ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԱՍԻՆ - 2

Գ. Պըլտեան այս երկասիրութեան մասին կը գրէր, թէ «Եղիայի արձակը կը դեգերէր Պէշիկթաշի շուրջ։ Եղիա կը խօսէր օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ, լեզուական հարց, կրթական հարց, եւ այլն» (Պըլտեան Գ., «Եղիա Տէմիրճիպաշեան անգործ», Յառաջ, Միտք եւ արուեստ, թ. 16.503, 7 Յունիս 1987, Փարիզ, էջ 1-3)։

Հետաքրքրական է, թէ Եղիա Տէմիրճիպաշեան ինչպէս թաղային խորհուրդի անդամակցած էր։ Նախորդ թաղային խորհուրդը պաշտօնավարութեան շրջանը բոլորած ըլլալով 13 ապրիլ 1880-ին հրաժարած էր։ 18 մայիսին կը կատարուէր ընտրութիւն մը, որով բացարձակ առաւելութեամբ ընտրուած էին հինգ հոգի։ Մնացեալ հինգ անդամներու համար 25 մայիսին կը կատարուէր երկրորդ քուէարկութիւն մը եւ կազմուած՝ ինը հոգիէ բաղկացեալ խորհուրդը։ Անծանօթ պատճառաւ չորս հոգի հրաժարած ըլլալով, երկրորդ ընտրութեան առաւելագոյն քուէ ստացողներէն չորսը հրաւիրուած էին, սակայն անոնց ալ հրաժարումէն յետոյ երրորդ ընտրութիւն մը կատարուած էր։ Այս քուէարկութեամբ էր, որ Եղիա Տէմիրճիպաշեան ընտրուած էր։ Իր հետ ընտրուած էր նաեւ մեր բանաստեղծներէն Մկրտիչ Աճէմեան։

Նորընտիր թաղական խորհուրդը իրեն համար առաջնահերթ պարտականութիւն նկատած էր հետաքրքրուիլ՝ վարժարանին հետ։ Իր անդամներէն Մկրտիչ Աճէմեան ու Եղիա Տէմիրճիպաշեանի պաշտօն յանձնուած էր, որպէսզի աշակերտները քննէին ու վարժարանի վիճակին մասին տեղեկագիր պատրաստէին։ Ըստ իրենց տեսութեան, վարժարանը գէշ վիճակի մէջ չէր։ Վարժարանին վիճակը համեմատական էր ամսական 3.500 ղրուշի նիւթական կարողութեան հետ։ Իրենք մտածած էին աղջկանց եւ տղայոց նախակրթարանները միացնել ու ամսական 5.000 ղրուշի պիւտճէ մը ունենալ ըստ հետեւեալի. 2.000 ղրուշ եկեղեցիէն, 1.000-1.500 ղրուշ տղոց թոշակներէն, իսկ մնացածն ալ թաղեցիներէն հաւաքել կրթական տուրք անունով, որ չորս կարգի պիտի բաժնուէր 2, 5, 10 եւ 20 ղրուշ ամսական ըլլալով։ Ժողովը 15 նոյեմբեր 1880-ին միաձայնութեամբ ընդունած էր ներկայացուած առաջարկը։ Թաղական խորհուրդը կրթական տուրքի հաստատութիւնը թաղեցիներուն հաղորդելու եւ ըստ այնմ տուրքի մասնակցելու հրաւէր ուղղելու համար 30 նոյեմբերին կ՚որոշէր յայտարարութիւն մը խմբագրել։

Այս քննարկումներուն մասնակից Եղիա Տէմիրճիպաշեանն էր, որ «կը շրջագայէր Պէշիկթաշի մէջ» ու իր դիտարկումներուն արդիւնքը կերպով մը որպէս տեղեկագիր կը մատուցէր հանրութեան ուշադրութեան։ Նախ իր տան մասին կ՚արտայայտուի, կը նկարագրէ իր տունը եւ այդ նկարագրութեան ընդմէջէն կը յայտնէ իր սրտին փափաքը, թէ մանուկի ներկայութիւնը կենսական է տան մը համար.

«Ա՜հ մանուկ մը …չը կայ մեր տան մէջ, եւ անտարակոյս այս է մեծագոյն պատճառն իմ ամենամեծ տրտմութեանս…։

Մանուկ մը… եւ այդ կականն, այդ աղաղակն, այդ ցնծագին ճիչն, այդ հրեշտակային ժպիտն, այդ տկարութիւնն, այդ զօրութիւնն հոգին մարդուն կը պահեն արթուն զուարթուն։ …այդ նկուն եւ միանգամայն անհուն էակն, այո սփոփիչ, ուսուցիչ, լուսաւորիչ մ՚է քեզ համար»։

Հեղինակը կը գովերգէ Պէշիկթաշի գեղեցկութիւնը.

