ԱՐԴԱՐ ՄԵՂԱՒՈՐՆԵՐԸ

Կեանքի մէջ երեւոյթներ կան, որոնք թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարդկային տեսանկիւնէն հասարակաց նոյն տրամաբանութիւնը ունին: Անոնցմէ մէկն է Խրիմեան Հայրիկի 1878 թուականին հրատարակած «Սիրակ եւ Սամուէլ» աշխատութեան 11-րդ գլխուն մէջ գրած հետեւեալ տողը.- «Մարդն ազատ անբռնադատ է. ինքն ազատաբար կ՚ընտրէ իւր ճանապարհ. կամ արդարութիւն գործելով` արդար կը լինի, կամ մեղք գործելով՝ մեղապարտ կը լինի»: Թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարդկային առումով արդար ըլլալը շնորհք մը կամ ձիրք մը չէ՝ այլ ընտրութիւն է: Թուաբանական ամենապարզ հաշուարկին պէս պարզ է օրէնքը. արդարութիւն կը գործես՝ արդար կը մնաս. անարդարութիւն կը գործես՝ մեղապարտ կը դառնաս:

Հակառակ այս պարզ օրէնքին, շատ անգամ կեանքը մեր դիմաց կը պարզէ վերոյիշեալէն տարբեր երեւոյթ մը. 5 յուլիս 1983 թուականին Խորհրդային Միութեան տարածքին մահապատիժի կ՚ենթարկուի եւ գնդակահարութեամբ կը սպաննուի 29 ամեայ երիտասարդ մը, 1978 թուականին մանուկ մը պղծելու եւ սպաննելու մեղադրանքով: Մանուկի դին գտնուելու օրը կը ձերբակալուի Ալեքսանտր Քրաւչենքոն (Aleksandr Kravchenko). կինը տարբեր վկաներու օգնութեամբ փաստեր կը ներկայացնէ, որ սպանութիւնը ամուսինը կատարած չի կրնար ըլլալ, սակայն հակառակ պնդումներուն կը բանտարկեն 29 ամեայ երիտասարդը:

Ժամանակ մը ետք երիտասարդին մօտ կը բերեն թմրամոլ մը եւ մարդասպան մը, որոնք ծեծելով կը ստիպեն երիտասարդը ընդունելու սպանութեան մեղքը. ծեծի ուժով կը ստիպեն երիտասարդը ընդունիլ մեղաւորութիւն մը՝ որ ինք կատարած չէ: Երիտասարդի կինն ալ կը վախցնեն, թէ որպէս մեղսակից կրնայ ինք եւս դատուիլ եւ սուտ խոստովանանքի թուղթեր ստորագրել կու տան: Այսպիսով 16 փետրուար 1979 թուականին պաշտօնապէս մանուկի պղծութեան եւ սպանութեան մեղաւորութիւնը կը դրուի երիտասարդի ուսերուն, որմէ չորս տարի ետք մահապատիժի զոհ կը դառնայ:

Վստահաբար անցեալին նման անարդարութիւններ շա՜տ եղած են ու 29 ամեայ երիտասարդին պէս բազմաթի՜ւ անմեղներ զոհ դարձած են ճակատագրի զաւեշտին: Անցեալին ծեծի ազդեցութիւնը այնքա՜ն ահաւոր էր, որ մարդ կը խոստովանէր իր չըրածը անգամ. նման ակնարկութիւն մը կը տեսնենք գրող եւ հրապարակախօս Ռաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան) «Խաչագողի յիշատակարանը» աշխատութեան մէջ. հեղինակը կ՚ըսէ. «Քրէական գործերու ժամանակ պարսից դատաւորները քննութիւնը հարցմունքներով, վկաներով կամ այլ հետախուզութիւններով չէ որ կը կատարէին, այլ միայն ծեծով: Անոնք կը պատժեն նախքան յանցանքի հաստատուիլը: Կալանաւորի ոտները կը դնեն ֆալախայի մէջ, այնքան կը ծեծեն, կամ բանտին մէջ այնքան սարսափելի տանջանքներու կը մատնեն, մինչեւ խոստովանի»:

Նոյն այդ անարդարութեան զոհ կը դառնան պատմութեան մէջ յայտնի հինգշաբթի, 28 մայիս 1909-ին Ատանայի մէջ կախաղան բարձրացած վեց անմեղ հայերը: Անոնց մահուան բօթը կը տեսնենք «Ժամանակ» օրաթերթի ուրբաթ, 29 մայիս 1909-ի թիւին մէջ  (Ա. տարի, թիւ 188, էջ 2, Դ. սիւնակ): Կախաղանի վայրը կու գայ հայ քահանայ մը հաղորդելու հայերը։ Կախաղան բարձրացողներէն մսավաճառ Միսաք Սարգիսեան կ՚ըսէ քահանային. «Տէր Հա՛յր, անմեղ կը կախուիմ, յանցանք չունիմ, Ազգս ընտանիքիս տէր թող ըլլայ, ծերունի եւ անտէր մայրս ու կինս, զաւակներս Ազգիս խնամքին կը յանձնեմ, Ազգս գոնէ ընտանիքս թող խնամէ»: Կախուողներուն մէջ երկու հայ եղբայրներ կը պաղատին զինուորներուն, որպէսզի մէկը միւսէն աւելի առաջ չկախուի, որպէսզի իրարու կախուիլը չտեսնեն, ինչ որ չէ կատարուած եւ մէկ եղբայրը միւս եղբօր տառապանքը տեսած է:

Վերոյիշեալներէն աւելի զարմանք կը պատճառէ յետ մահապատիժի արդարացումը. գրող, արձակագիր, բանաստեղծ ու թատերագիր Վահան Թոթովենց 1936 թուականին ձերբակալուած եւ 1938-ին գնդակահարութեամբ սպաննուած է. մահէն 18 տարիներ ետք անմեղ ճանչցուած եւ մահապատիժի որոշումը չեղարկուած է... ի՜նչ հեգնանք: Նոյն ճակատագրին արժանացած է հայ տնտեսագէտ Վռամ Կոստանեան, քաղաքական գործիչ եւ լրագրող Հրանդ Գալիկեան, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ պետական գործիչ Պօղոս Մակինցեան, Հայկական բանակի հրամանատար Յովհաննէս Հախվերտեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Հիմա արդէն ինչքա՜ն հարազատ կը հնչէ «աշխարհին մէջ արդարութիւնը հանգուցեալ է» խօսքերը, որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէն արդարութիւն յայտնի թէ անյայտ ձեւով իր մէջ անարդարութիւն կը պարունակեն, որովհետեւ շատ անգամ արդարութիւն հաստատողներն ու արդարութեան գործադրութեան հսկողները իրենք անարդարներ կ՚ըլլան: Աշխարհի արդարութեան հաստատման ձեւը ինչքա՜ն հարազատօրէն կը ներկայացնէ հայ աշուղ ու ժողովրդական երգիչ Ջիւանի.

«Յանցաւորը հարուստ ուրախ խնդալով,
Մեղքից ազատուել է մեծ գումար տալով,
Խեղճ մարդը սխալմամբ մի հաւ գողնալով
Բանտի մէջ է փտել, խելքի՛ աշեցէք»:

Աշխարհի արդարութիւնը նոյնի՛սկ անարդար է:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՔԱՏԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
(1933-2013)

Մեր թուականէն 8 տարիներ առաջ՝ 19 նոյեմբեր 2013-ին Երեւանի մէջ մահացած է նկարիչ եւ արուեստագէտ Արքատի Պետրոսեան:          

Պետրոսեան ծնած է 23 նոյեմբեր 1933-ին, Սիւնիքի մարզի Բռնակոթ գիւղին մէջ: Ան 1951 թուականին ընդունուած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը, ուր աշակերտած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Մկրտիչ Քամալեանին: Տարի մը ետք, 1952-1955 թուականներուն ծառայած է խորհրդային բանակէն ներս:

Բանակէն վերադառնալով, 1960 թուականին ընդունուած է Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատերական հիմնարկի նկարչութեան բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1965 թուականին. 1970 թուականին եղած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ, իսկ 1980-1984 թուականներուն նոյն միութեան փոխ-նախագահը. երկար տարիներ վարած է ուսուցչութեան պաշտօն Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի մէջ:

Պետրոսեան հեղինակ է բազմաթիւ դիմանկարներու եւ գեղանկարներու, որոնք շատ անգամ հրատարակուած են մամուլի էջերուն մէջ. անոնցմէ է «Հազարան բլբուլ» հեքիաթի նկարազարդումը, որ լոյս տեսած է «Արուեստ» ամսագիրի մէջ: Անոր յայտնի գործերէն են «Տարբեր ներկայացումներ»ը (1974), «Դարեր շարունակ» նկարաշարը (1985), «Հանդիպում»ը (1989), «Հաւատքի ճանապարհին» (2001) եւ այլ գործեր:

Արքատի Պետրոսեան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Լիզպոնի, Գերմանիոյ, Էսթոնիոյ, Ռուսաստանի, Իտալիոյ, Ուքրայնայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր:

Իր գործերով նկարիչը արժանացած է Սայաթ Նովայի 250-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի առաջին մրցանակին՝ 1959 թուականին եւ 2003 թուականին արժանացած է «Վահագն Յովնանեան»ի մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021