ՅԱՄՐՕՐԷՆ ԴԷՊԻ ԱՆԴՈՒՆԴ

Տարիներ առաջ Ամերիկա հաստատուած հայորդի մը իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Արեւելքի մեր քաղաքին փողոցները, երեկոյեան զանգակներուն ձայնը, հայերէն երգի փշրանք մը, թաղին մէկ անկիւնը պատի մը տակ լացող մանուկ մը՝ դրին անխուսափելի, անջնջելի իրենց դրոշմը մեր խառնուածքին վրայ: Հեռու, հեռո՜ւ կը թուին այդ բոլորը հիմա: Երբեմն ետ կը նայիմ փնտռելու, գտնելու համար մեր տղաքը: Փորձս կը դիմանայ քանի մը վայրկեան միայն: Միւս ժամե՞րը: Պայքար պարզապէս՝ ակամայ աճուրդի հանուած մեր ինքնութիւնը սակարկողներուն դէմ»:

Այդ դժբախտ աճուրդն ու սակարանային տատանումները, ընդունինք թէ ոչ, մինչեւ այսօր կը շարունակուի Ամերիկայի, Եւրոպայի, ինչու չէ նաեւ տակաւ առ տակաւ Արեւելեան երկիրներուն մէջ եւս: Աճուրդի հանուած է մեր ինքնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, որովհետեւ աճուրդի օրէնքներուն համաձայն առաւելագոյն տուողը ի՛նք կը շահի սեփականատէր դառնալու «պայքար»ը:

Վերոյիշեալ նամակագիրը իր պայքարին մէջ պիտի յաջողէր թէ ոչ՝ անյստակ է, սակայն ի՛նք եւս գիտակից է այն ճշմարտութեան, որ այսպէս թէ այնպէս օր մը պարտութեամբ վերջ պիտի գտնէ այդ պայքարը: Նոյնն է պարագան այսօր օտար ափեր ապրող մեր զաւակներուն. անոնք որոնք այսօր հայերէն կը խօսին եւ կամ գէթ կը փորձեն հայերէն խօսիլ՝ լաւապէս կը գիտակցին, որ մի քանի սերունդ ետք կարելի պիտի չըլլայ հայերէնն ու հայրենասիրութիւնը փոխանցել նոր եկուորներուն: Նամակագիրը իր նամակին մէջ տեղ մը կը յիշէ. «Կը սոսկամ ամէն անգամ որ մտածեմ, թէ օր մը մեր, քու եւ իմ ապագայ զաւակները, կրնան օտարներ ըլլալ իրարու՝ մեծցած ըլլալով իրարմէ հեռու, իրարմէ տարբեր աշխարհներու մէջ. մենք Ամերիկա, դուն՝ ով գիտէ ուր»:

Տասնամեակներ շարունակ կը գրուի, կը խօսուի եւ կը քարոզուի այս նիւթի կարեւորութեան մասին. ըստ երեւոյթին տակաւին շա՜տ պիտի արծարծուի, որովհետեւ յեղաշրջող ո՛չ մէկ քայլի մասին կը մտածուի գաղութներու ղեկավարութեանց կողմէ, որոնք իրենց սրտառուչ կոչերով, յորդորներով ու ազդարարութիւններով լոկ կրկեսային լարապարութիւն կ՚ընեն:

Լսուած յայտնի խօսք մը կայ. «Ամէն ժողովուրդ արժանի է այն վիճակին որուն կը հանդուրժէ» եւ ըստ երեւոյթին մեր գաղութները համակերպած են այս դժբախտ իրողութեան հետ:

Տարի մը առաջ երիտասարդ, Արեւելքի երկիրներէն մէկուն մէջ հասակ առած հայրենասէր քահանայ մը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ իր քահանայական ծառայութիւնը այդտեղ մատուցելու: Ամիսներ ետք համացանցի էջերէն կը տեսնեմ. նո՛յն քահանան արդէն եկեղեցւոյ մէջ անգլերէն լեզուով կը քարոզէ..., որովհետեւ գաղութը փոխանակ ի՛նք հայանայ կը նախընտրէ քահանան օտարացնել: Նոյն այդ անտարբերութիւնը տեսայ Եւրոպական երկիրներէն մէկուն մէջ, երբ ժողովի ընթացքին գաղութի ղեկավարները կարծիք կը յայտնէին երկրի մէջ գործող միակ հայկական վարժարանը առյաւէտ փակելու, մինչ արեւելքցի մի քանի հայրենասէրներ ակամայ կը փորձին համոզել, որ այդ մէկը վկայեալ կորուստը պիտի ըլլայ գաղութին:

Ցաւ ի սիրտ Եւրոպական երկիրները, Գանատան, Ամերիկան եւ ուրիշներ չե՛ն տարբերիր այն հրապուրիչ ու դիւթիչ խաղատուներէն, որոնք սիրով անձը ներս կը հրաւիրեն՝ զինք շոյելով գրպանը դատարկելու ճարտար հնարամտութեամբ: Արեւելքէն Ամերիկա մեկնած բազմաթիւ բարեկամներ այսօր խօսած ժամանակ կը փորձեն անգլերէն բառի մը հայերէն տարբերակը գտնելու անյաջող փորձեր կատարել:

