ՆԱՄԱԿ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ (Ա.)

ԱՂՋԻԿ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Սիրելի ծնող,

Կամաց կամաց դո՛ւրս եկուր այն հոգեբանութենէն, որ տղայ զաւակը «իմս» է, մինչ «աղջիկ» զաւակը ուրիշինը եւ թօթափէ այն համոզումը, որ պարտաւոր ես մտատանջուիլ մանչ զաւակներու ապագայով. այս համոզումին հակառակ ըսեմ, որ պարտաւոր ես դուստրիդ ապագայով աւելիով հետաքրքրուիլ՝ քան մանչին:

Յաճախ ունիս այն համոզումը, որ աղջկանդ ուրախութիւնը կախում ունի «ճակատագիր»ի որոշած իր ապագայ կողակիցէն, որովհետեւ գուցէ այդ է իր «բախտ»ը, սակայն հակառակ այս համոզումին մենք կը հաւատանք, որ «բախտ»ը չեն գտներ՝ այլ կը ստեղծեն: Եւ այդ բախտը անոնց մէջ կրնաք ստեղծել հետեւեալ ձեւերով.-

Ա.- ՈՒՍՈՒՄ.- Վստահաբար կը մտածէք, թէ «տղաս բժիշկ է» ըսելը «աղջիկս բժիշկ է» ըսելէն շատ աւելի վեր ու մեծ պատիւ է, սակայն երկրորդը աւելի կարեւոր է՝ քան առաջինը: Յաճախ ձեզի համար ուսումը ապագային դրամ վաստակելու որպէս միջոց կը դիտուի, սակայն իրականութեան մէջ ուսումը շատ աւելին է՝ քան դրամը: Այնքան ժամանակ որ ձեր աղջիկները ուսում կամ արհեստ չունին, կամայ ակամայ ստրկութեան ենթակայութիւն մը պիտի զգան իրենց կողակիցներուն հանդէպ, որովհետեւ այն տան մէջ, ուր կինը նիւթական ո՛չ մէկ կարողութիւն ունի եւ տան ամբողջ եկամուտը տղամարդը կ՚ապահովէ, այդտեղ կ՚իշխէ տէրի եւ ստրուկի թաքնուած հոգեբանութիւն մը եւ այդ է պատճառը, որ շատ մը փեսացուներ (մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ) կ՚արգիլեն իրենց կողակիցներուն աշխատանքի երթալը (յաճախ այդ մէկը որպէս սիրելու արտայայտութիւն ցոյց տալով):

Եթէ 19-20 տարեկան հասակնին անոնք ընկերներ ունենան, սիրահարին ձեր առաջին պայմանը թող ըլլայ ուսումը. մինչեւ իրենց ուսումը չաւարտեն ո՛չ նշանեցէք եւ ո՛չ ալ պսակեցէք եւ անընդհատ շեշտեցէ՛ք, որ ուսումը շատ աւելի կարեւոր է քան ամուսնութիւնն ու պսակադրութիւնը եւ այդ ուսումի շեշտադրումը թէ՛ ձեր զաւակներուն եւ թէ՛ ձեր թոռներուն համար որպէս դրական արդիւնք պիտի աւարտի:

Բ.- ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ.- Լսած եմ, որ յաճախ խօսակցութեան մա՛նաւանդ վիճաբանութեան ընթացքին երբ ձեր դուստրերը փորձեն կարծիք յայտնել «դուն աղջիկ ես, լռէ՛» մը ըսելով կը զատորոշէք: Այս հոգեբանութիւնը տղաքը կը մղէ այն համոզումին, որ անոնք ազատ են ընելու եւ խօսելու ի՛նչ որ կ՚ուզեն, վերջապէս «տղայ են», մինչ աղջիկ զաւակը զրկուած է այդ ազատութենէն:

Առիթ տուէք, որ անոնք հաւասար արտայայտուին, կարծիք յայտնեն ու մասնակից դառնան այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէր ձեր մանչ զաւակը: Մի՛ բանտարկէք անոնց կարծիքները, որպէսզի ապագային իրենց ամուսնական կեանքի մէջ եւս լոկ լսողի եւ գործադրողի դերին մէջ չյայտնուին, այլ ըլլան որոշողի, առաջնորդողի դերին մէջ:

Գ.- ՊԱՏԻՒ.- Ձեր միտքերէն հանեցէ՛ք այն համոզումը, որ տէր ու պատասխանատու էք միա՛յն ձեր աղջիկ զաւակներու պատիւով. աղջիկներու պատիւը պաշտպանելը կը սկսի տղայ զաւակները լաւապէս կրթելէն: Յաճախ կը տեսնեմ, թէ դո՛ւք կ՚որոշէք ձեր աղջիկ զաւակները ի՛նչ հագուին, ինչպէ՛ս վարուին, ո՛ր ժամուն դուրս գան եւ ո՛ր ժամուն վերադառնան. յաճախ պաշտպանելու համար սահմանումներ կը դնէք «դուրսի աշխարհին չվստահելով», սակայն վստահ եղէք, որ դուրսի աշխարհը կը մնայ անզօր՝ եթէ դուք ինքնավստահ ու անվախ աղջիկ զաւակներ մեծցնէք:

Վերջապէս տէր ըլլալով ձեր մանչ զաւակի պատիւին՝ օգնած ու պաշտպանած կ՚ըլլաք այլ ծնող մը՝ որ նոյնպէս մտահոգ է իր դստեր պատիւով ու անվտանգութեամբ:

Դ.- ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ.- Ձեր աղջիկները պսակուելէ ետք ալ կը շարունակեն ձեր զաւակները մնալ, գիտէ՞ք չէ: Մեր մէջ գոյութիւն ունի այն համոզումը, որ աղջիկը կ՚երթայ, մինչ հարսնացուն՝ կու գայ: Այդ երթալ գալու պատճառով է որ պէտք է վստահութիւն ներշնչէք ձեր զաւակներուն, որպէսզի անոնք գիտնան, որ երթալով հանդերձ ունին ընտանիք մը՝ որ պատրաստ է անոր գուրգուրալ ու հոգալ այնպէս՝ ինչպէս անցեալին:

Այսօր աշխարհի վրայ կան իրենց կողակիցներուն կողմէ բռնութեան ենթարկուող բազմաթիւ կիներ, որոնք չեն կրնար բաժնուիլ իրենց կողակիցներէն «բաժնուելէ ետք ո՞ւր երթամ»ի պատճառով։ Պէքտ է անոնց ներշնչէք այն վստահութիւնը, որ իրենք ունին տուն մը՝ ուր կրնան վերադառնալ երբ որ ուզեն: Պէտք է անոնց ներշնչէք նաեւ նիւթական վստահութիւնը, որովհետեւ արենակից ըլլալը ունի իր որոշ պարտաւորութիւնները. եթէ ձեր աղջիկը կամ քոյրը նիւթական դժուարութեան մէջ է, այդ մէկը իր կողակիցին խնդիրը ըլլալէ առաջ նաեւ պէտք է ձեր խնդիրը ըլլայ եւ այդ մէկը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ սկսիք ձեր փեսացուները փոխանակ «օտար»ի տեղ դնելու, ընդունիք որպէս սեփական ու հարազատ զաւակ:

Այս բոլորը ի գործ դնելով հանդերձ ուշադի՛ր եղէք, որ այդ մէկը պատճառ չդառնայ սանձարձակութեան ու անկրթութեան. պարզապէս աւելի գիտակից ու ինքնավստահ զաւակներ հասակ տուէք, որպէսզի մեր հասարակութեան մէջ կիները ո՛չ թէ որպէս տկարներ, այլ ինքնավստահ անհատներ դուրս գան:

•​շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -197-

Կը ճանչնամ 29 տարեկան ամուսնացած կին մը, որ 19-20 տարեկան հասակին, առանց ծնողքի հաւանութիւնը առնելու փախած ու ամուսնացած էր իրմէ 6-7 տարի մեծ տղու մը հետ:

Հակառակ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող «մեծ» սիրոյն, ժամանակի ընթացքին խնդիրներու դիմաց գտնուած եւ գրեթէ բաժանումի որոշում կ՚ուզէին կայացնել, սակայն կինը՝ որ մեծագոյն տուժողն էր այս բոլորէն՝ զանց ըրաւ բաժանումը:

Ամէն առիթի կը պատմէ իր ցաւերուն մասին, սակայն երբեք չ՚ուզեր բաժնուիլ. պատճառը հետեւեալն է.-

«Առանց ծնողքիս հաւանութեան պսակուեցայ, հակառակ որ իրենք բազմիցս ըսին թէ «յարմար չէ». ըլլալիքը եղաւ: Հիմա որ բաժնուիմ ինչպէ՞ս ու ի՞նչ երեսով իրենց մօտ վերադառնամ. իրենց երեսին չեմ կրնար նայիլ, մանաւանդ որ ամէն անգամ ըսեն՝ «մենք ըսինք, դուն մտիկ չըրիր»:

Վստահ եմ ինք այլ հազարաւորներու մէջ մէկ օրինակն է պարզապէս:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023