգամ ցաւերու, վիշտերու, տառապանքներու, պարտութիւններու մէջ, նեղութիւններու հետ եւ անոնց միջոցաւ կը հեռացնէ իր ծառաները այն տեղերէն՝ ուր հանգիստ են, այսինքն՝ կը քակտէ անոնց բոյնը։

Մերթ, արծիւը կը գուրգուրայ ձագերուն վրայ ուրիշ մարդոց օրինակով, ինչպէս Աստուած կը հոգայ եւ կը գուրգուրայ իր ծառաներուն, Հայրը՝ իր որդիներուն վրայ՝ բարի մարդոց տիպարներով եւ անոնց միջոցաւ կը հեռացնէ իր ծառաները կամ որդիները այն տեղերէն ո՛ւր հանգիստ են։ Արդարեւ հանգստութիւնը ամլութեան, անշարժութեան եւ ծուլութեան պատճառ կըր-նայ ըլլալ՝ արդիւնք ըլլալու համար շարժո՛ւմ պէտք է, աշխատութիւն եւ աշխուժութի՛ւն։

Արդարեւ, պայքարելո՛ւ է, որպէսզի յաղթանակով պսակուի ամէն գործ կամ աշխատութիւն։

Աստուած կը գուրգուրայ անոնց վրայ նաեւ իր կատարելութիւնները եւ կամ իր Որդւոյն բնաւորութիւնը եւ վարքը ցուցնելով, եւ մերթ իր խոստումներով, եւ իր Հոգիով կը զօրացնէ անոնց սիրտերը եւ կ՚ապահովէ անոնց երջանկութիւնը։

Արդարեւ, երկինքի անհունութեան հպարտ, ազատ ու անկախ քաղաքացին է արծիւը։ Անմերձենալի լեռներու լերկ քթին վրայ կը հաստատէ իր բոյնը, եւ ինքն իբրեւ թագաւո՛րը օդին բարձրագոյն գաւառներուն եւ ախոյեանը բնութեան, առաջինը՝ թռչուններու աշխարհին, իր ձագերը կը մեծցնէ իբրեւ արի՛ իշխաններ իր «թագաւորութեան» անսահման տարածութիւններուն։ Առակներու Գիրքին իմաստուն հեղինակին զարմանալի՜ կը թուի «արծիւի ճամբան»։ Արծիւի «ճամբան», այսինքն կեանքը զարմանալի է նաեւ ամէն հասարակ մարդու համար՝ որ կ՚անդրադառնայ մեծութեան։

Զարմանալի՜ է, նախ, սա՛ թէ՝ երկրիս մակերեսէն վեր, երկինքի բարձրունքներուն մէջ թռչող արծիւը, երբ զիջանի իջնելու մինչեւ երկրիս ցած տեղերը. ինչո՞ւ կ՚իջնէ, ի՞նչ կը փնտռէ, եւ ի՞նչ կը գտնէ…։

Ո՛չ միայն «զարմանալի», հապա՝ անհաւատալի՝ սատկած դիակներու վրայ յղփանալու համար։

Ասկէ աւելին չի՞ տեսներ արծիւը իր երկնաբերձ դիտարանէն։ Ո՜վ արծիւ, սեւ հպարտ արծի՛ւ, այդքան բարձրանաս եւ հեռադիտակ աչքերովդ վա՛ր նայիս եւ տեսածդ ըլլայ միա՛յն անասուններու գէշը, եւ ամենէն հրապուրիչ հրաւէրը եթերային բնագաւառդ թողելու եւ սուրալու, նետի նման, եւ թառելու, դիւային հաճոյքով եւ ախորժակով, դիակնացած անասունի մը վրայ։ Վերը՝ երկինքի սրբութիւնը, անբծութիւնը եւ վարը՝ երկրի աղտը…։

