Ա՛Ն ԿԸ ՍՐԲԷ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ

«Եւ Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ». (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։

Կը պատմուի, թէ մայր մը իր երկու զաւակներուն հետ աներեւակայելի վիճակի մէջ կ՚ապրէր։

Օրէնքը հեռացուց զաւակները։

Պարագաները ցաւ, տառապանք, արցունք եւ յուսահատութիւն բերաւ թշուառ կնոջ վրայ։ Հոգեւոր այցելութիւններ, Սուրբ Գիրքի յարատեւ ընթերցում, քաջալերութիւն եւ աղօթք՝ Յիսուսի առաջնորդեցին զինք։ Թէեւ մասամբ ան մխիթարուած էր, սակայն զաւակներուն կարօտը իր աչքերը միշտ արցունքի մէջ կը պահէր։

Ան ո՛չ ուտելու եւ խմելու ախորժակ, եւ ոչ ալ այցելու ունէր։ Ո՞վ պիտի սրբէր անոր աչքերէն հոսած արցունքները։

Այսպիսի կացութիւններ մեր ընկերային բարոյական դրութեան եւ կենցաղին ջախջախիչ գործերն են, որ մասնաւոր կը մշակեն այսպիսիներուն աւելի լա՛ւ կեանք մը հրամցնելով, բայց շատ քիչ անգամ ուրախ վերջաւորութիւն կրնան ունենալ։

Սակայն ամէն մարդ, դժբախտաբար, չի կրնար անդրադառնալ բարիին՝ յուսահատ եւ յուսալիք, խաւարին մէջ գտնուած լոյսի շողը կ՚անտեսէ, կամ տեսնել չ՚ուզեր։ Մինչդեռ, Աստուած միշտ պատրա՛ստ է խաւարէն ազատելու մարդը։ Նաեւ ամէն մարդ չունի նաեւ իր նմանին օգնելու, ձեռք երկարելու անոր եւ հոգալու, խնամելու զայն։ Մէկ խօսքով ամէն մարդ չունի մարդկային ընկերութեան կարիքներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն։ Կարեկից ըլլալու ազնիւ զգացումը կը պակսի շատերու…։

Մարդ կրնայ անօթիի մը հաց տալ, կրնայ հիւանդի մը այցելել, կրնայ առանձինի մը համար աղօթել, վերջապէս կրնայ այսքան «բարի երեւիլ», բայց անօթին՝ տակաւին անօթի մնալ, հիւանդը՝ տակաւին հիւանդ, առանձինը՝ առանձին վիճակի մը մէջ եւ առանց Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը զգալու իր սրտին մէջ։ Եւ եթէ այդ «բարի» մարդը չէ կրցած տալ Յիսուսի սէրը անօթիին, հիւանդին կամ առանձին մարդուն, այլապէս ոչինչ տուած է անոնց, եւ ինքն ալ պարզապէս կարծեցեալ բարի մըն է եղած եւ ա՛յդքան։

Մարդ իր շուրջը կրնայ արցունքով լեցուն աչքեր՝ տառապող, վշտալի մարդիկ տեսնել, լաց եւ աղաղակ լսել. եւ տակաւին անհոգ, անտարբեր մնալ անոնց հանդէպ։ Եթէ անոնց աչքերէն պիտի սրբուին արցունքները՝ պատճառը Յիսուս Քրիստոսն է։ Արդարեւ, Յիսուսի առաքելութիւնը շարունակուեցաւ իր աշակերտներուն միջոցով եւ այսօր իւրաքանչիւր իրաւ բարի մարդ կը շարունակէ զայն։

Մարդիկ կան, որոնց աչքերուն արցունքները սրբուելու կարիք ունին, եւ ահաւասիկ, ա՛յդ է որ Յիսուս կ՚ուզէ, որ մենք իւրաքանչիւրս ըլլանք անոնց կարեկից, սրբենք անոնց աչքերու արցունքը. «Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով». (ԳՈՐԾ. Ի 19)։ Եթէ ոչ մէկը ըլլայ՝ կա՛յ Յիսուս Քրիստոս որ պիտի սրբէ արցունք սիրոյ անկեղծ եւ ազնիւ զգացումովը։

