ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Մշակոյթ»՝ տառացիօրէն կը նշանակէ՝ զարգացում, կիրթ մտքի եւ սրտի ստեղծագործած քաղաքակրթութիւն։

Արդարեւ, մշակոյթը, իր ամենալայն առումով, կը նշանակէ՝ ժողովուրդի մը մտային եւ զգայական արժէքներուն ամբողջութիւնը, ուրիշ խօսքով մտային եւ հոգեկան ընդհանուր կալուածը՝ հարստութիւնը։ Եւ այս իմաստով «մշակոյթ»ը՝ ժողովուրդի մը ամենակարեւոր ազդակն է իր գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար։

«Մշակոյթի հոգին՝ հոգիին մշակոյթն է», կ՚ըսէ գերման մեծ ու բեղմնաւոր միտքը՝ Եոհան Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ։ Արդարեւ, մշակոյթը սնո՛ւնդն է հոգիին ե՛ւ մտքին, որուն շնորհիւ է որ կը լուսաւորուի, կը յառաջդիմէ ժողովուրդ մը, ազգ մը։ Մշակոյթը հասարակաց միտքն է եւ հոգին այն հաւաքականութեան, որ գիտէ գնահատել արժէք եւ արժանիք իրեն աւանդուած իր նախնիներէն։ Ժողովուրդին պատմական միտքն ու հոգին է մշակոյթը՝ միտքէ եւ հոգիէ բխած ու արտադրուած ամէն արժէ՛ք։

Մշակոյթը, կերպով մը, ժողովուրդի մը աւանդական մտային եւ հոգեկան արժէքներու ամբողջութիւնն է։

Ափրիկեցի Զուլուներ կ՚ըսեն, թէ՝ «Առանց մշակոյթի, մարդը կը նմանի՝ վագերաձիի մը (=շերտաւոր մորթով վայրի էշ. «զէպրա»), որ իր վրայ շերտաւոր գիծեր չունի»։ Եւ այս կը նշանակէ՝ որ մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութի՛ւնն է, այն ի՛նչ որ ի՛նք կ՚ընէ, իր նկարագիրն է եւ յատականի՛շը։

Ուրեմն, մշակոյթը՝ ժողովուրդի մը լեզուն է, արուեստն է, գիտութիւնն է, աւանդական պատմութիւնն է, հաւատալիքներն է եւ այն ամէն արժէք, որ կը կազմեն ու կը ներկայացնեն զինք։ Բայց այս սեփական մշակոյթէն զատ կայ նաեւ, բոլոր ժողովուրդներու հասարակաց մշակոյթ մը՝ որ կը ներկայացնէ ամբողջ մարդկութիւնը։ Եւ այս պատճառով է որ անհրաժեշտ է մշակութային փոխյարաբերութիւնները ժողովուրդներու միջեւ, կերպով մը՝ մշակոյթի առեւտուրը, որուն միջոցով աւելի եւս պիտի զարգանայ մարդկութեան հասարակաց մշակոյթը եւ զանոնք իրարու պիտի կապէ, միացնէ։

Այս իմաստով, մշակոյթը որքան «սեփական» բայց նո՛յնքան «հասարակաց» արժէք մըն է համայն մարդկութեան համար, որուն միջոցով է որ կը զարգանայ, կը յառաջդիմէ մարդկութեան մեծ «ընտանիք»ը։ Մշակոյթը սնունդն է, աւի՛շն է մարդկութեան մտքին եւ հոգիին, թէ անով կը զարգանայ, կ՚աճի եւ կը գոյատեւէ։ Ուստի ժողովուրդ մը, ազգ մը, հաւաքականութիւն մը, որ կը ձգտի ազնիւ գաղափարականներու իրագործումին, որ կը դիմէ բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին միայն, կ՚ըսուի, թէ մշակոյթ ունի։ Մշակոյթի ընդհանուր բացատրութիւնը սապէս կը տրուի. «Հոգիի զանազան կարողութիւններու ազնուացում, մտքի զարգացում, հարստացում. ընկալեալ առաքինութիւններու ամբողջը, ժողովուրդի մը բարոյական կրթութիւնը, գիտութիւնը, ծանօթութիւններ կարգուսարքի, կարգապահութիւն ամէն մարզի մէջ, ընդհանուր կենցաղագիտութիւն եւ անոր գործադրութիւնը, բոլոր ասոնք որ դիւրատար կ՚ընեն կեանքը եւ ընդհանուր նկարագիրը կը կազմեն ժողովուրդին եւ կը ներկայացնեն զայն ուրիշ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու, եւ անոնց նկատմամբ ընդհանուր վարկ մը, յարգ մը, արժէք մը ցոյց կու տան»։

