ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդիկ հաւասար կը ծնին, սակայն կ՚ապրին անհաւասար:

Հաւասար ծնելու ընթացքը եւս երկար չի տեւեր. կը ծնին մերկ ու հաւասար, սակայն վայրկեան մը ետք այդ հաւասարութիւնը վերջ կը գտնէ, երբ մին դրուի շերամի թելով հիւսուած խանձարուրի մէջ, իսկ միւսը կարկտան ու հնամաշ կտորի մը մէջ: Կեանքի այդ օրէնքը ցմահ կը շարունակուի, անհաւասարութեան վիհեր ստեղծելով նաեւ անոնց հոգեկան ապրումներու, մտային կարողութեան, երազներու եւ իղձերու, վարքի ու բարքի եւ ուժի միջեւ, հասարակաց միակ գիծ պահելով իրենց մարդ ըլլալու իրողութիւնը:

Շատեր կրնան անհաւասարութիւն տեսնել նաեւ ծնունդի մէջ՝ անարդարութիւնը վերագրելու Աստուծոյ՝ տեսնելով անհաւասարութիւնը անոնց աչքերուն, ձեռքերուն ու ոտքերուն, գեղեցկութեան ու մարմնական տուեալներուն՝ մին տձեւ իսկ միւսը՝ գեղեցիկ ու վայելուչ:

Մէկը տէ՛ր միւսը՝ ստրուկ, մին երջանի՛կ միւսը՝ թշուառ, մին առողջ՝ միւսը հիւանդ, մին օրէնսդի՛ր միւսը՝ ենթակայ, մին կո՛ւշտ միւսը՝ անօթի անհաւասարութեան տիղմին մէջ կը փորձեն իրենց գոյութիւնը քաշքշել: Անհաւասարութիւն ամէնուրե՛ք, եկեղեցւոյ նստարաններէն սկսեալ, մինչեւ մեռելներու դամբարաններն ու շիրիմները:

Մեզմէ ո՞վ երբեք չէ տագնապած  ու տրտնջած անհաւասարութեան դէմ՝ տեսնելով իր ճիգերուն ամլութիւնը. մեզմէ ո՞վ չէ տեսած աշխատութեան մէջ մաշուած, չարչարուած ու տառապած բանող ձեռքեր, որոնք կը մնան աղքատութեան ու կարօտութեան մէջ, մինչ ուրիշներ...

Ո՞վ ըսաւ որ անասունները զուրկ են այդ անհաւասարութեան օրէնքէն: Նոյն սեռին ու ցեղին պատկանող երկու շուները բախտի խաղով մը կեանքի անհաւասարութեան յայտնի օրէնքին համաձայն կրնան ունենալ տարբե՜ր կենցաղ:

Իսկ աւելի վատը... անհաւասարութիւն ՄԱՐԴՈՒ եւ ԱՆԱՍՈՒՆԻ միջեւ... որովհետեւ աշխարհի մէջ թիւով քի՛չ չեն այն անասունները, որոնք մարդ արարածէն աւելի՛ հանգստաւէտ ու փարթամ կեանք մը ապրելու բախտաւորութիւնը ունին: Շա՜տ են թիւով անոնք՝ որոնք անունով մարդ, սակայն ճակատագիրով անասնաբար ապրելու դատապարտուած են:

Բայց ի՞նչ կրնանք ընել... չէ՞ որ ծովու մէջ նոյնիսկ բոլոր ալիքները հաւասար չե՛ն բարձրանար. ամէ՛ն մարդ իր ալիքը ունի կեանքի մէջ:

***

Լաւապէս զննեցէք յօդուածին կցուած նկարը. եւ նայեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս նայիլ պիտի փորձէիք աշխարհի մեծագոյն թանգարաններուն մէջ տեղադրուած արուեստի գոհարները, որովհետեւ՝ կը հաւատաք թէ ոչ, այս նկարը մի քանի ամիսներ առաջ ծախուեցաւ 11.8 միլիոն ամերիկեան տոլարի:

Եղած անհաւասարութիւնը ինչպէ՞ս սկսիլ վերլուծել... նախ խօսիլ գնորդի մսխումին եւ անդին հազարաւոր անօթի անտուններո՞ւն անհաւասարութեան մասին, թէ խօսիլ այն հազարաւոր արուեստագէտներուն մասին, որոնք իրենց լաւագոյն գործերը օրուայ ապրուստի մը դիմաց ծախելու անհաւասար փորձը կը կատարեն ամէ՛ն օր:

Մէկ տարի առաջ՝ 9 յունիս 2020 թուականին, 1841 թուականին նկարուած յայտնի հայազգի ծովանկարիչ Այվազովսքիի գլուխ գործոցներէն «Նափոլիի ծոցը» աշխատութիւնը աճուրդի ընթացքին ծախուեցաւ 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Ըսէ՛ք, ո՞վ է այս տրամաբանութեան հակառակ այս չափանիշներու հեղինակը:

Նկարին հեղինակ «արուեստագէտ»ը քանի՞ ժամ տագնապած, մտածած ու «ստեղծագործած» է նկարը՝ չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, սակայն գիտե՛մ ամբողջ կեանք մը մրջիւնի նման բանող ու մաշուող անձեր, որոնք ծախուած գումարին 1 առ հարիւրը չե՛ն յաջողիր մէկտեղել եւ այդպէս թշուառութեան մէջ ալ կը մեռնին:

Նայելով նկարին կը մտաբերեմ բոլո՛ր այն արուեստագէտները, որոնք տեսած եմ Հայաստանի փողոցներուն վրայ՝ իսկական արժէքէն շա՜տ պակասի իրենց արուեստը ծախել փորձած ժամանակ. ո՜վ գիտէ անցեալին քանի՜ արուեստագէտ հրաշակերտ նկարներ ստեղծելով հանդերձ անօթութեան մէջ փակեց իր աչքերը: Ի՞նչ պիտի մտածէին այդպիսիներ՝ տեսնելով այս նկարը, որուն գծագրութիւնը հաւանաբար մէկ վայրկեանի մը հարց ըլլար իրենց համար:

Աւելի քան դար մը առաջ, Գրիգոր Զօհրապ կը մօտենայ աղջկայ մը եւ մերժում կը ստանայ. աղջիկը կ՚ըսէ. «Դուն, ըսաւ ինծի, իրաւ անկուշտ էակն ես եղեր. հարուստի, չտեսի, չյափրացողի տիպարն ես» ու շարունակելով կը խօսի պատանիի մը մասին, ըսելով «օրն ի բուն ամենէն նկուն աշխատութեան մը դատապարտեալն է. իր տաժանքին փոխարէն ստացած չնչին ու ողորմելի ամսական վարձքը, հայրենի՛քը, հո՛ն, հեռո՛ւն, - այս բանը դուն չես գիտեր, - սպասող հօր մը, մօր մը վերջին տարիներու զրկանքը թեթեւցնելու պիտի երթայ. այդ ամսականը քու մէկ վայրկեանի հաճոյքիդ գինն է»: Ուրիշի տասնամեակներու ճգնաժամ աշխատանքը վայրկեանի մը մէջ մսխողներով լեցուն է անհաւասար աշխարհը:

Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. կեանքը ի՞նչ է, եթէ ոչ անհաւասար կռի՛ւ մը պարզապէս... «Մարդ կայ՝ ելել է շալակն աշխարհի, Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում». Տանո՛ւմ, ու տեղ չի՛ հասնում մե՛ծ վարպետ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏԻԳՐԱՆ ՉԻԹՈՒՆԻ
(1881-1960)

Մեր թուականէն 61 տարիներ առաջ՝ 19 հոկտեմբեր 1960-ին Ֆրանսայի մէջ մահացած է բանահաւաք, բանասէր եւ գրող Տիգրան Չիթունի (բուն անունով՝ Տիգրան Չիթչեան):

Չիթունի ծնած է 22 ապրիլ 1881-ին, Վան քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Սուրբ Անանեան  եւ ապա Յիսուսեան վարժարաններուն մէջ։ Ապա ուսումը շարունակած է Վանի Երեմեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1898 թուականին եւ երեք տարի ուսումը շարունակած է Կարինի Սանասարեան վարժարանէն ներս:

Չիթունի 1910 թուականին Պոլսոյ մէջ հիմնած է «Հայագիտում» հրատարակչութիւնը, իսկ 1940 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ: Զանազան ժանրի յօդուածներով աշխատակցած է Պոլսոյ եւ սփիւռքի զանազան պարբերականներու մէջ: Հրատարակած է զանազան աշխատութիւններ. ինչպէս՝ «Լէյլի եւ մեջնուն» (1911), «Մայրենի աշխարհ» (1913), «Արեւելեան խաղաշխարհ» (1919) եւ այլ գիրքեր: Գրի առած է «Սասնայ ծռեր» ու չորս տարբերակ եւ հրատարակած՝ «Սասունական» խորագրով: Անոր յայտնի գործերէն են Պոլիս տպագրուած «Սասմանց տուն»ը, «Յուշիկք Հայաստանի»ն, «Համբարձման վիճակ»ը եւ ուրիշներ:

Չիթունի մամուլի մէջ հանդէս եկած է Վրոյր, Ես, Հեռագետ, Այգեցի, Շեմիր եւ այլ գրչանուններով:

Կոմիտաս Վարդապետ օգտուած է Չիթունիի գործերէն, անոնցմէ գրի առնելով Վանի ժողովրդական երգերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021