Ընդհանրապէս, բոլորովին մարդկային մտածելակերպով, մարդիկ կը յանձնարարեն անտարբեր ըլլալ իրարու հանդէպ։ Մինչդեռ իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է իր եղբօրմէն։ Այդպիսիներ սապէս կ՚ըսեն. «Եթէ մէկը որեւէ բան չէ ուզած, ինքնիրմէ մի տաք անոր, նոյնիսկ երբ տեսնէք թէ կարիքը ունի այդ բանին»։ Ասիկա որքա՞ն կարելի է համաձայնեցնել քրիստոնէական վարդապետութեան հետ։ Քրիստոնեայի մը համար կարելի՞ է որ տեսնէ մէկը որ կարիք մը ունի, եւ չհոգալ զայն, եթէ նոյնիսկ պահանջած չէ իրմէ։

Անտարբեր ըլլալ յորդորող մտայնութիւնը կ՚ըսէ նաեւ. «Եթէ մէկը ձեզի հարցում մը չուղղէ, այդ հարցին մասին մի՛ խօսիք, մի՛ պատասխանէք»։ Արդարեւ, քաղաքավարական կանոններու համաձայն, առաջին ակնարկով ճիշդ կրնայ երեւիլ այդ յանձնարարութիւնը։ Բայց եթէ մէջտեղը հարց մը կայ, եւ դուք այդ հարցին լուծման մասին քիչ կամ շատ տեղեկութիւն ունիք, եւ համոզուած էք, թէ կրնաք լուծել այդ հարցը, ճի՞շդ է։ Ամէն հարց կարելի է լուծել աշխարհի վրայ, բաւ է որ այդ հարցը լուծելու կարողութիւն ունեցող ճիշդ անձը գտնուի։ Եւ եթէ հարց մը չէ լուծուած, այդ ճիշդ մարդուն յանցանքը չէ, այլ «ճիշդ մարդ»ը չգտնողներու համար թերացում մըն է։ Իսկ այդ «ճիշդ անձ»ը կրնայ միջամտել, եթէ նոյնիսկ իրեն հարցում չուղղուի այդ մասին, քանի որ ան «մարդ ըլլալ»ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունի նաեւ։

Վերջապէս, անտարբերութեան յանձնարարուներ կը պատուիրեն. «Մի՛ երթաք հոն՝ ուր հրաւիրուած չէք»։ Աս ալ քաղաքավարական կանոններու տեսանկիւնէն ճիշդ կրնայ թուիլ շատերու։ Իրաւունք ունին մասամբ։ Բայց հապա հրաւիրողը առիթ չէ ունեցած, կամ հրաւիրելու համար ձեր հասցէն կորսնցուցած է, այսինքն հրաւիրել ուզած՝ բայց պայմաններու բերմամբ չէ յաջողած, եւ մինչ դուք կերպով մը տեղեակ եղած էք այդ հրաւէրի մասին։ Չէ՞ք ընդառաջեր այդ հրաւէրին, հակառակ որ պաշտօնապէս չէք հրաւիրուած։ Ի՞նչ կը պահանջէ անկեղծութիւնը. երթա՞լ թէ չերթալ։

Ահաւասի՛կ սիրելի՜ բարեկամներ, պէտք չէ կանխակալ ըլլալ. դէպքերը պէտք է դատել եւ ըստ այնմ որոշում տալ։ Կրնայ որեւէ արարք քաղաքավարական կանոններու չհամաձայնիլ, կամ այդպէս երեւիլ, բայց կարեւորը «մա՛րդ»ն է. կանոնները մարդուն համար են, եւ ո՛չ թէ մարդը կանոններուն համար…

Եւ եթէ կը վարանիք որոշում մը տալ՝ հարցուցէք դուք ձեզ, թէ՝ եթէ Յիսուս ըլլար, ի՞նչպէս կը վարուէր, ի՞նչ կ՚ընէր։ Լաւագոյն եւ ամենավստահելի, ապահով ուղեցոյցն է Յիսուս, Ան ձեզ ճիշդը, ուղիղը անպայմա՛ն ցոյց պիտի տայ։

Ուրեմն սիրելի՜ բարեկամներ, երբ ձեր շուրջը աչքերը արցունքով լեցուած մէկը տեսնէք, մի՛ վարանիք, մի՛ սպասէք որ ան ձեզմէ ուզէ, դո՛ւք տուէք անոր ի՛նչ որ պէտք է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 16 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023