Իրա՛ւ, իրա՛ւ զարմանալի՜ է քու «ճամբայ»դ, ո՛վ արծիւ, սեւ արծիւ։ Եթէ երկրիս վրայ պտըտող արարած մը ըլլայիր, զարմանալի պիտի չթուէր։ Ստորին տեղեր ապրող արարածի մը կը վայելէ «ստորին» ճաշակ եւ ախորժակ. բայց ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել քու գաւառիդ բարձունքը, ցածութիւններու «ճամբաներ»ուն հետ։ Ահաւասիկ այսքա՜ն զարմանալի՛։

Մարդիկ տկար են, թերութիւններ ունին, բայց երբ մէկը «հաւատքի թեւեր»ով կը բարձրանայ եւ կը շնչէ սրբութեան անապական մթնոլորտի մը մէջ՝ ա՛լ ինչպէ՞ս կրնայ ախորժակ ունենալ այն բոլոր բաներուն, որոնք յատուկ են «բարոյական ստորին մակարդակ»ի մը եւ որոնք կ՚որակուին մէկ համապարփակ բառով՝ «մեղանչակա՛ն»։

Անոնք որ իրենց հոգիին փրկութեամբ կը պարծենան, պէ՛տք է որ ամէն օր իրենց փրկութեան ապացոյցները տան, ո՛չ միայն շրթունքներու վկայութեամբ, այլ՝ շօշափելի պտուղներովը «վերածին կեանք»ի։ Ուստի արծիւին ճամբուն թող չի՛ նմանի քրիստոնեային կեանքը՝ որ կը պարծի եւ կը ցնծայ իր փրկութեա՛մբը…։

Եւ ահա, ուրիշ զարմանք մը։ Եթէ հարցուէր արծիւին, թէ ի՛նչ կը տեսնէ երկրի երեսը, ի՞նչ պիտի պատասխանէր։ Պիտի ըսէր. «Երկրի վրայ խաղաղութի՜ւն կը տիրէ»։ Չէ՞ որ վերէն նայողին աչքերուն համար անզանազանելի են մարդոց գործերը։ Ո՞վ է չարը, ո՞վ է բարին, ո՞վ է արդարը, ո՞վ է անիրաւը, ո՞վ է տկարը, ո՞վ է զօրաւորը. ամէնն ալ իրարմէ անզանազանելի գոյներով կ՚երեւին «վեր»էն նայողին։ Ո՞վ կը տառապի, ո՞վ կը վայելէ, կ՚ուրախանայ՝ անկարելի՛ է հեռուէն տեսնել, որոշել։

Հեռուէն դատել անկարելի՛ է։

Ուստի արծիւի աչերով կարելի չ՚ըլլա՛ր մարդկային հոգիին խորերը թափանցել։

Աստուած միա՛յն կրնայ հոգիին թափանցող իր աչքովը դիտել, տեսնել մարդ էակին ստոյգ վիճակը։ Ան գիտէ մարդուս մեղքերը, իր ցաւերը, նեղութիւնները, վիշտերը, նաեւ՝ իր փափաքները եւ կարօտութիւնները, պահանջքները, քանի որ Ան Հա՛յր է՝ մեր բոլորին Հայրը եւ մենք իր զաւակներն ենք։

Եւ Աստուած մարդացաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ եւ մեր փորձութիւններուն ու փորձառութիւններուն փորձակից եղաւ։ Ա՛յս իսկ պատճառով՝ արծիւէն աւելի՛ է Աստուած։

Աստուած թէ՛ կը տեսնէ եւ թէ՛ կը սիրէ եւ Անոր սիրոյ աչերը աւելի՛ սուր են եւ թափանցող քան արծիւին աչերը։

Այսուամենայնիւ, արծիւը բարձր կը թռչի, միշտ ազատ, միշտ անկախ, միշտ առանձի՛ն, սեւ ու ճերման ամպերու վրայ կը սլանայ՝ հպա՜րտ՝ յաղթական եւ ախոյեանը թռչուններու աշխարհին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 3, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017