ԼԱԼԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵԱՆ ՄԸ

Անցնող շաբաթներուն բեմբասացի յատկութիւններ ունենալ կարծող երիտասարդ մը գրութիւններս կ՚որակէր «լալկանութիւն» եւ սիգանքով ու սոնքալով կ՚եզրակացնէ. «Նոյն կերակուրները մի՛ հրամցներ»: Խօսքեր՝ որոնք վստահաբար երիտասարդին չեն պատկանիր, որովհետեւ տարիներ շարունակ բեմերէն լսած ենք այն խօսքը՝ որ «լալու տեղ լուծումին պէտք է նայինք», տարօրինակ... բեմասացները տակաւին չկրցան նայիլ եւ կամ գուցէ երբեք ալ չփորձեցին նայիլ լուծումներուն: Այդ խօսքերը երիտասարդին չե՛ն պատկանիր, որովհետեւ այդ խօսքին տարիքը աւելի քան դար մըն է: Դար մը առաջ լալու կարիք չկար, այսօր եւս ոմանց համար լալու կարիք չկայ՝ սակայն վիճակը լալական է:

Լալկանութի՞ւն... այո՛, լալկան մըն եմ, որովհետեւ դէպի անդունդ առաջնորդուող ազգիս ընթացքը անարցունք նայիլ՝ անփոյթ ու անզգայ ըլլալէ տարբեր բան մը չէ: Դար մը առաջ Փայլակ անունով գրչանուն մը եւս Միսաք Մեծարենցը լալկան կը կոչէր (այսօր ո՞վ գիտէ Փայլակ ով է...):

Խրիմեան Հայրիկը եւս կոչեցին լալկան եւ այդ առիթով Խրիմեան իր «Հայգոյժ աշխարանք Հայոց Աշխարհին» աշխատութեան մէջ Պ. Համբարձում Աճէմեանին կը գրէ.-

«Ոմանք որ չոր ու անզգայ սիրտ ունին, զիս մեղադրելով բամբասեն թէ Խրիմեանը մի լալկան մանուկ է դարձեր կամ թէ միշտ աւերակասէր բու:

«Սակայն ես կը պատասխանեմ նոցա՝ որ այդպէս կը կարծեն։ Թող այդ ծեր իմաստուն եւ հանճարեղ շինողներ անլաց եւ անկոծ շինեն մեր հայրենիք, եւ կամ նորա լացող որդիքներուն արտասուքը ծիծաղելով սրբեն։ Ես յայնժամ կը թողում գուժերս եւ ողբերս, կ՚սկսիմ միայն ուրախութեան երգ նուագել։

«Ամէն աշխարհ եւ ժամանակ իւր ծիծաղ եւ լացն ունի. ո՞վ է այն՝ որ իւր հարսանիք խնդումով եւ պարերգութեամբ չկատարեր. ո՞վ է այն` որ իւր մեռեալը առանց կոծոյ եւ լալոյ կը թաղէ։ Այժմիկ Հայոց աշխարհի կեանք եւ ժամանակ լաց է. Հայոց տունը` սգոյ տուն է եւ իւր հանդէսը մեռելոց հանդէս է» («Հայգոյժ աշխարանք Հայոց Աշխարհին», Մկրտիչ Խրիմեան, Պոլիս, 1908, էջ Զ):

Այսօր «չոր» ու «անզգայ» սիրտ ունեցողները ո՞ւր են, կամ ո՞վ կը ճանչնայ զիրենք՝ չենք գիտեր, սակայն Խրիմեանի գործունէութիւնը քննարկման ենթակայութենէ վեր է:

Ինչեւիցէ... պարզապէս լալկանութիւնը տկարութեան կամ յուսահատութեան երեւոյթ չդիտուի. այդ մէկը պարզապէս վիշտ ու կսկիծ է սեփական ցաւի, որովհետեւ շատերու համար հայաթափութիւնը սովորական, իսկ ուրիշներու համար կենաց-մահու խնդիր է:

***

Ինչպէ՞ս լուծում գտնել...

Իւրաքանչիւր յօդուած, յստակ թէ ծածուկ իր մէջ կը բովանդակէ լուծում, որ շատ անգամ ընթերցողը ի՛նք պէտք է մտածէ, վերլուծէ ու դուրս բերէ զանոնք, կարենալ հասկնալու համար յօդուածի մը հիմնական միտք բանին, իսկ չհասկնալու պարագային ակամայ պիտի յիշեմ մայրենի լեզուի ուսուցիչիս խօսքերը... «ծամեմ բերանդ դնե՞մ...»:

Եթէ մենք՝ գրողներս մեր վրայ առած ենք ազգի ցաւերը մատնանշելու եւ դէպի պայծառ ապագայ «առաջնորդելու» սրբազան ու դժուար առաքելութիւնը, այլ խօսքով՝ եթէ մենք «բժիշկներն» ենք, ապա կասկածէ վեր է, որ հիւանդը հայութիւնն է՝ մեր ազգութիւնն է:

Իսկ դուք երբեւէ տեսա՞ծ էք բժիշկ, որ առանց ախտաճանաչումը կատարելու, առանց քննելու եւ ուսումնասիրելու հիւանդին առողջական վիճակը՝ բուժում ու դեղ նշանակէ: Բուժումը ճշդելու եւ անոր դարմանն ու դեղը գտնելու համար նախ պէտք է ամբողջովին ճանչնալ հիւանդութիւնները, որովհետեւ բժշկուելու հիմնական եւ առաջին կենսական միջոցը սեփական խնդիրներու եւ ցաւերու ճանաչողութիւնն է:

