ԽԻՂՃԸ ԵՒ ԿԱՄՔԸ

«Բարոյական կեանքի բոլոր հարցերուն ապահով առաջնորդն է խիղճը. ասիկա այն երկնային ձայնն է, որուն հետեւելով մենք Աստուծոյ կը նմանինք, այս պատճառաւ ալ մարդուս պատիւը, իր խղճի ձայնին անսալուն մէջ կը կայանայ։ Մարդ առանց խղճի անասուն մըն է»։

JEAN-JACQUES ROUSSEAU

J. J. Rousseau-ի (1712-1778) կ՚ընդունի «բնական ազատութիւն»ը եւ կ՚ըսէ, թէ այն ի՛նչ որ բնական է, ան նաեւ ազատ է եւ թէ բնութիւնը բարիք կ՚ենթադրէ։ Այս առումով, խղճին ձայնը բնական ազատութեան ձայնն է, այն ինչ՝ որ կարելի է ընել կամ չընել, ընդունիլ կամ մերժել։

Արդարեւ, մարդ խղճի ձայնին առընթեր ունի նաեւ երեւակայելու եւ կամենալու կարողութիւններ։ Երեւակայութիւնը աստուածատուր ձիրք մըն է, որ կ՚առաջնորդուի շարժառիթներէ եւ կամ ազդակներէ։ Ան կարող է հրաշքներ գործել՝ արուեստագէտին մէջ։ Երեւակայութիւնը կրնայ սակայն խաթարել եւ փճացնել մարդը, եթէ իր կարգին բանականութեան եւ ողջախոհութեան ձայնին չենթարկուի։ Ան ունի իրեն օժանդակ եւ առաջնորդ մարդկային կամքը՝ ազատութեամբ օժտուած, որ մարդուն անձնաւորութեան կորիզն իսկ է եւ զայն իր գործերուն պատասխանատու կը դարձնէ։ Ասիկա ողջամիտ իմաստութիւնը ընդունած է միշտ։

Կ՚ըսուի, թէ կեանքը պայքա՛ր է։ Այս պայքարին մէջ չբարոյալքուելու եւ չընկճուելու կռուանը Աստուծոյ սէրն է։ Ահա այն չափանիշը, որ մարդկային կիրքը զսպելու, մարդուն խառնուածքին պարտադրած գործելակերպը՝ գործընթացը չափաւորելու պիտի ծառայէ։

Մարդկային հոգւոյն բարձրագոյն կարողութիւններն են միտքը եւ կամքը. այս երկու թեւերով միայն մարդ կրնայ իր իտէալի բարձունքներուն վրայ սաւառնիլ, բայց այսքանը չի բաւեր։ Կը պահանջուի նաեւ անձնամշակում, որ ազնուացումը եւ զարգացումն է մարդկային կարողութիւններուն։ Քրիստոնէական տեսանկիւնէ դիտուած, եթէ մարդ կ՚ուզէ կատարեալ ըլլալ, պարտի ինքնամփոփումի պահեր եւս ստեղծել. պահիկ մը ներանձնանալ իր «ես»ին մխրճուիլ, քննել իր իսկ ներաշխարհը, գտնել այնտեղ իր թերութիւնները, սրբագրել զանոնք, ընդլայնել իր տեսողութեան հորիզոնը եւ իր անդրադարձումները արժեւորել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 19, 2024, ուրբաթ

Շաբաթ, Յունուար 20, 2024