ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

«Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու…». (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։ «Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 27)։ «Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ». (ՄԱՐԿ. Ժ 43)։ «Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է ձեր ծառան ըլլայ…». (ՄԱՏԹ. Ի 27)։

«Ծառայութիւն» տառացիօրէն, ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ սպասաւորութիւն, օգտակար գործ։ Իսկ «ծառայ»՝ սպասաւոր, ենթակայ, հրաման կատարող։ Այս իմաստով՝ «ծառայել» կը նշանակէ՝ պիտանի եւ օգտակար ըլլալ, օգնել որեւէ կերպով, որ կը գործադրուի զանազան պայմաններու մէջ, տարբեր պարագաներով։

Մարդկային ընդհանուր պատմութեան մէջ ծառայութեան տրուած է զանազան իմաստներ՝ ընկերային կեանքի մէջ, մանաւանդ անհատական արժէքներու նկատմամբ։ Զոր օրինակ՝ հռովմէական հասկացողութեամբ, ծառայութիւնը «տիրոջ բացարձակ հպատակութիւն» մըն էր, եւ ծառան՝ որպէս անհատ, ինքնութիւն մը չունէր։

Քրիստոնէութիւնը «ծառայութեան» թէ՛ նշանակութեան եւ թէ գործնական իմաստը բոլորովին փոխեց։ Յիսուս նոր իմաստ մը բերաւ ծառայութեան եւ իր իսկ անձնական օրինակով «ծառայ»ին ընկերային դիրքը բարեփոխեց, երբ ըսաւ. «Չեկա՛յ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու»։

Ասիկա, հիմնական եւ էական բարեփոխութի՛ւն մըն է։ Եւ այս առումով՝ ծառայութիւնը ո՛չ թէ պարտադրական, բռնի եւ ստիպողաբար, այլ սիրայօժար կատարուած, աստուածահաճոյ, օգտակարութիւն ենթադրող արարք մըն է։ Ծառայութեան նոր իմաստը, նոր ըմբռնումը այս եղաւ քրիստոնէութեամբ։

Այս նոր ըմբռնումով, ծառայութիւնը պէտք է կատարուի գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ։ Ուստի, «ծառայ»ն ալ ինքնութիւն մը ունի եւ պարտականութեան ստանձնում մըն է իր գործը։ Եւ այս յանձնառութեան մէջ կայ իրաւասութիւն, որ իր հետ կը բերէ պատասխանատուութիւն, ինչ որ հետեւանքն է մարդկային արժանապատուութեան։ Այն պարտականութիւններու ներդաշնակութիւն մը կ՚ենթադրէ։

Ծառայութեան ոգին՝ օգտակար ըլլալու մտասեւեռումը կ՚ենթադրէ. նուիրական եւ մարդասիրական արժէք ներկայացնող ազատ կամքով եւ գիտակցութեամբ կատարուած գործ մըն է։ Ծառայական կեանքի որակը՝ ընկերային կեանքի որակին հետ ուղիղ համեմատական է։ Ծառայութեան ոգին կը փոխանակուի երախտագիտութեամբ։ Ծառայութիւնը պէտք չէ նկատել լոկ պարտականութեան մը սահմաններուն մէջ, քանի որ հոն կայ «ոգի» եւ անձնական ներդրում։ Ուստի, ծառայողին՝ որքան ալ պարտականութիւնը կատարող մը ըլլայ, եւ այդպէս ընդունուի, վաստակը պէտք է գնահատուի ո՛չ միայն նիւթական պարզ վարձատրութեամբ, այլ բարոյական վարձատրութիւնով, որ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ շնորհակալութեամբ եւ երախտագիտութեամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 20, 2024, շաբաթ

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024