ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ

Ամէն մարդ, կամայ թէ ակամայ դժուարութեան պահերուն յանկարծ կը դառնայ հաւատացեալ եւ Աստուածավախ, որովհետեւ ահն ու սարսափը մարդը հաւատքի բերելու ամրակուռ շնորհքը ունին: Նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց կեանքին մէջ աղօթք մը անգամ չեն ըրած, դժուարութեան պահուն «Աստուած» մը դուրս կու տան իրենց բերնէն:

Վերջերս կը կարդայի աշխարհի ամենէն երեւելի դէմքերէն Նափոլէոն Պոնափարթի կեանքն ու մահը, որուն գրական մէկ տարբերակը գրած է բանաստեղծ, արձակագիր եւ բժիշկ Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան), իր 1926 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակած «Բժշկին գիրքէն փրցուած էջեր» աշխատութեան մէջ: Արձակագիրը կը գրէ.- Նափոլէոն «Խնդրեր էր որ Եւրոպայէն զարգացած քահանայ մը ղրկեն իրեն՝ որպէսզի իր կասկածները փարատէր, հոգի՜ մը, հաւա՜տք մը, անմահութի՜ւն մը, կառչելիք բա՛ն մը ցոյց տար իրեն…։ Որովհետեւ այս մարդը որ գահեր գահերու վրայ, թագեր թագերու վրայ ու երկիրներ երկիրներու վրայ բարդած էր՝ հիմա սարսափով կը տեսնէր որ ամէն բան կը խուսափէր իր ձեռքէն, նոյնիսկ իր անունը, իր կինը, իր զաւակը»:

Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ տեղ մը Նափոլէոնի օրինակին հետեւելով դժուարութեան ժամանակ Աստուծոյ փնտռտուքին մէջ կը մտնենք. վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած փորձագիտութիւն մը ցոյց տուած է, թէ ամէն աղօթող հինգ հոգիէն մին անհաւատ է: Նոյն ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ մարդոց մեծամասնութիւնը կ՚աղօթէ, որպէսզի մխիթարութիւն գտնէ եւ առանձին չզգայ, ինչ որ դարձեալ դժուարութեան մէջ Աստուծոյ դիմելու գաղափարին համազօր է:

Երբ կը մտածէի այս երեւոյթին մասին, միտքս եկաւ Լիբանանի մէջ պետական քննութիւններու ժամանակ եկեղեցի յաճախող երիտասարդներուն թիւը. նոյնիսկ կիրակի օրերը պատարագի չմասնակցող, գուցէ Աստուծոյ գոյութեան իսկ շատ չհաւատացող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կու գային Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրելու եւ յաջողելու յոյսն ու ձախողելու «մեղքը» Անոր վրայ բարդելու: Անհաւատի մը հարց տրուած է,  թէ ինչո՞ւ կ՚աղօթէ, պատասխանը եղած է. «չեմ գիտեր, եթէ Աստուած կայ, մեր աղօթքները կը լսէ թէ ոչ, սակայն չեմ գիտեր ինչու համար դժուարութեան պահերուն կ՚աղօթեմ. հաւանաբար կեղծաւորութիւն է»:

Թէեւ այս «կեղծաւորութիւն»ը տեղ մը կատարումն է առաքեալին պատուէրին, որ կ՚ըսէ. «ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա. Պետրոս 5.7): Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՛նք եւս դժուարութեան պահուն աղօթեց. Աւետարանը այդ մասին կ՚ըսէ. «Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն հետ եկաւ տեղ մը, որուն անունը Գեթսեմանի էր, եւ ըսաւ անոնց.- «Հոս նստեցէք, մինչեւ որ ես երթամ աղօթեմ»: Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը եւ Զեբեդէոսի երկու որդիները: Տրտում էր ու կը տագնապէր: Այս ատեն ըսաւ անոնց. «Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտում է» (Մատթէոս 26.36-38): Այս մէկը ցոյց կու տայ Քրիստոսի մարդկութիւնը (թէեւ Քրիստոս մի՛շտ աղօթեց եւ ոչ միայն նեղութեան ժամանակ), սակայն մարդու էութեան մէջ գոյութիւն ունի դժուարութեան պահերուն դիմելու Աստուծոյ:

Մանուկներու պարագային իրենց պաշտպանն ու ապաւէնը իրենց մայրերն ու հայերն են եւ մանուկը վստահ կ՚ըլլայ, որ անոնք պատրաստ են ամէն տեսակ դժուարութեանց դիմաց պաշտպանել զինք. տարիքի յառաջացումի հետ այդ դերը կը սկսի ստանձնել Աստուած՝ նոյնիսկ եթէ չհաւատանք անոր գոյութեան:

Երբ մանուկ էինք, անդադար աղօթքի կարեւորութիւնը շեշտելու համար մեր մեծերը մեզի կը պատմէին հետեւեալ առակը.- Օր մը ճգնաւոր մը լերան բարձունքին կ՚աղօթէ: Աղօթած ժամանակ կը տեսնէ, որ ձիաւոր մը կը մօտենայ գետին մօտ, կ՚իջնէ իր ձիէն եւ պահ մը ծունկի գալով երկար երկար աղօթք կ՚ընէ, սակայն գետը հատած ժամանակ կը խեղդուի եւ կը մահանայ: Որոշ ժամանակ ետք նոյն գետին կը մօտենայ այլ ձիաւոր մը եւ առանց առաջինին նման աղօթելով յաջողութեամբ կը հատէ գետը: Ճգնաւորը կ՚ուզէ հարց տալ Աստուծոյ, որ այս պատահարին մէջ արդարութիւնը ո՞ւր է, որ մին աղօթելով խորտակուի եւ խեղդուի, իսկ միւսը որ աղօթք չէ ըրած ողջ առողջ դուրս եկած է գետէն: Աստուած կը պատասխանէ.- առաջինը միայն իր կեանքի դժուարութիւններու ժամանակ Զիս կը յիշէ, մինչ երկրորդը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կ՚աղօթէ:

Կին հոգեւորական եւ Սրբազան Իզապէլ Համլէյ իր գիրքին մէջ կը յիշէ, որ մարդ աղօթք կատարած ժամանակ բնական է խնդրանքներ ներկայացնէ, իսկ ցաւերն ու մտահոգութիւնները յայտնէ Աստուծոյ, սակայն երբեք Աստուծոյ «կաղանդ պապուկ»ի աչքով պէտք չէ նայիլ, որովհետեւ դժուարութեան կողքին շատ անգամ Աստուած մեզի համար ապսպրանքներու կատարող կը թուի ըլլալ:

Մարդկային գետնի վրայ նոյնը չէ՞ պարագան. երկար ամիսներ մեզի հետ չխօսող բարեկամ մը յանկարծ կը յիշէ քեզ այն պարագային՝ երբ բանի մը կարիքը ունենայ եւ դուն որպէս մարդ արարած կը նեղանաս այն մարդկային մտածումով որ «զիս կը յիշէ միայն ա՛յն ատեն երբ պէտք ունի»: Մենք բոլորս ալ այդ ապերախտութեան մէկ մասնիկն ենք՝ անձնական շահերէ առաջնորդուող եւ ԵՍ-ի համար ապրող:

Դժուարին այս օրերուն, եկէք չաղօթողներս ալ խաղաղութիւն աղերսենք ընդհանրապէս աշխարհի, եւ մասնաւորաբար մեր հայրենիքին ու հայ զինուորին համար:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՕՆՆԻԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
(1898-1974)

Մեր թուականէն 123 տարիներ առաջ՝ 20 նոյեմբեր 1898-ին Թուրքիոյ մէջ ծնած է նկարիչ, արուեստաբան եւ մանկավարժ Օննիկ Աւետիսեան:

Աւետիսեան 1921 թուականին ընդունուած է Վիեննայի արուեստի դպրոց, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1924 թուականին, ապա ընդունուած է Հռոմի Գեղարուեստի ուսումնարանը եւ աւարտած է երկու տարուայ ուսման շրջանը: Ուսումը աւարտելէ ետք Աւետիսեան զբաղած է ուսուցչութեան պաշտօնով, յաջորդաբար դասաւանդելով Գահիրէի Նուպարեան վարժարանի, Պէրպէրեան եւ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարաններուն մէջ:

Օննիկ Աւետիսեան զբաղած է գեղանկարչութեամբ եւ մետաղի փորագրութեամբ. երկար տարիներ զբաղած է նկարչութեամբ: Անոր յայտնի գործերէն է 1965-1967 թուականներուն Լիբանանի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ համար կատարած նկարչական աշխատութիւնները: Անոր յայտնի գործերէն են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան համար կատարած «Մկրտութիւն» (1942) աշխատութիւնը, Գահիրէի Արուեստի թանգարանի մէջ գտնուող «Սուգ»ը (1945), Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ գտնուող «Աքսորեալներ»ը (1963), «Եղերամայրեր»ը (1946) եւ այլ գործեր: Աւետիսեանի գործերէն ոմանք կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:

Աւետիսեան երկար տարիներ զբաղած է հայկական տառերու բարելաւման գործով եւ այդ գծով 1946-ին հրատարակած է «Փորձ մը հայ տպագրական տառերու բարեփոխութեան եւ արդիականացման» խորագրով, որուն համար արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած յատուկ մրցանակին:

Նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան մահացած է 7 յուլիս, 1974 թուականին, Գահիրէի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021