Մենք եւս, որպէս «բժիշկներ» մինչեւ հիւանդին իր խնդիրները չբացատրենք, չհամոզենք՝ որ լրջախոհ ու լուրջ պէտք է մօտենալ հիւանդութեանց՝ չենք կրնար յառաջդիմել, որովհետեւ հոգեբանականօրէն հիւանդի բուժուելու առաջին նախապայմանը՝ ախտաճանաչումն է:

Օդէն խօսած չըլլալու սիրոյն եկէ՛ք թերթատենք Ռուբէն Սեւակի (Չիլինկիրեան) «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» աշխատութիւնը: Մեծանուն գրողը 1913 թուականին Լոզանի մէջ գրի կ՚առնէ հիւադի եւ բժիշկի մը երկխօսութիւնը, ուր երիտասարդ հիւանդ մը մօտենալով բժիշկին կ՚ըսէ. «բայց քանի որ մատդ վէրքի՛ն վրայ դրիր, լաւ է որ սիրտս բանամ, անգամ մը գոնէ կեանքս թունաւորող ցաւը դուրս թափեմ։ Ա՜խ, եթէ ժամանակին գիտցա՜ծ ըլլայի, խօսա՜ծ ըլլայի, թերեւս իմ ցաւիս ալ դարման մը գտնէին»:

Ա.- Ժամանակին գիտցած ըլլայի,

Բ.- Խօսած ըլլայի,

Գ.- թերեւս դարման մը գտնէի

Սիրելի Երիտասարդին յորջորջած լալկանութիւնը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ վերը նշուած Ա. Եւ Բ. կէտերու ամբողջութիւնը: Վերոյիշեալ կէտերը զիրար կ՚ամբողջացնեն: Չես կրնար առանց ճանչնալու լուծում առաջարկել, նոյնպէս ալ իմաստ չունի՛ հիւանդութիւնը նշելով դարմանի մասին չմտածել:

Ամէ՛ն յօդուած օրէնքով իր էութեամբ՝ ունի լուծումի տարբերակներ, սակայն շատ անգամ հասկնալու համար պէտք է վերլուծել՝ եւ ո՛չ քննադատել: Դժբախտաբար, ներկայիս հայկական դպրոցներուն մէջ դարդած է յօդուածի կամ բանաստեղծութեան վերլուծութեան վարժութիւնները, որոնք հայ աշակերտը կը մղէր մտածելու, թափանցելու եւ ըմբռնելու գրութեան մը էութիւնն ու միտք բանին՝ ինչ որ աւելիով կ՚իմաստաւորէր գրութիւնն ու յօդուածը:

Վերլուծման պակասն է մեր մէջ, որ այսօր մեզ կ՚առաջնորդէ բանի մը խորն ու էութիւնը չտեսնելու կուրութեան՝ որմէ յառաջ կու գայ անհասկացողութիւն ու անըմբռնելիութիւն:

Ոչինչ, չհասկնալու պարագային ձգեցէք որ լանք՝ արցունք մըն ալ հեղելով հասկնալու անընդունակ մեր հայորդիներուն վիճակուած ո՛չ պայծառ գալիքին համար: Չէ՞ որ Երեմիա Չէլէպի ըսաւ. «Լացէ՛ք դուք լալկան, ընդ մեր տխրութեան»:

Եթէ շատեր կրնան անտարբերութեամբ դիտել դէպի կորուստ գացող մեր ազգի վիճակը, հանգի՛ստ ձգեցէ՛ք, որ մենք չընենք այդ մէկը, որովհետեւ, դժբախտաբար, չլացողներու մեծամասնութիւնը անտարբերութեան հետեւանքով է որ չեն լար:

Մեր ցաւը մեզի լաց կը պատճառէ, որուն դիմաց ձեզի՛ պէս անտարբեր չենք կրնար մնալ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԱՐԳԻՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
(1891-1954)

Մեր թուականէն 67 տարիներ առաջ՝ 17 օգոստոս 1954 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ մահացած է Օսմանեան կայսրութեան զօրքերու հայազգի հրետանաւոր եւ հրամանատար Սարգիս Թորոսեան:

Սարգիս Թորոսեան ծնած է 1891 թուականին՝ Թուրքիոյ Տեւելի շրջանին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ծխական դպրոցին մէջ եւ ապա ընդունուած՝ Ադրիանապոլսոյ պետական ուսումնարանը: Աւարտելէ ետք, 1914 թուականին ստացած է հրետանաւորի հարիւրապետի կոչում եւ գործուղղուած է Գերմանիա: Թորոսեան յայտնի դէմք է նաեւ թրքական պատմութեան մէջ՝ որպէս Տարտանելի նեղուցի պաշտպան, ուր Սարգիս ոչնչացուց բրիտանական նաւերը: Հակառակ Թորոսեանի կատարած ծառայութիւններուն, 1915-ի տեղահանութեան ժամանակ կը տեղահանուին նաեւ անոր ծնողներն ու հարազատները: Թորոսեան կը փորձէ իր ընտանիքին փրկութեան համար բարձրաստիճան զինուորականներու միջնորդութիւնը հայցել, սակայն կը մնայ անպատասխանի: Անոնց այս ընթացքը պատճառ կ՚ըլլայ, որ Սարգիս միանայ արաբական բանակին՝ Նուիր Եուսուֆի ղեկավարութեամբ: Ապա մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ամերիկայի մէջ Թորոսեան հրատարակած է .Տարտանելից Պաղեստինե անունով իր աշխատութիւնը, ուր ընդարձակ տեղեկութիւն կու տայ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան ռազմական անցուդարձներու, ինչպէս նաեւ Մեծ Եղեռնի մասին:

Հրամանատար Սարգիս Թորոսեան իր բացառիկ ունակութեան, հմուտ հրամանատարութեան եւ խիզախութեան համար Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի պետութիւններուն կողմէ արժանացած է բարձր պարգեւներու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021