Նոպէլեան մրցանակաւոր, ֆրանսացի գրագէտ Ռ. Մարթէն տիւ Կառ սապէս կը յայտնէ իր տեսակէտը մշակոյթի մասին. «Մշակոյթի ընդհանուր հարցին մէջ, մարդ պէտք չէ որ իր տեսողութեան գիծէն կորսնցնէ յառաջդիմասէր նկարագրի մը հեռանկարը. մարդ, որպէս բանաւոր էակ՝ գիտակից իր կարողութիւններուն եւ յատկութիւններուն, պէտք է տիրէ նիւթին, եւ իր կողմէ գործնականի վերածէ իր կարողութիւններն ու կարելիութիւնները՝ կեանքի նժարին մէջ նետելով՝ պարտի բնութեան ուժերը եւ կարելիութիւնները ծառայեցնել իրեն։ Արդի քաղաքակրթութիւնը, որուն ստացման եւ հաստատման համար այնքա՜ն ջանք ու քրտինք թափած է մարդկութիւնը դարե՜րէ ի վեր, եւ այսօրուան մակարդակին հասցուցած՝ արտաքին կեղեւ մըն է միայն, իսկ անոր էութիւնն է՝ որ կը մնայ մի՛շտ՝ մշակոյթի հոգին է։ Արդարեւ, ան կը հանդիսանայ մարդկային ստեղծագործութիւն մը, որուն նպատական է գնահատել իմացական, զգացական եւ ամէն տեսակ բարոյական արժէք։ Եւ այս բոլոր արժէքները առինքնող են, եւ կարող՝ հաւաքական-հասարակական կեանքը հաստատելու, կազմաւորելու, բարձրացնելու եւ ազնուացնելո՛ւ…»։

Եւ ներկայ դարը, որ առաւելապէս դա՜րն է ճարտարարուեստի, կարելի է հարցնել. մշակոյթը եւ ամէն բարոյական զբաղում «պերճանք» մը կարելի՞ է համարել արդեօք։ Իրապէս, երբ ամէն նիւթական արժէք այլեւս մեծ արժէք կը ստանայ մարդկային կեանքին մէջ, ամէն ինչ կը չափուի «նիւթ»ով ու նիւթականով, հոն, բարոյական արժէքներ՝ ընդհանուր առումով մշակոյթ, կորսնցուցա՞ծ է իր արժէքը արդեօք։ Կեանքի երկու նժարներուն մէջ՝ նիւթականը եւ բարոյականը եթէ կշռուին, ո՞ր մէկը աւելի ծանր կը կշռէ այսօրուան ներկայ պայմաններուն մէջ։

Իրատես ըլլալու համար՝ մշակոյթը երբեք պերճանք մը չէ՛, մարդկութիւնը որքան ալ նիւթականին արժէք ընծայէ, քանի որ մարդ էակը միա՛յն ֆիզիքական էութիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ բարոյական, այսինքն մտաւոր եւ հոգեւոր՝ բանականութեան ե՛ւ զգացողութեան տէր, եւ դարձեալ քանի որ մարդ չի՛ կրնար հրաժարիլ եւ մերժել իր այս կողմը, ուրեմն, մշակոյթը՝ որ բարոյական արժէքներու ամբողջ մըն է, միշտ համընթաց պիտի ըլլայ անոր կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Զուլուներու իմաստալից խօսքը, այստեղ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, եւ առանց մշակոյթի մարդը՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ որպէս ընկերութիւն, կը կորսնցնէ իր ամենակարեւոր եւ յատկանշական նկարագիրը՝ իր ինքնութիւնը, իր անձնաւորութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2017