ՏԱԼԸ ԵՒ ԱՌՆԵԼԸ

«Աւելի՛ երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Մարդուս կեանքը, ընդհանրապէս հաստատուած է նիւթական եւ հոգեկան առեւտուրերու վրայ, քանի որ մարդ՝ որպէս անհատ ընկերային արարած մըն է եւ անոր կեանքը մեծ մասամբ կախում ունի մէկզմէկու կեանքէն։ Եւ ասիկա կը նշանակէ՝ իրերօգնութիւն, ուրիշ խօսքով առանց իրարու օգնելու կեանքի պահպանումը եւ տեւականացումը գրեթէ անկարելի՛ է։

Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատ ամբողջ ընկերութեան եւ ամբողջ մարդկութեան անբաժանելի եւ բաղկացուցիչ անդամն է։ Եւ ինչպէս որ մարդուս մարմնի բոլոր անդամները կարեւոր են եւ իւրայատուկ պարտականութիւն ունին, այնպէս ալ իւրաքանչիւր անհատ պարտականութիւն մը ունի եւ անհրաժեշտ է եւ որ մէկը պակսի, ամբողջ մարմինը կը վնասուի։ Այնպէս ալ ընկերութեան մէջ մէկ անհատ իսկ կը վնասուի՝ ամբողջ ընկերութիւնը կը վնասուի։ Այնուհետեւ, երբ ընկերութեան մը մէջ եթէ մէկ անհատ իսկ դժբախտ է, այս դժբախտութիւնը կը տարածուի ամբողջ ընկերութեան մէջ։ Եզրակացնելով կարելի է ըսել, թէ՝ մարդ ստեղծուած է իր նմանին օգնելու եւ միասին ապրելու համար։ Մարդուն սկզբնական կոչումն է՝ իրերօգնութիւն՝ իրար ամբողջացնե՛լ…

Ահաւասի՛կ, այս պատճառով չէզոք ըլլալ անտարբերութիւն կ՚ենթադրէ եւ իր նմանին նկատմամբ անտարբերութիւնը մարդկութեան հանդէպ յանցագործութի՛ւն է։ Մարդուս իր կոչումին անհաւատարմութիւնը՝ ուրացումն է իր մարդկութեան, ուրացումն է իր մարդկային կոչումին։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. ընտանիքի մը մէջ եթէ մէկ անդամ դժբախտ է, կարելի՞ է, որ միւսները երջանիկ ըլլան եւ նոյնն է՝ համայն մարդկութեան մէջ, եթէ մէկ անհատ ազատ չէ, կարելի՞ է, որ միւսները ազատ զգան իրենք զիրենք եւ վերջապէս, կարելի՞ է կուշտուկուռ ըլլալ, երբ դրացին անօթի է…

Չէզոք եւ անտարբեր կարելի չէ՛ ըլլալ իր նմանին հանդէպ, քանի որ մարդը մա՛րդ է մարդկութեան մէջ։

Անձնասիրութիւնը, անձնակեդրոն կեանքը շատերու մեղքն է եղած դարերու ընթացքին եւ մեր օրերուն ալ կը շարունակէ մեղք ըլլալ։ Մարդկութիւնը դարերու ընթացքին տառապանքներու, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու ենթարկուած է եւ քարքարոտ ճամբաներէ կ՚անցնի։ Կորսուած ոչխարներու համար կը մտահոգուին, բայց իրենց մօտ եղողներուն համար հոգ չեն ըներ։ Անմահ հոգիներով չեն հետաքրքրուիր, բայց ժամանակաւոր մարմիններու հոգ կը տանին։

Հաւատացեալ եւ իր կոչումին հաւատարիմ մարդը ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իմաստութեան ճամբայէն քալողն է։ Այն է՝ պայքարելով քալել չարին հետ։

Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Որովհետեւ մեր պատերազմը արիւնի եւ մարմնի հետ չէ, այլ իշխանութիւններու եւ պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ». (ԵՓԵՍ. Զ 12)։

Արդարեւ, չարին դէմ մղուած այս պայքարը՝ կեանքի բուն պայքարն է, որուն յաղթանակի պսակը յաւիտենական կեանքը՝ երանութի՛ւնն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024