ՄԵՐ ԸՆՏՐԱԾՆԵՐԸ ՄԵԶՄԷ ՎԵՐ

Այսօր մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ համաշխարհային տագնապ մը եւ իւրաքանչիւր ազգ այդ տագնապին գծով պատասխանատու կը տեսնէ իր պետութիւնը եւ բողոքի ձայն մը կը բարձրացնէ անոր դէմ: Իրականութեան մէջ այդ բողոքը տեղի կամ անտեղի ըլլալու կողքին էական է, որովհետեւ հոն ուր բողոքի ձայն գոյութիւն չունի՝ ո՛չ թէ հանգստութիւն, այլ բռնատիրութիւնն է, որ կ՚իշխէ, որովհետեւ ազգերու յառաջդիմութեան ու զարգացման համար անհրաժեշտ է ընդդիմադիր կողմի մը գոյութիւնը, որ ոստիկանի դեր կը կատարէ տիրող իշխանութեան գործունէութեան վրայ, հակառակ պարագային սանձարձակութեան ահաւոր վիճակ մը կը տիրէ:

Երբ երկիրի մը մէջ պետութիւնն ու պետական մարմինները կը հարստանան եւ ժողովուրդը կը շարունակէ թշուառութեան մէջ մնալ, կը նշանակէ այդտեղ լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ այդ մէկը մարդոցմէ աւելի պայմանաւորուած է պետութեան անգործութեամբ: Ճիշդ է, որ հարստանալը եւ աղքատանալը տեղ մը մարդու շնորհքներէն եւ կարողութիւններէն կախում ունի, սակայն երբ մեծամասնութիւնը աղքատութեան սահմաններուն մօտ կ՚ապրին, մինչ պետական պաշտօնեաներ կը հարստանան, ազգը լուրջ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի:

Այսօր Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ շրջակայ երկիրներու մէջ երիտասարդութիւնը նոյն տագնապին ու դժուարութեան դիմաց կը գտնուին. համալսարանաւարտ երիտասարդներ կը շարունակեն մնալ անգործ ու հակառակ այդ անգործութեան գրեթէ ամէ՛ն բան սղաճ կ՚արձանագրէ։ Նման երկիրներու մէջ պատանիներ՝ որոնք իրաւունքը ունին մինչեւ որոշ տարիք անհոգ ձեւով իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրելու, կը սկսին խօսիլ ու մտածել կեանքի եւ նիւթական դժուարութիւններու մասին եւ ակամայ այդ բոլորը զիրենք կը մղէ խօսելու նաեւ քաղաքականութեան մասին, որովհետեւ տիրող կացութեան դիմաց ըմբոստութեան կայծ մը յառաջ կու գայ անոնց մէջ: Այսօր երբեք զարմանալի չենք գտներ, երբ 13-14 տարեկան պատանի մը խօսի քաղաքականութենէն կամ դուրս գալով փողոց «աշխատանք» մը ընել փորձէ:

Թշուառ է այն պետութիւնը, ուր օրէնք հաստատողն ու այդ օրէնքի գործադրութիւնը հսկողը նոյն անձերն են: Պատկերացուցէք որ օրէնքը հաստատողը Յակոբն է եւ այդ օրէնքները չգործադրելու դիմաց պատժողն ու արդարութիւն պահանջողը դարձեալ Յակոբն է. պահ մը ենթադրենք, թէ Յակոբ ի՛նք իր դրած օրէնքներուն դէմ գործեց, ո՞վ պիտի դատէ Յակոբը՝ երբ դատողը նոյնինքն Յակոբը ի՛նք է: Նոյնն է վիճակը գրեթէ բոլոր պետութիւններուն ու վերին խաւը օրէնքէն վեր ու ազատ է, մինչ հպատակ քաղաքացիները ենթակայ:

Ամէն անգամ որ նոր իշխանութիւն մը պաշտօնի գայ, կը կատարուին փոփոխութիւններ. զանազան զրպարտութիւններով կը մեղադրեն ու պաշտօնէ կը հեռացնեն այս կամ այն պաշտօնի վրայ գտնուողը եւ անոր տեղ նորերը կը բերեն, սակայն իրականութեան մէջ այդ փոփոխութեան պատճառը այդ անտեղի զրպարտութիւնները չեն. դուրս կու գան նախկին իշխանութեան թմբուկը զարնողները եւ անոնց տեղ նորերուն թմբուկները զարնողները կու գան:

Հայաստանի վրայով այդ մէկը կրնանք հետեւեալ օրինակով տալ. անցեալին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնը վթարի ենթարկեց երիտասարդ աղջիկ մը՝ որ յղի էր եւ անոր մահուան պատճառ եղաւ. թէեւ ժողովուրդը բողոքի ձայն բարձրացուց, սակայն իրաւական գետնի վրայ ո՛չ ոք դատի ենթարկեց թէ՛ վարորդը եւ թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը սրընթաց ինքնաշարժ վարելու եւ մէկուն մահուան պատճառ հանդիսանալու մեղադրանքով: Եկէ՛ք, այսօր ես կամ դուք նոյն «աճապարանք»ով վթարի ենթարկենք եւ մահուան պատճառը դառնանք երիտասարդի մը՝ սակայն պատիժի չենթարկուինք:

Երկիր մը կը սկսի իր վերելքը ապրիլ ա՛յն ժամանակ, երբ օրէնքներ սահմանողները իրենք առաջին գործադրողները կ՚ըլլան այդ օրէնքներուն:

Հայաստանի մէջ այսօր գոյութիւն ունին տարածքներ, ուր ինքնաշարժ կայանելը արգիլ-ւած է. փորձուէ՛ եւ պատիժի հարուածը կը ստանաս նո՛յն վայրկեանին, սակայն ցաւով կը տեսնես, թէ նախարարներ ամենայն ազատութեամբ ո՛ւր ուզեն՝ այդտեղ ալ կը կայնին: Ախտաւոր միտքս կը սկսի մտածել. եթէ հոս կայնիլը արգիլուած է՝ հետեւաբար տրամաբանական պատճառ մը պէտք է ըլլայ, որուն պէտք է ենթարկուին նաեւ անոնք՝ որոնք մեր տուած հարկերով, մեր դրամով ու մա՛նաւանդ մեր լիազօրութեամբ ու ընտրութեամբ պաշտօնի կը կանչուին: Եթէ այսօր իմ զաւակիս մէկ արարքը եւ նախարարի մը զաւակին նո՛յն արարքը նոյն արդարադատութեան պիտի չհանդիպին, կը նշանակէ լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունի՝ որ ազգը կը տանի մենատիրութեան ու բռնատիրութեան:

Մեր երազն է տեսնել երկիր մը, ուր դրուած օրէնքները կը վերաբերին իշխանութեան այնքանով՝ ինչքան հասարակ քաղաքացիներուն: Արդարութիւնը պէտք չէ նայի, թէ ո՛վ է երիտասարդ աղջկան հարուածողը, որո՞ւ կ՚ընկերակցի այդ ինքնաշարժը, այլ պէտք է ի նկատի ունենայ վթարի եւ մահուան պարագան եւ դատէ այնպէս՝ ինչպէս պիտի դատէր այլ քաղաքացի մը եւ քի՛չ մըն ալ աւելի՝ որովհետեւ մենք կը հաւատանք, թէ «ունեցողէն աւելիով պիտի առնուի» եւ այս պարագային ունեցողները այդ օրէնքները սահմանողներն են եւ անոնք իրաւունք չունին օրէնքէն վեր գտնուելու:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -196-

Սեփական փորձով գիտենք, որ օրէնքներ սահմանողը երբ օրէնքները չգործադրէ՝ բնականաբար դիմադրութեան մէջ դէմ կը գտնուի:

Դպրեվանքի տարիներուն պատանիներուն վրայ հսկիչ կը նշանակուէին նորաօծ երիտասարդ հոգեւորականներ: Հսկիչներու կողմէ օրէնք կը դրուէր, թէ խստիւ արգիլուած է համացանցի եւ բջիջայիններու գործածութիւնը, սակայն հակառակ այդ օրէնքներուն, անոնք ամբողջ օրը, նոյնիսկ սեղանատան մը կը զբաղէին իրենց բջիջայիններով, ինչ որ ըմբոստութիւն կը յառաջացնէր պատանի-երիտասարդներուն մօտ: Ինչպէ՞ս կարելի է արգիլել՝ սակայն ի դիմաց այդ արգելքին ամբողջ օրը սեփական օրէնքին դէմ գործել եւ սպասել՝ որ ուրիշներ գործադրեն այդ օրէնքը:

Պատանի-երիտասարդը մի՛շտ իր մեծը օրինակ կը վերցնէ. եւ պատկերացուցէք դուք ձեր զաւակներուն պահք եւ ծոմապահութիւն պարտադրէք, սակայն դուք ազատութեամբ միս ու խորոված ուտէք անոնց ներկայութեամբ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 18, 2023