ՅԱՋՈՂՆԵՐՈՒՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Հակառակ այն իրողութեան, թէ կը հաւատանք բնածին շնորհքներու ու կարողութիւններու, կը հաւատանք նաեւ, որ ժամանակն ու շրջապատը մեծ դեր ու ազդեցութիւն կ՚ունենան կազմաւորման ու դրսեւորման մէջ։ Իւրաքանչիւր ժամանակ եւ միջավայր կը ստեղծէ իր պայմանները եւ այդ պայմաններու լոյսին տակ իւրաքանչիւր անհատ կը կազմաւորուի ու իր կեանքի ուղին կը գծէ:

Այս լոյսին տակ մարդոց մօտ կազմուած է այն կարծիքը, թէ ընդհանրապէս կեանքի մէջ յաջողած ու ընկերային լաւ վիճակի արժանացած մարդոց մեծամասնութեան մեծագոյն ձախողութիւնն են իրենց զաւակները, որոնք ի տարբերութիւն իրենց ծնողներուն, ընդհանրապէս ձախողած արարածներ դուրս կու գան: Յաճախ կը կարծուի, թէ յաջողակ ու նիւթապէս ապահով ընտանիքի մը մէջ լոյս աշխարհ գալը առաւելութիւն մըն է, սակայն, իրականութեան մէջ, իր առաւելութիւններու կողքին ունի իր թերի կողմերը, որոնք յաճախ անոնց զաւակները կ՚առաջնորդեն ձախողութեան:

Աղքատ ու դժուար պայմաններու մէջ ապրող մարդը կ՚ունենայ յաջողութեան հասնելու ծարաւը եւ այդ ներքին կիրքը զինք կ՚առաջնորդէ յաջողութեան հասնելու, սակայն «յաջող» պայմաններու մէջ լոյս աշխարհ եկած մանուկ մը չի կրնար ունենալ այդ մղումը, ինչ որ ունէր իր ծնողը եւ այս պարագային երկուքին համար «յաջողութիւն»ը կ՚ունենայ տարբեր իմաստ:

Պատկերը դիտենք այսպէս. եթէ Կոմիտաս Վարդապետ փոքր տարիքէն հայրը կորսնցուցած չըլլար, գուցէ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ ապրէր եւ երբեք Էջմիածնի վանքի ճամբան չբռներ եւ օտարախօս Սողոմոնը երբեք ալ հայերէն լեզուն չսորվեր. եթէ ըլլար մեծահարուստ վաճառականի մը զաւակը, գուցէ ստանձնէր հօրը գործը եւ յաջողութեան մէջ ապրելով՝ մոռացութեան մատնուած հազարաւորներու շարքին մաս կազմէր:

Աղքատութեան ու դժուարութեան մէջ ապրող հօր մը եւ հանգստութեան ու հարստութեան մէջ լոյս աշխարհ եկող զաւակին մարտահրաւէրները ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլան. ծարաւ մարդն է, որ ջուրի փնտռտուքի դուրս կու գայ:

Այդ իսկ պատաճառով, կը հաւատանք, թէ կեանքի մէջ դժուարութիւններ ունենալը կեանքի քաղցր կողմերէն մէկն է, որ մարդու մէջ կը կերտէ մարդը: Կեանքի դժուարութիւններէն կը ծնի երազը եւ իր անսահման հարստութեան մէջ եւս դժբախտ է ան, որ չունի երազներ եւ հաւատացէք, որ աղքատ ու թշուառ մարդը շատ աւելի երազներ ու նպատակներ ունի՝ քան աշխարհի հարուստները։ Երազներու եւ նպատակներու գոյութիւնը կ՚իմաստաւորէ մարդու կեանքը: Աչքի դիմաց ունեցէ՛ք մարդկային պատմութիւնը. մեծագոյն ու կարեւորագոյն գիւտերն ու յայտնագործումները կատարած են պարզ ու անշուք մարդիկ: Տրամաբանականօրէն հակառակը կը սպասուի, որովհետեւ «յաջողած» ու հարուստ մարդիկ ունին ամէ՛ն պայմանները՝ այդ բոլորը աւելի դիւրութեամբ իրագործելու:

Այս բոլորի պատճառներէն մի քանին նշենք հետեւեալ ձեւով.

