ԱԶԴԱՐԱՐԵԼ ԵՒ ՆԵՐԵԼ

Յանցաւորի մը ներելու հարցը իրապէս խրթին գործ մըն է, թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ ընկերային տեսակէտով։ Մարդ ո՞րքան ներելու պատրաստ կրնայ ըլլալ, ո՞րքան հանդուրժողութիւն կրնայ ցոյց տալ իրեն դէմ գործուած հանրութիւնը շահագրգռող եւ կամ ուղղակի եւ միա՛յն զինք վիրաւորող յանցանքի մը։ Մանաւանդ երբ արժանապատուութիւն վիրաւորող յանցանք մը գործուած է, ասիկա ո՛րքան դժուար է ներել բնական պայմաններուն տակ։

Յիսուս ազդարարե՛լ կը պատուիրէ մեղանչող կամ յանցաւոր «եղբօր» մը նկատմամբ։

«Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայրդ շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպէսզի - երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն-։ Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 15-17)։

Այս հատուածին մէջ ազդարարուող յանցաւորին անձը եւ ինքնութիւնը կարեւոր է. ան որպէսզի ազդարարութեան արժանանայ պէտք է որ «եղբայր» ըլլայ։ Ուրեմն ոեւէ յանցաւորի կամ մեղանչողի այս «ազդարարութիւն»ը կատարել կարելի չէ, եթէ «եղբայր» բառը իր նեղ իմաստին մէջ առնուի։

Ուրեմն, պէտք է վերլուծել «եղբայր» բառը իր լայն եւ յատուկ իմաստներով, եւ որոշել, թէ ո՞վ «եղբայր» դիրքի մէջ է, եւ ո՞վ «եղբայր» պէտք չէ համարուի։ Ուրիշ խօսքով. ո՞վ է «եղբայր»ը։

Իր ամենալայն իմաստով «եղբայր» կը նշանակէ՝ «միեւնոյն հօր եւ մօր որդի»։ Իսկ փոխաբերական իմաստով՝ «բարեկամութեան, շահու եւ այլ կապերով կապուած անձեր»։

«Եղբայր», աւելի նեղ եւ յատուկ իմաստով կը նշանակէ նաեւ՝ «կրօնաւոր»։

Եւ եթէ նկատի ունենանք «եղբայրաբար», «երբայրագոյն», «եղբայրաթիւ» բառերը, որոնք կը նշանակեն «եղբօր պէս», «մօտաւոր, ընտանի» եւ «եղբայր սեպուած», սա եզրակացութեան կը յանգինք, թէ «եղբայր» ըլլալ յատուկ վիճակ մըն է, եւ ամէն մարդ իրարու «եղբայր» չէ՛, թերեւս «եղբօր պէս» կրնայ ըլլալ, կամ «եղբօր նման» մօտ կրնայ սեպուիլ, եւ սակայն «եղբայր»ը մասնաւոր է, մասնաւոր կապ մըն է անձերու միջեւ։

Ուրեմն Աւետարանի այս հատուածին մէջ «եղբայր» բառը պատահական կամ դիպ-ւածական չէ, այլ յատկապէս նախատեսուած եւ գործածուած բառ մըն է։ Այսինքն, յանցաւորը եթէ «եղբայր» մըն է, այն ժամանակ պէտք է ազդարարել եւ զղջումի հրաւիրել։ Արդէն հատուածին վերջաւորութեան երբ կ՚ըսուի, թէ հակառակ ազդարարութեան չզղջացող եղբայրը պէտք է այլեւս «հեթանոս» մը կամ «մաքսաւոր» մը նկատել՝ կը նշանակէ, թէ «եղբայր» բառը յատկապէս գործածուած է։ Եւ ուրեմն ազդարարութեան արժանանալու համար յանցաւորին եւ յանցանքի ենթարկուողին միջեւ պէտք է որ յատուկ՝ եղբայրակա՛ն կապ մը գոյութիւն ունենայ։

