ՅՈՌԵՏԵՍ ՉԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Յոռետեսութիւնը, որ ամէն բանի վերջը կամ հետեւանքը գէշ տեսնելու վատ սովորութիւն մը, յատկութիւն մըն է, ամէն մարզի մէջ կը քայքայէ մարդուս բարոյական կորովը, տրամադրութիւնը եւ անատակ կը դարձնէ զայն որեւէ ստեղծագործ աշխատանքի։ Յոռետեսութիւնը իր այս ազդեցութեամբ մարդս անշարժութեան կը մատնէ, աննպատակ եւ անիմաստ կ՚ընէ ամբողջ կեանքը։ Մէկ խօսքով, ամլութեան կը մատնէ մարդուս կեանքը եւ այս պատճառով, մարդ պէտք է ազատելու աշխատի յոռետեսութենէ, ինչ որ դիւրին գործ մը չէ…։

Յոռետեսութիւնը թէեւ վատ զգացում մըն է, բայց իր չափաւորութեան մէջ մարդուս ազդարար դեր խաղացող ապահովութեան միջոց մըն է մանաւանդ վտանգի մը առջեւ։ Արդարեւ, հաւանական վտանգի մը առջեւ լաւատեսութեամբ վարուիլը անիմաստ է եւ տարօրինա՛կ։ Վտանգէ խուսափելու համար կարելի միջոցները եւ հոգը ամէն խղճամիտ եւ ողջախոհ անհատի պարտականութիւնն է։ Այս իմաստով հաւանական վտանգի մը առջեւ անիմաստ լաւատեսութիւն ցոյց տալը անհոգութիւն է եւ անտարբերութի՛ւն։

Ուրեմն մարդ, տեղին համեմատ պէտք է ըլլայ յոռետես կամ լաւատես, որպէսզի կարենայ առողջ կերպով կառավարել իր կեանքը։ Արդարեւ կեանքը քանի որ տեւական պայքա՛ր մըն է, ուրեմն հոն պէտք է գտնուի թէ՛ յոռետեսութիւն եւ թէ լաւատեսութիւն։

Կեանքը կը կարօտի ներդաշնակութեան հակադիր արժէքներու, յոռի եւ լաւ իրողութիւններու, որոնք անպակաս են, եւ ահաւասիկ այս իմաստով յոռետես կամ լաւատես ըլլալ՝ ներդաշնակութիւնը իրականացնելու պայմաններէն են։ Մարդուն ապագայի նկատմամբ մտահոգութիւնները բնական են, քանի որ մարդ էակը ունի «ապագայի գիտակցութիւն» եւ անոր մասին խորհելու, մտահոգուելու, հաւանական հարցերու լուծում փնտռելու եւ գտնելու պարտաւորութիւն եւ նաեւ պատասխանատուութիւն։

Ահաւասիկ, ապագայի նկատմամբ այս պարտաւորութեան իրականացման համար մարդ ունի երկու նախընտրանք, կամ ըսենք՝ մօտեցում. մին յոռետեսութեամբ մօտենալ ապագայի հարցերուն, իսկ միւսը՝ լաւատեսութեամբ։ Մարդուն նկարագրին կազմութեան մէջ կարեւոր դեր կը կատարեն այս երկու մօտեցումները՝ մին բացասական, միւսը՝ դրակա՛ն։

Յոռետեսութիւնը եթէ տեւական եւ ընդհանուր կերպով տիրական կը հանդիսանայ մարդուս գործունէութեան մէջ, այն ատեն ան վտանգ կրնայ սպառնալ ենթակային, քանի որ ախտածին հանգամանք մը կը ստանայ ան եւ հիւանդագին վիճակ մը կը պարզէ։

Յոռետեսութիւնը պէտք չէ վերածուի նկարագրի, պէտք չէ բնաւորութիւն դառնայ մարդուս համար։

Յոռետես չըլլալու համար լաւատես պէտք է ըլլալ. բայց այս ալ լուծում մը չէ, քանի որ տեւական լաւատեսութիւնն ալ ի վերջոյ անտարբերութիւն, անհոգութիւն եւ անփութութիւն կը ստեղծէ, ինչ որ վտանգաւոր եւ վնասակար է մարդուս համար յոռետեսութեան չափ եւ նոյնիսկ երբեմն աւելի՛։

Յոռետեսութիւնը եւ լաւատեսութիւնը չափաւորող յատկութիւնն է իրատեսութիւնը։ Արդարեւ չափազանց եւ վնասակար յոռետեսութեան առջեւ արգելք մըն է իրատեսութիւնը։ Անշուշտ իրատես ըլլալու համար անհրաժեշտ է՝ հեռատես ըլլալ, իրողութիւնները լաւ ուսումնասիրելու յատկութիւն եւ հմտութիւն ունենալ, իմացականութեան տէր ըլլալ եւ իմաստութեամբ վարուիլ դէպքերու նկատմամբ։ Իրատեսութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ բարեմասնութիւն մը, որ մարդս կը կատարելագործէ՝ տկարութիւնները կը զօրացնէ եւ թերութիւնները կը լրացնէ։ Այս իմաստով, իրատես մարդը ինքնավստա՛հ է, կ՚ապաւինի իր անձնական ուժերուն, կարողութիւններուն։

Յոռետես մարդը անստուգութեան մէջ կը տատանի, միշտ մտահոգ է, յոյս չունի, կ՚անտեսէ ամէն լոյս՝ որքան ալ յայտնի եւ փայլուն ըլլայ ան։

Յոռետես չըլլալու համար, ուրեմն պէտք է իրատես ըլլալ, եւ երբ մարդ իրատես է, գիտէ թէ ո՛ւր պէտք է յոռետես ըլլալ եւ ո՛ւր լաւատես։ Իրատես մարդը կրնայ որոշել թէ՛ յոռետեսութեան, թէ՛ լաւատեսութեան չափը։ Արդարեւ, աշխարհը միշտ խաւար չէ, լուսաւոր շրջաններ ալ ունի, եւ նաեւ ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է, քանի որ ամէն խաւարի մէջ կայ անպայման լոյսի շող մը, նշոյլ մը, եւ ահաւասիկ յոռետես մարդիկ չեն կրնար տեսնել այդ շողը, նշոյլը, իսկ լաւատեսներ կ՚աշխատին տեսնել, բայց իրատեսներ յստակ կերպով կը տեսնեն մութ-խաւարի մէջ յայտնուող լոյսը, քանի որ լոյսը միշտ կայ եւ կը մնայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 30, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2019