Ա- Իւրաքանչիւր միջավայր կ՚ունենայ իր ուրոյն հետաքրքրութիւնները։ Աղքատութեան մէջ մանկութիւն մը ապրած հարուստ հօր մը հետաքրքրութիւնները եւ անոր «բախտաւոր» նկատուած զաւակին հետաքրքրութիւնները նոյնը չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ հետաքրքրութիւնները կը պայմանաւորուին անհատի շրջապատով եւ այս հաւասարակշռութիւնը ստեղծելը ծնողական պարտաւորութիւններէն մէկը կը նկատենք: Հարստութեան ամենէն բարձր աստիճանի վրայ նոյնիսկ պէտք է ստեղծել սահմաններ, որպէսզի անոնք երազեն, երեւակայեն եւ իրենց հետաքրքրութիւնները զարգացնեն, այլապէս պիտի դառնան անպէտք մարդիկ՝ յաճախ թմրամոլ ու անօգուտ արարածներ՝ յաջող կեանքի մը մէջ ձախողութեամբ խեղդուած:

Բ- Աղքատ ու հարուստ ծնողներու իրենց զաւակներէն ակնկալութիւնները ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլան։ Մարդ որքան ալ ազատութեան ձգտող արարած ըլլայ, ծնողներու եւ շրջապատի ակնկալիքները մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան անոր կազմաւորման մէջ: Յաճախ ծնողներ իրենց ակնկալութիւններով մանուկներուն մէջ կը սպաննեն շնորհքներ ու ցանկութիւններ եւ կ՚ուզեն իրենց զաւակը առաջնորդել դէպի իրենց ծրագրած ուղին. սա կը կատարեն «բարիք» անուան տակ, սակայն շատ անգամ կրնայ վերածուիլ չարիքի։ Այդ իսկ պատճառով պէտք է լաւապէս քննել ակնկալութիւնները:

Գ- Յաջողութիւնը կը դառնայ յաջողութիւն՝ երբ անձը ի՛նք մաքառելով կը յաջողի ձեռք բերել: Յաջողութեան հասած ծնողներ իրենց զաւակներուն ամէն տեսակ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով, առանց անդրադառնալու, չարիք մը ըրած կ՚ըլլան: Կը հաւատանք, որ յաջողութեան հասնելու լաւագոյն ճամբան ձախութիւնը համտեսած ըլլալուն մէջ կը կայանայ:

Մարդ արարածը ընդհանրապէս իր ունեցածէն տարբեր ապրելակերպ մը կ՚ուզէ ստանալ. աղքատը կ՚ուզէ հարուստին ունեցած կեանքը ապրիլ, սակայն նոյն տրամաբանութեան լոյսին տակ հարուստը եւս կ՚ուզէ փոխել իր ապրելակերպը։ Այդ է պատճառը, որ յաճախ հարուստ մարդիկ՝ հակառակ բոլոր պայմաններուն, կ՚ուզեն համեստութիւնը ապրիլ:

Յաջող անձերու զաւակներու յաջողութիւնը յաճախ կուշտ փորով ճաշ ուտելու կը նմանի. կուշտ անձը չի՛ կրնար ճաշին համովութիւնը զգալ։ Ճաշին համը կրնան զգալ միայն զրկանքներէ ու կեանքի զանազան մարտահրաւէրներէ եկողները, որոնք այդ յաջողութիւնը ձեռք բերելու համար անձնազոհութեամբ պայքարած ու մաքառած են:

Այս բոլորի լոյսին տակ բախտաւոր կը նկատենք ա՛յն անձերը, որոնք յաջողած են կեանքի երկու երեսները ապրիլ, որովհետեւ ո՛չ աղքատը հարուստին եւ ո՛չ ալ հարուստը աղքատին վիճակը պիտի կարենայ իրապէս հասկնալ՝ մինչեւ չապրի եւ իր սեփական մորթին վրայ չզգայ այդ բոլորը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է մինչեւ օրս գործող ամենէն հին եկեղեցին:

Պատասխան. Մինչեւ օրս գործող ամենէն հին եկեղեցիներէն մէկն է Իտալիոյ մէջ գտնուող Մաջորէի Սուրբ Մարիամ եկեղեցին: Ան Հռոմի ամենէն մեծ, նաեւ Աստուածածինի նուիրուած ամենէն հին տաճարներէն մին կը նկատուի:

Եկեղեցին կառուցուած է մօտաւորապէս 432-440 թուականներուն Սիքսթուս Երրորդ պապի (Pope Sixtus III) կողմէ, սակայն դարերու ընթացքին ենթարկուած է բարեփոխումներու եւ վերանորոգումներու: Եկեղեցին մինչեւ այսօր զբօսաշրջիկներու համար կարեւոր ուխտատեղի կը նկատուի:

Հարկ է նշել, որ կան նաեւ այլ հին եկեղեցիներ, սակայն հնարաւոր չէ անոնց մէջէն ճշդել ամենահինը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024