Վերջերս Ամերիկայի մէջ հայկական վարժարան մը սկսած է համացանցի իր էջին մէջ տեսանիւթեր հրապարակել. «հայ» ուսուցիչ մը «հայ» աշակերտներուն զանազան հարցերու կու տայ՝ դպրոցին, մթնոլորտին, ընկերային կեանքին ու իրենց առօրեային մասին: Այդտեղ հայ մնացած միա՛կ բանը դպրոցին անուան վերջաւորութեան դրուած «եան» մասնիկն էր:

Մենք այս օտարութեան մէջ ունեցանք սերունդ մը՝ որ ամէն գնով փորձեց պահել իր պայքարը: Մավեան «Հայու մխացող հոգիով» գրութեան մէջ կը յիշէ իր բարեկամներէն Արային հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը. Արա կ՚ըսէ յօդուածագիրին. «Եւրոպացին ու ամերիկացին գերմարդեր էին յաճախ մեր ծնողներուն համար, խորհրդաւոր ու անմերձենալի: Այսօր մենք, անոնց զաւակները, օտար այս ափերուն վրայ խառնուած ենք հոսանքին ու  մեր կեանքերն անգամ կը բաժնենք մեր արիւնին, մեր անցեալին, մեր բարքերուն ու երազներուն հետ կապ չունեցող այս «գերմարդերու» կիներուն ու աղջիկներուն հետ: Խե՜ղճ մեր ծնողները, եկան ուրիշ, «հին աշխարհ»է մը ու մնացեալ իրենց օրերը անցուցին պայքարելով՝ միասին բերուած բարքերը, մտայնութիւնն ու բարոյական ըմբռնումները պահելու, անոնցմով ապրելու համար նոր աշխարհի մը մէջ, որ խորթ էր, անհոգի եւ օտար: Մեր աչքերը բացուեցան հին կշռոյթով կառավարուող տուներու մթնոլորտին մէջ, մինչ տունէն դուրս, արտաքին շփումներու ընթացքին  բաղխեցանք տարբեր, հակոտնեայ չափանիշներու: Մեծցանք «երկու սուրեր»ու միջեւ: Ստիպուած էինք քայլ պահել ընկերութեան պահանջներուն հետ, առանց սակայն դաւաճանելու տունին, մեր այնքա՜ն տառապած ծնողներու ազնիւ զգացումները»:

Իրենք չդաւաճանեցին, սակայն ժամանակը կամաց կամաց, սերունդէ սերունդ վստահաբար մոռցնել տուաւ ու պիտի տայ այն բոլորը՝ որ «բերուած էր իրենց հետ»:

Երանի աթոռները պահելու չափ եւ աւելի այս նիւթերով հետաքրքրուած ըլլային մեր ղեկավարները...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
(1903-1922)

Մեր թուականէն 29 տարիներ առաջ՝ 15 նոյեմբեր 1992-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, գրականագէտ, Գրողներու միութեան անդամ եւ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Յարութիւն Մկրտչեան:

Մկրտչեան ծնած է 15 ապրիլ 1903-ին, Վանի մէջ։ 1915 թուականին կորսնցուցած է ծնողները եւ ինք փրկուելով Մեծ Եղեռնէն հասած է Էջմիածնի որբանոցը: Կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան ճեմարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1919 թուականին. ապա 1923-1926 թուականներուն ուսումը շարունակած է Թիֆլիզի 26-րդ Կոմիսարներու անուան համալսարանէն ներս:

Մկրտչեան 1931-1933 թուականներուն եղած է Հայաստանի Արուեստի աշխատողներու միութեան նախագահ, 1934-1937 թուականներուն Հայաստանի Գրողներու միութեան առաջին քարտուղար, միաժամանակ հերթականութեամբ վարած է «Սովետական Գրականութիւն» եւ  «Գրական Թերթ» պարբերականներու խմբագիրի պաշտօնը: Գրողը եղած է նաեւ Գրական թանգարանի տնօրէն՝  1937-1940 թուականներուն: Մկրտչեան  1941-1945 թուականներուն մասնակցած է հայրենական մեծ պատերազմին: Պատերազմէն ետք վարած է Երեւանի Մանկավարժական Համալսարանի գրականութեան բաժնի վարիչի պաշտօնը, միաժամանակ Երեւանի համալսարանին մէջ վարելով ուսուցչութեան պաշտօն:

Մկրտչեանի գրական գործունէութիւնը սկսած է 1920-ական թուականներուն. ան գրած է պատմուածքներ, որոնք հրատարակուած են «Անմահական այգի», «Նովելներ եւ ակնարկներ» եւ «Հայրենի երկրում» ժողովածուներուն մէջ: Հրատարակած է մանուկներու համար գրուած աշխատութիւններ՝ «Զանգակաւոր գայլը» եւ «Արագիլը»: Գրականագէտը մենախօսութիւններ ու ուսումնասիրութիւններ հրատարակած է Միքայէլ Նալպանտեանի, Ստեփան Զօրեանի, Աքսել Բակունցի, Նայիրի Զարեանի եւ այլ գրողներու մասին, որոնք հրատարակուած են «Գրական դէմքեր» աշխատութեան մէջ: Այս բոլորի կողքին Մկրտչեան հրատարակած է նաեւ դասագիրքեր՝ 10-րդ դասարանի համար:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Մկրտչեան արժանացած է «Կարմիր աստղ» շքանշանին  եւ Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչ կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021