ՀԱՅ + ՀԱՅ = ՕՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաճախ կը խօսինք հայաթափութեան մասին, որ «գլուխը առած» կ՚երթայ, իր հետ տանելով բոլոր արժէքները, որոնք հայկական են ու մե՛րն են վերջապէս: Գուցէ շատերու համար այդ մէկը պարզապէս յօդուած մը գեղեցկացնելու կամ անոր ծանրութիւն մը տալու համար սովորական բառ մը թուի, սակայն իրականութեան մէջ մեծ է անոր առթած ցաւն ու դժբախտութիւնը:

Որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ, թէ հայաթափութիւն ըսելով ինչ կը հասկնանք, հետեւեալը մէջբերենք:

Վերջերս կը կարդամ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այցելող գաղթականի մը յուշերը, որուն մէջ Ամերիկայի հայկական գաղութի հանդէպ իր ունեցած տպաւորութիւնը կը յայտնէ հետեւեալ տողերուն մէջ.- «Հասանք համեստ շէնքերու շրջան մը եւ կանգ առինք: Ակումբի մէջ եմ. ի՛նչ հաճելի անակնկալ էր աշխարհի միւս ծայրին մէջ լսել քաղցրահնչիւն մայրենի լեզուն: Երեք սենեակներ, լուսափառ, մաքուր. գիրքեր, լրագիրներ: Ի՞նչ է ազգային զգացումը եթէ ոչ միանման ապրումներ...»:

Վերոյիշեալ խօսքերէն յստակ է գաղթականի ոգեւորութիւնը, երբ օտար ափի մը մէջ կը տեսնէ ստեղծուած փոքր հայրենիք մը, ուր ամէն ինչ հայ է ու հայկական. ի վերջոյ իր սեփականութիւնն է:

Եւ որպէսզի պարզ ըլլայ հայաթափութեան ինչ ըլլալը, պահ մը փորձեցէք այդ նոյն գաղթականը այսօր տանիլ ա՛յն հաստատութիւնները, ուր դար մը առաջ հայութիւն, իսկ այսօր օտարութիւն կը հոտի:

Պատկերը հետեւեալը պիտի ըլլայ. ներս պիտի մտնէ հայկական հաստատութենէն եւ զինք պիտի դիմաւորէ կարճահասակ կին մը «welcome» մը ըսելով. շուարած վիճակի մէջ պիտի նստի իրեն առաջարկուած սեղանին դիմաց եւ ապշահար նայի չորսդին. պիտի փորձէ շուրջիններուն խօսակցութեան մէջ հայերէն բառ մը որսալու անյաջող փորձերը ընել եւ պահ մը պիտի ուզէ ստուգել, թէ ճիշդ տեղ եկա՞ծ է թէ ոչ: Օգտուելով առիթէն պիտի փորձէ սեղանին վրայ դրուած գտնել հայկական լրագիր մը (ի՜նչ լրագիր. համացանցը ո՛ղջ ըլլայ):

Ապշահար պիտի ուզէ երթալ եկեղեցի, մատուցուող պատարագին մէջ զգալու եւ ապրելու ա՛յն հայութիւնը, որուն կարօտութիւնը ունի, սակայն ապտակ մըն ալ այդտեղ պիտի ստանայ, երբ լսէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ քահանան, հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն Քրիստոսը կը քարոզէ օտարին՝ անգլերէն լեզուով. պիտի փորձէ «պրատրս անտ սիսթըրզ» (brothers and sisters) բառերը համեմատել «Սիրելի ժողովուրդ հայոց» հայահոտ արտայայտութեան հետ, սակայն պիտի չկարենայ կապ մը գտնել անոնց մէջ:

Առանց յոյսը կորսնցնելու պիտի երթայ հայկական վարժարան, սակայն յուսախաբութիւնը շատ պիտի չուշանայ, երբ տեսնէ հայ դպրոցի տնօրէն մը իր հայ աշակերտներուն կը բարեւէ «կուտ մորնինկ»ով մը: Պիտի փորձէ հայ աշակերտներուն լեզուներէն որսալ հայկական բառ մը, որոնք «հէլլօ սըր» մը ըսելով պիտի անցնին իր քովէն:

Սարսափով մը պիտի մօտենայ անոնց եւ հարցնէ՝ «զաւակս ի՞նչ է անունդ» եւ Սեդրակին, Լեւոնին, Յասմիկին ու Անահիտին փոխարէն լսէ Ճէյմս, Ալեքսիս, Ճենիֆըր եւ Մարիանօ անունները. սերունդ՝ որոնց նախնիները նոյնինքն Սեդրակներն ու Լեւոններն են:

Վերջին յոյս մը ունենալով պիտի ուզէ ներկայ գտնուիլ գաղութին կողմէ կազմակերպուող Մայիս 28-ի յայտագիրին, յուսալով որ գոնէ Հայաստանի անկախութիւնը նշուի՛ հայկական լեզուով. բանախօսին «Ուի ար հիր»ը պիտի չուշանայ ի դերեւ հանելու նաեւ ա՛յդ յոյսը:

