ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի գիշեր Պոլսոյ Պատրիարքարանը գուժեց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման բօթը: Այս գուժով հայ ազգը ընդհանրապէս, եւ պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս կորսնցուց նուիրեալ մը, որ Եկեղեցին սիրեց իր բովանդակ հոգիով ու սիրտով ու գիտցաւ ծառայել անոր իր ձիրքերով եւ բազմակողմանի հմտութեամբ: Անձ, որ միեւնոյն սէրն ու նուիրումը ունեցաւ բոլոր պաշտօններուն մէջ, որոնք բացուեցան իր առջեւ: Անձ՝ որ իր վայելած ժողովրդականութեան սահմանները ընդլայնելով որպէս մարդ ու եկեղեցական սիրուեցաւ Էջմիածնի, Անթիլիասի, Երուսաղէմի մէջ եւ գրեթէ ամէ՛ն տեղ:

Տարիներ առաջ եկեղեցիներէն մէկուն խորանէն Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան իր քարոզին մէջ կ՚ըսէր. «Մենք չենք հաւատար երբեմն, կ՚ուզենք Թովմաս առաքեալին նման տեսնել, շօշափել, դժուարութիւններ կ՚ունենանք ըմբռնելու՝ երբ անոնք մեր հինգ զգայարանքներուն տակ չեն իյնար»: Առջի գիշեր ինծի նման շատեր ուզեցին կեանքի կոչել հայր սուրբին խօսքերը. Թովմաս առաքեալի նման չհաւատալ այդ դժբախտ լուրին՝ մինչեւ չշօշափեն, մինչեւ մեր հինգ զգայարանքներուն տակ չզգան...:

Հայր սուրբը ճանչցայ մեր թուականէն տասնվեց տարիներ առաջ՝ 2005 թուականին, երբ տակաւին տասնմէկ տարեկան մանուկ մըն էի՝ նոր աշակերտ մը Պիքֆայայի Զարեհեան դպրեվանքին մէջ եւ այդ տարիներուն Հայր Թաթուլը ճանչցայ երեք տարբեր իրավիճակներու մէջ.-

Ա.- Հայր Թաթուլ որպէս ուսուցիչ.- Հայր սուրբը առաջին անգամ ճանչցայ որպէս ուսուցիչ. մեր հայոց պատմութեան ուսուցիչն էր: Առաջին անգամ իրմէ պիտի լսէինք «հիթիթ»ներու եւ «միտանի»ներու մասին, Սարդուրիի, Արգիշտիի, Մենուայի եւ այլ թագաւորներու մասին. տասնմէկ տարեկան մանուկներու համար բազմաթի՜ւ դժուար անուններ, որոնք հայր սուրբի մանկավարժական մօտեցումներով կը դառնային դիւրին ու պարզ, որովհետեւ փորձառութեամբ, հմտութեամբ եւ հայրական սիրով լեցուն եզական ուսուցիչ մըն էր հայր սուրբը: Ինչքա՛ն ընկերային, նոյնքան պահանջկոտ ու բծախնդիր:

Հայր Թաթուլ այն քիչերէն էր, որ կրցած էր դասարանէն ներս հաւասարակշռել ընկերային կեանքն ու դասերու լրջութիւնը. կը կատակէր, եղբայրօրէն կը բացատրէր, սակայն դասերը լաւ չպատրաստելու պարագային կը դառնար դիւրաբորբոք. շատ անգամ նոյնիսկ կը պատժէր. պատիժ՝ որ դարձեալ սէր կը բուրէր:

Մեր դասընկերներէն ո՞վ կրնայ մոռնալ յոյն գրող, պատմիչ, զօրավար ու քաղաքական գործիչ Քսենոֆոնի անունը. ո՞վ կրնայ մոռնալ, թէ հայերէն լեզուն հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մաս կը կազմէ:

Բ.- Հայր Թաթուլ որպէս հսկիչ.-  Հայրութեան եւ կամ մայրութեան զգացումին համար մեր ծնողներէն վստահաբար լսած ենք այս արտայայտութիւնները. «վաղը մայր ըլլաս կը գիտնաս...», «վաղը հայր ըլլաս կը գիտնաս». հակառակ այդ ճշմարտութեան Հայր Թաթուլ կրցած էր գիտնալ. ընդհանրապէս մանկական հոգեբանութեան մէջ հսկիչները վախ կը պատճառէին, միշտ գերին դարձնելով այն մտածողութեան, որ եթէ սխալ ընեմ պիտի պատժէ մեզ: Հայր Թաթուլը զուրկ էր այդ բոլորէն. մանուկներու համար հայր էր, իսկ աւելի մեծ դասարաններու համար եղբայր:

Մանկական ու երիտասարդական քանի՞ խռովութիւններ վերջ գտան Հայր Թաթուլի յորդորներով, քանի՞ վատառողջ աշակերտ դարման ու բուժում ստացաւ Հայր Թաթուլի խնամքներով, քանինե՞ր իրենց երիտասարդական ու պատանեկան դժուարութիւններն ու խնդիրները պատմեցին Հայր Թաթուլին ու գտան անդորրութիւն. թիւը ո՛չ ոք գիտէ: Ընտանիքներէ հեռու ապրող մանուկներուն համար այդ կեանքը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար առանց Հայր Թաթուլի:

Գ.- Հայր Թաթուլ որպէս հոգեւորական.- Հակառակ ուսուցչութեան եւ հսկիչութեան մէջ ունեցած ընկերային ու բարեկամական նկարագիրին, Հայր Թաթուլ ամբողջութեամբ տարբեր անձ մըն էր Եկեղեցիէն ներս. «Հօրս տունը վաճառատան մի՛ վերածէք» Քրիստոսի պատուէրին թունդ յարող մը:

Օր մը ժամերգութեան պահուն կը շաղակրատէինք եւ կը խանգարէինք հոգեւոր արարողութեան խորհրդաւորութիւնը. Հայր Թաթուլ աղօթքը կէս ձգելով դարձաւ մեր կողմ. ո՞վ կրնար անոր աչքերուն մէջ նայիլ այդ պահուն. ժամերգութիւնը սկիզբէն դարձեալ կատարել հրամայեց:

Պոլիս, Երուսաղէմ, Էջմիածին չեմ գիտեր, սակայն լիբանանահայ համայնքը սիրեց Հայր Թաթուլը եւ յարգեց զինք: Գնահատեց հայր սուրբին բարձրօրէն ներշնչուած ու պերճաշուք քարոզները՝ երաշխաւորուած օրինակելի կեանքով մը:

Անվարան կարելի է ըսել, թէ Հայր Թաթուլ տակաւին շա՛տ ընելիք ունէր հոգեւոր եւ ազգային կեանքին մէջ, սակայն այն ինչ որ ըրաւ իր բովանդակ կարելին էր՝ զօրացնելու եւ բարեկարգելու Եկեղեցին, ազգն ու գաղութը:

Աւետարանի խօսքերուն համեմատ Հայր Թաթուլ իր կեանքը իբրեւ զոհ Աստուծոյ նուիրեց եւ մեկնեցաւ այս աշխարհէն։ Իր բարի պատերազմը մղեց, պահեց իր հաւատքը եւ իր կեանքի ընթացքը աւարտեց: Թող Աստուած երկինքի արքայութեան արժանացնէ հայր սուրբի հոգին եւ նման եկեղեցականներ շնորհէ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ
(1896-1985)

Մեր թուականէն 125 տարիներ առաջ՝ 17 նոյեմբեր 1896-ին Կարսի մէջ ծնած է բանաստեղծ, գրականագէտ, բանասէր, թատերագէտ եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Արշալոյս Արշարունի (բուն անունով՝ Արշալոյս Չինարեան):

Արշարունի իր կրթութիւնը ստացած է Նախիջեւանի թեմական դպրոցին մէջ, ուր ուսուցիչ ունեցած է գրականագէտ ու պատմաբան Երուանդ Շահազիզը, գրականագէտ ու մանկավարժ Աբրահամ Զամինեանը, լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը եւ ուրիշներ: Ան դպրոցը աւարտած է 1916 թուականին եւ անմիջապէս ետք զինուորագրուած. վերադառնալէ ետք զինուորական ծառայութենէն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Խրիմի, Կարսի եւ Չալթրումի դպրոցներուն մէջ:

Արշարունի ժամանակ մը ետք ընդունուած է Վարշավայի համալսարանի պատմաբանասիրական հիմնարկ, սակայն երկրի անկայունութեան պատճառով չէ աւարտած: Վերադառնալով 1920-1921 տարիներուն ստանձնած է «Կոմունիստ» եւ «Պրոլետար» պարբերականներու խմբագիրի պաշտօնը։ 1926 թուականէն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Մոսկուայի զանազան գիտահետազօտական հիմնարկներէ ներս: Արշարունիի գրութիւնները առաջին անգամ սկսած են լոյս տեսնել «Հասկեր» ամսագիրի մէջ՝ 1912 թուականին. ան ամսագիրին մէջ գրած է «Լենին» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը, որ խորհրդային գրականութեան մէջ Լենինի նուիրուած առաջին բանաստեղծութիւնն է: Գրականագէտը մասնակցած է ռուսերէն առաջին «Գրական հանրագիտարան»ի հիմնադրման ու խմբագրման աշխատանքներուն: Երկար ժամանակ ուսումնասիրած է Արեւելքի ժողովուրդներու գրականութիւնն ու բանահիւսութիւնը եւ եղած Խորհրդային Միութեան յայտնի իսլամագէտներէն մին:

Արշալոյս Արշարունի հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները առանձին հատորներով. ինչպէս՝ «Վերջալոյսի ափունք», «Կարմիր յաղթանակ», «Ըմբոստացումի ժամեր», «Վաղուան օրը», «Հայ ժողովրդական թատերախաղեր», «Մոսկուայի հայ մամուլը» եւ այլ աշխատութիւններ: Ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած են գրականագէտի «Հանդիպումներ անցեալի հետ», «Ինչ է կատարւում Չինաստանում», «Պէպօն ֆիլմում» եւ այլ գործեր:

Ստեղծագործելու կողքին Արշարունի կատարած է նաեւ հայերէնէ ռուսերէն թարգմանութիւններ, թարգմանելով Հրաչեայ Քոչարի, Շիրվանզատէի, Նար Դոսի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Նահապետ Քուչակի եւ այլ յայտնիներու գործերը:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ 1929 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին: Մահացած է 20 հոկտեմբեր 1985-ին, Մոսկուայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021