«Գեղեցիկ է Պէշիկթաշ իր Պօսֆորական կապուտագեղ երկինով, եւ իր արգաւանդ դալարազարդ ու ծաղկազարդ երկիրով։

Գեղեցիկ է Պէշիկթաշ իր յոգնաթիւ հանգունատիպ պալատներով…

Գեղեցիկ է Պէշիկթաշ իր երկնաբերձ սպիտակ մինարէներով ու սգաստուեր սեւ նոճիներով…

Գեղեցիկ է Պէշիկթաշ իր Ըխլամուրով, թռչունք իրենց գեղգեղանօք…

Գեղեցիկ է Պէշիկթաշ իր պարարտ արօտներով, իր պտղառատ անդաստաններով, իր ֆուլիալըքներով, իր չիլէքլիքներով ու իր Մարգարի պարտէզովն, որ երկրաւոր դրախտն է Պէշիկթաշին…

Գեղեցիկ է Պէշիկթաշ որ իր դէմ ունի խորհրդաւոր Գըզ Գուլէսին եւ իր ետեւ ունի խորհրդաւոր Եըլտըզ Քէօշքին…

…Գիշերն հասած է. նաւամատոյցն իջիր, նաւակ մը մտիր, ու դէպ ի վար թիավարէ. Տօլմապահչէի Պալատն… ի՜նչ գեղեցիկ է, հոգի ունին այդ քարերն, կը խօսին, ու կը խորհին այդ մարմարներն. -Ո՜հ, այս պալատ չէ, Պալեան Նիկոողս ինքն է…։ Պալատէն աւելի վեր բարձրացուր աչերդ. կը նայիս մահիկն նիհար, ու կորամէջ, ու դալկադէմ, որ կը նայի Չըրաղանի չնաշխարհիկ պալատին. ճարտարապետն ինք է, հիւծեալ Յակոբ Պալեանն է։…»։

Եկեղեցւոյ յատկացուած գլխուն մէջ կը խօսի գերեզմանատան մասին, որ կը գտնուէր «թաղէն դուրս Եւրոպական գովանի սովորութեան համեմատ»։ Կ՚ակնարկէ, թէ Եըլտըզի Պալատան դէմ գտնուած ըլլալով թաղում կատարելը արգիլուած էր եւ ննջեցեալներ թաղման համար Ֆէրիգիւղ կը փոխադրուէին [այս գերեզմանատունը Շիշլիի Գերեզմանատունն է]։ …Կը սխալի՞մ արդեօք, անուանելով Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին փոքրիկ գլուխ գործոց մը ճարտարապետական։ Գոգցես, թէ Տիրամայրն ինք ներշնչած ըլլայ ճարտարապետն, կամ թէ դշխոյն երկնից իր երկրաւոր տան յատակագիծն ինք անձամբ գծածեւ ճարտարապետին գծասեղանին վրայ դրած ըլլայ քնոյն մէջ։…

Խորհրդաւոր է մանաւանդ խորանն,… ոսկիով ու միւռոնով օծուած, ստուերով սքօղուած ու լոյսով ողողուած, երկնաւոր թագուհւոյն, սրբուհւոց սրբուհւոյն արժան է խորանն, ուր գիրկն Յիսուս մանուկն, կը գահակալէ Տիրամայրն, տիեզերաց ժպիտն ստուերի մէջ ծածկեալ, ստուերի մէջ գեղափայլ…։ Կը նկարագրէ նաեւ խորանի խաչկալի վերեւ տեղադրուած աչքը եւ զայն կ՚որակէ որպէս Աստուծոյն ներկայութիւնը, որ «կը քննէ մինչեւ խղճմտանքի խորերը, որ քննէ զերիկամունս։ Ան Սինա լերան վրայ փայլատակմանց մէջ երեւցող Աստուածն է, Արդարն է այն, որ Էնն»։ Այդ Աչքը, սրբանկարները «կը շրջապատեն ու կը նային քեզի եւ «այնպէս կը թուի թէ համար ի քէն պահանջեն արարոցդ ամեն»։

«Աւագ Հինգշաբթի ցերեկ եւ Աւագ Ուրբաթ գիշեր մանաւանդ վսեմ է Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին։ Արեւուն, անմար կանթեղներուն ու ջահերուն եւ սրբոց ու սրբուհեաց հոգւոց հրաշափայլ լոյսն, լոյսն նիւթական եւ լոյսն աննիւթական, Աւագ Հինգշաբթի ցերեկ եկեղեցին կ՚ողողեն միաբան։ Աւագ Ուրբաթ գիշերն, այդ պատկերաց ստուերք ու բոլոր ստուերք Աստուծոյ տան, յաւելնալով ընթերցուածոց տխրութեան, եւս առաւել թանձր առնեն սեւ գիշերուան խաւարն, եւ տխրագոյն եւ ահեղագոյն եւս առնեն տաճարն։ Ո՜ վսեմութիւն կրօնին։…»

