ՍՈՐՎԻՆՔ ԵԶԻՏԻՆԵՐԷՆ

Բազմի՜ցս լսած ենք «հայ ըլլալը դիւրին չէ» խօսքը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ մեր որպէս ազգութիւն ունեցած բոլոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Կասկածէ վեր է, որ այդ դժուարութիւններէն առաջինն ու առաջնահերթը ինքնութեան պահպանումն է, մանաւանդ ցիր ու ցան եղած մեր հայերուն համար սփիւռքի մէջ, ուր հայ ըլլալը առօրեայ մարտակոչ մըն է հայ մնալ կամ չմնալու:

Մենք յաճախ կը կարծենք, որ այդ ազգային արժէքներու պահպանման խնդիրը միայն մենք՝ հայերս է որ կը դիմագրաւենք, սակայն փաստօրէն աշխարհի վրայ ամէ՛ն ազգութիւն ունի սփիւռք, նոյնպէս մտահոգ է ապագայով:

Վերջերս Հայաստանի մէջ առիթ ունեցայ ծանօթանալու Եզիտի համայնքի ներկայացուցիչի մը, որոնք անհայրենիք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ՚ապրին. վիճակագրօրէն տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանէն ներս կ՚ապրին աւելի քան 60 հազար եզիտիներ, որոնցմէ շատեր ծնած ու հասակ առած են այստեղ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են:

Առաջին ակնարկով քիչ մը դժուար էր ենթադրել, թէ եզիտիներ են: Ծանօթութենէ անմիջապէս ետք հարցս եղաւ հետեւեալը.- նկատի ունենալով որ ծնած են Հայաստանի մէջ, քաղաքացիներ են արդէն, այստեղ ուսանած ու ընտանիք կազմած, իրենք զիրենք հայ կը նկատե՞ն:

Պատասխանը վստահաբար ո՛չ էր. «մենք եզիտի ենք եւ յետոյ հայ. աշխարհի որ երկիրն ալ երթանք մեր եզիտի ըլլալը առաջնահերթութիւն է»: Պատասխանը ակնկալածէս տարբեր բան մը չէր, որովհետեւ որպէս սփիւռքահայ նոյնը չէ՞ր մեր պարագան. մենք արաբ, թուրք, գերմանացի եւ կամ ֆրանսացի ըլլալէ առաջ հայ չէի՞նք:

Եզիտիներու պատմութիւնը մեր պատմութենէն մասամբ մը աւելի դժբախտ ընթացք մը ունեցած է, անհայրենիք դարձնելով աւելի քան երեք միլիոն եզիտի. ազգ, որ ունի լեզու, կրօն, գիր, գրականութիւն, լեզու եւ սրբազան արժէքներ, սակայն չունի հայրենիք, չունի մայր հող:

Ի տարբերութիւն իրենց (հազա՜ր փառք) մենք տակաւին կրցած ենք պահել այդ վերջինը՝ հողը, որ ալեկոծ ծովու վրայ նաւ մը ունենալէ տարբեր բան մը չէ:

Հայը միշտ ալ օտարինը ընդօրինակելու, իւրացնելու եւ սեփականացնելու ախտը ունի իր մէջ. Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարան»ի խաչագողներուն պէս կը սիրէ օտարին մորթը իր վրայ վերցնել, արաբին հետ ըլլալ արաբ, յոյնին հետ՝ յոյն եւ այս ճշմարտութեան դիմաց ինչքա՜ն նախանձելի կը գտնեմ եզիտիներու հայրենասիրական պայքարը:

Այսօր հայրենի հող ունենալով հանդերձ եթէ այսքա՜ն ողորմելի կը գտնենք սփիւռքի մէջ կամաց-կամաց անհետացող մեր սերունդները տեսնելով (որոնք մերը չե՛ն այլեւս), ինչքա՜ն աւելի պիտի ապրէինք այդ մէկը, եթէ ըլլայինք անհայրենիք:

Եզիտիներու առաջին նախանձելի կէտը այն է, որ անոնք աշխարհի ո՛ր երկրի մէջ ալ գտնուին, կ՚ապրին որպէս հաւաքականութիւն. այսինքն մեծաւ մասամբ եզիտիները շրջան առ շրջան խմբուած կ՚ապրին եւ այս մէկը առիթ ու պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի կարենան աւելիով ապրեցնել իրենց մշակոյթն ու լեզուն: Ընդհանրապէս նոյն փողոցին մէջ աւելի քան տաս-քսան ընտանիք կ՚ապրին եւ այսպիսով իրենց զաւակները որպէս բարեկամ եւ ընկեր կ՚ունենան միւս եզիտի մանուկները, որ պատճառ կ՚ըլլայ թէ՛ մշակոյթի եւ թէ լեզուի գոյատեւման: Այդպիսով հայրենիքէն հեռու եզիտի մանուկներ կը յաջողին իրարու հետ խօսիլ եւ խաղալ իրենց լեզուով, ինչ որ լեզուի գոյատեւումը կ՚ապահովէ: Հակառակ այս բոլորին, ըսենք, որ անոնք Հայաստանը որպէս հայրենիք կ՚ընդունին, եւ նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ եզիտի կամաւոր խումբեր մեկնեցան սահման՝ պաշտպանելու համար իրենց օթեւանը՝ Հայաստանը:

Աշխարհի վրայ այժմ անհայրենիք ապրող ազգութիւններու թիւը կը գերազանցէ 70-ը. անոնցմէ շատեր իրենց լեզուին, գրականութեան ու մշակոյթի կողքին ունին նաեւ իրենց սեփական կրօնը. օրինակ՝ եզիտիները մինչեւ օրս արեւապաշտ են եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ եւ կամ այլուր իրենց ծիսական արարողութիւններով եւ աւանդութիւններով կը շարունակեն վառ պահել այդ հաւատքը:

Ազգութեան տէր կանգնելու պակասը մենք միշտ ալ ունեցած ենք. մեր թուականէն 136 տարիներ առաջ Մկրտիչ Փորթուգալեան Ֆրանսայի մէջ իր հրատարակած «Արմէնիա» թերթի չորեքշաբթի, 8 օգոստոս 1885-ին խօսելով ասորի ժողովուրդի մասին կը գրէ.- «Ասորիներ, որոնք մեր Կ.Պոլսոյ պատրիարքարանի իրաւասութեան տակ են եւ որոնց հետ գոնէ բաղդատուած ատեն մխիթարական կողմեր կրնանք ունենալ, նոքա եւ սկսած են վերջին ժամանակներ այնչափ ճիգեր թափել իրենց ազգութիւնը ճանչցնելու համար, որ այսօր Անգլիոյ մէջ Ասորին գուցէ աւելի ծանօթ դարձած է քան հայը»:

Այս բոլորը մտածել տուաւ, թէ ինչ կրնար պատահիլ մեր ազգին՝ եթէ հայրենիքը կորսնցնենք, դառնանք անտուն ու թափառական եզիտիներու, ասորիներու եւ այլ ազգերու նման: Հայրենիք ունենալով հանդերձ նահանջի ճամբու մէջ ենք արդէն... անհայրենիք մենք պատմութիւն կը դառնանք, կը հիւծինք եւ օտարինը մերը կարծելով իսկական մերը կը մոռնանք:

Ինքնութեան հանդէպ գիտակցութիւնն է, որ հայը օտար հողի վրայ հա՛յ կը պահէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՅՏԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
(1932-2019)

Մեր թուականէն 89 տարիներ առաջ՝ 16 դեկտեմբեր 1932-ին Գահիրէի մէջ ծնած է, ինչպէս նաեւ ծննդեան նոյն թուականին մահացած է նկարչուհի եւ արուեստագիտուհի Այտա Պոյաճեան:

Պոյաճեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ֆրանսական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Փոքր տարիքէն հետեւած է արուեստագէտ Աշոտ Զօրեանի նկարչական դասերուն: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է ծաղրանկարներ նկարել Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսնող «Ալի Պապա» մանկական շաբաթաթերթին մէջ:

Այտա Պոյաճեան 1947 թուականին տեղափոխուած է Հայաստան եւ իր դպրոցական ուսման վերջին տարիները Հայրենիքի մէջ ամբողջացուցած է, միաժամանակ հետեւելով գեղանկարչութեան դասընթացքներու: Ան 15 տարեկանին դպրոցական մակարդակով ունեցած է իր առաջին նկարներու ցուցահանդէսը, որ արժանացած է հայ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի գնահատանքին: Կոջոյեան տեսնելով Այտայի կարողութիւնը՝ զինք ընդունած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան, ուր արուեստագիտուհին որպէս դասընկերներ ունեցած է յայտնի նկարիչներ Մկրտիչ Քամալեանն ու Ցոլակ Ազիզեանը:

Այտա Թերլեմեզեանի գեղարուեստի դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է 1952 թուականին եւ ընդունուած՝ Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառ, ուր աշակերտած է հայ գեղանկարիչ Արա Պէքեարեանին: Այտա Պոյաճեան 1959 թուականին դարձած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ:

Արուեստագիտուհին զբաղուած է գիրքերու պատրաստութեամբ եւ նկարազարդութեամբ. իր աշխատութեամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ հրատարակուած են բազմաթիւ գիրքեր. 1979 թուականին «Լուսին, լուսին, լուսերես» մանկական գիրքի ձեւաւորման եւ պատկերազարդման համար արժանացած է մրցոյթի: Այտա Պոյաճեանի գործերը ցայսօր կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր սրահներէն ներս:

Արուեստագիտուհին մահացած է 2019 թուականին, Եգիպտոսի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021