«Հեթանոս» բառը Նոր կտակարանի մէջ ընդհանրապէս կը գործածուի անոնց համար՝ որ հրեայ չեն։ Իսկ իր բուն նշանակութեամբ՝ հեթանոս կը նշանակէ՝ ճշմարիտ Աստուածը չճանչցո՛ղ։ Իսկ «մաքսաւոր» կը նշանակէ՝ մաքս կամ տուրք գանձող պաշտօնեայ՝ որ անարգ եւ ատելի անձ մը կը նկատուէր հրեաներու կողմէ։

Ուրեմն հակառակ ազդարարութեան չզղջացող «եղբայր»ը այլեւս կը խզէ եղբայրական կապը եւ կ՚ըլլայ անարգ եւ ատելի «օտար» մը։

Այսուամենայնիւ, այսօր բաժանումներէ ծնունդ առած հասարակութիւններու մէջ կը ծնին եւ հակառակ ասոր՝ Քրիստոսի հաւատքը կ՚ապրին, անոնք չեն կրնար ամբաստանուիլ մեղքի եւ բաժանումի յանցանքով։ Եկեղեցին ալ իր հերթին անոնց հանդէպ «եղբայրական» յարգանք եւ սէր կը տածէ։ Մկրտութեամբ ընդունուած հաւատքով արդարացած եւ միացած Քրիստոսի, անոնք արդարացիօրէ՛ն կը կրեն «քրիստոնեայ»ի անունը եւ Եկեղեցւոյ զաւակները զանոնք իբրեւ «եղբա՛յր» կը ճանչնան ի Տէր։ Արդարեւ, մկրտութիւնը նախահի՛մն է բոլոր քրիստոնեաներու հետ հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ անո՛նց հետ, որ տակաւին Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ չե՛ն. մկրտութենէն ստացած հաւատքով արդարացած եւ Քրիստոսի Մարմինին ալ մաս կազմած անձերը արդարացիօրէն «քրիստոնեայ» անունը կը կրեն, կը ճանչցուին իբրեւ «եղբայրներ ի Տէր»։ Եւ ուրեմն, յատուկ իմաստով, «եղբա՛յր» են անոնք, որ կապ-ւած են իրարու մկրտութեան «միութեան խորհրդենական կապ»ով՝ որ գոյութիւն ունի մկրտութեամբ վերստին ծնած մարդոց միջեւ։

Ուստի Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ որթը, դուք ուռերն էք։ Ան որ կը մնայ Իմ մէջս եւ Ես անոր մէջ, անիկա առատ պտուղ պիտի բերէ. քանի որ առանց Ինծի, ո՛չինչ կարող էք ընել», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5)։ Ուրեմն, այն որ կը հաւատայ Յիսուս Քրիստոսի եւ կը հաղորդուի Անոր խորհուրդներուն եւ կը պահէ Անոր պատուիրանները, այն ատեն նոյն Ինքն Փրկիչը կու գայ իր մէջ սիրելու Իր Հայրը եւ Իր եղբայրները՝ որոնք ի՛ր ալ Հայրը եւ եղբայրնե՛րն են։

Եւ երբ «Հայր մեր»ը կ՚աղօթենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հօրն է որ մեր խօսքը անձնապէ՛ս կ՚ուղղենք։ Քերականօրէն, «մեր» բառը կ՚որակէ իրականութիւն մը՝ որ «հասարակաց» է շատերուն։ Կայ միա՛յն մէկ Աստուած եւ Ան «Հայր» է ճանչցուած անոնցմէ՝ որոնք Անոր Միածին Որդիին հանդէպ իրենց հաւատքով, Հօրմէ վերստին ծնած են ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով։ Եւ Եկեղեցին՝ Աստուծոյ եւ մարդոց այս նոր հաղորդութի՛ւնն է։

Եկեղեցին, միացած բազմաթիւ «եղբայր»ներու մէջ անդրանիկը՝ Միածին Որդիին հետ հաղորդութեան մէջ է մի եւ նոյն Հօր հետ, մի եւ նոյն Սուրբ Հոգիով։

Ուրեմն Աւետարանի վերոյիշեալ հատուածին մէջ «եղբայր» բառը կ՚արժէ անգամ մըն ալ այս տեսանկիւնէն տեսնել եւ ըստ այնմ հասկնալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 14, 2017, Իսթանպուլ         

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018