Քահանայք, այս եկեղեցւոյն մէջ, փոքրաթիւ եւ մեծաւ մասամբ տգէտ են։ Երգեցիկ մանկունք ընդհանրապէս սուրբ բանից ու տաղից արժան եղանակաւ երգել կարող չեն։ Քարոզիչն, Խորէն եպիսկոպոս, բեաստեղծ, մատենագիր, ազգային ամենամեծ գրեգիտաց մին, նշանաւոր քարոզներ կը խօսի ժողովրդեան, որ ընդհանրապէս պանդուխտ աշխատաւորներէ կը բաղկանան։ Գեղեցիկ եկեղեցի, գրագէտ քարոզիչ, տգէտ քահանայք, տգէտ հաւատացեալք, եւ թերեհաւատ, եւ անհաւատ հաւատացեալք…։

Զի կան, որք եկեղեցի կ՚երթան, կ՚աղօթեն, Սուրբ Գիրք ու քարոզ կը լսեն, կը խոստովանին ու կը հաղորդուին գրեթէ մեքնանման, առանց լաւ գիտնալու թէ ինչ կ՚ընեն, եւ այս մեծամասնութիւնն է։ Կան որք եկեղեցի կ՚երթան եւ ոյց մտաց մէջ հաւատ եւ անհաւատութիւն սկսած են իրենց մարտն. մարտ աղէտաբեր կամ կենսաբեր, ըստ պարագայից։ Կան որք եկեղեցի կ՚երթան սովորութեամբ, կամ ստիպմամբ, կամ կեղծաւորութեամբ, կամ ազգասիրութեամբ, թէեւ այդ մարդկան համար Աստուած ամէն տեղ է, եւ մանաւանդ բնութեան ծոցն է. Կան ալ ունայնամիտ, անմիտ անձինք, որք զարդ ցուցնել կամ զարդ դիտելու համար կ՚երթան եկեղեցի. Դոցա խորանն է վերնատունն, դոցա աստուածն է զուարճութիւն…»։

Տէմիրճիպաշեան, ցաւօք սրտի արձանագրած է, թէ «դատապարտութեան, արգահատութեան արժան էակաց թիւն օր աւուր, աւաղ կ՚աւելնար, կը ստուարանար։ Թեթեւամտութիւնը եւ ապականութիւնը ամենուրեք իրենց հետ կը տանէին, պաշտօնատանց, ընտանեաց, եկեղեցւոյ մէջ»։ Նկատած է, թէ այսպիսի մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս ֆրանսախօս էին, իրենց մայրենին չէին ուսած, անկրօն էին, իրենց հոգը չէր կրօնը, ազգը, պարտքը, իրաւունքը, հայրենիքը, ընտանիքը։ Նոյնիսկ չէին մտածեր անցեալի եւ ներկայի եւ ապագայի մասին խորհիլ։

Իր խօսքը ուղղելով եկեղեցականներուն կ՚ըսէ. «…Դուք երիտասարդութիւնը անկրօնութեամբ ճարակուած տեսնելով կը տագնապիք։ Ես տագնապելով կը տրտմիմ, արտասուելով կ՚արտասուեմ տեսնելով երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս վարակուած անբարոյականութեամբ։ Բարոյապաշտ մարդն, աստուածապաշտ ալ չըլլայ, միշտ իր նմանեաց օգտակար է, մինչդեռ անբարոյական մարդն, իբրեւ ժանտախտ, ընկերութեան վնասակար է…»։ Ըստ Տէմիրճիպաշեանի, ընկերութեան մէջ որպէս ժանտախտ վնասակար նկատուած մարդիկ կը շարունակեն վնասակար ըլլալ, եթէ նոյնիսկ եկեղցի յաճախեն եւ կամ բարեպաշտ կեանքի բոլոր պարտաւորութիւնները տեղը բերեն։ Իր խօսքը կ՚եզրակացնէր ըսելով. «Ո՜ կրօնաւորք, չեմ սպառնար եկեղեցին փակել, այլ զայն ընդարձակել. Չեմ մտաբերեր ուրանալ Աստուած, այլ ընդլայնել Աստուած, որպէս իմաստասէր մը՝ Տիտռօ կ՚ըսէ»։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021