Այս բոլորին մէջ հայկական մնացած պիտի ըլլայ միա՛յն մէկ բան. ամերիկեան դրօշի կողքը դրուած հայկական դրօշը, որուն գոյներուն իմաստներն ալ վստահաբար չեն գիտեր:

Օտարին լեզուով հայկական գաղութ պահելը իսլամի քուրանը ձեռքին Քրիստոսը քարոզելու կը նմանի:

Նման յօդուածներու դիմաց յաճախ նոյն ձայները կը բարձրանան. «Է՜ ո՞ւր է լուծում, ի՞նչ ընենք, ղեկավարները ի՞նչ կ՚ընեն». պէտք է յստակ ըլլայ, որ հայապահպանումը հաւաքականէն առաջ անհատական գետնի վրայ է, որ տեղի կ՚ունենայ. եթէ դուն հայրենասէր ես՝ ղեկավարներդ ի՛նչ որ ալ ընեն, հաստատ ու կառչած կը մնաս արմատներուդ. քու մայրենի լեզուի մոռացութիւնդ չե՛ս կրնար վերագրել ղեկավարներու անգործութեան կամ անփութութեան. նախքան հարցնելը թէ ղեկավարները ի՞նչ ըրած են հայութիւնը պահպանելու համար, պահ մը մտածէ, թէ դո՛ւն ինչ ըրած ես քու հայութիւնդ ամուր պահելու համար. դո՛ւն քեզի հարց տուր, որ երբ տեղ մը հանդիպիս հայու, ինչո՞ւ համար անգլերէն լեզուով կը խօսիս՝ փոխան հայերէնի:

Աւելի քան դար մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այցելող գաղթականը այսօր ուրա՛խ է, որ մոռցուած է իր գերեզմանը անգամ, որովհետեւ պիտի չուզէր իր թոռներուն եւ ծոռներուն բերնէն հայկականին փոխարէն օտար, անծանօթ ու անհարազատ «աղօթք»ներ լսել իր հոգւոյն անդորրութեան ու փրկութեան համար:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏԻՐԱՅՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
(1867-1959)

Մեր թուականէն 155 տարիներ առաջ՝ 21 ապրիլ 1867-ին, Գեղարքունիքի մարզին մէջ ծնած է բանասէր, ձեռագրագէտ, թարգմանիչ եւ եկեղեցական գործիչ Տիրայր Վարդապետ (աւազանի անունով՝ Տիգրան Տէր-Յովհաննիսեան, ծանօթ նաեւ Մելիք Մուշկամբարեան անունով):

Տիրայր Վարդապետ նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մեկնած է Փեթերսպուրկ, ուսումը շարունակելու իրաւաբանական կաճառէն ներս: Ապա մեկնած է Փարիզ, ուր Սորպոնի համալսարանէն ներս հետեւած է պատմաբանասիրական կաճառի դասընթացքներուն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած 1910 թուականին: Տիրայր Վարդապետ 1890 թուականին եղած է Էջմիածինի միաբանութեան անդամ եւ 1916 թուականին ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան, իսկ տարի մը ետք՝ 1917 թուականին եղած է եպիսկոպոս: Միաբանութեան անդամ դառնալէ ետք Տիրայր Վարդապետ որոշ ժամանակ եղած է Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ, 1915-1921 թուականներուն ստանձնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետութեան պաշտօնը. 1921-1928 թուականներու միջեւ եղած է Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց առաջնորդը. որոշ ժամանակուան մը համար վարած է նաեւ «Արարատ» ամսագիրի խմբագիրի պաշտօնը:

Եկեղեցական գործունէութեան կողքին Տիրայր Վարդապետ զբաղած է նաեւ բանասիրական աշխատանքով. ուսումնասիրած է Եւրոպայի գրադարաններուն մէջ պահուող ձեռագրերը եւ պատրաստած՝ անոնց մասնագիտական ցանկը. ինչպէս՝ «Ցուցակ հայ ձեռագիրներու Օքսֆորտի Պոտլէեան գրատան», «Ցուցակ հայ ձեռագիրներու Մանչեստրի Ջ. Ռայլնոլտսի գրատան» եւ այլ ցուցակներ, որոնք կը պահուին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանէն ներս: Անոր ամենէն կարեւոր գործերէն մէկն է Ֆրիկի ձեռագրերու յայտնաբերումն ու հրատարակութիւնը, ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ մը հետ միասին:

Տիրայր Վարդապետ զանազան հայագիտական յօդուածներով աշխատակցած է զանազան պարբերականներու: Տիրայր Վարդապետ ցայսօր ունի բազմաթիւ անտիպ գործեր. ինչպէս՝ «Հռոմէական պատմութիւնը աղբիւր իւր մշակոյթի», «Ուղղումներ Րաֆֆիի «Խասմսայի մելիքութիւններ» գիրքի» եւ այլ աշխատութիւններ:

Բանասիրական աշխատանքներու կողքին Տիրայր Վարդապետ զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է ժամանակակից յայտնի դէմքերու աշխատութիւններ. բանասէրին կատարած թարգմանութիւններուն մէկ մասը մինչեւ օրս կը մնայ ձեռագիր վիճակի մէջ:

Տիրայր Վարդապետ վախճանած է 29 մարտ 1956 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022